Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Հայուհին

Մարտ 29, 2017
| Անդրադարձ
2
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Նոյն հաստատութեան մէջ կ’աշխատինք:

Անունէն հետեւցնելով` ռուս կը կարծէի զինքը, եւ երբ պատահմամբ իրարու հանդիպէինք, անգլերէնով կը բարեւէինք զիրար:

Առաւօտ մը, երբ վերելակին մէջ միայն երկուքս էինք, իր «Բարի լոյս»-ը շատ անուշ հնչեց ականջներուս:

Նախ` այն տպաւորութիւնը ունեցայ, որ ինծի հաճոյք պատճառելու համար սորված էր հայերէնով բարեւել, ապա զարմանքս շատ աւելի մեծ եղաւ, երբ մաքուր հայերէնով սկսաւ խօսիլ հետս:

Հայ էր, սակայն պայմաններու բերումով օտարացուցած էր անունը:

Առաջին մտածումս եղաւ այն, որ հաւանաբար ռուսի մը հետ ամուսնացած է, սակայն երբ յայտնեց իր եւ իր ամուսնոյն հայ ըլլալը, չուզեցի հետաքրքրուիլ օտար անուն-մականուն մը կրելուն պատճառով: Կարեւորը` հայ էր:

Նոյն օրը, կէսօրուան ճաշի դադարին, մեր գործատեղիի ճաշարանին մէկ անկիւնը երկուքս նստած, մեր ճաշերուն ձեռք չզարկինք:

Ճաշի դադարի ժամկէտը բաւական մը անցած ու ամէնքը վերադարձած էին իրենց գործերուն: Միայն երկուքս մնացած էինք: Ժամէն գաղափար չունէինք:

Ինք յուզումով կը պատմէր իր ապրած ոդիսականը, իսկ ես` կարծես թղթակից մը ըլլայի, նոթեր կ’առնէի, հետագային հայ ընթերցողներուս մասնակից դարձնելու Պաքուի տանջուած հայուհիին ապրած գողգոթան:

* * *

«Երկու քոյրերս ու ես ծնած ենք Պաքու, հայ ընտանիքի մէջ:

Ծնողներս` ղարաբաղցի են. Մարտունիէն:

Մեր բնակած շրջանը «Փոքրիկ Հայաստան» մըն էր, որ Լոս Անճելըսի Կլենտէյլ քաղաքը կը յիշեցնէ, ու կը կոչուէր «Արմէնիքենդ» (ազերի լեզուով` Էրմէնիքենդ»), կը նշանակէ «Հայկական գիւղ»:

Որեւէ բանի պակասը բնաւ չէինք զգացած: Տուներնիս ընդարձակ, նիւթապէս ապահով, երջանիկ կեանք մը կը վայելէինք:

Մեր տան մէջ, քոյրերս ու ես իրարու հետ ռուսերէն կը խօսէինք: Մեր ծնողները մեզի հետ հայերէն կը խօսէին, սակայն մենք ռուսերէնով կը պատասխանէինք: Անոնք հայախօս էին ու Ղարաբաղի բարբառը կը գործածէին:

Մեր ընկեր-ընկերուհիները, գրեթէ բոլորը հայեր էին, սակայն տրուած ըլլալով, որ Ազրպէյճան տակաւին Խորհրդային Միութեան մաս կը կազմէր, գրեթէ ամէն մարդ ռուսերէն կը խօսէր, եւ ազերի լեզուն սորվելու կարիքը բնաւ չենք զգացած:

Պաքուի մէջ հայկական դպրոց գոյութիւն ունէր, սակայն դժբախտաբար երկու քոյրերս ու ես չենք յաճախած, եւ այդ պատճառով հայերէն գրել-կարդալ սորվելու բախտը չենք ունեցած:

Ինչպէս Պաքուի հայերու մեծամասնութիւնը, կը յաճախէինք մեր շրջանի ռուսական դպրոցը եւ ազերիներու հետ որեւէ կապ չենք ունեցած:

Ամուսնացած եմ հայու հետ, հայկական եկեղեցիի մէջ եւ ունինք երկու զաւակ:

Մտքիս ծայրէն պիտի չանցընէի, որ օր մը կորսնցնելով ամէն ունեցուածք պիտի հեռանայինք Պաքուէն ու դառնայինք գաղթական»:

* * *

«Առտու մը արթնցանք, երբ ուժգնօրէն կը բախէին մեր տան դուռը` պոռալով, որ 24 ժամէն պէտք էր ձգենք տունը, ապա թէ ոչ բոլորս պիտի սպաննեն:

Անշուշտ շատ վախցած էինք եւ միամտօրէն կը կարծէինք, թէ ոստիկանութիւնը կրնայ օգնել մեզի, սակայն աւելի ուշ հասկցանք, որ անոնք շատ աւելի վատթարացուցին կացութիւնը:

1988-ին Սումկայիթի ջարդերը նախերգանքն էին ընդհանուր կոտորածներուն ու տեղահանութեան, որոնք տարածուեցան եւ վերջապէս հասան Կիրովապատ (Գանձակ, Ա.) ու Պաքու:

Խորհրդային Միութեան փլուզումի տարիներն էին եւ 1991-ին Ազրպէյճան` անկախութիւն հռչակած էր:

Մեր բնակարանը կը գտնուէր ամենաուժգին ցոյցերու կեդրոնը:

Տան լոյսերը մարած, դուռ-պատուհան փակ` մթութեան մէջ կը սպասէինք ներխուժումի մը, որ կրնար որեւէ ժամանակ պատահիլ:

Ամուսինս ու հայրս մութին մէջ կը սպասէին եւ մեզ պաշտպանելու համար իրենց ձեռքերուն ունէին մէկական դանակ:

Մենք պահուըտած էինք մեր տան գետնայարկը` առանց ուտեստեղէնի:

Ամիսներով պաշարուած էինք խորհրդային հրասայլերով, որոնք երբեք ապահովութիւն չբերին մեզի: Եղան պարզ ականատեսներ:

Տեսանք ազերիներու վայրագ յարձակումները անմեղ քաղաքացիներու վրայ, որոնց միակ յանցանքը հայ ըլլալն էր:

Ականատես եղանք հայերու, որոնք գիշերանոցով, երբեմն ոտաբոպիկ, փախուստ կու տային իրենց բնակարաններէն, կեանքերնին փրկելու համար կը վազէին դէպի անորոշ ուղղութիւններ:

Բանակը, անմեղ քաղաքացիներուն օգնելու փոխարէն, կը խրախուսէր խռովարարները եւ ատելութիւն կը քարոզէր:

Անկարելի էր նկարագրել, խորհրդային բանակին անտարբեր կեցուածքը:

Պարզ հանդիսատեսներ էին, եւ կարծես հաճոյք կ’առնէին տեսնելով անմեղ հայերու կոտորածը, փախուստը, անոնց ինչքերուն կողոպուտը:

Պաքու բնակող հազարաւոր հայեր բռնած էին գաղթի ճամբան ամէն ինչ ձգելով իրնց ետին: Տուն, գործատեղի, ազգային կալուածներ»:

* * *

«Մութը կոխած էր եւ փողոցները` ամայացած: Երկնքի վրայ ո՛չ աստղեր կ’երեւէին ո՛չ ալ լուսին:

Ինքնաշարժ մը նստելով` աճապարանքով հասանք օդակայան, որ մեր տունէն շատ հեռու չէր գտնուեր:

Հետերնիս առինք միայն քանի մը կտոր հագուստեղէն եւ մեր տան մէջ գտնուող քանի մը հարիւր ռուբլին ամբողջութեամբ գործածեցինք որպէս ճամբու ծախս:

Տարիներու մեր արդար վաստակը ամբողջութեամբ ձգելով Պաքու` մեծ դժուարութիւններով հասանք Երեւան ուր մեզ դիմաւորեցին ամուսնոյս ազգականները:

Երեւանի մէջ 17 հոգիով կը բնակէինք երկու սենեակնոց փոքր տնակի մը մէջ:

Տասնեակ հազարաւոր գաղթականներով լեցուած էր Երեւան քաղաքը:

Մեզ նման շատեր ապաստան գտած էին իրենց հարազատներուն մօտ, իսկ հարազատ չունեցողները կը բնակէին դատարկ գործարաններու, նախկին բանտերու կամ անգործածելի դարձած թատերասրահներու մէջ, ցուրտին, առանց ջեռուցումի կամ վառելանիւթի:

Երկրաշարժի տարին էր, եւ Հայաստան` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ պաշարուած, այդ պատճառով ելեկտրականութեան ու վառելանիւթի պակասը զգալի էր»:

«5 տարի Երեւան մնացինք: Կացութիւնը փոխանակ բարելաւուելու, օրէ օր աւելի կը վատթարանար: Երեւանի բնակիչներէն շատեր բռնած էին գաղթի ճամբան:

Մէկ մասը կ՛երթար Ռուսիա` գործ ճարելու յոյսով, իսկ արեւմտեան երկիրներու մէջ հարազատներ ունեցողները կը միանային իրենց ազգականներուն:

Որքա՞ն երկար կրնայինք մեր հիւրընկալներուն վրայ բեռ դառնալ, մանաւանդ որ նիւթական եկամուտ չունէինք, որ գէթ նիւթապէս օգտակար հանդիսանայինք մեր հարազատներուն, որոնք նոյնպէս նիւթական նեղ կացութեան մէջ էին:

Ամուսնոյս Ռուսիա գտնուող բարեկամները մեզ քաջալերեցին, որ փոխադրուինք Ռուսիա, ուր աշխատելու կարելիութիւնները աւելի շատ էին:

Փոխադրուեցանք Ռուսիա, ուր ամուսինս չնչին աշխատավարձով մը կրցաւ գործ մը ճարել: Վարձեցինք մէկ սենեակնոց փոքրիկ տնակ մը:

Քանի մը տարի մնացինք, մինչեւ, որ Լոս Անճելըս գտնուող իմ ազգականներուս նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ հասանք հայերով լեցուն այս քաղաքը, ուր գործ գտնելու կարելիութիւնները շատ աւելի էին, քան` Ռուսիա կամ Երեւան:

Անկէ ետք կեանքը աւելի հեզասահ ընթացաւ: Զաւակներս ստացան ձրի ուսում: Ամուսինս ու ես, երկուքս աշխատելով, մեծցուցինք մեր զաւակները»:

* * *

«Մինչեւ Ղարաբաղի պահանջատիրութեան թուականները Պաքուի մէջ խաղաղ կեանք մը կ’ապրէինք:

Բոլորէն սիրուած ու յարգուած էինք: Ունէինք հայկական եկեղեցի ու դպրոց, նաեւ` հայկական գերեզմանատուն:

Յաճախ Հայաստանէն հայ երգիչներ կ’այցելէին Պաքու եւ իրենց հայկական երգերով կը խանդավառէին մեզ:

Հայկական տօներէ շատ գաղափար չունէինք: Որեւէ կրօնական պաշտամունք արտօնուած չէր խորհրդային օրերուն, եւ հայկական տօները ամբողջութեամբ մոռցուած էին:

Կիրակի, կամ տօնական օրերու եկեղեցի երթալու սովորութիւն չունէինք: Կ’երթայինք միայն, հարսանիքի կամ յուղարկաւորութեան պարագաներուն»:

«Պաքուի ամենանշանաւոր բժիշկներն ու երկրաչափները հայեր էին, սակայն դժբախտաբար հայոց լեզուն շատ չէր գործածուեր մեծամասնութեան կողմէ:

Հայաստանի ու Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները սիրալիր էին: Նոյնիսկ ժողովրդական երգ մըն ալ յօրինուած էր, որ յաճախ կ՛երգուէր:

«Եղբայր դարձան Հայաստան-Ազրպէյճան»… երբ յանկարծ վրայ հասաւ Ղարաբաղին  վերատիրանալու մեր արդար պահանջը, ոխերիմ թշնամիներ դարձան Հայաստան եւ Ազրպէյճան:

Բարի, աշխատասէր, սիրուած հայը, մէկ օրէն միւսը Ազերիին աչքին դարձաւ «ոճրագործ», մարդասպան»: Պաքուի փողոցները անմեղ հայերու արիւնով ողողուեցաւ: Կին ու երեխայ կացինահարուեցան: Հայերու ինչքերը կողոպտուեցան, 300.000 հայեր  հաշուող Պաքու քաղաքը դատարկուեցաւ: Հայերու տուներ, ազգային կալուածներ, եկեղեցի ու դպրոց հրկիզուեցան: Նոյնիսկ մեր մեռելները հանգիստ չձգեցին: Հայկական գերեզմանատունը հիմնովին քանդեցին ու շիրմաքարերը հիմնայատակ կոտրտեցին:

«Եղբայր դարձան Հայաստան-Ազրպէյճան»:

Ի՜նչ հեգնանք»:

Պահ մը կանգ առաւ: Գէշ երազէ մը արթնցողի նման յանկարծ անդրադարձաւ, թէ ո՛ւր կը գտնուինք:

Ըսելիք չունէի: Այնքա՜ն յուզումով կը յիշէր իր տանջուած օրերը: Երկրորդ ապրիլ 24 մըն էր, որ կը կատարուէր, եւ Պաքուն կը նմանցնէի 1915-ի ջարդերուն ու տեղահանութեան:

Թուրքը` թուրք է, ուր որ ալ գտնուի: Թուրքիա թէ Ազրպէյճան:

* * *

Հասկնալով հանդերձ իր ապրած դաժան օրերը, կը ջանամ մխիթարել զինք:

Պաքուի հայկական գաղութը, շատ մը ուրիշ հայկական գաղութներու նման, պատմութեան անցաւ, սակայն ազատագրուեցաւ իր ծնողներուն ծննդավայրը` Ղարաբաղը:

Պաքուի, ինչպէս սփիւռքի հայկական բոլոր գաղութները, շատ մը հայերու համար եղած են ծննդավայրեր, սակայն` ոչ հայրենիք:

 

Միջին Արեւելքէն նմանապէս մեծ թիւով հայեր գաղթեցին` ամէն ինչ ձգելով իրենց ետին, որոնցմէ մէկը այս տողերը գրողն է, սակայն մենք լքեցինք մեր ծննդավայրը` պարզապէս «մորթերնիս ազատելու» համար:

Պաքուէն եւ Սումկայիթէն գաղթողներու պարագան կը տարբերի մեզմէ: Անոնք եւս գաղթեցին, սակայն որպէս հետեւանք ազատագրուեցաւ Ղարաբաղը:

Հազարաւոր հայերու, բռունցքները դէպի երկինք բարձրացուցած լոզունգները

«Ղարաբաղը մերն է», «Ղարաբաղը մերն է»` իրականացան:

Այսօր հպարտօրէն կրնաք ըսել: Այո՛, Ղարաբաղը մե՛րն է:

«Ինչքան էլ դժուար լինի դիմացէ՛ք,
Հողը արիւնով են պահում, իմացէ՛ք» (Ժող. Երգ):

Արցախի ազատագրումը արիւնով կերտուեցաւ: Ազատամարտիկներու, նաեւ` Սումկայիթի եւ Պաքուի մէջ կոտորուած հայերու արիւնով:

* * *

Այդ օրէն սկսեալ յաճախ կը խօսինք հայութիւնը հետաքրքրող նիւթերու շուրջ:

«Հայութիւնը արթնցաւ մէջս», կը կրկնէ յաճախ:

Իրեն կը յիշեցնեմ հայկական տօները:

«Այսօր Վարդանանց» է:

«Մեծ պահքին 7 շաբաթ մսեղէն չեն ուտեր», եւ ամենակարեւորը`

«Շուտով Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարեդարձն է»:

Կարիքը չկար յիշեցնելու: Տեղեակ էր, սակայն պարտք զգացի յիշեցնել:

– «Ապրիլ 24-ին, արձակուրդ առնելու չմոռնաս…»:

Ժպիտ մը նշմարեցի դէմքին, ապա` գլխու թեթեւ շարժում մը, որպէս հաւանութեան նշան:

Հողը, արիւնով կը պահուի:

 

Լոս Անճելըս 2017

Նախորդը

Ակնարկ. «Քարոզարշաւի Տարօրինակ Խոստում Մը»

Յաջորդը

Երիտասարդ Դերասաններու Կարծիքները` Լիբանանահայ Թատերական Կեանքին Մասին

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Comments 2

  1. Vaco says:
    8 years ago

    Amazing article, I thought I was reading a novel…

    Reply
  2. Ղազարոս Գալընեան says:
    8 years ago

    Այո Պօղոս, ցաւալի պատմութիւն է Հայու ճակատագիր, թուրգը, ազերին հայութեան թշնամին են, իսկ մեր Հայաստանի ներկայ այրերը ազերիներեն պակաս չ՛են մեկական վաշխարուներ Հայրենի ժողովուրդը կեղեգող, Ողփամ քեզ Հայրենիք։

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?