Անդրադարձ

Ծառը

Ծառը

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ Յոգնած էր, յոգնած անտառին խորքը ծուարած թաքուն այս հի՜ն ծառը ծեր... Ճիւղերը չորցած, տերեւներն վաղո՜ւց դալկացած, խամրած: Գարունը արդէն հրաժեշտ տուած անցած, գացած էր անյայտ եզրերը շէկ հորիզոնի... Ժամանակի բութ լուծին տակ կքած, յոգնա՜ծ էր, յոգնա՜ծ այս հին ծառը ծեր... Արեւի առջի բարի-լոյսն անգամ, որ սիրոյ բոյրով պահեր կ՛աւետէր եւ հին օրերը նազով կ՛օրօրէր, հիմա դալկացած արձագանգ մ՛իսկ...

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

Հայաստանի Մէջ Խաղաղութիւն Հաստատողը Ո՞վ Պիտի Ըլլայ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ծրագիրը բաւական մեծ աղմուկ բարձրացուց եւ անդրադարձ ունեցաւ միջազգային, տարածաշրջանային եւ հայկական իմաստով: Բնականաբար ոչ ոք կրնայ խաղաղութեան դէմ ըլլալ: Ոչ ոք կրնայ խաղաղութեան ձգտումի ճիգերն ու արդիւնքները նսեմացնել: Բնական է, որ, ինչպէս ամէն համաձայնագիրի պարագային, վերապահութիւններ եւ աւելի լաւ ձեռքբերումներու փափաքներ ըլլան: Օրակարգեր, որոնք, չենք ալ գիտեր, ոմանց համար մանրամասնութիւններ են, ուրիշներու...

Ինքնապաշտպանութեան Նոր Դասեր` Քաթարէն

Ինքնապաշտպանութեան Նոր Դասեր` Քաթարէն

Լ. ԱՅՎԱԶԵԱՆ Վերջին օրերու միջազգային դէպքերը եկան կարգ մը հարցականներ յառաջացնելու փոքր երկիրներու ժողովուրդներուն մօտ` այն միջոցներուն մասին որոնց, անհրաժեշտ է դիմել իրենց պաշտպանութիւնը եւ ֆիզիքական գոյութիւնը, երաշխաւորելու համար` ի տես մեծ պետութիւններու ապահոված պաշտպանական «հովանոցներ»-ու հովանոցներ ու անարդիւնաւէտութեան: Ռուսիա տարիներ շարունակ ինք զինք ներկայացուցած էր իբրեւ Հայաստանի պաշտպան: Սակայն երբ հարցը հասաւ Ազրպէյճանի հետ բախումներուն, Մոսկուա չուզեց զայրացնել Պաքուն:...

Անխոնջ Հոգեւորականը` Վարուժան Սրբազան Հերկելեան  (Վերջին Շրջանին Իր Կողմէ Եղած Հրատարակութիւններուն Առիթով)

Հայրական Մտահոգութիւններ

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ Արդէն մտանք աշխարհական ղեկավարներու դաշտին մէջ: Ո՞վ կրնայ  ըլլալ երկրի կամ ազգի ղեկավար, հոս է բուն հարցը: Աստուածաշունչը երանելի կը գտնէ այն երկիրը, որուն թագաւորը (ղեկավարը) ազնուական է, եւ ողբալի կը նկատէ այն երկիրը, որուն թագաւորը մանուկ է: «Երանի քեզի երկիր, երբ թագաւորդ ազնուական է» (Ժղ 10.17): Հակառակը` «Վայ քեզ քաղաք, որ թագաւորդ  մանուկ է» (Ժղ 10.16): Երկրի...

Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար Տօներ.  Խաչվերաց  Սուրբ Խաչը Հիմ` Քրիստոնէական Հաւատքի

Հայ Եկեղեցւոյ Տաղաւար Տօներ. Խաչվերաց Սուրբ Խաչը Հիմ` Քրիստոնէական Հաւատքի

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ եկեղեցին սեպտեմբեր 14-ի մօտիկ կիրակին կը նշէ հինգ տաղաւար տօներէն Խաչվերացը: Խաչվերաց կը նշանակէ խաչը վեր բարձրացնել: Տօնը նուիրուած է Տիրոջ խաչափայտի պարսկական գերութենէն Երուսաղէմ վերադարձին, Գողգոթայի վրայ կանգնեցման ու փառաբանութեան յիշատակին: Պարսից Խոսրով Բ. Փարւէզ թագաւոր (590-628) 614-ին յարձակեցաւ Երուսաղէմի վրայ, սուրի քաշեց քաղաքին բնակիչներէն 57 հազար հոգի, իսկ 35 հազար հոգի ալ գերեվարեց: Պարսիկներ թալանեցին...

Գէորգ Փափազեանի Հրաժեշտին Առթիւ

Գէորգ Փափազեանի Հրաժեշտին Առթիւ

Շաբաթ, սեպտեմբեր 6-ին հողին յանձնուեցաւ ՀՅԴ-ի հաւատաւոր անդամ Գէորգ Փափազեանը: Ստորեւ կը ներկայացնենք դամբանականը, զոր ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» (Քալիֆորնիա) կոմիտէին անունով ներկայացուց Սարգիս Տաղտէվիրեանը` յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին: Գէորգը ծնած է Պէյրութ, Լիբանան, 23 մայիս 1952-ին: Անդրանիկ եւ Մարի Փափազեաններու 4 զաւակներէն երրորդն է, կրտսերը` Նազելիին եւ Աւետիսին ու երէցը` Սարգիսին: Աւարտած է Պուրճ Համուտի Մեսրոպեան վարժարանը, որմէ ետք 2 տարի...

Քաղաքական Երգիծանք. Նէօ-Սուլթանին Նոր Ախորժակը Եւ Համբերութեան Դառն Բաժակը…

Թրամփի Կամուրջը Եւ Մեր Անուրջը

ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Աչքը լոյս հայրենի ժողովուրդին եւ սփիւռքահայ զանգուածներուն: Վերջապէս հասանք երազուած ու փայփայուած «Խաղաղութեան հռչակագիրին» եւ Ուաշինկթընէն բարձրացան սպիտակ ծուխ ու ծափեր: Ժամանակին նման ծուխ բարձրացած էր, երբ արաբ-իսրայէլեան թնճուկը որպէ՜ս թէ գտած էր լուծում եւ  հաշտութիւն` ջերմ ձեռք սեղմումով: Թէեւ, այսօր լաւ է, որ մնամ քիչ մը լաւատես.. Այսօր բոլոր անոնք, որոնք լսած էին ու կը հաւատային Արեւմուտքի...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Նախագահ Խաչատուրեանը Կը Նսեմացնէ Սփիւռքին Աջակցութիւնը Հայաստանին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի կողմէ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ գրեթէ բոլոր կամուրջները այրելէ ետք, այժմ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան կը շարունակէ աւերը: Մայիսի աւարտին, կառավարութեան «Երեւանեան երկխօսութիւն» ֆորումին մասնակցող արտասահմանեան լրագրողներուն հետ հարցազրոյցի ընթացքին Խաչատուրեան նսեմացնող մատնանշումներ կատարեց սփիւռքի մասին: Արժանթինի «Փերֆիլ» օրաթերթի միջազգային խմբագիր Սանթիակօ Ա. Ֆարելը նախագահին մեկնաբանութիւնները հրապարակեց 22 յունիս...

Անխոնջ Հոգեւորականը` Վարուժան Սրբազան Հերկելեան  (Վերջին Շրջանին Իր Կողմէ Եղած Հրատարակութիւններուն Առիթով)

Հայրական Մտահոգութիւններ

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ Այս ներածականէն ետք մօտենանք եկեղեցւոյ, այսինքն եկեղեցական կոչեցեալ ընտրեալներուն: Եկեղեցին մէկ է, կը բարձրաձայնենք: Ով չի գիտեր ատիկա: Ինչո՞ւ կը բարձրացնեն ատիկա, արդեօ՞ք ցոյց տալու համար, որ եկեղեցին պառակտուած է եւ դուրս եկած` իր մէկութենէն: Պարզ հաւատացեալը գիտէ, որ եկեղեցւոյ հիմնադիրը մարդացած Փրկիչն է, ան է գլուխը եկեղեցւոյ: Ճիշդ է` եկեղեցին իր հիմնաքարով մէկ է: Հաւատոյ հանգանակին մէջ...

Մշտնջենական Երկրպագութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքներու Վրոցլաւ Այցելութիւնները

Մշտնջենական Երկրպագութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքներու Վրոցլաւ Այցելութիւնները

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան-կաթողիկոս պատրիարքը գլխաւոր բանախօսն էր երեք օրերու վրայ երկարող «Մշտնջենական երկրպագութիւն» երրորդ համագումարին, որուն բացումը կատարուեցաւ ուրբաթ, 6 յունիս 2025-ին, Լեհաստանի հարաւարեւմտեան կողմը գտնուող Վրոցլաւ քաղաքին մէջ` «Երկրպագութիւնը որպէս մարդկային յոյսի աղբիւր» կարգախօսով: Պատրիարքին կ՛ընկերակցէր Յորդանանի եւ Սուրբ Երկրի պատրիարքական փոխանորդ Նարեկ թ. ծ. վրդ. Նաամոյեան եւ Լիբանանի պատրիարքական թեմէն`...

Հեռակայ Հորիզոններ.  Ֆրանսական Հին-Նոր Ժապաւէն

Հեռակայ Հորիզոններ. Ֆրանսական Հին-Նոր Ժապաւէն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Բնական է, որ հայ քաղաքական միտքն ու մամուլը այս օրերուն իրենց ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած են հայրենի իրադարձութիւններուն վրայ, որոնց երկնակամարին նորագոյն «աստղերը» փայլեցան Ուաշինկթընի ու Շանկհայի մէջ` առանց բոլորովին նսեմացնելու նախընթաց «աստղերը», որոնք լուսաւորելու փոխարէն` աստիճանաբար աւելի՛ կը մթագնեն մեր հորիզոնները, իսկ հայրենատիրութեան ու Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութեան շարժումները, նախաձեռնութիւնները կը խլացուին իշխանականներու պարտուողական ու վնասարար քայլերուն, անոնց շուրջ տարուող...

Անխոնջ Հոգեւորականը` Վարուժան Սրբազան Հերկելեան  (Վերջին Շրջանին Իր Կողմէ Եղած Հրատարակութիւններուն Առիթով)

Հայրական Մտահոգութիւններ

Սփիւռքահայ մամուլի աշխատակից Վարուժան արքեպիսկոպոսի յօդուածաշարքին տեղ կու տանք` միաժամանակ ընդգծելով, որ Հայաստանի իշխանութիւններու սանձազերծած պայքարը բարձրաստիճան եկեղեցականներու դէմ կը յատկանշուի ապօրինի որոշումներով, յատկապէս  անոնցմէ ոմանց դէմ կիրարկուած ձերբակալութիւններով եւ բանտարկութիւններով: Պէտք է արձանագրել, որ վարչապետ Փաշինեանի յայտարարութիւնները եւ իրաւապահ մարմիններու առած քայլերը հիմնովին կը հակասեն սահմանադրութեան, որուն համապատախան յօդուածները կը շեշտեն եկեղեցի-պետութիւն անջատ ըլլալը, հետեւաբար ալ` եկեղեցւոյ գործունէութեան անկախութիւնը:...

Մեծարենցեան Երեկոներ` Այնճարի Մէջ.  Պարոյր Սեւակ Բանաստեղծ

Մեծարենցեան Երեկոներ` Այնճարի Մէջ. Պարոյր Սեւակ Բանաստեղծ

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ Այնճարի մէջ այս տարուան մեծարենցեան ամառնային երեկոներու մշակութային ձեռնարկներու երրորդը նուիրուած էր Պարոյր Սեւակին` հայրենի գրագէտ, բանաստեղծ, հրապարագիր:  Անիկա տեղի ունեցաւ 24 օգոստոս 2025-ին,Ղարիպեաններուն «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ: Օրուան բանախօսն էր հայրենի մշակութաբան դոկտոր Թամար Յովհաննիսեան: Ան իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ հայրենի բանաստեղծ Պարոյր Սեւակին անունը հայրենիքի ու սփիւռքի մէջ մնայուն կերպով հրապարակի վրայ է իր...

Առցանց Վերահրատարակուեցաւ «Յուշատետր Հայոց Պատմութեան» Գիրքը

Առցանց Վերահրատարակուեցաւ «Յուշատետր Հայոց Պատմութեան» Գիրքը

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, առցանց վերահրատարակուեցաւ «Յուշատետր Հայոց պատմութեան» գիրքը: Այս ամփոփ հատորը հանրագիտական-ցուցակագրական բնոյթի հրատարակութիւն մըն է, ուր կարելի է դիւրութեամբ գտնել մեր պատմութեան գլխաւոր փուլերուն դերակատար հանդիսացած դէմքերու անունները եւ անոնց գործունէութեան երեսները` վայրերու եւ թուականներու նշումով, ինչպէս նաեւ` զինուորական, տնտեսական, ընկերային ու մշակութային որոշ երեւոյթներու տեղեկագրութեամբ: Այդ բոլորին լաւապէս ծանօթանալու համար հարկ է վերադառնալ...

Սթափելու Ժամանակը

«Վարանդա» Երգչախումբը Կը Շարունակէ Երգել

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Երկուշաբթի, 8 սեպտեմբերին բացուեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի աշնանային նստաշրջանը: Ոչ մէկ տարբերութիւն նախորդ նստաշրջաններէն: Միեւնոյն որակումները, միեւնոյն անյարգալից ու անպատշաճ խօսելակերպը, միեւնոյն վիրաւորական եւ արժանապատուութիւն խոցող վերաբերումը: Ամառնային արձակուրդը չէ զգաստացուցած իշխանական պատգամաւորները, որոնք կը վերսկսին խօսիլ ու գործել նոյն, մաշած, սակայն միշտ վերանորոգուող ոճով: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը` Նիկոլ Փաշինեան, ճեպազրոյցի մը առիթով յայտարարեց հետեւեալ «գաղափարաբանութիւնը». «Ո՞րն է...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Տոմս. «Ուղտի Պատմութիւն». Նորագոյն Արար

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ - Լսեցի՞ր, թէ ի՞նչ փորձանք եկեր է Հայաստան-Փորթուգալ ֆութպոլի մրցումի տոմսերուն գլխուն...- հնչեց վրդոված բարեկամիս ձայնը ընկալուչիս մէջէն: - Լսեցի՜, բարեկա՛մս, լսեցի՜..., մօտաւորապէս երկու շաբթուան պատմութիւն է... - Ասիկա ըլլալիք բա՞ն է,- հնչեց երկրորդ հարցումը` նոյն վրդովմունքով: - Հայաստանի մէջ շատ բան կրնաս արձանագրել այդ «ըլլալիք բա՞ն է» հարցումիդ դիմաց եւ պատասխանել. «Ըլլալիք բան չէ՛»: - Այս չարաշահութիւնը,...

Արցախ Եւ Վերադարձի Իրաւունք․ Քաղաքական Թատրոնէն Դէպի Պատասխանատու Գործ

Արցախ Եւ Վերադարձի Իրաւունք․ Քաղաքական Թատրոնէն Դէպի Պատասխանատու Գործ

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ 2 սեպտեմբեր 1991-ին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը Արցախի Հանրապետութիւնը հռչակեց։ Երեսունչորս տարի ետք այս թուականը կը շարունակէ արձագանգ գտնել: Այս տարի եւս ան կը նշուի յիշատակումներով եւ Երեւանի մէջ «Վերադարձ»-ի ընդդիմադիր հաւաքներով ։ Այս հաւաքները կը վկայեն ազգի անսասան կապը Արցախի հետ, սակայն միեւնոյն ժամանակ կը յիշեցնեն, որ պետական գործառնութեան աւելի լուրջ աշխատանքի մը առջեւ կը գտնուինք։ Հայերուն համար...

Մեր Մշակոյթի Բերքառատ Կաղնին Տապալեցաւ.  Մահ` «Մարմարա» Օրաթերթի Խմբագրապետ` Ռ. Հատտէճեանի

Մեր Մշակոյթի Բերքառատ Կաղնին Տապալեցաւ. Մահ` «Մարմարա» Օրաթերթի Խմբագրապետ` Ռ. Հատտէճեանի

ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ.ՅԱԿՈԲԵԱՆ Այսօր համատարած սուգի օր է Հատտէճեան ընտանիքի անդամներուն, պոլսահայ մեր ժողովուրդին, «Մարմարա»-ի ընթերցողներուն, նաեւ մեզի` Ռ. Հատտէճեանի անմիջական մտերմութեան եւ աշխատակցութեան մէջ ապրած անձերուս համար: Սուգի օր է նաեւ աշխարհի չորս ծագերուն մէջ այն հայերուն համար, որոնք կը սիրեն, կը ծաղկեցնեն եւ կ՛ապրեցնեն հայ գիրն ու գրականութիւնը եւ անվթար կը պահեն մեր մշակոյթը` որպէս ազգային սուրբ ժառանգութիւն: Այսօր...

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի.  Հայկական Պետականութեան Ինքնամերժումը Եւ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վտանգաւոր Առեւտուրը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Հայկական Պետականութեան Ինքնամերժումը Եւ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վտանգաւոր Առեւտուրը

Հայաստանի վարչապետի վերջին յայտարարութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին շուրջ անգամ մը եւս բացայայտեցին երկրի ղեկավարութեան խորագոյն ճգնաժամը ազգային ինքնութեան եւ պատմական արդարութեան հանդէպ: Հայաստանի ներկայ իշխանական խաւը կը շարունակէ որդեգրել քայլեր, որոնք կը խաթարեն հայութեան միասնական կեցուածքները եւ ուղղակի վնաս կը հասցնեն Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին: Ցեղասպանութեան ճանաչումը, որ հայ ժողովուրդի գոյութեան պատմական եւ բարոյական յենասիւներէն մէկն է, այսօր...

Ի՞Նչ Պատասխանատուութիւն Են Կրելու…

Ի՞Նչ Պատասխանատուութիւն Են Կրելու…

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, ԱԺ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի անդամ Լիլիթ Գալստեանը հետեւեալ նամակը յղած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարին` տեղեկատուութիւն ստանալու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի յուշահամալիրում եւ Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանին մէջ կատարուող աշխատանքներուն վերաբերեալ. Պաշտօնական նամակով դիմել եմ ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարին` ամբողջական տեղեկատուութիւն ստանալու ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԵՐԻ Յուշահամալիրում...

Page 64 of 808 1 … 63 64 65 … 808

Արխիւներ