Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին Առթիւ. Անդրադառնալով «Լա՛ւ Որ «Ազդակ»-ը Կայ» Յօդուածին

March 28, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԱՄ ՍՈՄՈՒՆՃԵԱՆ

Մեծ ուրախութեամբ սկսայ կարդալ «Ազդակ»-ի 90-ամեակին նուիրուած բացառիկը: Բովանդակութիւնը ստուգած ատեն ուշադրութիւնս գրաւեց Վիգէն Աւագեանի ստորագրութիւնը կրող քիչ մը իւրայատուկ խորագիրով «Լա՛ւ որ «Ազդակ»-ը կայ» գրութիւնը: Անմիջապէս կարդացի յօդուածը ամբողջութեամբ: Աւագեան կը ներկայացնէ «Ազդակ»-ի մէջ պաշտօնավարած ժամանակաշրջանին իրեն հետ պատահած զանազան դէպքեր, որոնք բոլորն ալ կը յուշեն, թէ` «Լա՛ւ որ «Ազդակ»-ը կայ»: Ընթերցանութիւնս աւարտելէ ետք մտածեցի, որ հետս ալ պատահած է դէպք մը, որուն պատճառով մտածած եմ, որ` «Լա՛ւ որ «Ազդակ»-ը կայ»:

2008-ին ամրան, աւարտելէ ետք Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը, կը պատրաստուէի ուսումս շարունակել Սեն Ժոզեֆ համալսարանին մէջ: Յուլիս ամսուան ընթացքին, երբ կը գտնուէի Ճեմարան` վկայականս եւ վերջին վիճակացոյցս ստանալու համար, հանդիպեցայ քաղաքացիական կրթութեան ուսուցիչիս` Ճորճ Գրիգորեանին: Ան ինծի հարցուց, թէ ինչո՞վ կը զբաղիմ ամառը, պատասխանեցի, թէ յատուկ բան մը չեմ ըներ: Առաջարկեց, որ գամ «Ազդակ» եւ փորձառական շրջանի մը համար կատարեմ ֆրանսերէնէ եւ անգլերէնէ հայերէն յօդուածներու թարգմանութիւններ: Առաջարկը անսպասելի էր: Մինչեւ այդ օրը ինծի համար «Ազդակ»-ը կը գտնուէր բարձունքի մը վրայ եւ ոչ մէկ օր կ՛երեւակայէի, որ կրնայի մաս կազմել անոր ընտանիքին: Ուրախութեամբ ընդունեցի առաջարկը եւ  յաջորդ շաբթուընէ սկսեալ գրեթէ ամէնօրեայ դրութեամբ սկսայ երթալ խմբագրատուն:

Այդ ժամանակ Ճորճ Գրիգորեան կը խմբագրէր «Հայ դատ» եւ «Թուրքիա-Ազրպէյճան» էջերը: Ինծի կը յանձնէր ընդհանրապէս ֆրանսերէն լեզուով յօդուածներ, զորս կը թարգմանէի հայերէնի: Քանի մը փորձ կատարելէ ետք, զիս կանչեց «Ազդակ»-ի խմբագրական գրասենեակներու յետնամասին բացօթեայ տանիքը (այժմու «Փիւնիկ» սրահը) եւ ըսաւ, որ խորհրդակցելէ ետք խմբագիրին եւ տնօրէնին հետ, յարմար տեսած են, որ շարունակեմ թարգմանութիւնները, որոնք շուտով լոյս պիտի տեսնէին «Ազդակ»-ի մէջ:  Այսպէս անցուցի 2008-ի ամբողջ ամառը «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ, ուր կը տիրէր ընտանեկան եւ ընկերային մթնոլորտ մը:

Հասաւ սեպտեմբեր 2008: Սկսայ յաճախել համալսարան: Երկարատեւ դասապահերու պատճառով «Ազդակ» կ՛այցելէի միայն ուրբաթ օրերը եւ յօդուածներու թարգմանական աշխատանքը կը կատարէի տունը: Առաջին անգամ ըլլալով էր, որ կը գտնուէի ամբողջովին օտար շրջանակի մէջ: Բառին բուն իմաստով համալսարանը ոչ մէկ հայ կար: Շաբաթը հինգ օր ոչ հայկական շրջապատի մէջ մնալով` անհամբեր կը սպասէի ուրբաթ օրերը ժամը 4:30-ին արձակուելու եւ ուղղակի երթալու «Ազդակ»-ի խմբագրատուն` հայկական շունչ եւ մթնոլորտ ապրելու համար: Կը գտնուէի օտարանալու սպառնալիքին դէմ յանդիման, բայց ինչպէս կ՛ըսէ յօդուածագիրը` «Լա՛ւ որ «Ազդակ»-ը կար»: Այսպէս կրցայ շրջանցել կեանքի այդ դժուար հանգրուանը: Եւ անկէ ետք, դասերու ծանրաբեռնուածութեան պատճառով չկրցայ շարունակել թարգմանական աշխատանքը:

Շնորհակալութիւն «Ազդակ»-ին եւ անոր մեծ ընտանիքին:

Իսկապէս` «Լա՛ւ որ «Ազդակ»-ը կար» …

 

 

Նախորդը

Քեսապ Եւ Քեսապցիք. Երրորդ Տեղահանութեան Երրորդ Տարեդարձ

Յաջորդը

Տեսողական Աշխարհաճանաչողութեան Գեղագիտական Նշանակութիւնը

RelatedPosts

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Գիրքերու Մտերմութեան Մէջ. «Խանձուած Օրերը» (Հեղինակ` Պերճուհի Բարսեղեան)

November 3, 2026
Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Խաղաղութիւն` Պետականութեան Հաշուո՞յն

November 3, 2026
Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է
Անդրադարձ

Ծերութեան Կնճիռներէն Անդին. «Վերապրել Շէյքսփիրին»-ը Հայկական Շարժապատկերի Նորագոյն Գոհարներէն Է

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.