Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Գիրք Նուիրելու Տօնը`
Հիւսիսային Պողոտային Վրայ
Գիրք նուիրելու օրը` 19 փետրուարին, հակառակ շատ պաղ եղանակին, Երեւանի Հիւսիսային պողոտան մարդաշատ էր:
ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ, գրական ջերմ մթնոլորտին մէջ, բարձրորակ երաժշտութեան հնչիւններուն տակ, տարբեր հեղինակներ իրենց գիրքերը ներկայացուցին:
Ապա Մնջախաղի պետական թատրոնի դերասաններուն կողմէ անցորդներուն նուիրեցին Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան արժէքաւոր հրատարակութիւններէն` Վահան Յովհաննիսեան` «Մանդիլիոն», Վահան Նաւասարդեան` «Չարենց յուշեր եւ խորհրդածութիւններ», Նիկոլ Աղբալեան` «Մտածումներ ՀՅ Դաշնակցութեան մասին», Ռուբէն Յովսէփեան` «Նռներ» եւ «Որդան կարմիր», Մովսէս Պչաքճեան` «Երկերու լիակատար ժողովածու», Աղուան Վարդանեան` «Ելք Երկրից» եւ շուրջ 30 հրատարակողներու այլ գիրքեր:»
Հաղբատի Մէջ Սայաթ Նովայի
Թանգարան Պիտի Բացուի
Հաղբատի մէջ շուտով Սայաթ Նովայի թանգարան պիտի կառուցուի: Այս մասին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնած է մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան: Թանգարանի ծրագիրը իրականացնելու որոշումը տրուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ:
«Ունինք 17 ներդրումային ծրագիրներ, որոնց մեծ մասը արդէն սկսած է, եւ անոնք յառաջիկայ մէկ-երկու ամիսներուն իրականութիւն կը դառնան: Բայց ամէն օր, ամէն ամիս կ՛աւելնան նոր գաղափարներ», նշած է Ամիրեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ նախընտրական շրջանը որքանո՞վ կրնայ ազդել ներդրումային ծրագիրներուն վրայ, եւ` կրնա՞յ ըլլալ, որ անոնք առկախուին: Նախարարը ըսած է. «Չեմ կարծեր, որովհետեւ կայ աշխատակազմ, կան մարդիկ, որոնք համաձայն պետական ծրագիրներու յանձնարարականներու` կ՛աշխատին, եւ ներդրումային ծրագիրներուն մեծ մասը մասնաւոր հատուածին հետ համագործակցութեան արդիւնք է, իսկ մասնաւորը շահագրգռուած է շատ արագ իրականացնելով զանոնք»:
Մանկապատանեկան Արեւմտահայերէն
Նոր Կայք` Աշխարհս.Com
«Եռագոյն» կայքը կը յայտնէ, որ նախաձեռնած է մանկապատանեկան արեւմտահայերէն կայքի մը (Armlands.com, Հայկական աշխարհս) ստեղծման աշխատանքը: Կայքը պիտի ունենայ երկու բաժին` 4-8 եւ 9-16 տարեկաններու համար:
Կայքը կը ներառէ համապատասխան տարիքի հասցէատէրերը հետաքրքրող համապարփակ նիւթեր, տեսանիւթեր, լուրեր եւ այլն: Կայքի ձեւաւորման աշխատանքները սկսան փետրուար 21-ին` Մայրենիի տօնին եւ իրենց աւարտին պիտի հասնին 2018-ի փետրուար 21-ին:
Երեւանի Մէջ Պիտի Տեղադրուի
Գետաշէնի Հերոս
Թաթուլ Կրպէեանի Կիսանդրին
Երեւանի աւագանին միաձայն քուէարկութեամբ որոշած է ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանի կիսանդրին տեղադրել հերոսին անունը կրող զբօսայգիին մէջ:
Յայտնենք, որ կեսանդրիի հեղինակներն են քանդակագործ Լեւոն Թոքմաջեան եւ ճարտարապետ Գրիգոր Բաբաջանեան:
«Հայաստան» Հիմնադրամի Ամերիկայի
Արեւմտեան Ափի Տեղական Մարմինը
Կ՛աջակցի Հաշմանդամ Ազատամարտիկներուն
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի տեղական մարմինին նախաձեռնութեամբ, արդէն երեք տարի է, որ կը գործէ «Աջակցութիւն հաշմանդամ ազատամարտիկներուն» ծրագիրը, որ կոչուած է օժանդակելու արցախեան պատերազմին հաշմանդամ դարձած ազատամարտիկներուն:
Ծրագիրը նախաձեռնած է արցախեան պատերազմի մասնակից Հրանդ Թումասեան, որ ըլլալով հաշմանդամ` ծանօթ է իր մարտական ընկերներու հարցերուն: Ան Միացեալ Նահանգներէն կը համակարգէ ինքնաշարժներու ձեռքբերումը, անոնց համապատասխանեցումը պարանոցի, մէջքի հարցեր ունեցող եւ անդամալոյծ ազատամարտիկներու անհատական կարիքներուն եւ առաքումը հայաստանցի ու արցախցի շահառուներուն: Առ այսօր ծրագիրով նուիրուած է 15 ինքնաշարժ, ինչպէս նաեւ` ելեկտրական յատուկ մահճակալներ, անուասայլակներ, ներքնակներ, բարձեր, աթոռներ, թթուածինի շիշեր, մղիչ սարքեր եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ, որոնք որոշ չափով կը թեթեւացնեն շահառուներուն կեանքը:
«Հայրենիքին անմնացորդ նուիրումով ծառայած մեր հայրենակիցները պէտք է ըլլան ուշադրութեան կեդրոն եւ շարունակեն իրենց բնականոն կեանքը: Այս իսկ նպատակին կը ծառայէ մեր ձեռնարկը», ըսած է հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափի տեղական մարմինի տնօրէն Սարգիս Քոթանճեան, որ կը տեղեկացնէ, թէ 2017-ին ինքնաշարժներու նոր խմբաքանակ մը պիտի ուղարկուի Հայաստան:
Խնկօ Ապոր Անուան Մանկական
Գրադարանին Մէջ Կայացաւ
Մանկապատանեկան Գիրքի
Երեւանեան Տօնավաճառը
Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ, Խնկօ Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանը եւ Հայաստանի Հրատարակիչներու ընկերակցութիւնը փետրուար 17-21 կազմակերպեցին Մանկապատանեկան գիրքի երեւանեան 13-րդ ցուցահանդէս-տօնավաճառը, որուն պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ փետրուար 18-ին, Խնկօ Ապոր անուան ազգային մանկական գրադարանի ճեմասրահին մէջ: Տօնավաճառը եւ առնչուող ձեռնարկները պիտի իրականացուին գրադարանի ճեմասրահին, դահլիճին եւ սրահներուն մէջ:
Ցուցահանդէս-տօնավաճառը ներկայացուց հայաստանեան հրատարակիչներու վերջին տարիներու լաւագոյն հրատարակութիւնները, յատկապէս` մանկապատանեկան ոլորտի գրականութիւնը: Հնգօրեայ տօնավաճառին ընթացքին տեղի ունեցան պտոյտներ, հեքիաթապատումներ, խամաճիկներու դիտումներ, ընթերցանութիւն եւ այլ ծրագիրներ:
Փետրուար 20-24 Հայաստանի Մէջ
Յայտարարուած Է
Կրթութեան Որակի Շաբաթ
Մասնագիտական կրթութեան որակի ապահովման ազգային կեդրոնը փետրուար 20-24-ը կը յայտարարէ կրթութեան որակի շաբաթ:
Արդէն 3-րդ անգամ կազմակերպուող որակի շաբթուան նպատակն է թէ՛ կրթութեան ոլորտի ներկայացուցիչներու, թէ՛ ղեկավար օղակներու եւ թէ՛ հասարակութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել կրթութեան որակի ապահովման վրայ` քննարկելու առկայ հարցերը, կիսուելու լաւագոյն փորձով եւ ձեւաւորելու ապագայի ընդհանուր տեսլական:
Յառաջիկայ որակի շաբթուան ընթացքին տեղի պիտի ունենան աշխատաժողովներ նուիրուած ուսանողներու, երիտասարդ դասախօսներու, մասնագիտութեան կրթական ծրագիրներու եւ որակաւորումներու ազգային շրջանակի համապատասխանութեան հարցերուն, իսկ շաբաթը պիտի ամփոփուի երկօրեայ համաժողովով, որուն թեման պիտի ըլլայ գնահատման համակարգերու բարելաւումը:
Որակի շաբաթը սկսաւ փետրուար 20-ին` ուսանողներուն նուիրուած աշխատաժողովով:
Ձեռնարկին մասնակցեցան ուսանողներ, դասախօսներ, որակի ապահովման պատասխանատուներ, կրթութեան կառավարիչներ եւ ոլորտի այլ ներկայացուցիչներ:
Աշխատաժողովին ընթացքին քննարկուեցան հետեւեալ նիւթերը` համալսարանական աղբիւրներու հասանելիութիւնը բոլոր ուսանողներուն` անկախ ուսումնական հաստատութենէ, աշխատաշուկայի պահանջները եւ համալսարանական կրթութեան համապատասխանութիւնը անոնց, մագիստրոսական կրթութեան բացերը, մագիստրոսը իբրեւ հետազօտող մասնագէտ եւ աշխատուժ, համալսարանական կրթութիւն, ինչո՞ւ համար կը վճարէ ուսանողը:
ՈԱԱԿ-ը կարեւոր համարելով դասախօսներու դերը որակի ապահովումը լսարան հասցնելու գործին մէջ` փետրուար 21-ի աշխատաժողովը նուիրեց երիտասարդ դասախօսներու հարցերու քննարկման:
Որակի շաբթուան երրորդ օրը նուիրուած պիտի ըլլայ մասնագիտութեան կրթական ծրագրերու եւ որակաւորումներու ազգային շրջանակի (ՈԱՇ) համապատասխանութեան:
ՈԱԱԿ-ը ՏԵՄՊՈՒՍ-ի ALIGN ծրագրի հետ համագործակցութեամբ` փետրուար 22-ին պիտի կազմակերպէ աշխատաժողով, ուր պիտի ներկայացուին ALIGN ծրագրի ձեռքբերումներն ու առկայ մարտահրաւէրները:
Յայտնենք, որ աշխատաժողովին ընթացքին ուսանողներու, դասախօսներու եւ կրթութեան կառավարիչներու տեսանկիւնէն պիտի քննարկուի կրթական ծրագիրներու բարեփոխման անհրաժեշտութիւնը: Պիտի շեշտադրուի յատկապէս գնահատման բարելաւումը` իբրեւ դասաւանդման արդիւնաւէտութեան գործիք: Ձեռնարկին ընթացքին մասնակիցներուն պիտի ներկայացուին նաեւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ծրագրի շահակից համալսարաններու մէջ իրականացուած մասնագիտութեան կրթական ծրագիրներու արտաքին գնահատման արդիւնքները, ՈԱՇ-ի եւ վերջնարդիւնքներու համապատասխանեցման լաւագոյն փորձը, գործընթացէն քաղուած դասերը:
Աշխատաժողովի աւարտին տեղացի ու միջազգային փորձագէտները, ուսանողները եւ ՈԱԱԿ ներկայացուցիչները առաջարկ պիտի ներկայացնեն կառավարութեան` ազգային մակարդակով մասնագիտութեան կրթական ծրագիրներու մէջ անհրաժեշտ փոփոխութիւններու մասին:
Որակի շաբաթը պիտի ամփոփուի «Որակը լսարանին մէջ` գնահատման համակարգերու բարելաւում» նիւթով երկօրեայ համաժողովով, որ տեղի պիտի ունենայ փետրուար 23-24:
Տարուան ընթացքին Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ պիտի սկսի հաշուեքննութիւն, որ կը միտի մասնագիտութեան կրթական ծրագիրներու բարեփոխման, գնահատման համակարգի բարելաւման եւ ոլորտի ընդհանուր պատկերի յստակացման: Աշխատաժողովներով անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ «Կրթական ծրագիրներու վերանայում` գնահատման համակարգի բարելաւման ծիրէն ներս», «Դասաւանդման բարելաւում` գնահատման համակարգերու վերանայման միջոցով», «Ուսանողի առաջընթացի ծրագրաւորում. գնահատման դերը» նիւթերուն:
Նաեւ տեղի պիտի ունենայ շահակիցներու հարցերու քննարկում` «Ինչպիսի գնահատանք կ՛ակնկալէ ուսանողը ուսումնական հաստատութենէն» նիւթով:
Համաժողովի ընթացքին ոլորտի հեղինակաւոր մասնագէտները Բրիտանիայէն, Իրլանտայէն, Պելճիքայէն, Զուիցերիայէն եւ Ռուսիայէն պիտի ներկայացնեն կրթութեան որակի ապահովման իրենց երկրի լաւագոյն փորձը:
Պիտի ներկայացուին նաեւ որակի ապահովման մասնագէտներու եւ աջակիցներու ցանց հիմնելու ուղղութեամբ իրականացուած աշխատանքները, պիտի ազդարարուի ցանցի գործունէութեան սկիզբը:
Հաղորդենք, որ համաժողովի ընթացքին պիտի ըլլան նաեւ ներկայացումներ` նուիրուած կրթութեան ոլորտի նորարարութեան, դասաւանդման եւ գնահատման նոր եղանակներու ներդրման:
Հայաստանի Մէջ Ելեկտրոնային
Բժշկական Գրադարան Կը Ստեղծուի
Ապագայ բժիշկները շուտով կարելիութիւն պիտի ունենան օգտուելու ելեկտրոնային բժշկական գրադարանէն: Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամին եւ Մ. Հերացիի անուան պետական բժշկական համալսարանի ուսանողական խորհրդարանին նախաձեռնութեամբ, պիտի ստեղծուի ելեկտրոնային բժշկական գրադարան:
Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութեան տուած տեղեկութիւններով, ծրագրի ծիրին մէջ պիտի ստեղծուի եռաբաղադրեալ ելեկտրոնային կայք: Անիկա պիտի ունենայ ելեկտրոնային գրադարան, յատուկ բաժիններու մէջ ներառուած պիտի ըլլան փորձնական նիւթեր եւ տեսանիւթեր: Իւրաքանչիւր ուսանող եւ դարմանատան ուսանող իր ուրոյն մուտքի ծածկագիրով կարելիութիւն պիտի ունենայ մուտք գործելու նշուած թուային հարթակ եւ, ըստ ուսումնական տարիներու, համապատասխան գրականութիւն ստանալու:
«Ելեկտրոնային բժշկական գրադարան»-ին մէջ ներառուած ուսումնական փորձարկումներուն միջոցով ուսանողները պիտի ստուգեն եւ ամրապնդեն իրենց գիտելիքները: Կայքը պիտի ունենայ նաեւ տեսադասընթացի բաժին, ուր զետեղուած պիտի ըլլան օրինակելի դասախօսութիւնները, որոնք կարելիութիւն պիտի տան որեւէ պահու վերյիշելու անհրաժեշտ նիւթը: