Անդրադարձ

Անմոռանալի Ուսուցչուհին Եւ Օրինակելի Դաստիարակը Վարդուհի Ս. Անթօեան

Անմոռանալի Ուսուցչուհին Եւ Օրինակելի Դաստիարակը Վարդուհի Ս. Անթօեան

Մեր շատ սիրելի դասընկերուհիին` գաղութիս երախտաշատ ուսուցչուհի Վարդուհին, առջինեկ զաւակը Սուրէն եւ Լուսին Անթօեաններուն, որ իր յաւիտենական անդորրը գտաւ 17 փետրուար 2017-ին` զոհ երթալով ինքնաշարժի արկածի մը, խոր վիշտի մէջ ձգելով իր շատ սիրելի քոյրը` Մարալը, ազգականները, դասընկերները, պաշտօնակիցները, բարեկամները եւ աշխարհացրիւ անհամար աշակերտները: Վարդուհին ծնած էր ազգանուէր ու հաւատացեալ ընտանիքի մը մէջ, 1942-ին, Պէյրութ: Ան հասակ առած էր Էշրեֆիէի...

Ժպտերես Եւ Մարդասէր Ուսուցչուհին (Վարդուհի Անթօեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Ժպտերես Եւ Մարդասէր Ուսուցչուհին (Վարդուհի Անթօեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

«Ամէնքս էապէս հիւր ենք այս կեանքում Մեր ծննդեան փուչ օրից, Հերթով գալիս անց ենք կենում Էս անցաւոր աշխարհից: Անց ենք կենում... միայն անմահ Գործն է խօսում լաւ ու վատ»: Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ Աստուածային օրէնքը եւ կեանքի իրականութիւնը մարդոց սահմանած է ծնունդ եւ մահ: Սակայն մահուան ճշմարտութիւնը մարդ էակին կողմէ երբեմն դժուար է ընդունիլը: Ըստ յոյն մեծ փիլիսոփայ Պղատոնի տեսութեան, մահը երկու...

Ակնարկ.   Ինքնահակասութիւն Եւ Հետեւողականութիւն

Ակնարկ. Ինքնահակասութիւն Եւ Հետեւողականութիւն

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահին հարցազրոյցը չյաջողեցաւ գաղափարաքաղաքական բանավէճի շրջանակներուն մէջ տեղաւորուիլ: Հարցումներու հունաւորումը զրուցավարին կողմէ ճիշդ էր. ի վերջոյ առաջին նախագահը իր ամբողջ նախընտրական քարոզարշաւը ուզած էր կանուխէն կեդրոնացնել Արցախի տագնապի լուծման իր պատկերացումներուն վրայ` յառաջ մղելով այն միտքը, որ հայաստանեան հիմնահարցերու լուծման բանալին արցախեան հակամարտութեան լուծման մէջ է: Անկախ ժամանակի որոշ տարածականութեան վրայ ընդգծուող ինքնահակասութիւններէն, խնդիրը այս պարագային ընդդիմախօսներու...

Ո՞վ Է Ուսուցիչը

Թատրոնի Միջազգային Օր. Քիչ Մը Պատմութիւն, Քիչ Մը Յանձնառութիւն, Քիչ Մը Լեզու

Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Այս օրերուն օրակարգի հարց է թատրոնը: 27 մարտը հռչակուած է թատրոնի միջազգային օր: Ի՞նչ է թատրոնը, ի՞նչ է անոր դերը, ի՞նչ է անոր կոչումը: Թատերագէտներ ու թատերագիրներ, գրողներ ու գրաքննադատներ սովորաբար տարբեր սահմանումներ կու տան թատրոնի կամ տարբեր մօտեցումներ կրնան ունենալ թատրոնի մասին: Հո՛ն` Հայաստանի մէջ` տարբեր, հո՛ս` սփիւռքի մէջ` տարբեր: Իւրաքանչիւրը կ՛ապրի ու կը զարգանայ իր պայմաններով:...

Ժամանակները, Հանդիսատեսը Եւ Մենք

«Երէկուան Թոյլ Մի Տաք Խանգարելու Ձեր Այսօրը» Ռիչըրտ Նելսըն ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ Թատրոնը իր ժամանակի հոգեւոր դրսեւորումն է, խորհրդականը, հասարակութեան յառաջադիմական կշռաչափը: Թատրոնը քմահաճ ասպարէզ է, կենցաղ, ժամանակի մէջ սեղմուած ծաւալուն արուեստի կեանք, ծուռ հայելի... Օրուան պահանջները շարունակ կը հետապնդեն թատրոնը, հետեւաբար` հասարակական միջավայրն է, որ կը ստեղծէ թատրոնին դէմքը: Թատրոնը իբրեւ արժէք` գեղանկարի, ճարտարապետական կառոյցի, քանդակի կամ երաժշտութեան պէս չի...

Մայրենիին Նահատակութիւնը` 100-Ամեակէն Ետք Ալ

Հայաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Պէտք Է Տանին Կառավարման Դրութեան Փոփոխութենէն Անդին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի մէջ ընտրապայքարը թեւակոխած է վերջին փուլը եւ իր վրայ կեդրոնացուցած է հաւասարապէս հայրենաբնակ եւ աշխարհասփիւռ հայութեան ուշադրութիւնը: Աւելորդ է կրկնել, որ 2 ապրիլ 2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւնները կը խոստանան կարեւոր շրջադարձ մը բերել երկրի կառավարման դրութեան մէջ եւ, սկզբունքով, պատմական նշանակութիւն պիտի ունենան աւելի քան 26 տարի առաջ իր անկախութիւնը վերահաստատած մեր հայրենիքի քաղաքական կեանքին մէջ, որովհետեւ ժողովրդավարութեան...

Փետրուարեան Ընդվզում

Կոպիտ Միջամտութիւն

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Թուրքիոյ իշխանութիւններու հակաժողովրդավարական վարքագիծը շեշտով մը եւս հարստացաւ` Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի ընտրութիւններուն իրենց կոպիտ միջամտութեամբ: Էրտողանի` միջազգային հանրային կարծիքը արհամարհող գործողութիւնները կը յաջորդեն իրարու, գրեթէ անտեսուելով աշխարհի պետութիւններէն, որոնց կրաւորականութիւնն ու զգուշաւորութիւնը օրէ օր աւելի յանդուգն ու լկտի կը դարձնեն օսմանեան ամէնէն վատ աւանդութիւնները վերակենդանացնել ջանացող նորօրեայ «սուլթան»-ը: Էրտողանի ցեղապաշտական ու բռնատիրական գործողութիւններուն ըստ արժանւոյն չհակազդելով` միջազգային ընտանիքը...

Անդրադարձ.  Ուշագրաւ Կարմիր Գիծեր

Անդրադարձ. Ուշագրաւ Կարմիր Գիծեր

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ռուսական ուժեր վերջերս ուղղուեցան Աֆրինի մօտ Քաֆար Ժաննաթ գիւղ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բանբեր Ռիտոր Խալիլ յայտնած է. « Ռուսիան Սուրիոյ հիւսիս-արեւմուտքը ռազմակայան կը ստեղծէ` շրջանին տիրող ջոկատներուն հետ համաձայնաբար»: Անոր այդ յայտարարութենէն քանի մը ժամ ետք` երկուշաբթի երեկոյեան Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով հաստատեց լուրը` նշելով. «Հաշտութեան կեդրոնին (Լաթաքիոյ մէջ ռուսական...

Պեռնարտա Ալպայի Տաշուած Տունը – Գ. –  Կատարողական

Երեւութաբանական

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Պէյրութի մէջ ունինք շուրջ ութ թատերախումբ եւ տասը բեմադրիչ: Նոյն համեմատութեամբ, հարկ էր, որ Լիբանանի մէջ գտնուէին վեց հարիւր թատերախումբ եւ ութ հարիւր բեմադրիչ: Ուրեմն գոյ է տարաբնական (paranormal) երեւոյթ: Ակադեմական կրթութիւն ստացած եւ ֆիզիքապէս մարզուած դերասաններու թիւն է շուրջ ... զերօ: Ուրեմն գոյ է կրկնակի՛ տարաբանական երեւոյթ ... անիրական կրկներեւոյթ մը (mirage), որմէ կը ծագին յոյժ իրական...

«Երազ» Թատերախումբի «Սպիտակ Ագռաւը» Թատերախաղը

«Երազ» Թատերախումբի «Սպիտակ Ագռաւը» Թատերախաղը

ԱՆԻ ԳԱԼԷՆՏԷՐԵԱՆ Ուրբաթ 10 եւ շաբաթ 11 մարտ 2017-ին Պէյրութի Հայ աւետ. Թորոսեան վարժարանի «Երազ» թատերախումբը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Սպիտակ ագռաւը» երաժշտական կատակերգութեամբ ներկայացաւ հանրութեան: Ներկայացման հեղինակ, գեղարուեստական ղեկավար եւ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեան հետեւելով Յովհաննէս Թումանեանի «Անխելք մարդը» հեքիաթի դիպաշարին` ստեղծած էր մերօրեայ սուր կատակերգութիւն մը, լեցուն բազում պատգամներով: Կշիռքի մէկ նժարին խելքն է, միւսին` բախտը, սակայն կշիռքի...

Ինչը Գիտեն Աշխարհում, Չգիտեն Պաքւում

Ամէն Ինչ Գլխիվայր – Պաքուն Խեղաթիւրում Է Կարգաւորման Էութիւնը

ԼԷՈՆԻԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ «Ազատ Արցախ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շաբաթուայ սկզբին կայացաւ Ազրպէյճանի արտաքին գործերի նախարար Էլմար Մամետեարովի այցը Մոսկուա, որի շրջանակներում, բացի ռուսաստանցի իր գործընկեր Սերգէյ Լաւրովի հետ հանդիպումից, կայացաւ նաեւ նրա ելոյթը Ռուսաստանի արտաքին գործերի նախարարութեան դիւանագիտական ակադեմիայում: Նախեւառաջ նա նշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը հանդիսանում է Ազրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական առաջնահերթութիւնը: Չենք վիճի, հնարաւոր է` դա այդպէս էլ կայ:...

Որդեկորոյս Մայրեր

Որդեկորոյս Մայրեր

ԾՈՎԻՆԱՐ ԼՈՔՄԱԿԷՕԶԵԱՆ 3 տարի առաջ, յունուարի 20-ին, ողջ Հայաստանը ցնցեց հերթական լուրը ղարաբաղա-ազրպէյճանական շփման գծի վերաբերեալ. դիրքերից մէկի վրայ կատարուել էր յարձակում, որի պատճառով զոհուել էր կրտսեր սերժանտ Արմէն Յովհաննիսեանը: Լրագրողները փորձեցին պարզել մանրամասները, բայց մանրամասներին տիրապետում էր միայն... Արմէնը եւ նրա դիմադրութեան, հակառակորդի խափանարարական խմբի հետ տուած կռուի եւ նահատակման մասին կարող էր պատմել միայն այդ դէպքից մնացած Արմէնի...

Ստացուած Գիրքեր.-  Լիբանանի Հայօճախը. Գիրք Ա., Համարկումին Խաչուղիները (1920-2005)  (Հեղինակ` Անդրանիկ Տագէսեան)

Ստացուած Գիրքեր.- Լիբանանի Հայօճախը. Գիրք Ա., Համարկումին Խաչուղիները (1920-2005) (Հեղինակ` Անդրանիկ Տագէսեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայկազեան համալսարանի մամուլէն 2015-ին լոյս տեսաւ Անդրանիկ Տագէսեանի «Լիբանանի հայօճախը. գիրք Ա., համարկումին խաչուղիները (1920-2005)» հատորը: Գիրքին մեկենասն է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը: Հեղինակը գիրքը ձօնած է Կարօ եւ Քնար Յարութիւնեաններու յիշատակին: Մուտքի բաժինին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ պատմութիւնը երբեք ալ չունի վերջնական տեսք եւ սփիւռքի որեւէ հայօճախի ամբողջական կենսապատումը մարտահրաւէր է հայագիտութեան: Ներածութեան մէջ Տագէսեան կ՛ըսէ, որ Լիբանան...

Ակնարկ.  Տուրքի Դիմաց Ծառայութիւն

Ակնարկ. Տուրքի Դիմաց Ծառայութիւն

Ընկերային հարցերու պատճառով հասարակութիւն_կառավարութիւն եւ յաճախ ալ ցուցարարներ-իրաւապահ մարմիններ լարուածութիւնը մագլցողականութիւն կ՛արձանագրէ, տեղի կու տայ բախումներու, ձերբակալութիւններու, յետոյ բանակցութիւններու, երբեմն` ուշացած լուծումներու: Այս երեւոյթը կը պատահի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ. գործընթացը մաս կը կազմէ ժողովրդավարական կարգերով ղեկավարուող պետութիւններու ընդհանուր կանոններուն: Լիբանանը եւս զերծ չէ այս երեւոյթներէն եւ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ պարզուածը այլ բան չէ, եթէ ոչ ընկերային հարցերուն իբրեւ...

Քրիստինէ Սահակեան Լիբանանի Մէջ

Քրիստինէ Սահակեան Լիբանանի Մէջ

Գաղութիս մէջ մշակութային  այլազան ձեռնարկներու կողքին, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ,  մեցցօ-սոփրանօ Քրիստինէ Սահակեանի մենահամերգը  նախ եւ առաջ կու գայ անգամ մը եւս փաստելու, որ Հայաստան-սփիւռք սահուն գործակցութիւնը   կը շարունակուի նաեւ մշակոյթով: Բոլորիս ծանօթ սփիւռքեան եւ մասնաւորաբար լիբանանեան ծանր պայմաններուն մէջ, երբ մշակոյթ պահելն ու տարածելը օրէ օր աւելի դժուար լուծ մը կը դառնան, արթուն պահակի դերով կը փորձենք, կարելիութեան սահմաններուն...

Մտորումներ.  Թատրոնի Ծնունդն Ու Ընթացքը

Մտորումներ. Թատրոնի Ծնունդն Ու Ընթացքը

ԱՐԱ ԱՐԾՐՈՒՆԻ Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով «Ազդակ» յաջորդաբար կը հարտարակէ Լիբանանի մէջ գործած թատերագիրներու, թատերագէտներու, բեմադրիչներու եւ լիբանանահայ թատերարուեստի զարգացման մէջ իրենց լուման ընծայած թատերասէրներու գրութիւնները` հայ թատրոնի անփոխարինելի դերը շեշտող: ԽՄԲ. 27 մարտ: Թատրոնի Միջազգային օր: Միջազգայի՞ն, թէ՞... *** Հիմնուելով պատմագրութեան վրայ` «Թատրոն»-ը ծնունդ առած պէտք է ըլլայ Քրիստոսէ երեք հազարամեակներ առաջ, կռապաշտական ծիսակատարութիւններու ընթացքին, որոնցմէ ներշնչուած աշուղները երգեր...

Օսմանեան Արխիւներէն. Հրաչին Նամակը Վարդգէսին

Օսմանեան Արխիւներէն. Հրաչին Նամակը Վարդգէսին

Յօդուածներ - Զրոյցներ Ծանօթ խմբ.- Ներկայացուած փաստաթուղթը վերցուած է Թուրքիոյ պետական արխիւներէն: Օսմաներէնով գրուած նամակ մըն է, զոր Գասթամունի վիլայէթի նահանգապետը վար դրած ու ղրկած էր Պոլիս, ներքին գործոց նախարար Թալէաթ պէյին, որպէսզի վերջինս որոշէ անոր ճակատագիրը, այլ խօսքով` անոր հասցէատիրոջ յանձնելու հարցը: Նամակագիրը դաշնակցական ծանօթ գործիչ Հայկ Թիրեաքեանն է, ծանօթ` Հրաչ ծածկանունով, որ մէկն էր 1915 թ. ապրիլ 11/24-ին...

ՀԳՄ Վարչութեան Կոչը.  «Գրականութիւնը Ազգի Ոգին Է»

ՀԳՄ Վարչութեան Կոչը. «Գրականութիւնը Ազգի Ոգին Է»

Հայ ժողովրդի ինքնութեան ու միասնութեան ապահովման գործում դարեր ի վեր անփոխարինելի է եղել մշակոյթի ու գրականութեան դերը: Բազմիցս դա տեսանելիօրէն ապացուցուած է ու հաստատուած: Բայց ակնյայտ  է  եւ դառը այն իրողութիւնը, որ հայ գրականութիւնը գրեթէ մշտապէս դժուարութիւններ է կրել, գրողը  չի կարողացել լիովին նուիրուել ստեղծագործական աշխատանքին ու լիարժէք դրսեւորել իր տաղանդը: Ասել է թէ` գրականութիւնը միշտ էլ օգնութեան ու օժանդակութեան...

Պօղոս Գուբելեանի Գրականութիւնը

Պօղոս Գուբելեանի Գրականութիւնը

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ   Ընթացիկ հայ գրականութեան գեղարուեստական արձակի ափրիկահայն է Պօղոս Գուբելեանը, թէեւ ծնուած 1936 թուականում, Ալեքսանտրեթի միջերկրականեան կապոյտ ափերին, բայց սփիւռքահայի իր ճակատագրով, նախ, դեռեւս մանուկ, տարագրւում է մայրիների երկիրը` Լիբանան, ապա կեանքի ու աշխատանքի պարտադրանքով իր երիտասարդութեան տարիները անց է կացնում բուն Ափրիկէի խորքերում, հիմնականում` Սիէրա Լէոնում, միջինարեւելցի ազգասէր ու հայրենասէր իր կրակոտ զգացումներին ու կրքերին աւելացնելով սեւ...

«Խոջալու» Աղբիւր Ապատեղեկատուութեան. Քոսովոյի Զոհերը Կը Ներկայացուին Որպէս Ազրպէյճանցիներ

«Խոջալու» Աղբիւր Ապատեղեկատուութեան. Քոսովոյի Զոհերը Կը Ներկայացուին Որպէս Ազրպէյճանցիներ

1992-ի Խոջալուի դէպքերուն առիթով  սուրիական արաբատառ «Ուաթան» քաղաքական օրաթերթը իր երկուշաբթի, 27 փետրուար 2017-ի թիւով հրապարակած է մեկնաբանական  յօդուած մը, ուր փոխանցուած տեղեկութիւններուն մէջ «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքը նշուած է իբրեւ աղբիւր:  Ստորեւ` յօդուածին թարգմանութիւնը: 1992-ի սկիզբը Ազրպէյճան օգտագործեց Խոջալուի շրջանը` ռմբակոծելու համար Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, աւերելով քաղաքի բնակարանները, վարժարանները, հիւանդանոցներն ու պետական շէնքերը: Ազրպէյճան «Խոջալու»-ի շրջանը վերածեց կոյր ռմբակոծման...

Page 633 of 806 1 … 632 633 634 … 806

Արխիւներ