Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Հակառակ ամբողջ աշխարհի կողմէ հաստատուած այն իրողութեան, որ կլիմայական փոփոխութիւնը ամէնէն լուրջ սպառնալիքն է մարդկութեան, Միացեալ Նահանգներ տակաւին կը ձեւացնեն, որ չեն տեսներ եւ չեն լսեր` խուսափելով միջազգային խորհրդաժողովներէն կամ որոշումներէն: Բայց` մինչեւ ե՞րբ: Բրիտանական «Կարտիըն» թերթի կայքը վերջերս հետաքրքրական յօդուած մը հրապարակած է այս առնչութեամբ:
Ն.
Կլիմայական Փոփոխութիւնը Ինչպէ՞ս
Կեդրոնական Ամերիկայի Ներգաղթեալները
Միացեալ Նահանգներ Կը Մղէ
Կեդրոնական Ամերիկայի հիւսիսային եռանկիւնը` ապաստան փնտռողներուն ամէնէն ընդարձակ աղբիւրը, խորապէս ազդուած է շրջակայ միջավայրի վատթարացումով:

Լրատու միջոցները եւ քաղաքական գործիչներ Կեդրոնական Ամերիկայի ներգաղթեալներու մասին խօսելու ատեն սովորաբար կը նշեն` «հեղեղ», «ապաստան փնտռողներու ալիք» երեխաներու «ողողում» եզրերը, հակառակ այն փաստին, որ, Միացեալ Նահանգներու ամբողջ սահմանագիծին վրայ ապօրինի ներգաղթը վերջին տարիներուն ամէնէն ցած մրցանիշը արձանագրած է:
Մարդկային էակները բնական աղէտներու հետ համեմատելը թէ՛ ծուլութիւն թէ՛ անմարդկային է, բայց ներգաղթը նկարագրելու համար շրջակայ միջավայրի, կլիմայական լեզուով խօսելու այս միտումը թերեւս անգիտակից հաստատում մըն է աւելի խոր իրականութեան մը. Կեդրոնական Ամերիկայէն ներգաղթը, նաեւ` ամբողջ աշխարհի մէջ ներգաղթը, հիմնականին մէջ հրահրուած է կլիմայական փոփոխութեամբ:
«Բնական աշխարհը կրնայ մեզի օգնել` մեզ պաշտպանելու կլիմայական աղէտէ», Ճորճ Մոնիպոթ
Այո՛, Կեդրոնական Ամերիկայի այսօրուան ներգաղթեալները, մեծամասնութիւնը` իրենց կեանքերուն համար վախցող քաղաքական ապաստան փնտռողներ, կը փախչին հրոսակախումբերէ, տնտեսական խոր անկայունութենէ, աղքատութենէ, իրենց կառավարութեանց կողմէ անտեսուած ըլլալէ եւ պետական հալածանքներէ:
Բայց հարցերը բոլորն ալ ծանր են եւ աւելի բարդացած են այն փաստով, որ Կեդրոնական Ամերիկայի հիւսիսային եռանկիւնը` շրջան մը, որ կը ներառէ Կուաթեմալան, Էլ Սալվատորը եւ Հոնտուրասը ( ուրկէ կու գան քաղաքական ապաստան փնտռողներէն շատեր), խորապէս ազդուած է շրջակայ միջավայրի քանդումէն, կենսոլորտային պայմաններու վատթարացումէն եւ համաշխարհային կլիմայական փոփոխութիւններու հետեւանքէն:

Կեդրոնական Ամերիկայի միջին ջերմաստիճանը 1950 թուականէն ի վեր 0,5 աստիճան բարձրացած է, եւ կը նախատեսուի, որ մինչեւ 2050 թուական 1-2 աստիճան եւս բարձրանայ:
Ասիկա ճակատագրական հետեւանքներ կ՛ունենայ օդին, անձրեւներուն, հողի որակին, բերքին եւ, ուրեմն, երկրագործներուն եւ տեղական տնտեսութեան վրայ: Նոյն ատեն արկածները, հեղեղները, փոթորիկներն ու երաշտը աւելցած են շրջանին մէջ: Յառաջիկայ տարիներուն կը նախատեսուի, որ ատոնք բազմապատկուին:
Հոնտուրասի կարգ մը շրջաններու մէջ հեղեղները պիտի աւելնան 60 առ հարիւրով: Կուաթեմալայի մէջ չոր արօտավայրերու պիտի վերածուին երկրագործական շրջանները: Եւ Էլ Սալվատորի մէջ կը նախատեսուի, որ ծովեզերեայ տարածքին 10-28 առ հարիւրը կորսուի նախքան 3000 թուական:
Այս մարդիկը ինչպէ՞ս պիտի գոյատեւեն եւ ո՞ւր պիտի երթան:
Էլ Սալվատորի Ճիքուիլսքօ ծոցը հրաշալի, փայլփլող եւ մարդաշատ թերակղզի մըն էր, ուր կը բնակէին ձկնորսական համայնքներ, եւ ուր կային ծառեր եւ ծովային կեանքի անհաշուելի տեսակներ: Այժմ, աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու նման, վտանգի ենթարկուած է կլիմայական փոփոխութենէն: Ծովու բարձրացող մակարդակը, սկսած է քանդել անտառները եւ ծովային կեանքը, որ անոնցմէ կախեալ է. հետեւաբար ձկնորսները, որոնք կախեալ են ծովային կեանքէն, ե՛ւ սնունդ ստանալու եւ տնտեսութիւնը ձեւով մը ոտքի պահելու համար:
Արնովիս Կիտոս Փորվիլոն մէկն է այդ մարդոցմէ: Ան 26 տարեկան եւ առանձին ապրող մարդ մըն է: Անոր ընտանիքին անդամներէն շատեր ձկնորսներ էին, բայց անոնք սկսան որսալ աւելի եւ աւելի նուազ ձուկեր: Երկրին երաշտին եւ կործանարար անձրեւներուն պատճառով շրջանի երկրագործական տնտեսութիւնն ալ կը տառապի: Հողը պրկուածէ, ովկիանոսը պրկուած է, բնականաբար ժողովուրդն ալ պրկուած, ընկճուած է:
Արնովիս օր մը, ֆութպոլի մրցումի մը ընթացքին ծեծկռտուքի մը մասնակցեցաւ եւ ատկէ ետք ինք շրջանի մրցակից հրոսակախումբերէն մէկուն համար հակառակորդ նկատուեցաւ: Ան օրականով աշխատաւոր մըն էր, բայց երաշտին պատճառով, աշխատանք գտնելու համար պէտք էր երթեւեկէր մրցակից հրոսակախումբերու շրջաններուն մէջ, ուր կրնար սպաննուիլ: Ուրեմն ան առաւ իր դուստրը եւ ուղղուեցաւ հիւսիսային սահման, ուր Միացեալ Նահանգներու սահմանապահները զիրենք բաժնեցին իրարմէ երկու ամիս, տարբեր նահանգներու մէջ, առանց հաղորդակցելու կարելիութեան:

Վայրագութիւնը եւ շրջակայ միջավայրի կործանումը անխուսափելիօրէն կապուած են եւ կը յանգեցնեն զանգուածային գաղթի: Անկայուն մոլորակը եւ կենսոլորտային վատթարացող պայմանները, իրենց կարգին, կը յառաջացնեն անկայուն հանրութիւն, պառակտումներ, տնտեսական անապահովութիւն, մարդկային դաժանութիւն:
Երբ մէկու մը տունը աւելի եւ աւելի անբնակելի կ՛ըլլայ, անոնք այլ տեղ կը փոխադրուին: Մեզմէ իւրաքանչիւրը այդպէս չ՛ընե՞ր:
Կուաթեմալայի բարձունքներուն վրայ երկրագործները այժմ կը դժուարանան սերմեր ցանել եւ աճեցնել: Անոնք այս աշխատանքը դարերէ ի վեր կ՛ընէին:
Արեւմտեան բարձունքներու մեծամասնութեան մէջ հարցումը այն չէ, թէ մէկը պիտի արտագաղթէ՞, այլ` ե՞րբ:
Կուաթեմալայի չոր միջանցքին մէջ երաշտը շրջանի երկրագործութիւնը քանդած է, մանաւանդ` սուրճի բերքը, որմէ կախեալ էր տեղւոյն երկրագործներուն 90 առ հարիւրը:
Ուրեմն ի՞նչ կը մնայ այս մարդոց ընել, բացի` հեռանալէ:
Շատ յստակ է, որ կլիմայական փոփոխութիւնը գլխաւոր ուժն է, որ գաղթականները կը մղէ դէպի Միացեալ Նահանգներ: Մենք ունինք տուեալներ, մենք ունինք փաստեր, մենք ունինք մարդոց պատմութիւնները:
Տակաւին, Թրամփի վարչակազմը ոչինչ ըրած է այս արմատական պատճառին միջամտելու:
Փաստօրէն, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը համակարգուած կերպով հերքած է կլիմայի փոփոխութեան գոյութիւնը` զբաղելով ներքին կարգաւորումներով եւ հեռու մնալով միջազգային փորձերէն, օրինակ` Փարիզի համաձայնագիրներէն, համաշխարհային ջերմացումը արգիլելու համար:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը այժմ իր վերջին ապարդիւն, միամիտ եւ դաժան փորձը ըրած է` գլուխէն կրճատելու ներգաղթը, յայտարարելով, որ հիւսիսային եռանկիւնին յատկացուող օտարերկրեայ օժանդակութիւնը պիտի դադրեցնէ` փոխանակ հարցին արմատները փնտռելու եւ լուծելու, փոխարէն ինչպէս կ՛ընեն վատառողջ ծառի մը կամ բերքին:
Թրամփին ըրածը անպարկեշտ քայլ մըն է, ճիշդ այնպէս, ինչպէս` սահմանին պատ կառուցելը, ընտանիքները բաժնելը, մարդիկ վերջնականապէս կղպելը եւ քաղաքական ապաստան փնտռողները մերժելը: Ասիկա վախցնելու վատ ձեւ մըն է, որ իսկապէս ոչինչ պիտի ընէ ներգաղթը սանձելու համար:
Փաստօրէն, Կեդրոնական Ամերիկայի յատկացուող օժանդակութիւնը դադրեցնելը ճիշդ հակառակ արդիւնքը պիտի տայ, որորովհետեւ հակառակ անկանոն ըլլալուն` Կեդրոնական Ամերիկայի յատկացուող միջազգային օժանդակութիւնը կենսական է տեղւոյն բնակչութեան համար: Այդ օժանդակութեան մաս կը կազմեն աշխատանքային զանազան ծրագիրներ, որոնց շարքին է երաշտի առաջքը առնելը, կլիմայական փոփոխութեան դիմանալու աշխատանքը, որոնք կրնան օգնել, որպէսզի մարդիկ մնան իրենց բնակավայրերուն մէջ:
Մարդիկ չեն ուզեր բռնաբարուիլ դէպի հիւսիս ճամբուն վրայ, կամ` մեռնիլ անապատին մէջ, չեն ուզեր, որ սահմանապահները խլեն իրենց զաւակները, կամ բանտարկուին` առանց օրինական հոլովոյթներու, առանց բժշկական խնամքի, առանց գիտնալու, թէ ի՛նչ պիտի պատահի իրենց:
Ո՞վ այս վտանգները յանձն պիտի առնէ, եթէ ամէն բան բնականոն է իր բնակավայրին մէջ:
Արնովիսին նման մարդիկ պիտի լքեն, որովհետեւ կը զգան, որ պէտք է հեռանան:
Արնովիս փորձեց Միացեալ Նահանգներ ներգաղթել, բայց աղջիկը բաժնեցին իրմէ, զինք բանտարկեալի նման պահեցին, եւ ամիսներ տեւած փաստաբանական եւ վարչարարական հոլովոյթներէ ետք, անոնք հիմա ետ միացած են եւ վերադարձած` իրենց բնակավայրը:
Ասիկա անշուշտ լաւ բան մը չէ, հիմնական խնդիրը չէ փոխուած. Արնովիս աշխատանք չի կրնար գտնել: Իր հասարակութիւնը հիւանդ է, նոյնպէս` երկրագունդը, եւ հողն ու ծովը իր շուրջն են :
Այսօր աշխարհի մէջ 64 միլիոն ներգաղթեալ կայ, բոլոր ժամանակներէ աւելի: Անոնք կը փախչին պատերազմներէ, սպանութիւններէ, աղէտներէ եւ, այո՛, կլիմայական փոփոխութենէ:
ՄԱԿ կը նշէ, որ 2050 թուականին պիտի ըլլան աւելի քան 200 միլիոն անձեր, որոնք պարտադրաբար պիտի լքեն իրենց բնակավայրերը` միայն կլիմայական փոփոխութեան պատճառով:
Ներգաղթը մարդկային բնական երեւոյթ է, եւ շատեր կը պնդեն, որ պէտք է հիմնարար իրաւունք ըլլայ, բայց պարտադիր արտագաղթ` տունէն դուրս գալը հակառակ անհատին կամքին, կեանքի սպառնալիքով, բնական չէ:
Այսօր, անկախ այն բանէն, թէ մենք կ՛ընտրենք ատիկա տեսնել, թէ ոչ, կլիմայի փոփոխութիւնը ներգաղթը մղող մեծագոյն գործօններէն մէկն է եւ կը շարունակուի գալիք տարիներուն ընթացքին, եթէ մենք բան մը չընենք:
Եթէ մենք կ՛ուզենք, որ մարդիկ կարենան մնալ իրենց տուներուն մէջ, մենք պէտք է լուծենք համաշխարհային կլիմայի փոփոխութեան հարցը, եւ մենք պէտք է ատիկա արագ ընենք: