Անդրադարձ

Խմբագրական.  Շուշիի Ազատագրումը` Երկօրեայ Կայծակնային Գործողութիւն

Խմբագրական. Շուշիի Ազատագրումը` Երկօրեայ Կայծակնային Գործողութիւն

Շուշիի ազատագրութեան խորհուրդը եթէ ռազմական առումով կը խորհրդանշէ Արցախի անվտանգութեան կարեւորագոյն երաշխիք եւ Արցախի Հանրապետութեան կայացման հիմնական եւ անշրջանցելի մեկնակէտ, ապա երեւոյթը ինքնին ամէն բանէ առաջ ազգի միաւորում եւ գործնապէս փաստած միասնականութիւն կ՛ենթադրէ: Շուշիի ազատագրութեան նախօրէին խրամատներու մէջ նոյնացումը Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն թէ սփիւռքէն Շուշի հասած, միասին պատերազմած եւ միասին նահատակուած հայ երիտասարդութեան ազնուագոյն փաղանգներուն իր մէջ կ՛ամփոփէ հայրենիքի ամբողջական...

«Դրօշակ»-ի Խմբագրական.  Շուշիի Ազատագրումը Տարիների Հեռուից

«Դրօշակ»-ի Խմբագրական. Շուշիի Ազատագրումը Տարիների Հեռուից

Շուշիի ազատագրումը միշտ նշւում է աւելի մեծ հանդիսաւորութեամբ ու շուքով, քան` ԼՂՀ անկախութեան հռչակումը: Իրականութիւնն այն է, որ Արցախի անկախացումը շատ աւելի պայմանաւորուած է Շուշիի ազատագրմամբ, քան` անգամ համապատասխան հանրաքուէով եւ անկախութեան հռչակմամբ: Կարելի է յիշել, թէ պատմական այն օրերին ի՛նչ նշանակութիւն ունէր Շուշիի ազատագրման երազանքը: Զինուորական, քաղաքական գործիչ, թէ Արցախի պարզ բնակիչ, ինչպէս եւ հայութիւնն առհասարակ, հասկանում էին, որ...

Անպատիժ Ցեղասպանութիւն

Մեր Ուժը Միասնութեան Մէջ Է

ԼԷՈՆԻԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ «Ազատ Արցախ» թերթի գլխաւոր խմբագիր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան տարիներին արդէն 24-րդ գարունն է, որ մայիսի 9-ը ազգովին նշում ենք որպէս եռատօն: Արցախցիները Հայաստանի եւ սփիւռքի հայրենակիցների հետ միասին հանդիսաւորութեամբ տօնում են Հայրենական մեծ պատերազմում յաղթանակի, Շուշի քաղաքի ազատագրման եւ Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի ստեղծման օրը: ԼՂՀ պետական տօների օրացոյցում այս տարեթիւն առանձին տեղ է գրաւում: Բայց ոչ...

Շուշիի Ազատագրումով Հայութիւնը Աւելի Մօտեցաւ Արարատի Գագաթին (9 Մայիս 1992)

Շուշիի Ազատագրումով Հայութիւնը Աւելի Մօտեցաւ Արարատի Գագաթին (9 Մայիս 1992)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Քաջ հաւատացողն ենք, որ իրերայաջորդ սերունդներ տակաւին երկա՜ր պիտի յիշեն, զմայլին ու ոգեւորուին Շուշիի ազատագրութեամբ: Փաստօրէն հայոց ժամանակակից պատմութեան էջերուն մէջ արձանագրուեցաւ թուական մը, որ մարմնաւորեց հայ մտքի ու խղճի, մարտունակ ոգիի եւ ռազմահայրենասիրութեան գերազանց ապրումները: Հայոց բարձրաբերձ լեռներուն թառած մշակոյթի ու լուսաւորումի քաղաքին ազատագրումը` բորենի ու մարդակեր ազերիներու ձեռքէն, հրաշքի համազօր արարք մը հանդիսացաւ, որովհետեւ Շուշին խորհրդանիշն...

Լիսագորի Բարձունքին Վրայ  Ինկած Հերոսը

Լիսագորի Բարձունքին Վրայ Ինկած Հերոսը

Ժ. Յ. Երբ կը խօսինք Շուշիի ազատագրման մասին, չենք կրնար չանդրադառնալ նաեւ նախքան եւ յետ ազատագրումը տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, հայու բազուկի ուժին լիարժէք դրսեւորումին շնորհիւ արձանագրուած զինուորական յաղթանակին եւ այդ յաղթանակին մէջ սփիւռքահայ յանձնառու երիտասարդութեան մասնակցութեան: Այդ գաղափարական երիտասարդութեան փաղանգին մաս կը կազմէր նաեւ լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Վիգէն Զաքարեանը, որ հասակ առնելով լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ, ազգային եւ յեղափոխական...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Մարդկութեան Դէմ Յանցագործութիւն

Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին, երբ յետադարձ ակնարկով մը նախորդ տարուան համահայկական պահանջատիրական մեր երթը արժեւորենք, ապա պիտի հաստատենք, որ Համահայկական հռչակագիրի հրապարակումով ամրագրուեցաւ մեր ազգային  միասնականութիւնը ոչ միայն հայրենիք-սփիւռք միասնական գործելաոճի որդեգրումով, այլեւ` քաղաքական մեր պահանջներու յստակ բանաձեւումով եւ Հայ դատի պայքարը իրաւական, քաղաքական թէ քարոզչական դաշտերուն մէջ համադրուած ճիգերով շարունակելու վճռակամութեամբ: Հայոց ցեղասպանութենէն 101 տարի վերջ հայ ժողովուրդը համայն...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Պիտի Օժանդակե՛նք

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Պիտի Օժանդակե՛նք

Զօրաշարժի մէջ է սփիւռքը: Այո՛... անգամ մը եւս: Այս անգամ կիզակէտը` «Մենք եւ մեր սարեր»-ն են... «Պապիկն ու տատիկ»-ը: Այդ մոգական արցախեան հողը, որ այնքա՜ն արժէքաւոր եւ սուրբ է: Վայրկեան մը մէկդի դնելով նախայարձակ թշնամիին ունեցած կորուստը, կատարած այդ չորսօրեայ պատերազմին ժամանակաշրջանն անգամ սխալ մըն էր... ինքնին պարտութիւն մը: Արցախի վրայ յարձակելով` Թուրքիոյ հլու կամակատար Ազրպէյճանը հայութիւնը աշխարհի քարտէսէն բոլորովին...

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Արցախի Վնասուած Շրջանները Վերականգնելու Եւ Զինուորներուն Ի Նպաստ Հանգանակային Արշաւի Կը Ձեռնարկէ

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն Արցախի Վնասուած Շրջանները Վերականգնելու Եւ Զինուորներուն Ի Նպաստ Հանգանակային Արշաւի Կը Ձեռնարկէ

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ուրբաթ, 29 ապրիլին հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն բնագիրը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ. Արցախի հերոսական ժողովուրդը իր երիտասարդներուն թափած թանկագին արեան գնով կը պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանները: Իր նահատակ զաւակը հողին յանձնող մայրը, արտայայտելով Արցախի քաջարի ժողովուրդին զգացումները, մեզի յստակօրէն կը պատգամէ, որ` «մենք թանկագին կեանքեր կորսնցուցինք մեր հողը պաշտպանելու համար: Մէկ թիզ հող իսկ...

Հոնոլուլու Գաւառն Ու Քաղաքը Վաւերացուցած Են Արցախի Զօրակցական Բանաձեւ Մը

Հոնոլուլու Գաւառն Ու Քաղաքը Վաւերացուցած Են Արցախի Զօրակցական Բանաձեւ Մը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Հաուայի նահանգի Հոնոլուլու գաւառի իշխանութիւններն ու քաղաքապետական խորհուրդը ապրիլ 20-ին վաւերացուցած են թիւ «16-78, CD1» բանաձեւը, որ կը զօրակցի եւ կը սատարէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան շարունակական ջանքերուն` երաշխաւորելու իր քաղաքացիներուն այն իրաւունքները, որոնք բնորոշ են ազատ եւ անկախ հասարակութեան. բանաձեւը նաեւ կոչ կ՛ընէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին` սատարելու միջազգային հանրութեան...

Խմբագրական,  Ներհայկական Միասնականութիւնն Ու Միջհամայնքային Համաձայնութիւնը` Միակ Ուղին

Խմբագրական, Ներհայկական Միասնականութիւնն Ու Միջհամայնքային Համաձայնութիւնը` Միակ Ուղին

Վաղը տեղի կ՛ունենայ քաղաքապետական խորհուրդներու եւ թաղապետներու ընտրութիւններուն առաջին հանգրուանը: Տրուած ըլլալով, որ Այնճարի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուները, երկու մակարդակներու վրայ ընտրուած կը նկատուին, մինչ Պեքաայի մէջ հայ քուէարկողները կը հրաւիրուին առաւելագոյն թիւերով մասնակցելու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն, գլխաւոր ընտրադաշտը այս հանգրուանին մեզի համար Պէյրութն է, ուր կը սպասուի հայ համայնքի խուռներամ մասնակցութիւնը: Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներու յաջողութեան գրաւականին արդէն...

«Մեր Քուէն Կամքի, Խղճի Եւ Մտածումի Արտայայտութիւն Է»   Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

«Մեր Քուէն Կամքի, Խղճի Եւ Մտածումի Արտայայտութիւն Է» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Կիրակի, 8 մայիսին Պէյրութի եւ Պեքաայի մէջ պիտի կայանան քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները, որոնք առիթ պիտի ըլլան քաղաքացիին իր ժողովրդավարական իրաւունքի եւ պարտաւորութեան հիման վրայ իր կարծիքը արտայայտելու: Լիբանանահայութիւնը եւս, բնականաբար, մասնակից է այս ամբողջ հոլովոյթին. Դաշնակցութիւնը առաջադրած է իր թեկնածուները եւ վստահ է, որ լիբանանահայութեան նեցուկով պիտի ապահովէ այն յաջողութիւնը, որուն ի խնդիր կը գործէ, որպէսզի հայ թեկնածուներու յաջողութեամբ...

Խմբագրական.  Կանխամտածուած Սովամահութիւնը  Ցեղասպանութիւն Է

Խմբագրական. Կանխամտածուած Սովամահութիւնը Ցեղասպանութիւն Է

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ձեռք բերած քաղաքական առաւելներուն մէջ կարեւոր տեղ գրաւեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններուն մօտ բարձրացած հակաթրքական ալիքի գոյացումը: Այս մակընթացութիւնը անշուշտ իր պատճառները ունէր: Հիմնականը տարածաշրջանին մէջ իսլամական ծայրայեղականութեան վայրագ մագլցողականութեամբ քրիստոնեայ տարրին դէմ վախի, սարսափի մթնոլորտի ստեղծումով յառաջացած կացութեան ետին կանգնած շարժիչ գործօնին եւ այս պարագային Անգարայի ձեռագիրն էր: Իբրեւ այս գործընթացներուն անմիջական հետեւանք քրիստոնէութեան ծննդավայրին` Արեւելքին...

Բարի Լոյս 11.  Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Լիբանանի  4-րդ Իշխանութեան` Մամուլին Վրայ

Բարի Լոյս 24. Ազգային, Քաղաքական Եւ Քաղաքացիական Բարձր Գիտակցութեան Դրսեւորումով

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Հակառակ անցնող շաբաթներուն լիբանանեան քաղաքական բեմին վրայ տիրող թերահաւատութեան եւ կարգ մը լրատուական աղբիւրներու եւ քաղաքական շրջանակներու փոխանցած ու տարածած` ընտրութիւններու թուականի յետաձգման լուրերուն, ահաւասիկ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները իրականութիւն են արդէն եւ ընթացք կ՛առնեն այս կիրակի, 8 մայիսին: ՀՅԴ ընտրական մեքենան կը գործէ աշխուժ, ակումբները եւ ժողովրդային տուները վերածուած են երիտասարդներու, փորձառու ընկերներու եւ համակիրներու կամաւոր աշխատանքի...

Ականջալո՛Ւր` Մայիս 6-ի Նահատակներուն

Ականջալո՛Ւր` Մայիս 6-ի Նահատակներուն

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ «Իմ ազգիս եւ հայրենիքիս սիրելի՛ զաւակները, կայսերապաշտութիւնը կ՛ուզէ մեր կուրծքերուն մէջ խեղդել մեր ազատութեան ձայնը, սակայն արար աշխարհին կը յայտարարենք, որ մենք ազգ մըն ենք, որ կը ձգտի կայսերապաշտութենէն ազատելու եւ կ՛աշխատի յանուն անկախութեան»: «Ո՛վ իմ հայրենի հողս` պահէ՛ մեր յիշատակը, ո՛վ իմ հայրենիքի երկինքս, իւրաքանչիւր արաբի փոխանցէ այդ նահատակներուն ողջոյնը, անոնց ըսէ` ահաւասիկ այդ նահատակները ապրեցան...

«Որբացած» Յուշարձանին Ամէնօրեայ Աղաղակը (6 Մայիս)

«Որբացած» Յուշարձանին Ամէնօրեայ Աղաղակը (6 Մայիս)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Պատահա՞ծ է, որ քարեղէն իրերն անգամ բարձրագոռ աղաղակեն եւ ուզեն իմաց տալ, թէ իրենք գոյութիւն ունի՛ն, դեռ կանգո՛ւն են այն պատուանդանին վրայ, որ կրցած է տոկալ բազում փոթորիկներու եւ պահած է իր բովանդակ հնչեղութիւնը: Այո՛, հնչեղութիւն ոչ թէ անոր համար, որ ունի գեղարուեստական բարձր որակ կամ քանդակուած է աշխարհահռչակ արուեստագէտի մը ձեռամբ, այլ այն պատճառով, որ անիկա համեստ...

Ակնարկ.   Երաշխիքներ` Հրադադարի  Եռակողմանի Վերահաստատման Համար

Ակնարկ. Երաշխիքներ` Հրադադարի Եռակողմանի Վերահաստատման Համար

Երեւանի եւ Ստեփանակերտի պաշտօնական յայտարարութիւնները փոխլրացուցիչ են ըստ էութեան եւ նպատակուղղուած ձեւով նոյն ճանապարհներէն կ՛անցնին։ Ամէն պատեհ առիթի 1994-ի հրադադարին յղում կը կատարուի՝ ածանցելով զայն ամրագրող եւ ապա վերահաստատող փաստաթուղթերը։ Պարզ է, որ այդ փաստաթուղթերուն յղում կատարելով աշխարհին յիշեցում կը կատարուի, որ արցախեան պատերազմին հրադադարը կնքուած է նաեւ Ստեփանակերտի մասնակցութեամբ եւ ստորագրութեամբ։ Այս պայմաններուն մէջ բանակցային գործընթացին վերաձեռնարկելը իրատեսական չնկատելը...

Յիշեցնե՛նք Լիբանանցիներուն Նահատակաց  Օրուան Կարեւորութիւնը Եւ Լիբանանի Մէջ  Օսմանեան Կայսրութեան Կատարած Ոճիրները

Յիշեցնե՛նք Լիբանանցիներուն Նահատակաց Օրուան Կարեւորութիւնը Եւ Լիբանանի Մէջ Օսմանեան Կայսրութեան Կատարած Ոճիրները

ՅՈՎԻԿ ԱԴԱՄԵԱՆ 16-րդ դարուն, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը կը սկսի նուաճումներ կատարել` ընդլայնելով կայսրութեան սահմանները, Լիբանան եւս կ՛անցնի օսմանեան տիրապետութեան տակ: Մօտաւորապէս չորս հարիւր տարիներու տիրապետութենէն ետք, ազդուելով Երիտասարդ թուրքերու կողմէ 1908-ին սկսած թուրք ազգայնական շարժումէն, որուն սկզբնական նպատակը արդարութիւն տարածելն ու բարեկարգումներ կատարելն էր, արաբական աշխարհին, մասնաւորապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ, սկիզբ կ՛առնէ արաբական ազգայնական շարժում մը, որ նպատակադրած էր...

Նամականի

Սիրելի՛ «Ազդակ», Կ՛ուզէի ընթերցողի մը գոհունակութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնել ձեր թերթի նկատմամբ ընդհանրապէս եւ ի մասնաւորի շաբաթ, 30 ապրիլ 2016-ի թիւին մէջ լոյս տեսած խմբագրականին առնչութեամբ: Գրութիւնը իր սեղմ տողերուն մէջ ու մայիս 1-ի դիպուկ առիթէն օգտուելով կը կատարէ շրջահայեաց, շատ խոհեմ, հեռանկարային յանձնարարական մը` ձեւաւորել արդար հասարակարգ մը երկու հանրապետութիւններուն մէջ: Այս է հզօր եւ անխոցելի երկրի մը հիմնական...

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ «Զրադաշտը Դարձաւ Շուն» Թատերախաղը

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» Թատերախումբը Կը Ներկայացնէ «Զրադաշտը Դարձաւ Շուն» Թատերախաղը

Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը, լիբանանեան այլ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու շարքին, նախաձեռնած է լիբանանցի վաստակաւոր բեմադրիչ եւ թատերագիր Ռեմոն Ժպարայի «Զրադաշտը դարձաւ շուն» թատերախաղի ներկայացման, բեմադրութեամբ` Յակոբ Տէր Ղուկասեանի: Ռեմոն Ժպարայի մահուան Ա. տարելիցին առթիւ, լիբանանեան տարբեր շրջանակներ ապրիլ եւ մայիս ամիսներուն ընթացքին կը յարգեն անոր յիշատակը` կազմակերպելով տարբեր ձեռնարկներ: Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբն ալ իր կարգին որոշեց յարգանքի տուրք մատուցել...

Մտորումներ` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէի Կազմակերպած Ձեռնարկին Առիթով.  Անփոխարինելի Խորհրդանիշերու Պարծանքը Կամ Զգաստութեան «Պատ»-ը

Աշխարհի Մեծերու Դիմակները Վար Առնուած Են Ո՞ւր Են Հայազգի Միլիառատէրները (Մերօրեայ Հերոսամարտեր) Բ.

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ         ... Ու պիտի զարմանալ, թէ ինչպէ՛ս նոյն տարուան (2011թ.) մէջ իր պորտը հայութենէ կտրած «ծնունդով (կէս) հայ»-ը, մեծահարուստ թենիս խաղացող Անտրէ Աղասին կը յաջողի իր կնքահայրէն` «աշխարհի ամէնէն հարուստ հայէն»` Գըրգ Գրգորեանէն, տասնութ միլիոն տոլար ձեռք բերել իր թենիսի դպրոցին համար,... նաեւ,  աշխարհի ամէնէն հարուստը նոյն հայը, նոյն տարուան մէջ երկու հարիւր միլիոն տոլար կը նուիրէ Լոս Անճելըսի...

Page 701 of 806 1 … 700 701 702 … 806

Արխիւներ