Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրողի Անկիւն. Հալէպն Ու Իր «Վիթամին Նօնօշ»-ը

Մարտ 28, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ երեկոյ օրատետրիս էջերու թղթատումը դարձեալ զիս ժամերով անջատ եւ հեռու պահած էր առօրեայէս, անմիջական շրջապատէս ու անզգալաբար նետած` ինքնամտածման լիճի մը մաքուր ջուրերուն մէջ: Ու ամէն անգամ, որ ծննդավայր Հալէպիս անունը լսէի կամ իր տխուր եւ ուրախ լուրերը առնէի, եւ կամ գունաւոր ու անգոյն, շքեղ եւ աւերակ շէնքերու նկարներուն հանդիպէի, օրուան ժամերս վայրկեանին կանգ կ՛առնէին, ու ինքնաբերաբար կը սկսէի տարիներու հեռաւորութենէն կարօտով ու լուսաւոր զգացումով յիշել, որովհետեւ Հալէպի անուան ու հողին ջերմութիւնը տակաւին մէջս կը մնար իր նախկին սիրովն ու կարօտովը: Գիտէի, որ այս օրերուն, հոն, տակաւին օդին մէջ մնացած էր վաղուան անստուգութեան դառն շունչը, ահն ու անակնկալ սարսափը: Անիծեալ անորոշութիւն:

Բայց հակառակ այս բոլորին, ժամանակին հետ եւ դիմաց, տակաւին ինծի համար սիրելի քաղաքս եւ մեր գաղութը տարբեր հրապոյր ունէին: Ու երեւակայութէնէս հալածուելով` այդ պահուն աչքերս կը հանդիպէին տետրակիս անկիւնը արձանագրուած անունի մը` Նօնօշ, եւ «Վիթամին Նօնօշ» բառին: Ու յանկարծ ամրացած տեսիլքներու շարան մը ճիշդ դիմացս կը բացուէր: Ո՞վ չէր ճանչնար զայն: Ինքն էր, որ մեր քաղաքին մէջ ժողովրդային պաշտելի «սուս»-ին եւ «թամըր հընտի»-էն «վեր ելլելով», գեղեցիկ, զարդարուն խանութի մը մէջ, սկսած էր պատրաստել եւ վաճառել տեսակաւոր թարմ պտուղներու հիւթերը, տնային սենտուիչներու կողքին: Նոր գիւտ մըն էր կատարածը: Վիթամին: Քաշողական եւ հետաքրքրական: Ու անկէ ետք, ա՛լ ամէն ինչ պատմութիւն էր:

Անունին հանդիպելուս` յուշերս վերադարձած էին նոր կեանքով: Կարծես արդէն սկսած էի քալել օրերուս շարանով: Ու յանկարծ կը հրճուիմ: Կ՛երիտասարդանամ:

Թեթեւ ժպիտ մը կ՛ուրուագծուի, յետոյ կը հաստատուի դէմքիս վրայ: Դարձեալ կը յիշէի: Սրտիս մէջ արդէն հաճելի տաքութիւն մը պատած է: Ամրացած տեսիլքներ, եւ ահա պատանեկութեանս տարիներու անուրջներուն մէջ արձագանգող անուն մը, որ միեւնոյն ժամանակ կը յուզէ զիս: Այդ օրերուն տակաւին աշակերտ էի: Ճեմարանական: Ինք մեր ակումբին մէջ ունէր զանազան հարուստ եւ նախանձելի ածականներ:

Ու առաջնորդուելով ներքին ձայնովս` կցկտուր յիշատակներ երազի նման թեւեր սկսած էին առնել: Նօնօշ: «Վիթամին Նօնօշ»: Բարի երիտասարդ մըն էր, իւրայատուկ` իր անունով: Պատանեկան տարիներուս անուրջներուն մէջ արձագանգող բարի անուն մը: Հաստատապէս յուշերս դէպի ինծի վերադարձած էին` իրենց հետ բերելով քիչ մը թարմութիւն եւ քիչ մըն ալ կարօտ` հազարաձայն հեւքով Հալէպէս, որուն առջեւ անցնող շուրջ վեց տարիներէ ի վեր պատմութիւնը դրած էր մեծ ու խորունկ խնդիրներ: Անշահախնդիր ապրում: Նօնօշը, ֆրանսերէն լեզուի տարիներու պատկառելի եւ վաստակաշատ իմ ուսուցչուհիիս` օր. Երանի միակ եղբայրն էր: Մեր ծնողները «հինէն» իրարու ծանօթներ էին: Զիրար կը ճանչնային: Յաճախ Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, ժամերգութիւններէն կամ պատարագներէն ետք, իրարու հետ երկար կը խօսէին: Զիրար կը հրաւիրէին: Կը յիշէին եւ կը յուզուէին` իրենց վայրկեանները կարծես այդ ձեւով ջերմացնելու համար: Չեմ գիտեր` ինչո՛ւ բացայայտ զմայլանք մը ունէի այդ ընտանիքին նկատմամբ, պարզ եւ խոր: Հիմա կը զգայի, որ այս բոլոր հարազատներու դիմագիծները, փայլուն էջերու պատկերներուն նման, սկսած էին շարուիլ ուղեղիս մէջ: Ահա` իրական եւ անկեղծ կեանքէն պատառիկներ: Զարմանալի, նոյնքան ալ` իրական: Չէ՞, որ անցեալն ալ մէկ մասն էր մարդու ճակատագրին: Այդ օրերուն ան իրապէս աչքառու երիտասարդ մըն էր: Ուղեղս սկսած էր յուշել: Կը զգայի այդ մէկը: Աչքերուն մէջ միշտ կրնայիր կարդալ ժպիտն ու ուրախութիւնը: Տեսանելի էր նոյնիսկ օրինակելի իր նկարագիրը: Առանց սակարկութեան նուիրուածութիւնը իր ընկերներուն եւ իր պատկանած միութեան ու անոր ակումբին` արդէն իսկ զինք բնորոշող մեծագոյն բարենիշն էր: Ինք երբեք օտար քամիներուն անձնատուր չէր եղած: Վարժուած էր սիրել, զոհուիլ, անսակարկ սպասարկել եւ այսպէս ընկերասէր ապրիլ: Ինքզինք խորապէս հայ կը զգար: Ու այդ մէկը կու գար իր ծնողներէն, անոնցմէ իր ժառանգած դաստիարակութենէն: Ծնողներ, որոնք ճակատագրի դասաւորումով ապրած էին որբանոցներու լեղի մթնոլորտը եւ ճաշակած` կեանքի սեւ հացը:

Բայց հիմա յստակ էր, որ արդէն երազներս խառնուած էին, ու ես չէի ուզեր աւելի խորանալ: Այս մէկը ինքնին բարդ զգացում ալ էր: Կը կարծէի, որ բաւարար չափով եւ անժամանակ արդէն դեգերած էի ժամանակի էջերուն մէջ` դրոշմուած ապրումներով: Ինծի անծանօթ եւ անբացատրելի զգացում մըն էր, որ կը խեղդուէր կուրծքիս տակ եւ կը հալածէր երեւակայութիւնս: Կարծես սկսած էի խօսիլ ժամանակին հետ:

Յանկարծ յիշեցի իր վաղաժամ մահը: Մահը կը մաշեցնէ նիւթը, ըսած էին մեր մեծերը, եւ ճիշդ էին: Միայն հոգին է, որ կը խուսափի անոր ճիրաններէն: Այս մէկն ալ բացարձակ ճշմարտութիւն էր: Ու այս բոլորը կարծես տակաւին երէկ էր, ու ես ալ կեցած էի ժամանակին դիմաց: Կարօտը հոս էր եւ տաք: Ու կը հաւատայի, որ յիշատակը սրբութիւն էր ու մատաղ: Կարծես Նօնօշի ոգին ներկայ էր:

Իսկ հիմա, Հալէպ եւ «օրիորդիս» եղբայրը` Նօնօշը տակաւին իրենց հրապոյրը կը պահեմ: Անոր համար էր, որ յուշերս լայն բացուած էին: Ու յոգնած վիճակիս մէջ յանկարծ ես ինծի հարց տուի. ինչո՞ւ հիմա սենեակիս օդին մէջ դարձեալ յուզիչ բան մը կար: Ու կը փորձէի ես ինծի վերադառնալ: Կը հաւատայի, որ մէկու մը մասին ունեցած յիշատակներդ ու անոր նկատմամբ զգացումներդ, որքան ալ մոռցուած ու անհետացած ըլլային, օր մը դարձեալ եւ անպատճառ մէջդ պիտի պարէին իրենց յուշը եւ պիտի արձագանգէին:

Փակեցի օրատետրս:

Հալէպն ու իր «Վիթամին Նօնօշ»-ը մնացին ներսը, հաստատ եւ անմոռանալի: Անկասկած, աղուոր յուշի մը իրազեկ ըլլալու գոհունակութիւնը ապրած էի: Երջանիկ էի, որովհետեւ ներքին երախտապարտ ձայն մըն էր, որ առաջնորդած էր տողերս:

bedig43@aol.com

 

 

Նախորդը

Նամակ Երկրէն. 24 Ժամը Բաւարար Չէ (3)

Յաջորդը

Ջաւախքի Կողքին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?