Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ծառը

September 15, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Յոգնած էր, յոգնած
անտառին խորքը ծուարած թաքուն
այս հի՜ն ծառը ծեր…

Ճիւղերը չորցած,
տերեւներն վաղո՜ւց դալկացած, խամրած:
Գարունը արդէն հրաժեշտ տուած
անցած, գացած էր անյայտ եզրերը շէկ հորիզոնի…

Ժամանակի բութ լուծին տակ կքած,
յոգնա՜ծ էր, յոգնա՜ծ
այս հին ծառը ծեր…

Արեւի առջի բարի-լոյսն անգամ,
որ սիրոյ բոյրով պահեր կ՛աւետէր
եւ հին օրերը նազով կ՛օրօրէր,
հիմա դալկացած արձագանգ մ՛իսկ չէր…

Այս հին ծառը ծեր
Բազում հողմերու հետ մենամարտած,
թանձրախիտ ձիւներ շալկած, պարտասած,
իր արմատները սնած ու գգուած,
կացիներու սուր հարուածներն ահեղ կուրծքին ստացած
եւ սղոցներու խռպոտ ձայները դարերով ըմպած:
Թեւերը ջարդուած,

Աղօթքը սառած,
Ապագան խաչուած…

***

Բացաւ աչքերը այս հին ծառը ծեր
|երազանք մը հին ապրելու համար:

Նայեցաւ վերեւ…
Ամպերն կուտակուած ահաւոր մահերգ մը երկնելու համար
պահը կ՛երգէին…

Շուրջը նայեցաւ…

Հին ընկերները չորցած, սպառած մոմերու նման
ընդհատուած երգի արձագանգ էին…

Թեքեց գլուխը…
Նայեցաւ հողին հետ ընդելուզուած իր արմատներուն,
որոնք պարտասած  հողին մէջ խրուած
անցեալ երգերու բառն էին մոռցած…

Վերջին ճիգով մը ճիւղերը պարզեց
ամպերէն շատ վեր:
Աղօթեց երկար…
Բայց բառերն անկար
շուրթին քարացան…

Հողմը երկներ էր…
Ամպերն ահաւոր կայծակներ շալկած
բնութեան երգի նոր յօրինումով
շանթերու շռայլ խուրձերով ահեղ
հռնդիւնով մը, հազար գոյներով
հողը ներկեցին…

Յոգնա՜ծ էր յոգնած այս հին ծառը ծեր…

Վերջին ճիգ մ՛ըրաւ դարաւոր գլուխը բարձր պահելու …
Բայց ո՜ւշ էր, ո՜ւշ էր,
շա՜տ ուշ էր արդէն…

Ու տատանեցաւ յոգնած ծառը ծեր…

Ու հասակովը պարթեւ եւ խրոխտ
թեքուեցաւ դանդաղ հողը գրկելու`
յաւիտենական քունով ննջելու…

Եւ յանկարծ լսեց խմբերգ մը հաղորդ
– Դարերու կանչի արձագանգ մ՛ինչպէս-
«Ահա՛ մեր ուսը, ահա մեր ուսը:
Հանգչեցո՛ւր գլուխդ,
հողը տեղդ չէ՛…»

Նայեցաւ ծառը, այս հին ծառը ծեր
Իր շուրջը խմբուած, ուս-ուսի տուած մատղաշ բուներուն…

«Բայց ո՞վ  էք», ըսաւ:
«Ուրկէ՞ էք եկած»:

Մատղաշ բուները շշուկով ըսին-
«Հի՜ն արմատներէդ,
Ռազմի կանչերէդ,
Արեւի բոյրով ճախրող բառերէդ,
Յաւերժին ձգտող խրոխտ կայծակէդ,
Մահը անարգող անխախտ հաւատքէդ»…

Եւ ծառը, ծառը, այս հին ծառը ծեր,
Երկրի ընդերքի աւիշը ըմպեց,
Հպարտ օրերը նորէն վերյիշեց
Յուշերու դէզէն վեհերը ընտրեց
Մատղաշ օրերու երազանքն յիշեց
Եւ…
Յոգնած, պարտասած գլուխը շտկեց
Եթերն անտեսեց
Հին երազներու թեւերով անտես ճախրեցաւ խրոխտ
Պատմութեան երթին, դարերու կանչին,
տուաւ լռակեաց
երգն իր հաւատքի`

ՀԱՒԱՏՔՆ ՅԱՒԵՐԺի:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Ուաշինկթընեան Համաձայնութիւններ. «Խաղաղութեան» Համաձայնագրի Որոշ Խութեր (Բ)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.