Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինքնապաշտպանութեան Նոր Դասեր` Քաթարէն

September 13, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լ. ԱՅՎԱԶԵԱՆ

Վերջին օրերու միջազգային դէպքերը եկան կարգ մը հարցականներ յառաջացնելու փոքր երկիրներու ժողովուրդներուն մօտ` այն միջոցներուն մասին որոնց, անհրաժեշտ է դիմել իրենց պաշտպանութիւնը եւ ֆիզիքական գոյութիւնը, երաշխաւորելու համար` ի տես մեծ պետութիւններու ապահոված պաշտպանական «հովանոցներ»-ու հովանոցներ ու անարդիւնաւէտութեան:

Ռուսիա տարիներ շարունակ ինք զինք ներկայացուցած էր իբրեւ Հայաստանի պաշտպան: Սակայն երբ հարցը հասաւ Ազրպէյճանի հետ բախումներուն, Մոսկուա չուզեց զայրացնել Պաքուն: Անոր լռութիւնը կամ չէզոք կեցուածքը յստակ ցոյց տուաւ, որ Հայաստանի անվտանգութիւնը, երկրորդական է, երբ առկայ են ռուսական շահերը:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները դաշնակցային համաձայնութիւններով ներկայ են Քաթարի «Այտիտ» ռազմակայանին մէջ: Բայց, երբ խնդիրը կը վերաբերի Իսրայէլին, Ուաշինկթըն խուլ կը ձեւացնէ ինքզինք: Այսպիսով, Քաթարը երբեք չստացաւ լիակատար պաշտպանութիւն, քանի որ ամերիկեան շահերը առաջնահերթ կը մնան:

Երկու օրինակներն ալ կը բացատրեն նոյն իրականութիւնը. մեծ պետութիւններու «պաշտպանութիւնները» չեն կերտուիր բարեկամութեան կամ եղբայրութեան վրայ: Անոնք հիմնուած են ռազմավարական դիրքերու, շահերու եւ աշխարհաքաղաքական հաշուարկներու վրայ: Երբ շահերը փոխուին,  կը փոխուի նաեւ վերաբերմունքը:

Հայաստանի եւ Քաթարի նման ժողովուրդներուն համար մէկ ճշմարտութիւն կայ. հայրենիքի իսկական պաշտպանութիւնը կու գայ միայն սեփական զաւակներէն: Առանց կազմակերպումի, կամքի ու  միասնութեան, ո՛չ Ռուսիա, ո՛չ Միացեալ Նահանգներ, եւ ո՛չ ալ որեւէ մեծ պետութիւն պիտի կարենայ ապահովել իրենց ապագան: Իսկ «Թրամփի ուղի»-ին պիտի մատնուի «Այտիտ»-ի ճակատագրին

 

 

Նախորդը

Հայրական Մտահոգութիւններ

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Խաղաղութիւն Հաստատողը Ո՞վ Պիտի Ըլլայ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.