Անդրադարձ

Քեսապի Ազատագրութեան Առաջին Տարեդարձի Նախօրէին

Քեսապի Ազատագրութեան Երկրորդ Տարեդարձ Եւ Նահատակութիւն Րաֆֆի Պչաքճեանին

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Գաղափարներն ու միտքերը կը տողանցեն գլխուս մէջ: Քեսապի ազատագրութեան երկրորդ տարեդարձն է (14 յունիս  2014 - 14 յունիս  2016): Այս «փոքր» թուականը յիշելով` բարձր պէտք է աղաղակել: Սակայն աղմուկը շատ բարձր է Սուրիոյ զանազան ոստաններուն մէջ, խլացուցիչ, հրազէններու, հրասանդներու, հրասայլերու, թնդանօթներու, հրթիռներու, օդանաւերու աղմուկ ու աղմուկ... նահատակներ: Արցախի մէջ տակաւ ինկող նահատակներուն վրայ արձակուած մահաբեր պայթուցիկ նիւթերու...

Պատմութեան Համար Վկայութիւն

Պատմութեան Համար Վկայութիւն

ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ 16 մայիս 2016-ին, երկուշաբթի երեկոյեան ժամը 7:00-ի շուրջ անցայ Մազլումեան հիւանդանոցին կողքով, ուր քիչ առաջ հրթիռ մը մարդկային զոհեր խլած էր, եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ քովէն կարաժներու փողոցը կտրելով` հասայ «Հաճ Հապիպ» փողոցին սկիզբը: Անկիւնը երկու հայ տղաք կեցած` կը խօսէին չպայթած կազի թիւպի մասին: - Ո՞ւր ինկաւ,- հարցուցի: - Հո՛ն,- մատով ցոյց տուին դէպի «Թեթթեն» պենզինի կայան:...

Նամականի

Անդրադարձ. Քանի Մը Առաջարկ Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարութեան` Թրքական Ներածումի Այլընտրանքի Մասին

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ա. Սուրիահայ Արամ Պըլըխեանը կ՛ըսէ. ««Ո՛չ թրքական ապրանքին». կ՛ըսէինք դեռ Սուրիոյ մէջ: Երբ եկանք Հայաստան, նեղացանք, որ մարդիկ թրքական ապրանքը կը գովեն, կ՛ըսեն` սա չինական չէ, թրքական է: Մեզի համար ատիկա,  իրօք, ահաւոր նեղութիւն պատճառեց: Սուրիոյ մէջ այս գործով կը զբաղէինք, ըսինք, որ շատ լաւ կ՛ըլլայ, որ մենք Երեւանի մէջ հայկականը ընենք (արտադրենք), քան թրքական կամ չինական պատրաստ...

Քիմիական Նոր Տարր Մը Եուրի Յովհաննիսեանի Անունով Կը Մկրտուի

Քիմիական Նոր Տարր Մը Եուրի Յովհաննիսեանի Անունով Կը Մկրտուի

«Պի.Պի.Սի.» Լոնտոն.- Տեսական ու կիրառական տարրաբանութեան եւ բնագիտութեան միջազգային միութիւնները յունիս 8-ին միասնաբար յայտարարեցին, թէ անցեալ յունուարին հաստատուած քիմիական չորս նոր տարրերուն անունները որոշուած են արդէն, եւ թէ` անոնցմէ մէկը պիտի կոչուի հայ տարրաբան Եուրի Յովհաննիսեանի անունով: Եուրի Յովհաննիսեան համաշխարհային համբաւի տէր հիւլէական բնագիտութեան մասնագէտ մըն է, որ մեծ ներդրում ունի գերծանր քիմիական տարրերը յայտնաբերելու եւ ուսումնասիրելու գործին մէջ: Ան կը...

Մտորումներ Սփիւռքեան Հարցերու Վրայ (Ե.)- Եզրակացութիւն

Ա. Սփիւռքը ինքնանպատա՞կ է: Այս հարցումը հռետորական դրուածքով եւ ժխտական պատասխանի յանգելու իր շեշտով անհեթեթութեան սաղմը կը կրէ իր մէջ: Անշուշտ որ ինքնանպատակ չէ,  այնպէս, ինչպէս ինքնանպատակ չեն ամէն յղացք ու գաղափարներ, ամէն օրէնք ու կրօններ եւ ինչ որ հնարուած է մարդուն կողմէ: Ամէն ինչ մարդուն համար է: Գերագոյն նպատակը մա՛րդն է ու մարդուն կեանքը: Այս իմաստով ալ սփիւռքի կեանքին...

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

Ընդունելով Ցեղասպանութեան Իր Մեղսակցութիւնը` Գերմանիա Այժմ Պէտք Է Հատուցում Կատարէ Հայ Ժողովուրդին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Հակառակ «սուլթան» Էրտողանի վիրաւորանքներուն եւ սպառնալիքներուն` Գերմանիոյ խորհրդարանը անցեալ շաբաթ համարձակօրէն յառաջ գնաց եւ ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ասոր ի պատասխան` Թուրքիա անմիջապէս ետ կանչեց իր դեսպանը Պերլինէն: Պունտեսթակի պատմական բանաձեւը, որ ընդունուեցաւ գրեթէ միաձայնօրէն (ընդամէնը 1 դէմ եւ 1 ձեռնպահ),  կը կրէ հետեւեալ խորագիրը` «Ի յիշատակ եւ ոգեկոչում Օսմանեան կայսրութեան մէջ 101...

Խենթանոց

«Սնուպարով» Սուրճը

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Յետմիջօրէի քանի մը ժամերուն եղբօրս կառատունը շատ աւելի մեծ թիւով մարդ կը հաւաքուէր, քան` հայկական ակումբները:  Անիկա դարձած էր անպաշտօն «ակումբ» մը: Կարգ մը ընկերներ, երբ գործէն արձակուէին, նախքան իրենց տուները երթալը` անպայման պիտի հանդիպէին «ընկեր Անդոյին»: Տորայի մայրուղիէն ներս, դէպի ծովեզերք տանող ճամբուն վրայ վերջին շէնքն էր կառատունը: Այդ ժամերուն դիմացի բաց դաշտը նորոգուելու կարիք ունեցող ինքնաշարժերէն...

Գերմանիոյ Խորհրդարանը Գամ Մը Եւս Գամեց Հիթլերի Եւ Թալէաթի Դագաղներուն… Բայց

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ 2 յունիս 2016-ին Գերմանիոյ խորհրդարանը (Պունտեսթակ) ջախջախիչ մեծամասնութեամբ (1 դէմ եւ 1 ձեռնպահ) ճանչցաւ Թուրքիոյ` իր դաշնակիցին կողմէ (1914-1918) հայ ժողովուրդին հանդէպ կատարուած բնաջնջումը, ջարդը` զայն կոչելով Ցեղասպանութիւն: Արդէն բեմադրութիւնը ծանօթ է: Անգարա տուն կանչեց Պերլինի իր դեսպանը «խորհրդակցութեան», միեւնոյն  ատեն Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչեց Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանը` անոր յայտնելու Թուրքիոյ Հանրապետութեան (թէ՞...

Պոլսոյ Պատրիարքի Փոխանորդը Էրտողանին Իր Ափսոսանքը Յայտնած Է Պունտեսթակի Որոշումին Համար

Սլաք. Ձերբազատիլ Պոլսոյ Պատրիարքական Ս. Աթոռի Տեղապահ Արամ Արք. Աթեշեանէն

ՍԱՐԳԻՍ ՏԱՂՏԷՎԻՐԵԱՆ Այլեւս ժամանակն է, որ Պոլսոյ պատրիարքական Ս. Աթոռի տեղապահ Արամ արք. Աթեշեանը ո՛չ միայն պաշտօնազրկուի, այլ նաեւ կարգալոյծ ըլլայ: Ան Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առիթով Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին իր ուղղած նամակով ոտնակոխած է իր գրաւած Ս. Աթոռին ամէնէն հիմնական պահանջներն ու նուազագոյն պայմանները` թէ՛ քաղաքացիական, թէ՛ կրօնական հիմքերով: - Ան ոչ միայն պոլսահայ գաղութը կը ստորնացնէ...

Պունտեսթակի Որոշումն Ու Գործնական Հեռանկարը

Պունտեսթակի Որոշումն Ու Գործնական Հեռանկարը

Պունտեսթակի քուէարկութեամբ Գերմանիայի հիմնական քաղաքական ուժերը սահմանեցին, Հայոց ցեղասպանութեան հարցում, եւ դրանից բխող դաշնային հանրապետութեան որդեգրելիք հետագայ դիրքորոշումը: Խօսքն այստեղ միայն փաստաթղթային գնահատմանը չի վերաբերում, այլ, ըստ ամենայնի, ունի շատ աւելի գործնական նշանակութիւն: Խորհրդարանը նախ արձանագրում է Ցեղասպանութեան ամէնաողբերգական եւ ամենակարեւոր հետեւանքը. «Նա դատապարտում է ժամանակի երիտթուրքական կառավարութեան յանցագործութիւնները, որոնք յանգեցրեցին հայերի գրեթէ լիակատար բնաջնջմանը Օսմանեան կայսրութիւնում»: Առանց համեմատելու այլ...

Նշմար Ատրպէճա՞ն, Թէ՞ Ազրպէճան

Ազրպէյճան բառի գրութեան պարագային կան տարբեր տեսակէտներ եւ հիմնաւորումներ: Այդ պատճառով ալ դժուար է վերջնական եւ մէկ եզրակացութեան հասնիլ: Ստորեւ հրատարակուած նշմարին մէջ մէկ տեսակէտը կը պաշտպանուի միայն: Այս գծով քննարկումի կարելիութիւններ կան տակաւին: «Ա.» Վերջին շրջանին նկատած եմ, թէ մեր մամուլին եւ առհասարակ մեր խօսակցութեանց մէջ ընդհանրացած է Ազրպէճան եւ ազերի (իբրեւ ժողովուրդ) բառերը: Դպրոցական մեր տարիներուն թէ աշխարհագրութեան...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Ո՞ւր Ես Չքնաղ Երջանկութիւն

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Ո՞ւր ես չքնաղ երջանկութիւն: Ո՞ւր փնտռեմ քեզ այս օրերուն, Ամէն անգամ որ գտնեմ քեզ, Շտապ քայլերով յար կը գաղթես Օտար վայրեր`հեռու ինձմէ: Կեցիր, հանգչԷ իմ հոգւոյս մէջ, Գէթ հմայէ զիս մէկ րոպէ, Եթէ կ՛ուզես հանգչԷ որպէս Պապակ ճամբորդ մը ու խմէ Լացող սրտիս արցունքներէն Ու յագեցուր ծարաւդ քու` խնայելով իմ աչքերուս Պահ մը երազ ուրախագին, Ուր մենք ըլլանք...

100-Ամեակէն Ետք` Ի՞նչ

Մտորումներ` Սփիւռքեան Հարցերու Վրայ (Դ). Տարբերիլ…

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Զրոյցի մը ընթացքին խօսքը կեդրոնացած էր սփիւռքի տեւելիութեան խնդրին վրայ, եւ  իբրեւ փաստ բերուեցաւ պարսկահայ գաղթօճախը, որ հարիւրաւոր տարիներ տոկացած է եւ ինքզինք ամրացուցած` կազմակերպական կառոյցներով:  Պարսկահայ զրուցակից  մը շեշտը դրաւ հայ եւ պարսիկ ժողովուրդներու կրօնական տարբերութեան վրայ եւ այդ իրողութիւնը բացատրեց մէկը միւսէն տարբերուած ըլլալու փաստարկներով : Կը նշանակէ, որ պարսկահայութիւնը կառչած է այդ տարբերութեան ու տոկացած:...

Ռուսիան Եւ Մենք (Տարրական Բացատրութիւններ)

Ռուսիան Եւ Մենք (Տարրական Բացատրութիւններ)

Մ. ՀԱՅԴՈՒԿ ՇԱՄԼԵԱՆ Անցեալ ապրիլ ամսուան սկիզբը ծայր տուած` այժմու Հայաստանի հիւսիս-արեւելեան սահմանագիծին վրայ հայ-թրքական պատերազմի վերաբռնկումը հակառուսական հակումներ արծարծեց կամ սաստկացուց կարգ մը հայերու մօտ: Հայութեան հակառուս հոսանքը, այս առիթով, իր ուղղութիւնը հիմնաւորող որպէս «ապացոյց», կը գործածէ հիմնականօրէն հետեւեալ դիտարկումը. ահա Ռուսիան մեզի չօգնեց, մինչ ան զէնք կը ծախէ Ազրպէյճանին: Պարզենք այստեղ հակառակ կարծիքը, երեւի քիչ մը աւելի ծաւալուն,...

Նշմար.- Ծայրայեղական Չես Դուն…

Գրաբար Կը Սորվին… «Աբեղեանական»-ով

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի պատկերասփիւռի մէկ կայանէն կը հետեւէի երեկոյեան լուրերուն: Աւարտին մօտ էր, երբ հաղորդավարը յայտնեց, որ նոյն օրը մրցանակաբաշխում մը կատարուած է, պարգեւներ շնորհուած են գրաբար սորվող եւ գրաբարով որոշ աշխատանք տանող երիտասարդներու: Ուրեմն Հայաստանի մէջ գրաբարը չէ բանտարկուած միայն մասնագիտական-մատենագիտական ոլորտին մէջ, այլ դեռատի երիտասարդներ ալ քաջալերանք կը գտնեն, որպէսզի մեր լեզուին հաստաբուն կոճղը շարունակէ ապրիլ եւ սնուցանել...

Յուշատետր.  Պտոյտ Մը Հայոց Լեզուի Բառարանին Մէջ (587).  Թռչուններու Մասին

Յուշատետր. «Մենք Ապրիլ Կ՛ուզենք»

Ռ. Հ. Եթէ իրիկուն մը հեռատեսիլի գործիքին առջեւ նստիք ու օրուան լուրերը լսել ուզէք, վստահաբար լուրերու հաղորդումի առաջին վայրկեաններուն պիտի ստիպուիք իմանալ, որ այդ օր զանազան ուժերու միջեւ կայացած կռիւներու ու բախումներու պատճառով քանի հոգի մեռաւ, քանի հոգի ծանրապէս վիրաւորուեցաւ: Մարդիկ, որոնք կեանքի բնականոն պայմաններու համաձայն տակաւին պիտի ապրէին, մեռան ահաւասիկ կռիւի մը համար, որուն կը մասնակցէին կամ նոյնիսկ չէին...

Կը Փակենք, Հա՛ Կը Փակենք

Աթոռի Պատիւը

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը ունեցած է իր արժանաւոր գահակալները, որոնք ամէնէն դժուար պահերուն արժանապատուութեամբ եւ պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ ղեկավարած են Արեւմտեան Հայաստանի հայութիւնը` անհրաժեշտ շրջահայեցութիւնը միշտ պահպանելով, որպէսզի չգրգռեն ցեղատեաց թուրք իշխանաւորները: Շրջահայեցութիւնն ու զգուշաւորութիւնը, սակայն, շատ դիւրութեամբ կրնան վերածուիլ ստորաքարշութեան եւ վախկոտութեան, եւ ի՛նչ հանգամանք ալ տարածուի նման վերաբերմունքով շարժողներուն վրայ, անխուսափելիօրէն վարկաբեկման կնիքին կ՛արժանանան անոնք հանրութեան ու...

20 Տարի «Հայագիտական»-ի Երդիքին Տակ

20 Տարի «Հայագիտական»-ի Երդիքին Տակ

Գրեց` ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ Հպարտառիթ փուլ մը թեւակոխեցինք: Համազգայինի Հալէպի հայագիտական հիմնարկը շուտով կը բոլորէ իր հիմնադրութեան երկրորդ տասնամեակը ու ոտք կը դնէ երրորդ տասնամեակի շեմին: Ի՞նչ կը նշանակէ ասիկա: Ասիկա կը նշանակէ, որ քսան տարի շարունակ մեր փառաւոր գրականութիւնն ու լեզուն, մեր մշակոյթին բաղկացուցիչ միւս տարրերը լաւագոյնս շնչելու, մշտապէս կենսաւորուելու, կազդուրուելու, երբեմն իրենց թմբիրէն դուրս գալու, բայց մանաւանդ մեր առօրեային...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. Սա Է Կեանքը (2)

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Նախորդ նամակով գրած էի պոլսահայ Սեւակ Պալըքճիի սպանութեան, թրքական զինուորական ատեանի անարդար որոշումին եւ Սեւակի քրոջ Երեւան տեղափոխութեան մասին: Սեւակին քոյրը` Լեռնան, տեղափոխուած էր Երեւան եւ իր ամուսինին, Շանթի հետ` Քասքատ թաղամասին մէջ բացած էր սրճարան¬ճաշարան մը` «Քոզի է լա վիթա» (կեանքը սա՛ է) անունով: Լոս Անճելըսէն ժամանած ընկերներուս հետ պատահաբար այցելեցինք այս նորաբաց սրճարանը եւ ծանօթացանք Լեռնային:...

Արձագանգ

Մտորումներ` Սփիւռքեան Հարցերու Վրայ (Գ.). Ազգային Պատկանելիութիւն

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Ըսինք արդէն, որ «ինքնութիւն»-ը  մշակոյթի ներգործութեան տակ կազմաւորման  ընթացք է, զարգացման հոլովոյթ: Արտաքին, շրջապատի ազդեցութեանց ենթակայ ըլլալով` կը պատահի, որ ոեւէ մարդ անհատի ազգային նկարագիրը նահանջէ ու շեշտուի օտարայինը, կամ հակադարձաբար` օտարայինը տեղի տայ ու ազգայինը ուժեղանայ... Մինչդեռ  ազգային պատկանելիութիւնը կարծէք թէ անփոփոխելի է: Ասիկա չի նշանակեր սակայն, որ անոր անփոփոխելիութեան տոկունութիւնը բնաւ չի տկարանար: Օտարութեան  մէջ եւ...

Page 694 of 806 1 … 693 694 695 … 806

Արխիւներ