Անդրադարձ

Օրինակելի Քահանան

Օրինակելի Քահանան

ՅԱԿՈԲ ԱԴԱՄԵԱՆ 56 տարեկան... Արդի ըմբռնումով` հասուն կեանքի ԳԱՐՈՒՆ-ը... Այնքա՛ն լուրջ էիր, սիրելի՛ տէր Արամ, որ ես երբ կը հանդիպէի քեզի, կը կարծէի, թէ տարիքով ինձմէ մեծ ես... Զաւակս նոյնպէս 1960-ի ծնունդ է... եւ ան ինծի համար միշտ երեխայ կը թուի... Անմոռանալի յիշատակներ ունիմ ընտանիքէդ: Կը բնակէիք եկեղեցիին կից սենեակներուն մէջ: Կ՛այցելէինք ձեզի, երբ տակաւին անդրանիկ զաւակդ հազիւ տասը տարեկան...

Տոքթ. Զարեհ Մալճեանի Յիշատակին

Անմար Ժպիտդ (Տոքթ. Զարեհ Մալճեանի Ծննդեան 60-Ամեակին)

Վեց օգոստոս ... Թուական մը, որ ամէն տարի մեզ կը բոլորէր մտերմիկ սեղանի մը շուրջ` մերթ ընտանեկան եւ մերթ ընկերային մօտիկ պարագաներով: Սակայն 6 օգոստոս 2016-ը պէտք էր ըլլար իւրայատուկ եւ անմոռանալի, ատոր համար յաճախ գաղտնօրէն կը ծրագրէինք մօրս եւ քրոջս հետ... Սիրելի՛ հայր, ահաւասիկ հասաւ սպասուած օրը... եւ մենք յիշեցինք ծննդեանդ 60-ամեակը իւրայատուկ, բայց ո՛չ մեր ծրագրած ձեւով: Հաւաքուեցանք...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

Անդրադարձ. Արեւմտահայերէնը` Խօսիլ, Գրել, Կարդալ. Համակարգիչը Եւ Սփիւռքահայ Երիտասարդութիւնը

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Արդի սփիւռքահայ երիտասարդը ընդհանրապէս քննադատութեան թիրախ դարձած է` հայերէնի չտիրապետելու, զայն սխալ խօսելու, սխալ գրելու, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս հայերէն գրականութենէն ու ընթերցանութենէն հեռու մնալու պատճառներով: Այս մտահոգութիւնը տեղի՛ն է, յատկապէս հայկական վարժարան յաճախածներու եւ հայկական շրջանակի մէջ ապրողներու համար: Ա. Արեւմտահայերէնը պահպանելու համար նախ պէտք է մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել վերեւ նշուած սփիւռքահայերուն, անոնց, որոնք հայկական վարժարան յաճախելու բախտը...

Ակնարկ.  Փոփոխութեան Զուգահեռ`  Հակառակ Ուղղութեամբ

Ակնարկ. Փոփոխութեան Զուգահեռ` Հակառակ Ուղղութեամբ

  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ  սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգով կ՛առաջարկուի նախագահական կառավարման ձեւ: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահին կից սահմանադրական բարեփոխումներու մասնագիտական յանձնախումբին կողմէ 30 յուլիսին հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած սահմանադրական բարեփոխումներու հայեցակարգը բաղկացած է նախաբանէ, մարդու եւ քաղաքացիի հիմնական իրաւունքներն ու ազատութիւնները, կառավարման համակարգը, դատական իշխանութիւնը, տեղական ինքնակառավարումը եւ հանրաքուէ բաժիններէ: Հաշուի առնելով հանրային հետաքրքրութիւնը ներկայացուած հայեցակարգի, մասնաւորապէս կառավարման համակարգի տարբերակին նկատմամբ,...

Խենթանոց

«Հալալ Ըլլայ»

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Այսպէս սկսաւ պատմել մեր բարեկամուհին: «Հեռաձայնիս զանգին ձայնէն արթնցայ այդ առաւօտ: Անծանօթ թիւ մը եւ անուն մը երեւցաւ: Նման պարագաներու  չեմ պատասխաներ, սակայն այդ օր, երբ հայու մը անունը կարդացի, թէկուզ անծանօթ, անզգալաբար վերցուցի ընկալուչը: Իրեն ծանօթ կը թուէի ըլլալ, գէթ անունով, որովհետեւ մականունս տալով խօսեցաւ հետս եւ խնդրեց, շատ կարեւոր հարցի մը վերաբերեալ քանի մը վայրկեան տեսնուիլ...

Առաջարկ.  Որպէսզի Ոչ Միայն Վերապրինք

Օրուան Հետ. Յաղթահարելով Անզօրութեան Զգացումը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ  - Անին մանչուկ մը ծնաւ,- աւետեց Նայիրին այս առաւօտ` մէկ անգամէն փոխելով տրամադրութիւնս: - Բարի եկաւ ան մեր աշխարհը,- եղաւ առաջին հակազդեցութիւնս: - Այո՛, բարի եկաւ մեր այս խենթ աշխարհը,- սրբագրեց Նայիրին: Արդարեւ, այս խենթ աշխարհը նուազ խենթ տեսնելու յոյսն է անպայման, որ նոր բնակիչով մը հարստացնելու կը մղէ Անիներն ու Նայիրիները, որ լաւատեսութեամբ նային դէպի ապագան: Դէպի մեր,...

Տեսակէտ.  Գաղափարի Ուղիով

Տեսակէտ. Գաղափարի Ուղիով

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր հիմնադրութեան առաջին իսկ օրերէն, որդեգրեց իր գաղափարախօսութիւնը, որ ազդուած էր գերմանական մարքսականութենէն, ռուսական նարոտնիկութենէն եւ արեւմտեան ժողովրդավարութենէն: ՀՅԴ-ն որեւէ գործողութեան ծրագրումէն առաջ իր ջանքերը թափեց տարածելու իր  գաղափարները հանրութեան լայն շրջանակներուն մէջ: Ան իր տեսաբանները ուղարկեց երկիր` այդ նպատակը իրականացնելու համար: ՀՅԴ-ի կրած գաղափարները ոչինչէ  չեկան. ՀՅԴ-ն վաղուց ճշդած էր իր կողմնացոյցը, որ հայ ազգն...

Ակնարկ.  Առանց Քաղաքներու Անուանանշումներուն

Ակնարկ. Առանց Քաղաքներու Անուանանշումներուն

Հայաստանի Հանրապետութեան հասարակութեան, իշխանութիւններու եւ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեանի փոխանցած խօսքին հետեւեալ բաժինը պէտք է առնել լուսարձակի տակ «Մենք որեւէ մէկին թոյլ չենք տալու, որ քայքայի մեր պետութեան հիմքերը: Զէնքով եւ բռնութեամբ Հայաստանում հարցեր չեն լուծուելու: Երեւանը Պէյրութ կամ Հալէպ չէ: Նախորդ դարաշրջանի` Սառը պատերազմի տարիների լուծումները թող ոչ մէկը չփորձի Մերձաւոր Արեւելքից ներմուծել Հայաստան: Թող...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

«Եկել Է Եզրակացութիւններ Կատարելու Ժամանակը»

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Այս բառերով կը բնորոշէ նախագահ Սարգսեան ներկայ պահու սուր հրամայականը: Օգոստոս 1-ի իր յայտարարութեամբ, պր. նախագահը կը հաւաստիացնէ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է երկրէն ներս «դրական փոփոխութիւններու (պետական) օրակարգը» «բազմապատիկ արագութեամբ» առաջ տանելու: Պր. նախագահը նաեւ կը վստահեցնէ հանրութիւնը , որ ինք «այդ մասին շատ աւելի մանրամասն» պիտի արտայայտուի յառաջիկայ օրերուն: Նախագահական այս հաւաստիքը հացի պէս կենսական...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն- Ճգնաժամային Վիճակի Մէջ Գործելու Տրամադրութեամբ

  ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Երեւանի մէջ վերջին ցաւալի դէպքերը այսօր մէկ դաս ունին բոլորիս ու նախ եւ առաջ` իշխանութիւններուն. պէտք է գործել ճգնաժամային դրութեան մէջ ըլլալու տրամադրութեամբ: Առաջին հերթին, իշխանութիւնները եւ անոնց չորսդին կանգնած ուժերը, քաղաքական եւ այլ, պարտաւոր են անդրադառնալու, որ գեղագիտական բարեփոխումները կամ դանդաղ քայլերով յառաջ երթալու մօտեցումը ընդունելի չե՛ն այլեւս: Վճռական եւ արմատական բարեկարգումները անյետաձգելի են, քանի որ...

Սուրիական Օրագրութիւն (Ձ.)

Սուրիական Օրագրութիւն

ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ Այս օրերուս իրադարձութիւնները անակնկալներ կը մատուցեն ո՛չ միայն Սուրիա ապրող մահկանացուներուս, այլեւ... Ու մարդիկ, որ մեր տառապանքները որպէս ժապաւէն կը դիտէին, յանկարծ կ՛անդրադառնան, թէ ան, որ կը ծնի, նաեւ մահկանացու է, ամէնո՛ւր, ընդ որում` յաճախ ալ ո՛չ բնական մահով, այլ` նոյնինքն Սուրիոյ մէջ մանուկներ մորթողներու ձեռքերով: Որքան ալ որ ոսկեզօծ աթոռներու բազմողները մոռնան, որ իրենք ալ այդ կարգէն...

Ակնարկ.  Վնասի Վերահսկողութիւն

Ակնարկ. Վնասի Վերահսկողութիւն

Էրեբունիի գործողութիւնն ու անոր հետեւած Խորենացիի եւ Սարի թաղի դէպքերը պիտի շարունակեն ունենալ իրենց իրաւական, քաղաքական, ընդհանրապէս հասարակական հետեւանքները: Եւ ինչպէս իւրաքանչիւր ցաւոտ կամ լրջօրէն վնասուած իրականութիւն, իրավիճակի փոփոխութեան համար անհրաժեշտ են վնասի վերահսկողութեան (Damage control) գործողութիւններու շարք մը: Ընդ որում ոչ միայն պետութենէն, այլ նաեւ հասարակութենէն ակնկալուած: Իսկ այստեղ առարկայականութիւնը, որ ընդհանրապէս իրադարձութիւնները ճիշդ գնահատելու ամէնէն ազդեցիկ եղանակն է,...

Այց Մուշեղ Իշխանի Ծննդավայրը

Այց Մուշեղ Իշխանի Ծննդավայրը

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ Մայիսի 1-ին, առտուն կանուխ, գրեթէ հալածական, կը հեռանանք Պոլիսէն: Բարեխնամ կառավարութիւնը իր բոլոր զօրութեամբ իջած է փողոց` արգիլելու ոեւէ մէկուն` նշելու Աշխատաւորութեան տօնը, յայտնուելով Թաքսիմի հրապարակին վրայ: Ոստիկանները փակած են բոլոր ճամբաները, նոյնիսկ` հետիոտն անցորդներուն համար (մեր աննման նախագահը օրուան ընթացքին դեռ պիտի յայտարարէր, թէ նման միջոցառումներու կը դիմեն, որպէսզի քաղաքացիներուն առօրեան չխանգարուի: Ճի՛շդ այսպէս): Էսքիշեհիր պիտի երթանք:...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Խմբագրական «Գանձասար»Ի Յուլիս Դ. – Լիզպոնի Ողջակէզներուն Մշտանորոգ Պատգամը

Լիզպոնի մէջ Հայ դատի զոհասեղանին իրենց կեանքը նուիրաբերած հինգ հայ երիտասարդներուն օրինակը 33 տարի վերջ կը շարունակէ ճաճանչել հայ իրականութեան մէջ, յուզել մեր հոգիներն ու հայրենասիրութեամբ լիցքաւորել մեր գոյերթը: Հայրենասիրութեան հուրով տոգորուած հինգ հայ նուիրեալները այդ տարիներուն իրենց ձայնը ողջ աշխարհին հասցնելու համար ընտրեցին ողջակիզման ուղին: Ցեղասպանութեան պատճառով, հայրենիքի մէջ ապրելու հնարաւորութենէն զրկուած այս կենսախինդ երիտասարդներուն թիրախը սովորական մահկանացուները չէին....

Ֆրանսահայ Լուսանկարիչին «Լաւագոյն Նկարը»` Իր Մահացած Որդիին Յիշատակին Պարող Հայրը

Ֆրանսահայ Լուսանկարիչին «Լաւագոյն Նկարը»` Իր Մահացած Որդիին Յիշատակին Պարող Հայրը

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» պարբերականը իր «Իմ լաւագոյն լուսանկարս» շարքին մէջ այս անգամ ներկայացուցած է 55-ամեայ ֆրանսահայ լուսանկարիչ Անթուան Ակուճեանի լուսանկարը, ուր հայրը կը պարէ` ի յիշատակ կորսնցուցած զաւակին: «Ես կը պարէի նախքան լուսանկարիչ ըլլալս: Ծնած եմ Ֆրանսա` Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու ընտանիքի յարկին տակ, ինծի համար պարը այն քիչ կարելիութիւններէն մէկն էր, որով կրնայի կապուիլ իմ հայրենիքիս հետ, ուր երբեք չէի...

Պոլսոյ Մէջ Բացումը Պիտի Կատարուի Հայազգի Լուսանկարիչ Արա Կիւլերի Պատկերասրահին

Պոլսոյ Մէջ Բացումը Պիտի Կատարուի Հայազգի Լուսանկարիչ Արա Կիւլերի Պատկերասրահին

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերը համաձայնութեան եկած է թրքական «Տողուշ հոլտինկ» ընկերութեան հետ` Պոլսոյ մէջ իր լուսանկարներու միջազգային պատկերասրահ բանալու հարցին շուրջ: «Ակօս» պարբերականը յղում կատարելով թրքական «Էն.Թի.Վի» կայքին, կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ կեդրոնական Պէյօղլու թաղամասին մէջ գտնուող շէնքը, ուր անուանի լուսանկարիչը ծնած, մեծցած եւ ապա ստեղծագործած է, պիտի վերածուի պատկերասրահի, ուր պիտի ցուցադրուին...

Խմբագրական.  Լիբանանեան` Այո՛, Բայց Նաեւ Շրջանային-Միջազգային (Բանակի Օրուան Առիթով)

Խմբագրական. Լիբանանեան` Այո՛, Բայց Նաեւ Շրջանային-Միջազգային (Բանակի Օրուան Առիթով)

Շատ յայտարարուած, գրուած ու խօսուած է այն մասին, որ լիբանանեան բանակը մայրիներու երկրին անգերազանցելի այն հաստատութիւնն է, որ իրօք կը ներկայացնէ ամբողջ երկրին եւ ժողովուրդին խորհրդանիշը: Այնտեղ միջհամայնքային համակեցութիւնը ամէնէն վառ օրինակներով բացատրուած է եւ ձեւ ու մարմին ստացած: Փաստօրէն միեւնոյն զօրակայաններուն, զինուորական դպրոցներուն, ճակատներուն թէ խրամատներուն մէջ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր համայնքներու երիտասարդները կ՛ապրին, կը մասնագիտանան, կը պատերազմին եւ ի...

Միա՛կ Ապաւէնը (Լիբանանեան Բանակի Օր)

Միա՛կ Ապաւէնը (Լիբանանեան Բանակի Օր)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Խորքին մէջ ան ոչ թէ միա՛կ, այլ նաեւ` անփոխարինելի եւ յուսադրիչն է քաոսի մը մէջ ապրող ժողովուրդի մը համար: Քաոս, որ ունի աշխարհագրական տարածք, ուր կ՛ապրին ուրախ եւ տխուր, գերհարուստ եւ գերաղքատ, բարեպաշտ եւ մարդակեր, ազգասէր եւ ազգադաւ խմբաւորումներ (համայնքներ): Ժողովուրդ, որ ունի նաեւ սեւ եւ ճերմակ պատմութիւն, քաղաքակրթական եւ մշակութային յաւակնոտ երազներ, խաղաղ ապրելու եւ արարելու անհուն...

Արամ Կաթողիկոս Քեսապ Եւ Թարթուս Այցելեց

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Յաղթական Այցելութիւնը Քեսապ

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Օրը` հինգշաբթի, 28 յուլիս 2016: Յետմիջօրէի ժամը 3:00: Նստած հեռատեսիլին դիմաց` կը սպասեմ, որ ժամը 5:00 հասնի, որպէսզի Քեսապի հնամենի, վերանորոգ Ս. Աստուածածին հոյակերտ եկեղեցւոյ առջեւ դիմաւորենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառը: Ասիկա վեհափառ հօր երկրորդ այցելութիւնն է Քեսապ: Առաջինը` 2010-ին, Գարատուրան գիւղի նորակերտ, քառաշէն Ս. Աստուածածին (երկրորդ) եկեղեցւոյ օծման արարողութեան համար: Երեք օրեր քեսապահայութիւնը պատւուեցաւ անոր այցելութեամբ,...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Միացեալ Նահանգներու Փոխնախագահի Ո՞ր Թեկնածուն Աւելի Լաւ Դիրքորոշում Ունի Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վերաբերեալ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ  «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Այժմ, երբ Հիլըրի Քլինթըն եւ Տանըլտ Թրամփ ընտրած են փոխ նախագահի պաշտօնի իրենց թեկնածուները, հայ դեմոկրատականները կը պնդեն, որ ծերակուտական Թիմ Քէյն աւելի լաւ դիրքորոշում ունի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ, իսկ հանրապետական հայերը կը պնդեն, որ այս հարցով կը նախընտրեն նահանգապետ Մայք Փենսը: Սակայն, աւելի կարեւոր է հարց տալ, թէ այդ ի՞նչ...

Page 683 of 806 1 … 682 683 684 … 806

Արխիւներ