ՀԱՄԲԻԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Աչքը լոյս հայրենի ժողովուրդին եւ սփիւռքահայ զանգուածներուն: Վերջապէս հասանք երազուած ու փայփայուած «Խաղաղութեան հռչակագիրին» եւ Ուաշինկթընէն բարձրացան սպիտակ ծուխ ու ծափեր: Ժամանակին նման ծուխ բարձրացած էր, երբ արաբ-իսրայէլեան թնճուկը որպէ՜ս թէ գտած էր լուծում եւ հաշտութիւն` ջերմ ձեռք սեղմումով: Թէեւ, այսօր լաւ է, որ մնամ քիչ մը լաւատես.. Այսօր բոլոր անոնք, որոնք լսած էին ու կը հաւատային Արեւմուտքի հրաշքին, իրապէս տեսան այդ մէկը` կենդանի աչքերով, ու հանդիպումը ընթացաւ հեզասահ, կարծուածէն շատ դիւրին ու ուրախացնող: Ինչպէ՞ս չհրճուինք… Հիմա այլեւս կրնանք հպարտօրէն ըսել, որ Հայաստանի կռնակին ամուր կանգնած են Միացեալ Նահանգները, եւ այլեւս վախ չունինք հիւսիսի արջէն:
Ուրեմն, պիտի ունենանք այն հաստատ համոզումը, որ շնորհիւ ձեռք բերուելիք համաձայնագիրին` այսօրուընէ սկսեալ այլեւս Հայաստան արեւելքէն պաշտպանուած պիտի ըլլայ «քոյր» Ազրպէյճանով, արեւմուտքէն` «եղբայր» Թուրքիայով, հիւսիսը արդէն պաշտպանուած է բարի դրացի Վրաստանով ու հարաւը` հոն ալ այլեւս չկայ իրանական որեւէ երեւակայական վտանգ, քանի որ հոն պիտի ըլլայ Միացեալ Նահանգներու ցամաքային ուժը` 99 տարի… այո՛… 99 տարի… Այս պահուն կ’ուզէի միայն հարց տալ լաւատեսներուն. ո՞վ իր երկրէն թիզ մը հող կու տայ հարեւանին, 99 տարի հեռաւորութեան վրայ… Արդեօ՞ք չենք կարդար պատմութիւնը, թէ ի՛նչ կը նշանակէ 99 տարի վարձակալութիւն…
Ակամայ պիտի ընդունինք ու կլլենք եղածը` չհաւատալով, որ աստուածային կարգադրութիւն էր կատարուածը, եւ տարիներէ ի վեր ծրագրաւորուած շատ գաղտնի բեմադրութիւնը հարիւր տոկոսով յաջողեցաւ: Մեծ բեմադրիչը, շնորհիւ իր կախարդական գաւազանին, կրցաւ բեմ հանել նախապէս մտածուած ու որոշուած թատրոնը` Ուաշընկթինի մէջ, զարմացնելով աշխարհը, կեանքի կոչելու համար «Թրամփեան կամուրջը»… որ իրականացուց երէկի անուրջը:
Աշխարհի «խաղաղասէր» գերհզօրը կրցաւ իր կամքը պարտադրել եւ ամենայն պարզութեամբ իրեն հպատակեցնել զոյգ դերասաններ` նորելուկ Փաշինեանն ու փորձառու Ալիեւը, ու արդէն յստակ է ծրագրուած խաղաղութեան հեռաւոր նպատակը, որուն ժամանակին նպաստած էին Շարլ Միշէլը եւ չափէն աւելի հայասէր նախագահ Մաքրոնը, սակայն` քի՜չ մը տարբեր տարազներով: Անշուշտ պիտի չմոռնանք, որ երկուքին ալ ձեռքերը մաքուր են արցախեան խնդրի մէջ, Պրիւքսելի դահլիճը վկայ…
Առաջին հերթին, ան` մեծ դերձակապետը` պարոն Թրամփը, մկրատը ձեռքին, Հայաստանի թուղթէ քարտէսը առաւ ափին մէջ եւ կրցաւ 42 քիլոմեթրը անջատել մեր մայր հողէն եւ առնել իր հսկողութեան տակ` զարմացնելով կովկասասէր Ռուսաստանն ու Իրանը, յոխորտանքով գաւազանը բարձրացնելով ու գոռոզաբար գոռալով.
«Ե՛ս եմ այս աշխարհին միակ տէրը… ինձմէ զատ ուրիշ տէր-տիրական մի՛ ճանչնաք»: Բայց ինչպէ՞ս համարձակինք ճանչնալ. մի՞թէ Պաղեստինի Կազա շրջանի եւ Լիբանանի հարաւը անծանօ՞թ է մեզի եւ աշխարհին մինչեւ այս պահը… Ո՞ւր են Արեւմուտքի խաղաղասէր ու ժողովրդավար կառավարութիւնները, պետական դէմքերը, նախագահները… չե՞ն տեսներ, թէ ինչպիսի՛ հրէշութեամբ կը սպաննուին մանուկ, կին եւ երեխայ… շա՜տ շատեր` սովամահ ըլլալով, եւ աշխարհ կը դիտէ անտարբերութեամբ…
Մենք` հայերս, ծանօթ ենք Արեւմուտքի «Խաղաղութիւն ամէնեցուն» երգին… տակաւին 1915 թուականէն… աւելի ուշ` Սեւրէն ու Լոզանէն… մեր ականջները խլացուցած շռնդալից խօսքերէն: Առաջինը, որ վստահուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուիլսընին, մնաց թուղթի վրայ, իսկ երկրորդը արժանացաւ միջազգային ու եւրոպական ազգերու եւ անբարոյ ղեկավարներու հաւանութեան ու քաջալերանքին, որոնց մէջ առաջին դերակատարներն էին` Մ. Նահանգները, Անգլիան, Ֆրանսան ու Գերմանիան: Իսկ հիմա՞… Հաւատամք ի մի Թրամփ եւ թրքաշխարհ… հող ու հայրենիք զիջելու աստիճան: Այսօր Հայաստանի վարչապետը անսահմանօրէն ուրախ է: Տեսնենք` այս քաջագործութենէն ետք ինչպիսի՜ արժէքաւոր գնահատականներ պիտի ստանայ ան… Ան մեծ հերոսութեամբ յանձնելէ ետք Արցախը, տեսնելէ ետք բազմահազար լացող մայրեր, անտեսելէ ետք 5 000 նահատակներ ու հաշմանդամներ, սառնասրտօրէն դիտեց Արցախի հայաթափումը, կրցաւ ձեւով մը մոռցնել տալ Արցախ անունը միջազգային քաղաքական շուկայի վրան, նոյնիսկ` մինչեւ երէկ, երբ Ուաշընկթընի մէջ թղթակիցը հարցուց Արցախի մասին. հոն թէ՛ Փաշինեան եւ թէ՛ Ալիեւ խուլ ձեւացան… Ան, երէկ եւս, երբ ոսկի առիթ կար, կրցաւ շուքի մէջ թաղել արցախցիներու իրենց երկիրը վերադառնալու ցանկութիւնն ու երազանքը, ինչպէս նաեւ` գերիներու հարցը, ազրպէյճանի ուժերուն ներկայութիւնը Հայաստանի տարածքէն ներս… ու հիմա կը փորձէ դանակ խրել Արցախի հարցին ու լուծարել Մինսքի խումբը, որպէսզի վերջնականօրէն փակուի արցախեան թղթածրարը` ուրախացնելու համար Ալիեւ եղբայրը եւ վերջնականօրէն ազատելու համար Արցախ կոչուած գլխացաւանքէն: Չեմ գիտեր` ի՞նչ անուն տանք այս ազգադաւ գործունէութեան…
Այս բոլոր կանխամտածուած կարգադրութիւններէն ետք հայրենի ժողովուրդի «Բարի կամեցողութեամբ» շարժող որոշ զանգուածներ կ՛ըսէին. «Արցախը տուինք, փրկեցինք Հայաստանը»: Աստուած չընէ` վաղն ալ տանք Սիւնիքը, փրկելու համար Երեւանը:
Հայաստանի վարչապետը յաճախ կ՛ըսէր, թէ «Առանց ժողովուրդի հաւանութեան որեւէ համաձայնութիւն չի կնքեր»… Կ՛երեւի ան առած էր այդ համաձայնութիւնը հայաստանցիներէն` թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Սիւնիքի պարագային: Կասկած չունինք: Քանի որ այս օրերուն Երեւանի մէջ ճաշարաններն ու սրճարանները «լիքն են անտարբերներով, եւ փաստն այն է, որ ո՛չ մէկ ձայն բարձրացաւ, ո՛չ մէկ աղմուկ, ո՛չ ալ որեւէ բողոքի ցոյց կատարուեցաւ…
Արդարեւ, կեցցե՛ս, պարոն վարչապետ: Այնքան ատեն որ կասեցնող չկայ, դուն կրնաս հայաստանեան որեւէ տարածք յանձնել` յանուն կեղծ խաղաղութեան:
Ամէն պարագայի, Հայաստանի ժողովուրդը հիմա տակաւին գինարբուքի մէջ է… Ժենեֆըր Լոփեզ բերինք, զուարճացանք եւ ժողովուրդը «պոլ-պոլ» մերկութիւն տեսաւ եւ գլխաւոր խնդիրը մոռցաւ: Այո՛, ուղղուեցանք հայրենասիրութենէն դէպի` միսասիրութիւն… դէպի մերկասիրութիւն… Կազմակերպիչներ շատ լաւ ընտրած էին ժամանակը, ուղեղները լուալու համար: Ինչ կը վերաբերի ութ միլիոն հաշուող սփիւռքահայութեան, անոնք արդէն խօսք չունին Հայաստանէ ներս… անոնց քննադատութիւնները պղպջակի ազդեցութիւն ունին եւ չեն կրնար ազդել Հայաստանի ներքին գործերուն: Անոնց արտօնուած է միայն դրամական օգնութիւն փութացնել հայրենիքին` մնալով «Կաթնտու աղբարներ», առանց սակայն քիթերնին վարչական խնդիրներու մէջ մտցնելու, ոչ ալ խորհուրդ տալու` Խորհրդաւոր Մարդուն:
ՀԻՄԱ, ԵԿԷՔ, ՀԱՐՑ ՏԱՆՔ. Ո՞Վ ԻՆՉ ՇԱՀԵՑԱՒ ԱՅՍ ԱՌԵՒՏՈՒՐԷՆ
Ուաշընկթընի մէջ, Սպիտակ տան յաղթական կամարներուն տակ ստորագրուած համաձայնութենէն ետք.
– Նախագահ Թրամփ շահեցաւ 42 քիլոմեթր միջանցք եւ ռազմական ներկայութիւն, զարմացնելով ռուսերը, իրանցիները եւ չիները, եւ սա` 99 տարի շարունակ:
– Ալիեւ, բացուելիք միջանցքի շնորհիւ մինչեւ Նախիջեւան պիտի ունենայ ազատ երթեւեկ, Թուրքիոյ հետ անկաշկանդ յարաբերութիւն ու դարաւոր` համաթուրանական երազ-ծրագրի իրականացում:
– Իսկ Հայաստա՞ն..: Պատասխանը պիտի տայ վաղը-ն… Վաղը պիտի փնտռենք մեր գլուխները զարնելիք պատ…