Անդրադարձ

Էտուարտ Սահակեան`  «Habanos Man Of The Year»

Էտուարտ Սահակեան` «Habanos Man Of The Year»

ՍԵԼԼԱ ԹՆՃՈՒԿԵԱՆ Հաւանա քաղաքի «Habanos man of the year» հանրածանօթ մրցանակին կը տիրանայ այն անձը,  որ ամէնէն շատ ներդրում ունեցած է քուպական սիկառներու շուկայի շահաբեր արդիւնաբերութեան ու տարածման  մէջ: 2017 տարուան  Քուպայի  Հաւանա քաղաքի  մրցումին լոնտոնաբնակ Էտուարտ Սահակեան  կ՛արժանանայ այդ  մրցանակին: Էտուարտ Սահակեան հանրածանօթ է սիկառի աշխարհին. ան շատ կանուխէն, երիտասարդ տարիքին կը ցուցաբերէ լուրջ հետաքրքրութիւն սիկառի նկատմամբ: 1979-ին Իրանի...

Լիբանանեան Բանակի Ծանօթացման Համար Հանդիպում Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

Լիբանանեան Բանակի Ծանօթացման Համար Հանդիպում Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճին Մէջ

Ուրբաթ, 24 մարտ 2017-ին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի երկրորդականի աշակերտութիւնը առիթ ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու լիբանանեան բանակի ենթաբաժանումներուն եւ Սպայից վարժարանին: Արդարեւ, տնօրէնութեան եւ «Լիբանանի  երիտասարդութիւնը դէպի հայրենասիրութիւն» կազմակերպութեան համագործակցութեամբ եւ Սպայից վարժարանէն Ա. տեղակալ Միշէլ Սերժիի, լիբանանեան բանակի ներկայացուցիչ գնդապետներ` Սաատի Ֆեթիքի եւ Էլի Տերեզիիու դերգնդապետ Փիեռ Ֆարահի ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը` քոլեճի սրահին մէջ: Բանակի շեփորախումբի կողմէ Լիբանանի...

Տարի Մը Ետք

Տարի Մը Ետք

Արդէն տարի մը անցաւ այն թուականէն, երբ ազրպէյճանական կողմը Արցախի դէմ սանձազերծեց ռազմական արագ պատերազմի մը` փորձելով անակնկալի բերել հայկական կողմը: Սակայն անոր հաշիւները անճիշդ դուրս եկան, որովհետեւ մեր մարտունակ բանակը ցոյց տուաւ, թէ ան պատնէշի վրայ է, պատրա՛ստ` հակադարձելու որեւէ գործողութեան եւ տէր` հայկական իւրաքանչիւր թիզ հողի: Ներհայկական իմաստով եւս քառօրեայ պատերազմը փոխանցեց պատգամներ, տարբեր ուղղութիւններով երեւոյթներ լուսարձակի տակ...

Ապրիլը Նաե՛ւ Ամիս Է Յիշեցնելու, Որ Ունինք Հզօր Բանակ

Ապրիլը Նաե՛ւ Ամիս Է Յիշեցնելու, Որ Ունինք Հզօր Բանակ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ Տարուան մը հեռաւորութենէն ապրիլեան պատերազմի փոխանցած ուղերձները, պատահածին հետեւանքները եւ քաղելիք դասերը վերլուծելը կ՛ենթադրէ տարբեր ուղղութիւններու վրայ լուսարձակի տակ առնել թէ՛ ապրիլեան նախօրեան, թէ՛ պատերազմի քառօրեան եւ թէ՛ մանաւանդ անոր հետեւող ժամանակահատուածը` մէկ տարուան կտրուածքով: Ռազմական առումով Պաքուի հաշուարկները յանգած էին այն եզրակացութեան, որ մարտունակութեամբ թերի ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն համար կայծակնային պատերազմի ձեռնարկելը կ՛արդարացուի միայն հեռակառավարուող պատերազմով, ուր...

Խօսք Խոնարհումի

Խօսք Խոնարհումի

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Նախ` ուզում եմ խորին շնորհակալութիւնս յայտնելու լիբանանահայ համայնքին, ձեզ բոլորիդ, ապրիլեան պատերազմի նահատակների յիշատակին նուիրուած հոգեհանգիստն ու ժողովրդական հանդիսութիւնը կազմակերպելու համար եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին` սգոյ ու յարգանքի տուրքի այս միջոցառումներին ինձ` որպէս որդեկորոյս հօր, հրաւիրելու համար: Ապա թոյլ տուէք հաղորդել Արցախի ժողովրդի ջերմ, սրտաբուխ ողջոյնը ձեզ` լիբանանահայ համայնքի մեր քոյրերին ու եղբայրներին, մեր երախտագիտութիւնը այն անգնահատելի եւ...

Պէտք Է Ապաւինինք Մե՛ր Ուժերուն, Մե՛ր Զէնքին Եւ Մե՛ր Բազուկին

Պէտք Է Ապաւինինք Մե՛ր Ուժերուն, Մե՛ր Զէնքին Եւ Մե՛ր Բազուկին

ՍԱՄՈՒԷԼ ՄԿՐՏՉԵԱՆ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Մէկ տարի անցած է Ապրիլեան իրադարձութիւններու այն չորս օրուան ընթացքին տեղի ունեցած դէպքերէն, որոնք հերթական անգամ խոր հետք ձգեցին մեր հաւաքական յիշողութեան վրայ եւ բազմաթիւ մտորումներու առիթ հանդիսացան: Առաջինը, որ պէտք է խօսուի եւ անընդհատ յիշուի այդ դէպքերուն հետ կապուած այն է, որ մենք ականատես եղանք մեր ժողովուրդի հերոսացման հերթական շատ կարեւոր դրուագի մը,...

Յաղթեցի՛նք

Յաղթեցի՛նք

ԱՇՈՏ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգենք յիշատակը մեր սահմանները պաշտպանելու ընթացքին զոհուած մեր բոլոր նահատակներուն: Անշուշտ, վայրկեան մը, ժամ մը, տարի մը, նոյնիսկ կեանք մը բաւարար չէ արժանի յարգանքը ցուցաբերելու նահատակութիւնը մարմնացուցած մեր ազգի հերոսներուն նկատմամբ: Ապրիլ 2-ի առաւօտուն, բոլորս արթնցանք ահաւոր լուրով. Ազրպէյճան անցած էր յարձակողականի... մեր զգացումները կը տարբերէին` ջղայնութիւն, ահազանգ, մտահոգութիւն, անակնկալ, բայց եւ այնպէս` երբեք...

ՀՕՄ.  Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմը Յիշելով

ՀՕՄ. Ապրիլեան Քառօրեայ Պատերազմը Յիշելով

Անցնող տարուան արցախեան հայրենիքին դէմ ազերի հորդաներուն ի գործ դրած ապրիլեան տմարդի ներխուժումէն ասդին, արդէն իսկ նոր ապրիլի մը անկայուն իրադրութեան սկիզբն է, որ կ՛ապրինք: Հարկ չկայ ըսելու, թէ հակառակ իր կրած պարտութեան` ատելութեամբ մոլեգնած թշնամին կը շարունակէ մնալ իր ռազմատենչ դիրքերուն վրայ: Անսալով այս իրավիճակի իրողութենէն յառաջացած նորանոր վտանգներուն` հայրենի թէ սփիւռքի հայութիւնը պարտի շարունակել, աչալուրջ ու միացեալ, միատեղե՛լ...

Մեր Նահատակ Զինուորները Կը Պահանջեն

Մեր Նահատակ Զինուորները Կը Պահանջեն

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Տարի մը առաջ, ապրիլի առաջին օրերուն, համայն հայութիւնը մեծ ցնցումի ենթարկուեցաւ, երբ Ազրպէյճան վերստին ոտնակոխեց միջազգային օրէնք ու բարենպատակ ճիգեր, լայնածիր յարձակում գործեց Արցախի սահմանային գօտիներու վրայ, եւ մեր իրաւատիրական պայքարի պատմութեան մէջ աւելցաւ «Քառօրեայ պատերազմ» խորագիրով նորագոյն սխրանք մը: Չորս օր շարունակ, մեր ձեռքերը սիրտերուն, շնչասպառ հետեւեցանք ռազմական գործողութիւններուն, որոնց լայնօրէն արձագանգեց Հայաստանի լրատու մեքենան: Ականատես եղանք...

Չորսօրեայ Պատերազմի Վերլուծումը Հայաստանի Պաշտպանութեան Բանակի Մամլոյ Խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանի Կողմէ

«Մէկ Տարի Ետք Ունինք Աւելի Պաշտպանուած Սահմաններ». Արծրուն Յովհաննիսեան

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանն ու Արցախը զգալի աշխատանք կատարած են սահմանային պաշտպանութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ. ըստ «Արմէնփրես»-ին, այսպէս ըսած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը: «Առաջնագիծին վրայ կանգնած զինուորներուն անվտանգութեան տեսանկիւնէն առնուած են զգալի քայլեր, տեղադրուած են համապատասխան արհեստագիտական սարքեր: Եղած են նոր զինատեսակներով համալրումներ, որոնք որոշ առումով կ՛երեւին, սակայն, ընդհանուր առմամբ, ամէն ինչ չէ, որ կ՛ըսուի:...

Ջաւախքի Կողքին

Իւրայատուկ Առաւելութիւն

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն պայքարը բաւական բուռն թափով կ՛ընթանայ: Նախընտրական քարոզարշաւի պարտադրանքով մամուլը յաճախ կրկնութիւններով լեցուն է, եւ ընդհանուր թոհուբոհին մէջ կարեւոր կը դառնայ առանձնանալու ձգտումը, իւրայատո՛ւկը շեշտելու մարտավարութիւնը: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան իւրայատկութիւնները բազմաթիւ են` սկսելով անոր հարուստ պատմութենէն, ընկերային գաղափարախօսութենէն, ազգային ձգտումներուն ծառայելու անդաւաճան աւանդութենէն` հասնելով մինչեւ համահայկական կառոյցով օժտուած ըլլալու իրողութիւնը: Այս վերջինին վրայ կեդրոնանալով` կարելի է...

Կեդրոնականցին Շուարած Է` Դիտելով Ընտրութիւն, Ընտրող Եւ Ընտրուելիք

Կեդրոնականցին Շուարած Է` Դիտելով Ընտրութիւն, Ընտրող Եւ Ընտրուելիք

Մակար ի Գաղիա Գարնան առաջին օր: Թուխպ երկինք` ամառը մոռցնող աշնան պէս: Ֆրանսա ընտրութիւններ կան, Հայաստան ալ, նոր սահմանադրութեամբ, կ’ըսուի` համամասնական դրութեամբ: Մարդիկ ներքաշուած են խաղին մէջ: Ո՞ւր կ’երթան եւ ո՞ւր կը տանին: Այս միտքերով էի, երբ հասան Արմենակ եւ Էլպիս: - Էլպիս ըսաւ, որ այս օդով եւ տխրեցնող լուրերով ուտելու ախորժակ ալ չ’ըլլար: Պոլսական համադամներ պատրաստեց, որպէսզի միասին ձանձրանանք:...

Տեսակէտ.  Յառաջադիմական Ազգայնականութիւն` Ժամանակակից Ազգայնական Տեսլական

Անդրադարձ. Ընկերային Շուկայական Տնտեսութիւնը

2017-ի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն առիթով ՀՅԴ-ի առաջադրած նախընտրական ծրագիրը կարդալու ընթացքին կը հանդիպինք հետեւեալ պարբերութեան. «Անհրաժեշտ է արմատապէս փոխել երկրի ընկերային-տնտեսական զարգացման տրամաբանութիւնը, վերականգնել պետութեան եւ քաղաքացու պատասխանատուութիւնը միմեանց հանդէպ` անցում կատարելով նոր սահմանադրութեամբ ամրագրուած ընկերային շուկայական տնտեսակարգին»: Այս պարբերութենէն մեկնելով` մեր մտքին մէջ հարց կը ծագի, թէ ի՛նչ է ընկերային շուկայական տնտեսութիւնը եւ ինչպէ՛ս ծագեցաւ ու զարգացաւ: Յիշեալ հարցումներուն...

Ապրի՛լ Գիտցաւ Այնթապցին…

Ապրի՛լ Գիտցաւ Այնթապցին…

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ 1 ապրիլ 1921-ին կը պատահի ինչ որ նախատեսուած էր: Թուրքը կը յարձակի ժամանակակից զէնքերով եւ կրկնելով պատմութիւնը կը սպաննէ նորածինն ու անկար տարեցը, յղի կինն ու սողացող մանուկը... ու սկիզբ կ՛առնէ Այնթապի երկրորդ կոտորածը: Սակայն Մուտրոսի զինադադարէն ետք` 1918-ին «Երկիր»  վերադարձած այնթապցիները, կանխատեսելով թուրքին այս քայլը, ստեղծած էին զինուորական կեդրոնական մարմին մը` գլխաւորութեամբ Ատուր Լեւոնեանի եւ Աւետիս Գալեմքէրեանի:...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Մարտ Դ. –    Ճշմարիտ Գարնան Սպասելով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Մարտ Դ. – Ճշմարիտ Գարնան Սպասելով

Սուրիան անկիւնադարձային հանգրուանի մը սեմին է: Եղանակային յեղաշրջումի մը սեմին, որ պատմութեան գիրկը պիտի շպրտէ տմոյն գարունը` ծնունդ տալու ծաղկաւէտ, գունեղ ու ճշմարիտ գարնան: Եօթը տարի շարունակ քանդումներով, նախճիրով, գաղթով եւ հաւատադրժողական արարքներով յատկանշուած արաբական տմոյն գարունը կը վիժի` իրեն հետ թաղելով կեղծ լոզունգներ, յետին նպատակներ ու տեղեկատուական պատերազմի մը խաբկանքը ամբողջ: «Արաբական գարուն»-ը աւետող գրաւիչ ու հետաքրքրաշարժ պաստառները  եօթը...

Երեւանեան Պատկերներ

Երեւանեան Պատկերներ

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ Այգեձորէն դէպի Սիրահարներու այգի հատող ճամբան «Պռօշեան»-ն է, անմիջապէս որ փողոցը կտրես, հոն ձող մը կայ: Ճիշդ այդ ձողին քով ծերուկ մը քայլերս կ՛ընդհատէ ու ցոյց կու տայ ձողին վրայ փակցուած նկարը. - Հըլը տե՛ս ի՛նչ են փակցրել... իսկի մե՛նք տուն չունենք մնալու: Կը նայիմ, որ շատ անուշիկ շնիկի մը նկարն է, տէրը կորսնցուցած է զայն` ըստ երեւոյթին...

Հեռուներէն  Եկող Երթ

Ցաւող Քաղաքին Իւրայատուկ Տօնը

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Քաղաքին սահմանները  փոքրացած են, սեղմուած է այսօր բոլոր օրերէն աւելի, քաղաքը մէկ հոգի ու սիրտ դարձած` ծածուկ հեկեկանքով մը կը տօնէ իր իւրայատուկ Մայրերու տօնը: Այլ վայրերու մէջ  21 մարտը տարբեր  տօներ կը խորհրդանշէ` գարնան առաջին օր, քիւրտերու Նովրուզ, Բանաստեղծութեան համաշխարհային օր եւ այլն: Հալէպի բոլոր անուշավաճառներուն խանութները կը խայտան կլոր, տօնական կարկանդակներով: Կը մօտենամ մօտակայ  անուշավաճառի սեղանին,...

Հաղորդագրութիւն.  «Հայկական Սփիւռք» Մատենաշարի Երկրորդ Հատորի Հրատարակութիւն

Հաղորդագրութիւն. «Հայկական Սփիւռք» Մատենաշարի Երկրորդ Հատորի Հրատարակութիւն

Լոյս տեսաւ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի «Հայկական սփիւռք» մատենաշարի երկրորդ հատորը` Լիբանանի հայերը (Բ.) գիտաժողովի նիւթեր (14-16 մայիս 2014) վերնագիրով: Հատորը իր 366 էջերուն մէջ կը բովանդակէ 14-16 մայիս 2014-ին համալսարանին մէջ կեդրոնին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցած «Լիբանանի հայերը» Բ. գիտաժողովին նիւթերը, յայտագիրը, բացման ելոյթները, մասնակիցներուն համառօտ կենսագրութիւնը, «Հիմնական տեղեկութիւններ Լիբանանի մասին», «Համառօտ ուրուագիծ Լիբանանի հայօճախին» վերնագրեալ նիւթերը, ինչպէս...

Օսմանահայեր…

Ի Շահ Որո՞ւ Կը Գործեն Ազգային Համաձայնութեան Եզրերը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Երկար ժամանակէ ի վեր հայ քաղաքական բեմը դրուած է մղձաւանջային երկուութեան մը առջեւ: Ինչպէ՞ս վարուիլ երկրի տնտեսութեան լծակները իւրացուցած եւ քաղաքացիներու մեծ զանգուած մը իր տարրական կենսամիջոցներէն զրկած շահագործումի ուժերուն հետ, երբ երկիրը կը դիմագրաւէ սուր եւ անմիջական արտաքին սպառնալիքներ: Ինչպէ՞ս պայքարիլ մենաշնորհային համակարգի տէրերուն դէմ, երբ թշնամին կանգած է երկրի սահմաններուն վրայ իր առաջնահերթութիւնը պարտադրելով մեր ազգային...

Հայրենի Արուեստագէտ Ռուբէն Բաբայեանի Վարպետաց Դասը Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցին Մէջ

Հայրենի Արուեստագէտ Ռուբէն Բաբայեանի Վարպետաց Դասը Համազգայինի «Արեգ» Թատերական Դպրոցին Մէջ

Շաբաթ, 25 մարտ 2017-ին Համազգայինի թատերական դպրոց այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ, բեմադրիչ` Ռուբէն Բաբայեան, որ հրաւիրուած էր Համազգայնի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան կողմէ` Թատրոնի միջազգային օրուան առիթով: Ռուբէն Բաբայեանի կ՛ուղեկցէին «Գ. Իփէկեան»-ի վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տեմիրճեան եւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Վարդան Ազնաւորեան: «Արեգ»-ի գեղարուեստական ղեկավար Ռոպերթ Առաքելեան հակիրճ գիծերու մէջ ներկայացուց հայրենի արուեստագէտը, ապա Ռուբէն Բաբայեան վարպետաց...

Page 631 of 806 1 … 630 631 632 … 806

Արխիւներ