Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 19, 2017
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Սփիւռքի Եւ Կրթութեան Նախարարները Սփիւռքի Մէջ Կրթական Աշխատանքները Համադրելու Հրաման Ստորագրեցին

Երկուշաբթի, 10 ապրիլին սփիւռքի նախարարութեան մէջ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան ստորագրեցին համատեղ հրաման` սփիւռքի կրթական խնդիրներու լուծման աջակցելու վերաբերեալ: Ծրագիրով նախատեսուած միջոցառումները համակարգելու նպատակով կեանքի կոչուած է համակարգող յանձնաժողով մը:

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան ընդգծեց կարեւորութիւնը նախարար Հրանուշ Յակոբեանի այս նախաձեռնութեան` նշելով. «Այս հրամանը ենթադրում է յստակ գործողութիւնների ծրագիր, եւ այսպիսի ձեւաչափով աւելի լաւ կը համակարգուեն աշխատանքները»:

Սփիւռքի նախարարը յայտնեց, որ 2017 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-սփիւռք 6-րդ համաժողովը, ուր պիտի քննարկուին նաեւ սփիւռքի մէջ մայրենիի պահպանութեան վերաբերող խնդիրներ:

«Այստեղ եւս սփիւռքի ու կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնները կարող են աջակցել միմեանց` լաւագոյն մասնագէտներին հրաւիրելու, թեմաները ճշգրիտ ընտրելու եւ բազմաթիւ այլ հարցերում», նշեց սփիւռքի նախարարը:

«Մայքրոսոֆթ» Ընկերութիւնը Կը Գործակցի Կրթութեան Նախարարութեան Հետ

14 ապրիլին «Մայքրոսոֆթ» ընկերութիւնը, ի դէմս Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան մէջ «Մայքրոսոֆթ»-ի տարածաշրջանային գրասենեակի ղեկավար Ռոլանտ Պինքոֆսքիի, եւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, ի դէմս նախարար Լեւոն Մկրտչեանի, ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր:

Սոյն յուշագրին ծիրին մէջ «Մայքրոսոֆթ» ընկերութիւնը ուսումնական գործընթացին պիտի աջակցի ծրագրային արտադրանքներով, հետաքրքրական նախաձեռնութիւններու միջոցով պիտի խրախուսէ ուսուցիչներու եւ աշակերտներու ինքնակրթութեան ձգտումը եւ մասնակցութիւնը` սեմինարներու, վերապատրաստումներու, կլոր-սեղան քննարկումներու, խորհրդաժողովներու եւ տարբեր ուսումնական հաստատութիւններու ուսուցիչներու միջեւ փորձի փոխանակման ծրագիրներու:

«Մայքրոսոֆթ»-ը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Հայաստանի կրթական համակարգի արդիականացման գործընթացին: «Մայքրոսոֆթ»-ը կը հանդիսանայ «Մէկական համակարգիչ իւրաքանչիւր երեխայի» պետական ծրագրի գործընկերը, որուն ծիրին մէջ Վայոց Ձորի մարզի դպրոցներու իւրաքանչիւր առաջին դասարանցիի պետութեան կողմէ շնորհուած են Windows 10 գործող համակարգով աշխատող համակարգչային սարքեր:

Յասմիկ Պապեան Կը Պարգեւատրուի Մշակոյթի Նախարարութեան Ոսկէ Մետալով

Հայ եւ համաշխարհային օփերայի արուեստի զարգացման գործին մէջ իր ունեցած նշանակալի աւանդին, ինչպէս նաեւ` ստեղծագործական գործունէութեան 30-ամեակին առիթով, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, օփերային մեներգչուհի Յասմիկ Պապեան պարգեւատրուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան ոսկէ մետալով:

«Թուֆէնքեան» Բարեգործական Հիմնադրամը կը Շարունակէ Աջակցիլ Հաշմանդամ Ընտանիքներուն

«Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով վերանորոգուած է Հադրութի շրջանի Ակնաղբիւր համայնքի առանձնատուն մը եւս:

Ըստ «Արցախփրէս»-ին, «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Անդրանիկ Գասպարեան յայտնած է, որ ապրիլեան պատերազմէն ետք հիմնադրամը ձեռնարկած է նոր ծրագիրի մը եւս, որով նախատեսուած է վերանորոգել հաշմանդամներու տուները:

«Այս ծրագիրով սկսած ենք զբաղելու մայիսէն: Ծրագիրով ընդգրկած ենք այն հաշմանդամներուն ընտանիքները, որոնք իսկապէս օգնութեան կարիք ունին: Այդպիսի մարդոցմէ մէկն ալ երկրորդ կարգի հաշմանդամ, 3 երեխաներու հայր Վարուժան Սահակեանն է», նշած է Ա. Գասպարեան:

Վարուժանի կինը` Անահիտ Սահակեան, իր հերթին նշած է, որ իր ամուսինը զինուորական ծառայութեան ժամանակ ծանր վիրաւորուած է:

«Արդէն 10 տարի է, որ մենք սկսած ենք մեր տան շինարարութիւնը: Սեփական ուժերով հասցուցած ենք կառուցել 5 սենեականոց տան պատերը եւ տանիքը: Հիմնադրամն ալ զայն ամբողջութեամբ վերանորոգեց. այժմ մենք կ՛ապրինք յարմարաւէտ պայմաններու մէջ», ըսած է Ա. Սահակեան:

Վ. Սահակեան նոյնպէս իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ հիմնադրամին` իրենց ընտանիքին աջակցելուն համար:

Հիմնադրամի ներկայացուցիչներուն յղած իր շնորհակալական խօսքին մէջ Հադրութի շրջանային վարչակազմի ղեկավար Վալերի Գէորգեան ըսած է, որ հիմնադրամը իրօք կը կատարէ ազգանուէր գործ` զարգացնելով ու շէնցնելով երկիր հայրենին:

ՀՕՄ-ի Արցախի Կառոյցը Գումարեց Իր Տարեկան Ընդհանուր Ժողովը

Կիրակի, 9 ապրիլին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ օգնութեան միութեան Արցախի մասնաճիւղի 14-րդ ընդհանուր ժողովը:

Ժողովին հրաւիրուած էր ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Կամօ Բարսեղեան, որ իր խօսքին մէջ գնահատեց ՀՕՄ-ուհիներու աւանդն ու աջակցութիւնը համահայկական նշանակութիւն ունեցող խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ:

Մասնաճիւղի վարչութիւնը ներկայացուց անցած տարուան գործունէութեան հաշուետուութիւնը:

Կատարուած աշխատանքներուն մասին զեկոյցները լսելէ ու քննարկելէ ետք նախանշուեցան յառաջիկայ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները:

Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ վարչութեան նոր կազմ` Արմինէ Յարութիւնեան, Ռուզաննա Աբրահամեան, Մելանիա Բալայեան, Կարինէ Պետրոսեան եւ Գայեանէ Ղուլեանց: Վարչութեան ատենապետուհի ընտրուեցաւ Ռուզաննա Աբրահամեան:

«Այբ» Դպրոցի Խումբը Ռոպոթներու Ամերիկեան Մրցոյթին Պրոնզէ Մետալ Շահած Է

Արդէն երկրորդ յաջորդական տարին ըլլալով` Երեւանի «Այբ»  դպրոցի ռոպոթաշինութեան խմբակը նուաճումներով վերադարձած է Միացեալ Նահանգներու Մարիոն քաղաքին մէջ կայացած հեղինակաւոր «Ռոպոթիկայի ազգային մարտահրաւէր» (National Robotics Challenge) մրցոյթէն: Այս անգամ «Այբ»-ի խումբը պրոնզէ մետալ շահած է «Ճակատամարտի ռոպոթ» (Combat Robot) անուանակարգին մէջ:

Մրցոյթին մասնակցած են 1300 հոգի, եւ ներկայացուած են աւելի քան 400 մարդամեքենաներ:

«Այբ»-ի փոքրիկները մրցոյթին ներկայացած են մարտական մարդամեքենայով, որ երկու օր շարունակ մարտի մէջ էր այլ աւագ դպրոցներու եւ քոլեճներու ներկայացուցած տասնեակ մարդամեքենաներու հետ:

«Նախորդ տարուան համեմատ, մրցոյթին մասնակցող խումբերը մեծ զարգացում ապրած էին. բոլորը աւելի պատրաստուած էին, մարդամեքենաներն ալ` աւելի կատարելագործուած», նշած է մարդամեքենաներու շինութեան խումբի առաջնորդ Սիմոն Զոհրապեան:

«Մենք ստեղծած էինք մարդամեքենայ, որուն առաջադրանքն էր ոչնչացնել հակառակորդը: Եւ մեր մարդամեքենան հեշտութեամբ կատարած էր իր առաքելութիւնն ու վնասազերծումը միւսներուն: Բայց ցաւօք, ուշ գիտցանք, որ մրցավարները միաւորները կը հաշուէին հարուածներու քանակով: Այդ պատճառով էր, որ արծաթ կամ ոսկի մետալ չշահեցանք», ըսած է «Այբ»-ի մարդամեքենաներու շինութեան խումբի անդամ Արեգ Կարապետեանը:

Հայաստան Աշխարհի Ամէնէն Անվտանգ Երկիրներու Վարկանիշով 34-րդն Է 

Զուիցերիական «Համաշխարհային տնտեսական ֆորում» ոչ պետական կազմակերպութիւնը ներկայացուցած է աշխարհի ամէնէն անվտանգ երկիրներու մասին զեկոյց:

ՀՏՖ-ի փորձագէտները 136 պետութիւն գնահատած են: Վարկանիշը կազմուած է զանազան գործօններու հիման վրայ` գործարար միջավայր, անվտանգութիւն, առողջութիւն եւ սնունդ, զինուած հակամարտութիւններու առկայութիւն, յանցաւորութեան եւ ահաբեկչութեան սպառնալիքի մակարդակ:

Կը նշուի, որ ամէնէն ապահով երկիրներու ցանկի լաւագոյն եռեակին մէջ ներառուած են Ֆինլանտան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները եւ Իսլանտան: Մինչդեռ ամէնէն անապահով երկիր ճանչցուած է Քոլոմպիան, որուն կը նախորդեն Եմէնը, Սալվատորը եւ Փաքիստանը:

Ինչ կը վերաբերի աղիւսակին մէջ Հայաստանի եւ տարածաշրջանային միւս պետութիւններուն, ապա առաջատարը 29-րդ տեղը գրաւած Վրաստանն է, որուն կը  յաջորդեն Հայաստանը (34-րդ), Ազրպէյճանը (35-րդ), Իրանը (87-րդ), Ռուսիան (109-րդ) եւ Թուրքիան (116-րդ):

Հայաստան Հիմնադրամը Ստեփանակերտի Մէջ Ձեռքի Գնդակի Մարզահրապարակ Կը Կառուցէ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, իր Ֆրանսայի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ, Ստեփանակերտի մէջ սկսած է հենտպոլի (ձեռքի գնդակ) մարզահրապարակի կառուցման:

Ծրագիրը կ՛իրականացուի ֆրանսացի գործարարներու նիւթական աջակցութեամբ: Մայրաքաղաքին կեդրոնը կառուցուող մարզահրապարակը պիտի ունենայ արհեստական խոտածածկով 800 քառ. մեթր դաշտ, 102 նստատեղ հանդիսատեսի համար, հանդերձարաններ: Մարզահրապարակին լուսաւորումն ու կահաւորումը պիտի իրականացուին արդի պահանջներուն համապատասխան: Մարզահրապարակը, ուր կրնան իրականացուիլ նաեւ ֆութպոլի փորձեր, պիտի սպասարկէ շրջակայ դպրոցներու աւելի քան 3000 աշակերտի:

«Անհամբեր կը սպասենք, թէ ե՛րբ պատրաստ պիտի ըլլայ մարզակառոյցը: Ֆրանսայի հենտպոլի հաւաքականը երկար տարիներ եղած է աշխարհի առաջատարը եւ, ով գիտէ, հաւանաբար, արցախցի պատանի հենտպոլիստները նոյնպէս դառնան վաղուան ախոյեաններ», ըսած է հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեան:

Նշենք, որ 2014-ին ալ ֆրանսացի գործարարներու միջոցներով հիմնադրամը ֆութպոլի փոքր դաշտ կառուցած էր Մարտունիի շրջանի Ճարտար քաղաքին մէջ, ուր իր փորձերը կ՛իրականացնէ Արցախի ֆութպոլի ամենազօրաւոր խումբերէն մէկը` Ճարտարի հաւաքականը: Ճարտարի մանկապարտէզը եւս ֆրանսացի բարերարներու նուէրն է համայնքին:

Աշխարհի Ամէնէն Հաւատացեալ Բնակչութեամբ Երկիրներու Շարքին Հայաստան Հինգերորդ Դիրքը Կը Գրաւէ

«Կոլլափ ինթըրնեշընըլ-ՈՒԻՆ» հետազօտական կեդրոնի հարցախոյզի արդիւնքներուն համաձայն, Հայաստան ընդգրկուած է աշխարհի ամէնէն հաւատացեալ բնակչութեամբ երկիրներու առաջին հնգեակին մէջ: Հայաստանի բնակիչներուն 92 տոկոսը ինքզինք հաւատացեալ բնութագրած է:

Ըստ հարցախոյզի արդիւնքներուն, առաջին տեղը կը գրաւէ Թայլանտը, որուն բնակիչներուն 98 տոկոսը հաւատացեալ ներկայացած է: Յաջորդը Նիկերիան է` 97 տոկոսով:

Երրորդ տեղը կը կիսեն` Քոսովոն, Հնդկաստանը, Ղանան, Պապուա Նոր Կինէան եւ Փղոսկրեայ Ափունքը: Այս երկիրներու բնակիչներուն 94 տոկոսը հաւատացեալ ներկայացած է:

Չորրորդ տեղը կը գրաւէ Ֆիճին:

 

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Մեծ Եղեռնի Առաջին Վաւերագրողը Շաւարշ Միսաքեան» (Խմբագիր` Երուանդ Փամպուքեան)

Յաջորդը

Դրամ-Աթիկ Թամաշա

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յուլիս 9, 2025
Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար
Հայրենի Կեանք

Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Յուլիս 2, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Յունիս 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?