Անդրադարձ

Ուրացող Պետութիւնը

Խոփը Ժայռին Դպաւ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Գիտութեան աներեւակայելի նուաճումները կրնան անհաւատալի բազում երեւոյթներ իրականացնել: Վերջերս կը խօսուէր մէկու մը մասին, որ յաջողած էր վայրի արջը կրթել եւ սորված երաժշտութեան մը ընկերակցութեամբ` արջին հետ թանկօ պարել: Իրա՛ւ ալ անկարելի ըսելու արժանի ոչ մէկ բան մնացած է երկրի վրայ, ներառեալ` արջի հետ թանկօ պարելը: Այո՛, կարելի է, բայց անհրաժեշտ է նաեւ չափազանց խիստ ուշադրութեամբ կատարել այդ...

Հայերէնախօսութեան Ձախողութիւնը Եւ Վերականգնումի Ուղիներ

Հաղորդամիջոցներ, Քաղաքականութիւն. Լուսաբանուիլ Եւ Շուարումի Մատնուիլ Լուրերով

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Դրամի ախորժակը եւ մեծութեան հարցերը գործած էին միաժամանակ` Ֆրանսային տալու համար մամուլ մը, որ բացի հազուագիւտ պարագաներէ, այլ նպատակ չունէր, քան` ոմանց մեծութիւնը եւ բոլորին բարոյական վատթարացումը: Ուրեմն այդ մամուլին համար դժուար չեղաւ ըլլալ այն, որ եղաւ 1940-1944, այսինքն` երկրին ամօթը»: ԱԼՊԵՐ ՔԱՄԻՒ Չորրորդ Իշխանութենէն Անցո՞ւմ Դէպի Բռնակալութիւն Զանգուածային լրատուամիջոցներուն եւ մամուլին համար գոհունակութեամբ դեռ մօտիկ անցեալին կ’ըսէինք,...

Երեւանեան Հանրակառքի Մը Մէջ

Երեւանեան Հանրակառքի Մը Մէջ

ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ Երեւանի Կոմիտաս պողոտայէն դէպի օփերա գացող հանրակառքին մէջ նստած էր Անին: Մայիսեան  իրիկնամուտ էր. գարունը դրան սեմին: Հանրակառքը այդքան լեցուն չէր ամէն անգամուան պէս,  եւ ան կրցած էր գրաւել նստարան մը: Կանգառները կը յաջորդէին իրարու արագօրէն:     «Երթեւեկութիւնը թեթեւ է: Լաւ որ աւելի կանուխ  չելայ ճամբայ», մտածեց Անին: Ամերիկեան  համալսարանի կանգառն էր: Տարիքոտ կին մը բարձրացաւ հանրակառք եւ նստաւ...

Խմբագրական.  Գաղափարական Անվտանգութեան  Պահպանման Համար

Խմբագրական. Գաղափարական Անվտանգութեան Պահպանման Համար

Լիբանանահայ գաղութին ապրած դժուար պայմանները բնականաբար կը տեղադրուին Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակի շրջագիծին մէջ: Քաղաքական անորոշութիւն, տնտեսական տագնապ, անգործութեան խնդիրներ, որոնցմէ բխող վճարունակութեան նուազում, անհեռանկարային կացութեան պատճառով երիտասարդ տարրի արտագաղթ: Ընկերային-տնտեսական մակարդակի վրայ արձանագրուող երեւոյթները իրենց կարգին տեղի կու տան կրթական, բնակարանային եւ կենցաղային տարբեր  լուրջ խնդիրներու: Անվերջ կ՛արծարծուէին ժողովական միջավայրերու թէ ընկերային զրոյցներու ընթացքին նման հարցեր` մինչեւ համայնքի հայ կազմակերպ...

Անդրադարձ.  Հեգնական Ու Կեղծ Նախանձախնդրութիւն

Անդրադարձ. Հեգնական Ու Կեղծ Նախանձախնդրութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թրքական «Կազեթէտուվար» կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է. «Քրտական ջոկատները պէտք է լքեն սուրիական Մընպեժը, անիկա արաբական հող է»: Հեգնական է, որ սուրիական Ալեքսանտրէթը, Հիւսիսային Կիպրոսը եւ Արեւմտեան Հայաստանը բռնագրաւած, հիւսիսային Սուրիա ներխուժած եւ իրաքեան Պաաշիքա շրջանին մէջ անօրինական զինուորական ներկայութիւն հաստատած երկրի մը նախագահը նախանձախնդրութիւն կը յայտնէ արաբական հողերուն նկատմամբ: Ան նաեւ կը...

Ճամպրուկ

ՆԱՆՍԻ ԻՍՍԱ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Բեմադրիչ Պզտիկ աղջիկ էի, երբ աչքիս զարկաւ այդ հին լուսանկարը: 1920-ական թուականներուն առնուած այդ պատկերը, որուն մէջ մեծ մայրս եւ իր մեծ քոյրը, միայն ճամբորդական մէկ պայուսակով, կը ժպտէին ոսպնեակին համար: Իմ տեսակէտովս, երկու գեղեցկուհիներ էին անոնք` եկած ուրիշ ժամանակներէ, առեղծուածային ներկայութեամբ, կարծես հսկելու եւ պահպանելու  հրապոյրը անոնց, որոնք արդէն իսկ դարձած էին իմ շատ սիրելի երկու...

Երիտասարդ Դերասաններու Կարծիքները` Լիբանանահայ Թատերական Կեանքին Մասին

Երիտասարդ Դերասաններու Կարծիքները` Լիբանանահայ Թատերական Կեանքին Մասին

Եթէ թատրոնը մեր կեանքին հայելին է, դուն` իբրեւ թատրոնի երիտասարդ, դերասան, թէ հանդիսատես, ինչպէ՞ս կը գնահատես այսօրուան լիբանանահայ թատրոնի ընթացքը եւ ի՞նչ կ՛ուզես տեսնել բեմին վրայ: Սէրուժ Յովսէփեան Լիբանանահայ թատրոնը տարիներէ ի վեր կրած էր «սիրողական թատրոն» պիտակը... թատրոն մը, որ կը հետապնդէր հայապահպանման նպատակ: Ինչո՞ւ չէ. սակայն այսօր այդ գաղափարով գործելը ո՛չ միայն կը սահմանափակէ, այլեւ բոլորովին անիմաստ կը...

Հայը… Մենք Ենք

Պաքուի Հայուհին

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Նոյն հաստատութեան մէջ կ’աշխատինք: Անունէն հետեւցնելով` ռուս կը կարծէի զինքը, եւ երբ պատահմամբ իրարու հանդիպէինք, անգլերէնով կը բարեւէինք զիրար: Առաւօտ մը, երբ վերելակին մէջ միայն երկուքս էինք, իր «Բարի լոյս»-ը շատ անուշ հնչեց ականջներուս: Նախ` այն տպաւորութիւնը ունեցայ, որ ինծի հաճոյք պատճառելու համար սորված էր հայերէնով բարեւել, ապա զարմանքս շատ աւելի մեծ եղաւ, երբ մաքուր հայերէնով սկսաւ խօսիլ...

Նամականի

Ակնարկ. «Քարոզարշաւի Տարօրինակ Խոստում Մը»

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Ելք»-ը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ նա՛եւ փոփոխութիւններ ծրագրած է, եւ յստակօրէն որոշած են ընտրուելու պարագային նոր դեսպանատուներ հիմնել, նախ` Իսրայէլի մէջ... «Ելք» դաշինքը կազմող երեք կուսակցութիւններէն` «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան անդամ, ընտրական ցուցակին 14-րդ տեղը գրաւող Ալեն Սիմոնեան, «Արմենիա» հեռատեսիլի  21 մարտ ժամը 20:00-ի լուրերուն տուած հարցազրոյցին մէջ ըսաւ. «Գիտէք, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր տարածաշրջանին մէջ ամենամեծ ու...

Ի՞նչ Բան Է Թատրոնը

Ի՞նչ Բան Է Թատրոնը

ՎԱՉԷ ԱՏՐՈՒՆԻ Վերջապէս` թատրոնի մասին խօսելու առիթ մը: Ոչ այնքան կարեւոր, սակայն` փոքրիկ անհրաժեշտութիւն մը: Նախ ճշդենք «Թատրոն» բառի անուանումը, ապա` էութիւնը: «Թատրոն» բառը, տեղի-անտեղի, գործածութեան մէջ մտած է` որպէս բառակապակցութիւն: Կ՛ըսուի, «Թատրոն ըրինք, թատրոն խաղցայ»: Թատրոնը չի խաղցուիր, որովհետեւ ան շէնքային կառոյց է: Սրահ: Բեմ եւ վարագոյր: Թատրոնը գոյական երեւոյթ մըն է: Բազում արուեստներու համատեղում: Թատրոնը նաեւ գրականութիւն է...

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին Առթիւ.  Անդրադառնալով «Լա՛ւ Որ «Ազդակ»-ը Կայ» Յօդուածին

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին Առթիւ. Անդրադառնալով «Լա՛ւ Որ «Ազդակ»-ը Կայ» Յօդուածին

ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ Մեծ ուրախութեամբ սկսայ կարդալ «Ազդակ»-ի 90-ամեակին նուիրուած բացառիկը: Բովանդակութիւնը ստուգած ատեն ուշադրութիւնս գրաւեց Վիգէն Աւագեանի ստորագրութիւնը կրող քիչ մը իւրայատուկ խորագիրով «Լա՛ւ որ «Ազդակ»-ը կայ» գրութիւնը: Անմիջապէս կարդացի յօդուածը ամբողջութեամբ: Աւագեան կը ներկայացնէ «Ազդակ»-ի մէջ պաշտօնավարած ժամանակաշրջանին իրեն հետ պատահած զանազան դէպքեր, որոնք բոլորն ալ կը յուշեն, թէ` «Լա՛ւ որ «Ազդակ»-ը կայ»: Ընթերցանութիւնս աւարտելէ ետք մտածեցի, որ հետս...

Քեսապ Եւ Քեսապցիք. Երրորդ Տեղահանութեան Երրորդ Տարեդարձ

Քեսապ Եւ Քեսապցիք. Երրորդ Տեղահանութեան Երրորդ Տարեդարձ

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մենք մեր մեծ հայրերէն-մայրերէն յաճախ լսած ենք, թէ` «ժամանակը լաւագոյն դարմանը կը հանդիսանայ ցաւերուն, տրտմութեան, նեղութեանց, ձախողութիւններուն, աղէտներուն...», որովհետեւ ժամանակի ընթացքին մարդիկ կ՛ընտելանան կատարուած պատահարներուն: Կը մոռնան զանոնք: Իսկ ժամանակը անոնց վրայ փոշի կը կուտակէ, եւ այդ բոլորը կը դառնան հին, մաշած, փոշեթաթաւ, անցուկ ու մոռցուկ պատմութիւն: Բացի... կարգ մը աղէտներէ, անջնջելի ողբերգութիւններէ, որոնք ոչ մէկ պարագայի...

Ջաւախքի Կողքին

Ջաւախքի Կողքին

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Մամուլով յայտարարուեցաւ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ ընտրապայքարի դուրս եկած կուսակցութիւններուն մէջ միակն է, որ Ջաւախքը ներառած է իր նախընտրական ծրագիրին մէջ: «Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները կառուցել բարեկամութեան ու ազգային շահերի փոխադարձ յարգանքի սկզբունքների վրայ: Բարիդրացիական յարաբերութիւններն իրենց դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենան ջաւախահայութեան եւ ընդհանրապէս վիրահայութեան իրաւունքների լիարժէք իրականացման վրայ», գրուած է ՀՅԴ-ի նախընտրական ծրագիրին մէջ: Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Գրողի Անկիւն. Հալէպն Ու Իր «Վիթամին Նօնօշ»-ը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Այդ երեկոյ օրատետրիս էջերու թղթատումը դարձեալ զիս ժամերով անջատ եւ հեռու պահած էր առօրեայէս, անմիջական շրջապատէս ու անզգալաբար նետած` ինքնամտածման լիճի մը մաքուր ջուրերուն մէջ: Ու ամէն անգամ, որ ծննդավայր Հալէպիս անունը լսէի կամ իր տխուր եւ ուրախ լուրերը առնէի, եւ կամ գունաւոր ու անգոյն, շքեղ եւ աւերակ շէնքերու նկարներուն հանդիպէի, օրուան ժամերս վայրկեանին կանգ կ՛առնէին, ու ինքնաբերաբար...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. 24 Ժամը Բաւարար Չէ (3)

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Մարտի սկիզբը, քաղաքական կեանքի առանցքը կազմող ընտրապայքարներն ու քարոզարշաւները մե՜ծ դժուարութեամբ անտեսելով, որոշեցի հերթական այցելութեամբ Արցախ մեկնիլ` «Թուֆէնքեան հիմնադրամ»-ի գործընկերներուս հետ Քաշաթաղի շրջան երթալու եւ գարնան հետ սկսող աշխատանքներուն հետեւելու համար: Ինչպէս արդէն գրած էի նախորդ նամակներուս մէջ, առաջին այցելութիւնը կատարեցինք Իշխանաձոր գիւղը, ապա` Միջնաւան, յետոյ ճամբայ ելանք դէպի Կովսական, որ ազատագրուելէ առաջ ծանօթ էր թրքական Զանգելան անունով:...

«Կեանք Ու Կռիւ»` Հայութեան Հայելին

«Կեանք Ու Կռիւ»` Հայութեան Հայելին

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ «Կեանք ու կռիւ». երկու բառեր, որոնք լաւագոյնս կը նկարագրեն ժողովուրդի մը պատմութիւնը: Երկու պարզ, կարճ ու յստակ բառեր, որոնք կը բովանդակեն հայութեան գոյութիւնը, պատմութիւնը, դառն ճակատագիրը, ուրախութիւնը, նուաճումները, սխրագործութիւնները, նուիրումը` հայրենի հողի պաշտպանութեան, ընկերասիրութիւնը, համամարդկային զգացումները, երգիծանքը, որոնց կողքին նաեւ նահատակութիւնը, ցաւը, կարօտն ու դժուարութիւնները: Արցախն ու արցախցին սրտիս ամէնէն աւելի կը խօսին: Արցախի ազատագրական պայքարին հետ հասակ...

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Սրահը

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Սրահը

Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով կ՛արժէ մատնանշել լիբանանահայ թատերական կեանքին մէջ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահ երեւոյթը: Եթէ արագ ակնարկ մը նետենք վերջին տասնամեակներուն միայն բեմ բարձրացած դերասաններու փաղանգին, բեմադրիչներուն, թեքնիք պատասխանատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք թատրոնի համար գիշերներ լուսցուցին, կը տեսնէք հարիւրաւոր անուններ: Այսօր «Յակոբ Տէր Մելքոնեան»-ի բեմը եղած է հանրակրթարան: Թատրոնի հարիւրաւոր «խենթ»-երուն մեծամասնութիւնը արդէն գաղթած է, եւ իրենց կեանքի...

Լիբանանահայ Թատրոնի  Առաջին Երախտաւորները

Լիբանանահայ Թատրոնի Առաջին Երախտաւորները

ՅԱՐՈՒԹ ԳՆԴՈՒՆԻ Համաշխարհային թատրոնի օրը ծնունդ առաւ 1961-ին` «Միջազգային թատերական հիմնարկ»-ին (International Theatre Institute) կողմէ: Այդ օրը կը նշուի 27 մարտին` աշխարհի բոլոր թատերական գործիչներուն,  թատերախումբերուն եւ միութիւններուն կողմէ,  ու կը կազմակերպուին զանազան թատերական ձեռնարկներ` նշելու համար սոյն առիթը: Այս առիթով, իբրեւ լիբանանահայ թատրոնի համեստ գործիչ, պիտի ուզէի անդրադառնալ ընդհանրապէս լիբանանահայ գաղութի թատերական շարժման առաջին քայլերուն եւ անպայմանօրէն յիշել մեր...

Տես-Արան

Տես-Արան

Շ. ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Թատրոն: Շարժում. թեւի, գլխու, մարմնի.տեղդ անշարժ կեցած կամ քեզ շրջապատող օդի միջոցը հատելով, գետնի տարածքը կտրատելով: Անձայն, անխօս, խօսուն, ձայնաւոր: Բայց օդն ու տարածութիւնը ամէնուր են ու անոնց խորքին, ընդհանուր` շարժումը. թռչունը ելեկտրական մէկ թելէն միւսին կը ցատկէ, օդին մէջէն քար մը կ’անցնի ու ապակին կը փշրէ, քայլերդ, որ ամբողջ օրը ճամբայ կը խծբծեն: Թատրո՞ն: Դիտող աչքը անհրաժե՞շտ...

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Փոթորիկ` Ջուր Ծեծելով Դատարկ Բաժակում

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Անշուշտ այդպէս կարելի է բնութագրել Ազրպէյճանի նախագահի հերթական յոխորտանքը մարտի 18-ին` Պաքւում, Նովրուզ պայրամ մահմետական տօնի արարողութեանը: Որպէս պետութեան ղեկավար, փոխանակ տօնական տրամադրութիւն հաղորդի Կոյսի աշտարակի մօտ հաւաքուած հաւատակիցներին, Իլհամ Ալիեւը փաստօրէն սառը ջուր է մաղել նրանց գլխին` խոստանալով, այո՛, հէնց այդպէս, խոստանալով նոր պատերազմ հայ թշնամիների դէմ: «Դուք գիտէք,- ասել է նա,- որ Ազրպէյճանի դրօշն այսօր բարձրացուած...

Page 632 of 806 1 … 631 632 633 … 806

Արխիւներ