Արդէն մտանք աշխարհական ղեկավարներու դաշտին մէջ:
Ո՞վ կրնայ ըլլալ երկրի կամ ազգի ղեկավար, հոս է բուն հարցը: Աստուածաշունչը երանելի կը գտնէ այն երկիրը, որուն թագաւորը (ղեկավարը) ազնուական է, եւ ողբալի կը նկատէ այն երկիրը, որուն թագաւորը մանուկ է:
«Երանի քեզի երկիր, երբ թագաւորդ ազնուական է» (Ժղ 10.17): Հակառակը` «Վայ քեզ քաղաք, որ թագաւորդ մանուկ է» (Ժղ 10.16):
Երկրի մը կամ ազգի մը ղեկավարութիւնը սկիզբէն իսկ ամէնէն զգայուն երակը եղած է ու կը մնայ: Աստուածաստեղծ մարդը, որուն տրուեցաւ երկիրը կառավարելու պատասխանատուութիւնը, սկիզբէն իսկ մոլորեցաւ: Քրիստոսէ առաջ, Քրիստոսի օրերուն եւ ահա մեր օրերուն` պատկերը նոյնը կը մնայ: Ղեկավարութիւնը, այսինքն` ղեկավարը, շատ քիչ ատեն եղած է արդարութեան կողքին, շատ քիչ ատեն եղած պարկեշտ, շատ քիչ ատեն եղած է ժողովուրդին սպասաւոր, երկրին տէր եւ պաշտպան, շատ քիչ ատեն եղած է նախանձախնդիր երկրի եւ ժողովուրդի բարօրութեան: Քրիստոսէ առաջ, երբ փրկչական ուսուցումները չկային, տրամաբանական էր ղեկավարութեան տգիտութիւնը: Այսօր, սակայն, նոյն տգիտութիւնը համազօր է մահացու մեղքի: Չի բաւեր յայտարարել` «Կը սիրեմ Աւետարանը, կարդացած եմ Աւետարանը», «կը սիրեմ եկեղեցին»: Նման արտայայտութիւններ ցնդող պղպջակներ են: Աւետարանը վէպ մը չէ, որ կարդաս եւ գրադարան դնես: Աւետարանը կեանքը ապրելու ոճ է, որուն հետեւող եւ զայն գործադրող ղեկավարը միայն կրնայ իր ստանձնած պարտականութիւնը որոշ կատարելութեամբ կատարել: Այլապէս պատմութիւնը կը կրկնուի, ինչպէս կ՛երեւի այս օրերուն:
«Ո՛վ իմ ժողովուրդս, ղեկավարները իրե՛նք է որ կը խաբեն քեզ, ուղիղ ճամբէն կը մոլորեցնեն քեզ » (Ես 3.12):
«Այս ժողովուրդին առաջնորդները իրե՛նք են, որ կը մոլորեցնեն եւ կը կլլեն իրենց առաջնորդութեան յաձնուած ժողովուրդը» (Ես 9. 14):
«Ան (Տէրը) կ՛ըսէ. բոլոր ղեկավարները կոյր են, ոչինչ գիտեն… Անոնք անյագ շուներ են, որոնք չեն կշտանար: Դատողութիւնը կորսնցուցած ղեկավարներ են, բոլորն ալ իրնց ուզածը կ՛ընեն` իւրաքանչիւրը իր շահը հետապնդելով» (Ես 56.10-11):
«Երուսաղէմ, ղեկավարներդ կը սիրեն կաշառք առնել եւ անիրաւ նուէրներու հետամուտ են, ո՛չ որբերու իրաւունքը կը պաշտպանեն, ո՛չ ալ որբեւայրիներուն դատը կը լսեն» (Ես 1.22):
Աստուածաշունչէն քաղուած վկայութիւններ են ասոնք` Քրիստոսէ շատ առաջ արձանագրուած: Քրիստոս տեսաւ մարդուն` ղեկավարին ու ղեկավարուողին, մոլորութիւնները: Բայց Ան չէր եկած կայսրութիւնները կործանելու, կայսրերը գահազրկելու: Ընդհակառա՛կը, ժողովուրդին թելադրեց. «Գացէք, ինչ որ կայսրին կը պատկանի` կայսրին տուէք, եւ ինչ որ` Աստուծոյ` Աստուծոյ տուէք» (Ղկ 20.25), (Մկ 12.17):
Աւետարանի դասերը կատարելագործումն են Հին կտակարանին, մարգարէական ցուցմունքներուն: Մարդը իր ստեղծումի առաջին օրէն սայթաքեցաւ, հեռացաւ իր ստեղծիչէն` Աստուծմէ եւ այդ հեռաւորութիւնը, հակառակ մարգարէներու ազդարարութիւններուն, հակառակ Աստուծոյ մարդացումին եւ անոր տուած ցուցմունքներուն, հետզհետէ կը շեշտուի: Մարգարէն շատոնց հաստատած է. «Մեր սրտերուն մէջ չար խորհուրդներ յղացանք եւ զրպարտիչ սուտ խօսքեր դուրս տուինք: Վանեցինք արդարութիւնը, իրաւունքը հեռացուցինք մեզմէ, ճշմարտութիւնը հրապարակներու վրայ ոտնակոխուեցաւ, եւ պարկեշտութիւնը հոն տեղ չունեցաւ: Ահա ճշմարտութիւնը կը կորսուի, իսկ չարին ընդդիմացողը ինք զոհ կը դառնայ» (Ես 59, 14-15): Յստակ է. վաղուց ի վեր արդարութիւնը, իրաւունքը, պարկեշտութիւնը խնդրոյ առարկայ են, Ճշմարտութիւնը մերժելի, սուտը եւ զրպարտիչ խօսքերը` տիրական: Ու ամէնէն ահաւորը` «Չարին ընդդիմացողը ինք զոհ կը դառնայ»: Երբ անարդարութիւնը, անպարկեշտութիւնը, անկեղծութիւնը կը պակսին երկրի մը մէջ, այդ երկիրը չի յառաջդիմեր: Աւելի՛ն. երբ կաշառքը, կաշառակերութիւնը, պաշտօնի շահագործումը առաւել կամ նուազ չափով տիրող երեւոյթներ են, այդ երկիրը ոչ թէ չի յառաջդիմեր, այլ դէպի ետ կ՛ընթանայ, կը սնանկանայ: Կաշառքի երեւոյթն ալ կու գայ շատ հինէն, աշխարհի ստեղծագործութեան օրերէն: «Կաշառքը նոյնիսկ իմաստուն մարդոց աչքը կը կուրցնէ» (Բ. Օր 16.19), կը հաստատէ Աստուածաշունչի հինգերորդ գիրքը: Ահաւոր կացութեան կը մատնուիս, երբ աչքերդ բաց են եւ չես տեսներ, չես անդրադառնար, թէ ի՛նչ քանդում տեղի կ՛ունենայ շուրջդ: Այդ է երկրի մը մէջ կաշառակերութան հետեւանքը: Կաշառակերութիւնը կ՛ոտնահարէ իրաւունքը, կ՛աղաւաղէ արդարութիւնը եւ կը ստեղծէ անապահովութիւնը: Մինչդեռ մարգարէն կը նախատեսէ, որ` «Թագաւոր մը պիտի իշխէ իրաւունքով, եւ ղեկավարները արդարութեամբ պիտի կառավարեն երկիրը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը հովի դէմ պատսպարան պիտի ըլլայ եւ փոթորիկներու դէմ ապաստանարան» (Ես 3.1): Իսկ իմաստութիւնը կ՛ենթադրէ, որ` «Արդարադատ դատաւոր մը կանգուն կը պահէ երկիրը, մինչ կաշառակեր թագաւոր մը զայն կը կործանէ» (Առ 29.4):
Կաշառակեր ղեկավարը ամէն չարիք կը կրէ իր ներաշխարհին մէջ: Նիւթապաշտութեան կողքին, ան կը տառապի հպարտութեան, աւելի ճիշդը` ամբարտաւանութեան կործանիչ ախտէն, որովհետեւ ամբարտաւանը կ՛ատէ խոնարհութիւնը եւ կը վանէ հեզութիւնը, որոնք աղբիւր են բարութեան ու բարգաւաճումին: «Ես կ՛ատեմ հպարտութիւնն ու ամբարտաւանութիւնը, չար վարմունքը եւ նենգութիւն խօսող բերանը» (Առ 8.13), կը յայտարարէ իմաստունը, որովհետեւ անոնք երկիր մը անասնական միջավայրի մը եւ ազգ մը նախիրի հօտի մը կամ գազաններու վոհմակի մը կը վերածեն:
Յստակ է սակայն, թէ պայման է, որ երկիր մը կամ ազգ մը ունենայ իր առաջնորդը` ղեկավարը, եւ ղեկավարը ունենայ իր խելամիտ եւ նուիրեալ խորհրդականները, ինչպէս կը նախատեսէ նոյն իմաստունը. «Առանց առաջնորդութեան` ժողովուրդ մը կը կործանի, մինչդեռ ապահովութիւն կ՛ունենայ, երբ խորհրդականները շատ են» (Առ 11.14):
Կարեւոր կէտ մըն է ասիկա: Ղեկավարը առանձինն կրնայ սխալներու մէջ իյնալ: Խելամիտ խորհրդականը կամ խորհրդականները կը կանխեն նման սխալներ: Ղեկավարը առանձինն կրնայ մենատիրութիւն ստեղծել, մինչ խորհրդականը կամ խորհրդականները թոյլ չեն տար նման սխալմունքի: Խորհրդականը պիտի ըլլայ խելամիտ, ազատ եւ ոչ թէ` հաշիւներով նշանակուած անողնայար արարած:
Աշխարհը իր ցամաքամասերով եւ զանազան տեսակի ժողովուրդներով հինէն ի վեր ունեցած է իր ղեկավարները` առաջնորդները: Շատ քիչ են, սակայն, շնորհալի ղեկավարներ: Վերջին հարիւրամեակին յիշատակի արժանի է Սինկափուրի առաջին վարչապետը` Լի Քուան Եւ, որ քանի մը տասնեակ տարիներու ընթացքին, փոքրիկ ու խեղճուկ նաւահանգիստ մը կրցաւ համաշխարհային մակարդակով, հանրածանօթ վարկով երկրի մը վերածել: Իսկ մենք, անկախութեան աւելի քան երեք տասնամեակ ժամանակահատուածին մէջ, մէկ քայլ առաջ չգացինք, ընդհակառա՛կը բազմաթիւ քայլեր դէպի ետ գացինք թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ` շնորհիւ մեր աշխարհական եւ եկեղեցական առաջնորդներու իմաստուն… մեծափառութեան:
(Շար. 3)
**