Վերժին Կիւլպէնկեան Մայրանոցին Ապագային Մասին
Աւելի քան 80 տարիներու ազգանուէր ծառայութեամբ Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոցը ընդհանրապէս սուրիահայութեան եւ ի մասնաւորի հալէպահայութեան համար եղաւ բարիք մը, մանաւա՛նդ` գաղթական հայութեան բեկորներուն համար, որոնք Ցեղասպանութեան դառն ճակատագիրը ճաշակելով` կազմեցին իրենց բոյնը ասպնջական սուրիական հայրենիքին մէջ: Մայրանոցը ծննդեան տուն եղաւ ու հասաւ բոլորի՛ն անխտիր` առանց յարանուանական, հատուածական ու քաղաքական գոյն տալու այս ազգօգուտ հիմնարկին: Մայրանոցին մէջ ծնան յաջորդական սերունդներ եւ...



















