Նշմար. Բոլորս Ալ Խրամատի Մէջ Ենք
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Այսօր Թալիշի եւ Մարտակերտի սահմաններուն գտնուող տղաքը չեն միայն, որ խրամատի մէջ հայրենիք կը պաշտպանեն: Այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի զգացինք, որ մեծապետական շահերը ամէն բանէ վեր են: Եթէ սխալմամբ ազերիները Ստեփանակերտ հասնէին, ամբողջ աշխարհը սրտցաւ յայտարարութեամբ մը միայն պիտի զօրակցէր մեզի: Աղքատացած են մեր ուղեղները: Տնտեսական տագնապը մեծ է: Մտաւորականութիւնը հրապարակէն բացակայ է: Քաղաքական հաւասարակշռող եւ հաւաքող լուրջ...



















