Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երեք Արժէքներ, Որոնք Ձեւաւորած Են Սինկափուրը

March 22, 2019
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Այն պահուն, երբ Սինկափուր կը յիշատակէ իր երկու հարիւրերորդ տարեդարձը, 2019 թուականին, բնակիչները կ՛անդրադառնան երեք արժէքներու` անկեղծութեան, բազմամշակութայնութեան եւ ինքնորոշման, որոնք օգնած են ձեւաւորելու ժամանակակից ազգը:

Թէեւ Սինկափուր անկախութեան 50-րդ տարին նշեց 2015 թուականին, սակայն երկիրը ժամանակ չկորսնցուց պատրաստելու յաջորդ տօնակատարութիւնը` Սինկափուրի երկու հարիւրերորդ տարեդարձը` հանդիսութիւններով, ցուցահանդէսներով եւ փառատօներով, ամբողջ 2019-ին ընթացքին, նշելու համար ժամանման 200-ամեակը` սըր Սթամֆորտ Ռաֆըլզի, որ բրիտանական «Իսթ Ինտիա» ընկերութեան համար Սինկափուրը ստեղծեց որպէս  առեւտրական կայան:

Ի տարբերութիւն Սինկափուրի անկախութեան 50-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւններուն` 200-րդ տարեդարձը նշուած է որպէս յիշատակի ժամանաՄՔկ: Կղզիի բրիտանական գաղութացումը շատոնց արդէն վիճելի հարց է, եւ բազմաթիւ տեղացիներ դժգոհ են, որ այդ օրը ընդհանրապէս կը նշուի: Թէեւ 200-րդ տարեդարձի կազմակերպիչ մարմինը կ՛ըսէ, որ ինք նպատակ ունի քաղաքացիներուն կարելիութիւն ընձեռել արտացոլելու գաղութային անցեալը, որ կ՛երթայ ետ` մինչեւ  700 տարի, եւ այն արժէքները, որոնք ձեւաւորած են ժամանակակից պետութիւնը:

Այս արժէքներուն համար (անկեղծութիւն, բազմամշակութայնութիւն եւ ինքնորոշում), ինչպէս անուանած է 200-րդ տարեդարձի մարմինը, մարդիկ կը սիրեն այստեղ ապրիլ:

«Սինկափուրը իր սեփական ինքնութիւնը ունեցող երկիր մըն է: Ցեղային եւ կրօնական բազմազանութիւնները անզգալիօրէն կը միաձուլուին ընկերային փոխազդեցութեան, ուտեստեղէնի եւ ուղենիշներու մէջ: Հակառակ բազմազանութեան` բոլոր սինկափուրցիները մեզի նման բնաւորութիւն ունին, նոյն արժէքները կը բաժնեն եւ կ՛ընդունին կեանքի բոլոր խաւերէն մարդիկը», կ՛ըսէ սինկափուրցի խոհարար-ճաշարանատէր ԼՃ Հան:

Սինկափուր անկախութեան 50-րդ տարեդարձը նշեց 2015-ին

Հակառակ Սինկափուրի մշակութային այլազանութեան` երկրին մէջ միշտ կը զարգանայ  սեռային հարցերու մասին քննարկումը: Սինկափուր տակաւին կը ճանչնայ օրէնք մը, որ ժառանգ մնացած է բրիտանական գաղութատիրութեան իշխանութենէն` միասեռական ամուսնութիւնները արգիլելով, թէեւ այդ օրէնքը ջնջելու դիմում յաճախ կը ներկայացուի դատարան: 2019-ին այս հարցով սկսաւ դատական հոլովոյթ, երբ Հնդկաստան գաղութատիրական նման օրէնք մը ջնջեց:

Մարդիկ ինչո՞ւ կը սիրեն Սինկափուրը

Մշակոյթներու միացումը հոս թոյլ կու տայ, որ նորեկները, մանաւանդ` արեւմուտքցիները, արագօրէն  յարմարին:

Ասիկա մեծ դարպաս մըն է դէպի  Ասիա, ե՛ւ ֆիզիքապէս, որպէս հրաշալի հանգոյց մը ճամբորդական այլ կեդրոններու` Պալիի, Պորաքայի նման, ե՛ւ մշակութային:

Սինկափուր խոր կապեր ունի Արեւմուտքի հետ, յատկապէս` բրիտանական ազդեցութեամբ: Քաղաքին մէջ քալելով` դուք պիտի տեսնէք պուտտայական տաճարներ` բրիտանական ոճով վաճառատուներու կողքին,  եւ տեղական փոքր ճաշարաններ` արեւելեան եւ արեւմտեան ճաշատեսակներով:

Մշակոյթներու միացումը թոյլ կու տայ նորեկներուն` արագօրէն  յարմարիլ

Ամէն շաբաթ նոր ճաշարաններու եւ պարերու բացումով  Սինկափուր հարուստ է բազմազան խոհանոցներով, որոնք  կ՛արտացոլացնեն առեւտրական կապերը` Չինաստանի, Մալայի, Հնդկաստանի, Իտալիոյ, Ճափոնի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Վիեթնամի եւ Ամերիկայի հետ:

Բազմամշակութային գոյակցութիւնը չի սահմանափակուիր միայն ուտելիքով: Տեղացիները նոյնիսկ ունին իրենց օտար բարբառը`  Singlish,  որ ճանչցուած չէ կառավարութեան կողմէ, եւ որ վերջերս  գործնապէս ատոր գործածութեան դէմ աշխատեցաւ: Singlish-ը (խառնուրդ մը` անգլերէնի, մանտարինի, հոքքէյնի, մալայի եւ թամիլի) սովորաբար կը գործածուի ընկերային կացութիւններու մէջ, ինչպէս` սուրճ մը ապսպրելը կամ  ընկերներու հետ բամբասելը:

Ինչպէ՞ս է հոն ապրիլը

Ի տարբերութիւն բազմաթիւ այլ մեծ քաղաքներու բնակիչներուն` մարդիկ հոս հազուադէպօրէն կը մտահոգուին գողութեան կամ բռնութեան պատճառով: Աշխարհի մէջ յանցագործութիւններու ամէնէն ցած ցուցանիշը ունեցող երկիրներէն մէկուն մէջ, նոյնիսկ` փողոցային մանր յանցանքը, «ժամանակի կորուստ» է, կ՛ըսէ 11-ամեայ բնակիչ Պինօ Չուան, որ պլոկըր է. «I Wander»:

«Դուք կրնաք ձեր ինքնաշարժը ձգել առանց կղպելու, ձեր դրամապանակին ոչ ոք կը դպնայ»,  կ՛ըսէ  ամերիկացի Էլիսոն Սանտըրս, որ Սինկափուր բնակած է հինգ տարի եւ համահեղինակն է  «Սինկափուրի ուղեցոյց» գիրքին:

«Որպէս կին` ես կրնամ գիշերել որեւէ տեղ եւ բնաւ  չմտահոգուիլ իմ անձնական անվտանգութեամբս: Որպէս ծնողք` ես չունիմ այն զգացումը, որ եթէ երկու վայրկեան իմ ուշադրութիւնս շեղեմ երեխաներէս, անոնք կ՛առեւանգուին», կ՛աւելցնէ ան:

Սինկափուրը նաեւ շատ մաքուր է ու հանգստաւէտ` շրջագայելու համար, երթեւեկի խճողում չըլլալուն պատճառով: Ասիկա պայմանաւորուած է ինքնաշարժներու վրայ կառավարութեան սահմանափակումներով եւ երկրին մէջ ինքնաշարժներու բարձր գինով:

«Որոշ մարդիկ կ՛ըսեն, որ ասիկա նեղացուցիչ եւ ձանձրալի է, բայց անձամբ ես կը կարծեմ, որ ատիկա անվտանգութիւն եւ հանգստաւէտութիւն է: Ես ամէն օր չեմ մտահոգուիր, որ կողոպտուելու կարելիութիւն կայ», ըսաւ Չուան:

Սինկափուր հարուստ է իր խոհանոցի այլազանութեամբ

«Քաղաքին կեդրոնը շատ լաւ կառուցուած է: Կը զգաս, որ մարդիկ աշխուժ կ՛ուղղուին աշխատանքի, բայց դիւրին է խուսափիլ հրմշտուկէն, երբ անհրաժեշտ ըլլայ: Իմ բնակարանէս ես կրնամ քսան վայրկեան քալելով հասնիլ խիտ անտառներու շրջան մը, ուր շատ հաճելի է թռչունները դիտելը», կ՛ըսէ ամերիկացի  Տանիէլ Պըրնհամ: «Սինկափուր գեղեցիկ ազգային զբօսայգիներ ունի եւ կենդանական աշխարհի տարածութիւններ», կ՛աւելցնէ ան:

Քանի որ կղզին համեմատաբար փոքր է, բնակիչները խորհուրդ կու տան օգտուելու աշխարհահռչակ Չանկի օդակայանէն եւ ցած գիներէն:

«Երբ անհանդարտ, անտրամադիր զգաք, շատ դիւրին է օդանաւ մը ցատկել եւ դուրս գալ քաղաքէն», կ՛ըսէ Պըրնհամ:

Ուրիշ ի՞նչ պէտք է գիտնալ

«Հասարակածէն միայն մէկ աստիճան հիւսիս գտնուելով` Սինկափուր ամբողջ տարին ունի տաք կլիմայ, որ հաճելի է  արտասահմանցիներու համար», գրուած է ուղեցոյցին մէջ:

«Պէտք է վարժուիլ, որ ամբողջ ժամանակը կրնաք քրտնիլ: Եւ ձեր մազերը բնաւ նոյնը չեն մնար, ինչպէս` տան մէջ», կ՛ըսէ Օսաուա  Սանտըրս:

Սինկափուրի քաղաքամէջը

Ըստ Պըրնհամի, շէնքերը օդափոխիչներով զովացնելը «անհրաժեշտ չարիք է»:

Սինկափուրը նոյնպէս տխրահռչակ կերպով ամէնէն սուղ վայրն է բնակելու համար:

Շատ փոքր յարկաբաժինի մը (սթիւտիօ) ամսական վարձքը շուրջ 2000 տոլար է, իսկ նոր ինքնաշարժ մը նուազագոյնը կ՛արժէ 100 հազար տոլար:

Թէեւ ժամանակաւոր բնակողները կ՛ըսեն, թէ այս գիները միշտ չէ, որ իրականութիւնը կը ցոլացնեն:

«Բազմաթիւ այցելուներ եւ օտարերկրացիներ կը կարծեն, որ Սինկափուրի մէջ կեանքը իրենց տեսած շարժապատկերներու հարուստներուն ապրածին նման է: Այդպէս չէ: Գիները շատ բարձր չեն, եթէ պարզ, տեղացիի կեանք մը պիտի ապրիս: Այդ պարագային, ծախսերը շատ աւելի նուազ են Միացեալ Նահանգներէն», կ՛ըսէ Պըրնհամ:

Ընդհանրապէս Սինկափուր կը փայլի այն ժամանակ, երբ բնակիչները յաւելեալ ջանքեր կը գործադրեն երբեմն դուրս գալու համար միատարր քաղաքային կեդրոն եւ առեւտրական փողոցներուն երկարութիւնը քիլոմեթրներ կը թուի:

Պըրնհամ նաեւ ըսաւ. «Քաղաքային շատ  բազմազանութիւն կայ, եթէ դուք ատիկա կը փնտռէք: Պահուըտած 21-րդ դարու գրպաններէն ներս` Սինկափուրի շրջակայքին յայտնաբերուած  են գիւղատնտեսական հողեր, տապալած  գերեզմանոցներ, ձկնորսական գիւղեր եւ գաղութատիրական շրջանի ռազմական պաշտպանողական կառոյցներ»:

Նախորդը

Քեսապ Հայաւանը Իր Տեղահանութեան Հնգամեակին

Յաջորդը

Կեդրոնականցին Եւ Պատրիարքին «Զիմ Պատկեր Նկարել»-ը

RelatedPosts

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի
Մշակութային եւ Այլազան

Ամերիկեան Ափը Մերժեց, Որ Ափրիկեան Մշակոյթը Մեռնի

October 16, 2026
Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութիւնը Զսպելը Հրատապ Դարձած Է

October 9, 2026
Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը
Մշակութային եւ Այլազան

Պատերազմները Դադրեցնել, Փրկել Գետերը

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.