Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճամպրուկ

Մարտ 29, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱՆՍԻ ԻՍՍԱ ԹՈՐՈՍԵԱՆ
Բեմադրիչ

Պզտիկ աղջիկ էի, երբ աչքիս զարկաւ այդ հին լուսանկարը: 1920-ական թուականներուն առնուած այդ պատկերը, որուն մէջ մեծ մայրս եւ իր մեծ քոյրը, միայն ճամբորդական մէկ պայուսակով, կը ժպտէին ոսպնեակին համար:

Իմ տեսակէտովս, երկու գեղեցկուհիներ էին անոնք` եկած ուրիշ ժամանակներէ, առեղծուածային ներկայութեամբ, կարծես հսկելու եւ պահպանելու  հրապոյրը անոնց, որոնք արդէն իսկ դարձած էին իմ շատ սիրելի երկու մամիկներս:

Լուռ, առանձնութիւն սիրող եւ նոյն ատեն հետաքրքիր երեխայ մըն էի, երբ հմայուած ուսուցիչիս գաղափարով, առաջին անգամ ըլլալով  բեմին վրայ կը խաղայի Տրդատ թագաւորին քրոջ` Խոսրովիդուխտի դերը: Տակաւին կը յիշեմ սիրտիս տրոփը, երբ ան  իր թղթապանակէն կը հանէր մեզի համար մասնաւորապէս գրուած թատերախաղը, եւ կը սկսէին մեր փորձերը:

Երիտասարդուհի մըն էի, երբ այս սիրալիր անձերը ինձմէ բաժնուեցան յաւիտեան` իրենց օրինակելի կեանքին յիշատակէն զատ ինծի ձգելով  երեւակայութիւն եւ ստեղծագործութիւն համտեսելու հաճոյքը:

Տարիներ ետք, իբրեւ դերասանուհի եւ ընտանիք կազմած կին անխուսափելիօրէն Արժանթինէն Քանատա բոլոր ճամբորդական իրերուս հետ հետս կը տանէի մեծ մօրաքրոջս հին ճամպրուկը: Մէջը` լեցուն յիշատակներ…

Առաջին անգամ, երբ քանատական բեմ մը բարձրացայ, կ’ուզէի, որ այդ ճամպրուկը մաս կազմէր ստեղծած տիպարիս գոյքերուն: Բայց քանի որ բեմադրիչը  համոզուած չէր, իր արտօնութիւնը առի եւ վարագոյրին ետեւ դրի զայն:

Այդտեղէն, 80 տարուան այդ առարկան կարծես կը հսկէր զիս: Կարծես ուժ կու տար:

Յաջորդ բեմադրութեան գործածեցի ճամպրուկս: Բեմին վրայ մէջէն կը հանէի ժանեակներ, նամակներ, յիշատակներ… Հերոսուհիին ամբողջ պատմութիւնը, որ անոր մէջ պահուած էր, լոյս կը տեսնէր վերջապէս :

Յաջորդ տարիներուն, իբրեւ բեմադրիչ ունեցած ամբողջ գործունէութեանս ընթացքին, զանազան պատճառներով ճամպրուկս հետեւեցաւ ինծի, երբեմն պարզապէս կրելու համար արժէքաւոր առարկաներ եւ շատ անգամ բեմ բարձրանալու` իբրեւ իսկական հերոս:

Կախարդակա՞ն է անիկա: Չեմ գիտեր:

Միայն գիտեմ, որ այս հին ճամբորդական պայուսակին մէջէն ես կրցայ հանել իմ անցեալս` իր բոլոր գանձերով:

Ճամպրուկիս մէջէն ելան հարազատներէս ժառանգած ներշնչումնու երազանքները, ջերմ զգացումներն ու զօրաւոր կամքը, նաեւ` աշխատելու եւ նպատակներու հասնելու անհրաժեշտ խոստումը:

Եւ աւելի՛ն. ովկիանոսներ կտրելով` ան հասաւ նաեւ աշխարհին միւս կողմը գտնուող երիտասարդ եւ պատանի դերակատարներուն ձեռքը, որպէսզի իրենք ալ իրենց կարգին, պայուսակին մէջէն հանէին եւ հանդիսատեսներուն նուիրէին ժպիտներ եւ արցունքներ, կասկածներ եւ համոզումներ, սկզբունքներ,  գգուանք, խիզախութիւն, եւ միշտումիշտ` յոյսեր:

Ամէն անգամ, երբ նոր տիպար մը կը տիրանայ ճամպրուկիս, բնականաբար զիս կը համակէ այդ զգացումը, թէ նոր յաղթանակի մը վկաները պիտի դառնանք, երբ անիկա լուսաւորուի բեմին վրայ` մէջտեղ բերելով խաղացողներուն տաղանդն ու կիրքը:

Խորքին մէջ, իւրաքանչիւր նոր թատերախաղի մշակումին ընթացքին կարծես այդ «մանուկ Խոսրովիդուխտը» կրկին առիթը կ՛ունենայ մեր բեմին վրայ շինած Խոր Վիրապին  քով ծնրադրելու եւ հարց տալու`  «Գրիգոր՜, ո՞ղջ ես…»:

Այո՛, ողջ էր ան: Մութ փոսին մէջ կար պզտիկ լոյս մը: Ապագան էր, որպիտի վերապրէր, երբ մեր ուսուցիչին թղթապանակէն դուրս գային մեր երկար-երկար գրուած տողերը:

Ինչպէս որ նոր ճառագայթներ պիտի փայլէին ամէն անգամ, երբ բեմի մը վրայ բացուէր մեծ մօրաքրոջս հին ճամպրուկը: Ճամպրուկ մը, որ հիմա կը պատկանի թատերական խենթ կեանքին:  Ճամպրուկ մը, որ հիմա կը պատկանի բոլորիս:

Մոնրէալ, մարտ 2017

——————————————-

Նանսի Իսսա Թորոսեան

Ասպարէզով դերասանուհի, բեմադրիչ, տրամաթիքական արուեստի փրոֆեսէօր Նանսի Իսսա Թորոսեան ծնած է Արժանթին, ուր ստացած է իր ուսումը, ստանձնած է իր առաջին դերերը եւ դասաւանդած է թէ՛ ազգային, թէ՛ անկախ եւ թէ՛ պետական խումբերու մէջ:

Բազմաթիւ տարիներէ ի վեր ան իր արուեստի ասպարէզը կը կիրարկէ Քանատայի մէջ, ֆրանսերէնով եւ հայերէնով, օտար եւ միութենական կեանքին մէջ:

Ան արժանացած է շարք մը արուեստագիտական որակի մրցանակներու եւ պարգեւատրուած Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով:

Անդամ է Քանատայի եւ Քէպէքի արուեստագէտներու չորս կարեւորագոյն միութիւններուն:

Նախորդը

Երիտասարդ Դերասաններու Կարծիքները` Լիբանանահայ Թատերական Կեանքին Մասին

Յաջորդը

Մամլոյ Լսարան Թիւ 125. Հաջեան Կը Գնահատէ «Ազդակ»-ի Տեղեկատուական Օղակի Դերակատարութիւնը` Արցախի Եւ Սփիւռքի Միջեւ

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?