ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի կողմէ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ գրեթէ բոլոր կամուրջները այրելէ ետք, այժմ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան կը շարունակէ աւերը:
Մայիսի աւարտին, կառավարութեան «Երեւանեան երկխօսութիւն» ֆորումին մասնակցող արտասահմանեան լրագրողներուն հետ հարցազրոյցի ընթացքին Խաչատուրեան նսեմացնող մատնանշումներ կատարեց սփիւռքի մասին: Արժանթինի «Փերֆիլ» օրաթերթի միջազգային խմբագիր Սանթիակօ Ա. Ֆարելը նախագահին մեկնաբանութիւնները հրապարակեց 22 յունիս 2025-ին:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ձգտի ճանաչում ձեռք բերել Լատին Ամերիկայի մէջ` համոզուած ըլլալով, որ հակառակ որոշ երկիրներու մէջ ներկայութիւն եղող կարեւոր (հայկական) համայնքներուն` տարածաշրջանին մէջ չեն ըմբռնած անոր դիրքորոշումները Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեան եւ դրացի Ազրպէյճանի հետ դարաւոր հակամարտութեան հարցերուն վերաբերեալ: Հաւանաբար սխալը (Հայաստանի կառավարութեան) եղած էր այն, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կառավարումը, մասնաւորաբար այն երկիրներուն մէջ, ուր հայկական ներկայութիւնը շեշտուած է (Արժանթին եւ Ուրուկուէյ), վստահուած է սփիւռքին:
«Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը ընթացան այն ուղիով, հակառակ ուղղութեամբ` հաստատելով դիւանագիտական յարաբերութիւններ եւ ներկայութիւն ձեռք ձգելով Լատին Ամերիկայի երկիրներուն մէջ: Մենք կը զգանք, որ չենք ստանար Լատին Ամերիկայի երկիրներուն աջակցութիւնը միջազգային բազմաթիւ հարթակներու վրայ: Հարցը այն էր, որ մենք շատ մեծ ուշադրութիւն դարձուցած ենք այն երկիրներուն, ուր կան հայկական համայնքներ, եւ քիչ ուշադրութիւն` այն երկիրներուն, ուր չկան:
«Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը շատ լաւ ներկայացուած են (Լատին Ամերիկայի մէջ), ուստի կարելիութիւն ունին իրենց տեսակէտները յայտնելու Լեռնային Ղարաբաղի հարցի վերաբերեալ»:
Ահա՛ Խաչատուրեանի սխալները.
1.- Ան կը սխալի` պնդելով, որ Հայաստանի` Հայոց ցեղասպանութեան եւ Ազրպէյճանի հետ հակամարտութեան վերաբերեալ դիրքորոշումներն են պատճառը, որ Հայաստան վատ յարաբերութիւններ ունի Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն հետ: Իրականութեան մէջ հարաւամերիկեան բազմաթիւ երկիրներ ամուր կապեր կը պահպանեն Հայաստանի հետ` շնորհիւ տեղական հայկական համայնքներուն: Ոչ ոք կռնակ դարձուցած է Հայաստանին, եւ շատեր պաշտօնապէս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Աւելի՛ն. սխալ է Ազրպէյճանի հետ հակամարտութիւնը բնութագրել որպէս «դարաւոր», քանի որ այդ երկիրը գոյութիւն ունի ընդամէնը մէկ դարէ քիչ մը աւելի:
2.- Ան սխալեցաւ սփիւռքի հետ Հայաստանի կապերը նկատելով բեռ, եւ ոչ թէ` արժէքաւոր պաշար: Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ, որոնց վիճակուած է ունենալ ազդեցիկ սփիւռքներ, աշխուժ կերպով կ՛օգտագործեն զանոնք` դիւանագիտական դռներ բանալու եւ պետական պաշտօնատարներու հետ բարձր մակարդակի հանդիպումներ կազմակերպելու համար:
3.- Եթէ Հայաստանի որոշ դեսպաններ չափազանց անկարող են իրենց դիւանագիտական պարտականութիւնները կատարելու մէջ, ասոր մեղաւորը տեղական հայկական համայնքները չեն, այլ` Հայաստանի ղեկավարները, որոնք յաճախ իրենց անփորձ ընկերները կամ քաղաքական աջակիցները կը նշանակեն դիւանագիտական կարեւոր պաշտօններու վրայ: Այն փոքրաթիւ յաջողութիւնները, զորս երբեմն կ՛ունենան Հայաստանի որոշ դեսպաններ, հիմնականօրէն պայմանաւորուած են տեղւոյն հայ համայնքներուն ստեղծած կապերով:
4.- Բազմաթիւ երկիրներու մէջ հայկական համայնքներն են հիմնական պատճառը, որ կառավարութիւնները բարեկամական յարաբերութիւններ կը պահպանեն Երեւանի հետ: Առանց անոնց գործունէութեան եւ լոպիական աշխատանքներու` բազմաթիւ օտար մայրաքաղաքներ ո՛չ խթան, ո՛չ ալ իրազեկուածութիւն կ՛ունենային աջակցելու Հայաստանին: Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Ֆրանսայի, Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Միացեալ Թագաւորութեան, Յունաստանի, Լիբանանի, Իրանի, Ռուսիոյ եւ Աւստրալիոյ հայկական համայնքները խրախուսած են իրենց երկիրներու կառավարութիւնները` դրական քաղաքականութիւն ցուցաբերելու Հայաստանի նկատմամբ:
5.- Թէեւ ճիշդ է, որ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան Հարաւային Ամերիկայի մէջ ունին աւելի շատ դեսպանատուներ, քան` Հայաստանը, սակայն տեղւոյն հայկական համայնքներուն ազդեցութիւնը մեծապէս կը գերազանցէ Անգարայի կամ Պաքուի դեսպաններուն ազդեցութիւնը, քանի որ վերջիններս չունին նման համայնքային աջակցութիւն:
2011 թուականին, երբ Խաչատուրեան այցելեց Թուրքիոյ Ատանա քաղաք, ան մեծ աղմուկ բարձրացուց` յայտարարելով. «Մենք պատրաստ ենք Թուրքիայէն ներում հայցելու տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած արիւնալի բախումներուն համար, մասնաւորաբար` ԱՍԱԼԱ-ի պատճառով: Հայաստանի անունով մենք կը հայցենք Թուրքիոյ ներողամտութիւնը»: Հայաստանի Հանրապետութիւնը որեւէ պատճառ չունի ներողութիւն խնդրելու ԱՍԱԼԱ-ի գործողութիւններուն համար, որոնք տեղի ունեցած են Հայաստանի անկախութենէն առաջ:
Խաչատուրեանի` սփիւռքի նկատմամբ արտայայտած անարգանքը համահունչ է վարչապետ Փաշինեանի` 20 յունիս 2025-ին Պոլսոյ մէջ արտայայտած վիճայարոյց կարծիքին, երբ ան արժեզրկեց իր իսկ 2019-ի յայտարարութիւնը` «Արցախը Հայաստան է, եւ վերջ»-ը` պնդելով. «Ես այդ բառերը օգտագործեցի 2019 թուականին, քանի որ հայրենասէր էի: Ես պատասխանատու էի բոլոր հայերուն համար: Ինծի կ՛ըսէին, որ ես բոլոր հայերուն վարչապետն եմ: Հայրենասիրութեան այդ ընկալումը առաջնորդեց բոլոր աղէտներուն»: Ան շարունակեց. «Մենք չենք հեղինակը այն հայրենասիրութեան, զոր կը կրենք մեր գլխուն մէջ»: Փաշինեան ըսաւ. «Վարչապետը պատասխանատու չէ բոլոր հայերուն: Իմ վրաս յոյս մի՛ դնէք: Դուք ձեր խնդիրները լուծեցէք ձեր համայնքներուն մէջ»: Նման հռետորաբանութիւն մը շարունակութիւնն է անոր` Արարատ լերան, պետական քայլերգին եւ զինանշանին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, Հայաստանի անցեալին եւ Արցախի նկատմամբ նախապէս կատարած հրապարակային դատապարտումներուն:
Աւելի՛ն. Փաշինեանի կողմէ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար նշանակուած Զարեհ Սինանեանը համակարգուած կերպով քայքայեց Հայաստանի յարաբերութիւնները սփիւռքի հետ` զանոնք ամրապնդելու փոխարէն:
Հայաստանի պաշտօնատարները պարտաւոր են զարգացնել սփիւռքի հետ դրական եւ արդիւնաւէտ կապեր, հրաւիրել զանոնք` այցելելու, ներդրումներ կատարելու եւ վերաբնակելու Հայաստանի մէջ, օգտուելու անոնց փորձառութենէն եւ ողջունելու անոնց ներդրումը պետականաշինութեան գործին մէջ: Սփիւռքը կը մնայ Հայաստանի մեծագոյն ռազմավարական հարստութիւններէն մէկը եւ արժանի է ընդունուելու սիրով ու ջերմութեամբ, եւ ոչ թէ` նսեմացուելու: