Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Շուշիի Ազատագրումը` Երկօրեայ Կայծակնային Գործողութիւն

Մայիս 9, 2016
| Անդրադարձ, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1399379283_70327932

Շուշիի ազատագրութեան խորհուրդը եթէ ռազմական առումով կը խորհրդանշէ Արցախի անվտանգութեան կարեւորագոյն երաշխիք եւ Արցախի Հանրապետութեան կայացման հիմնական եւ անշրջանցելի մեկնակէտ, ապա երեւոյթը ինքնին ամէն բանէ առաջ ազգի միաւորում եւ գործնապէս փաստած միասնականութիւն կ՛ենթադրէ: Շուշիի ազատագրութեան նախօրէին խրամատներու մէջ նոյնացումը Հայաստանի Հանրապետութենէն, Արցախէն թէ սփիւռքէն Շուշի հասած, միասին պատերազմած եւ միասին նահատակուած հայ երիտասարդութեան ազնուագոյն փաղանգներուն իր մէջ կ՛ամփոփէ հայրենիքի ամբողջական ազատագրութեան` մեր ներկայի եւ վաղուան պայքարներու գաղափարական հիմնաքարի բոլոր բաղադրիչները: Շուշիի ազատագրումով ամրագրուեցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ կայացաւ ամբողջ ազատամարտին արդիւնաւէտ պսակումը:

Շուշիի ազատագրումը ընթացաւ շատ արագ: Խորքին մէջ ռազմագիտութեան մէջ ընդունուած կայծակնային (բլից-կրիգ)  պատերազմական գործողութեան ամէնէն վառ փաստացի օրինակը Շուշին էր, որ օրերու ընթացքին ազատագրեց քաղաքը: Տարբեր էին պայմանները. չկային «Սմերչ»-ներ, «ԹՕՍ»-եր, ԱԹՍ-եր (անօդաչու թռչող սարքեր), հրասայլային համակարգեր, ինքնագործ սարքեր եւ հետախուզական ջերմային հեռադիտակներ եւ ընդհանրապէս` գերարդիական սպառազինութեան վերջին նորարարութիւններ:

Ընդհանուր բնութագրումը Շուշիի ազատագրման գործողութեան կու տար հետեւեալ պատկերը. հայկական կողմին համար կամաւորական ջոկատներ, վաշտեր,  մարտունակութեան բարձր ոգի եւ գործողութեամբ քաղաքը ազատագրելու անտեղիտալի եւ աննահանջ համոզուածութեամբ վճռակամութիւն: Դիմացը` առաջին հարուածներուն իսկ դիմադրելու ոգիի բացակայութիւն, ձախողութիւններ եւ մանաւանդ` խուճապ:

Տարբեր հանգամանքներու նկատառումը հաւանաբար կ՛օգնէ ընկալելու համար ռազմական այս բացառիկ գործողութեան յաջողութեան պատճառները: Շուշին գրաւած ազրպէյճանական զօրքերուն անակնկալի գալը կը բացատրուի Շուշիի անառիկութեան համոզուածութեամբ չկարենալ պատկերացնելը հայկական ուժերու Շոշ գիւղէն ուղղակի Շուշիի պարիսպներուն վրայ յայտնուիլը կամ Լիսագորի կողմէն` լեռներէն յառաջանալով Շուշին պաշարման տակ առնելու հայկական մարտավարութեան առարկայացումը: Դէպի Շուշի անցքը փակելով եւ Շուշիէն ազրպէյճանական ուժերուն փախուստի ճամբայ ձգելով հայկական ուժերը արագօրէն ոչ միայն ազատագրեցին Շուշին, այլ նաեւ հասան Ջանհասան Քէօսալարի դիրքերը:

Ռազմական կայծակնային գործողութիւնը յաջողած էր: Ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի սանձազերծած ապրիլեան քառօրեային` Շուշիի կայծակնայինը անհամեմատելի սպառազինութեամբ եւ շատ աւելի կարճատեւ գործողութեամբ յաջողած էր ազատագրել ոչ միայն քաղաքը, այլ` ամբողջ շրջանը:

Կայծակնային Շուշին, սակայն, միայն քաղաքի կամ շրջանի ազատագրման անմիջական խնդիրը չլուծեց: Շուշին կոտրեց հակառակորդին կամքը, զայն դարձուց աւելի խուճապահար, աւելի անմարտունակ, աւելի արագ դիրք լքող ու քայքայուող բանակի: Շուշին պսակեց Արցախ աշխարհի ազատագրումը:

Ազրպէյճանցիները Շուշիի գործողութենէն 24 տարի ետք փորձեցին իրականացնել կայծակնային պատերազմական գործողութիւն: Շուշիի ազատագրման մարտերուն, շրջափակելով Շուշին, հայկական ուժերը կանխարգիլեցին ազրպէյճանական որեւէ զինուորական օժանդակութիւն, միաժամանակ սակայն փախուստի ճամբայ ձգեցին ազրպէյճանցի զինուորներուն: Այս դասը դժուար թէ կարենար իւրացնել արցախեան բանակի նահատակ զինուորներուն թէ Թալիշի տարեց բնակչութեան  հետ ազրպէյճանական վարմունք ունեցած Պաքուն:

Ռազմական կայծակնային գործողութեան յաջողագոյն օրինակը Շուշին է: Եւ ոչ թէ սպառազինուած, անօդաչուներով, ինքնագործ սարքերով, ջերմային տեսանելիութեան արհեստագիտութեամբ, «ԹՕՍ»-երով եւ «Սմերչ»-ներով յատկանշուած յարձակողապաշտութեան ապրիլեան  քառօրեայ վիժած գործողութիւնը:

 

Նախորդը

Պէյրութահայութիւնը Անգամ Մը Եւս Իր Զօրակցութիւնն Ու Վստահութիւնը Յայտնեց ՀՅԴ-ին. ՀՅ Դաշնակցութեան Եւ Իր Ցանկակիցներուն Բոլոր Թեկնածուները` Յաղթական

Յաջորդը

Կամուրջ – Արտաշէս Շահբազեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Պատգամին Հետքերով

Օգոստոս 20, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հարեւանիս Շան Հաջոցը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սիրտս Արդեօք Յանցաւո՞ր Է

Օգոստոս 20, 2025
Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?