Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ջաւախքի Կողքին

March 28, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
  • ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Մամուլով յայտարարուեցաւ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ ընտրապայքարի դուրս եկած կուսակցութիւններուն մէջ միակն է, որ Ջաւախքը ներառած է իր նախընտրական ծրագիրին մէջ:

«Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները կառուցել բարեկամութեան ու ազգային շահերի փոխադարձ յարգանքի սկզբունքների վրայ: Բարիդրացիական յարաբերութիւններն իրենց դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենան ջաւախահայութեան եւ ընդհանրապէս վիրահայութեան իրաւունքների լիարժէք իրականացման վրայ», գրուած է ՀՅԴ-ի նախընտրական ծրագիրին մէջ:

Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու լիարժէք իրականացման գործին իր շօշափելի զօրակցութիւնը տարիներէ ի վեր կը ցուցաբերէ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ օգնութեան միութիւնը, որ ունի մշտապէս գործող «Ջաւախքի յանձնախումբ»:

Այս յանձնախումբի գործունէութեան հիմնական առաջադրանքը եղած է Ջաւախքի գլխաւոր կեդրոններուն մէջ հիմնել երիտասարդական կեդրոններ եւ մշտական աջակցութեամբ նպաստել, որ այդ կեդրոնները դառնան հայկականութիւն ճառագայթող օճախներ:

Ի վերջոյ, Ջաւախքի հայութեան մարդկային իրաւունքն է ապրիլ, ստեղծագործել, հաղորդուիլ ազգային մշակոյթով, երիտասարդութեան ներշնչել ազգային հպարտութիւն եւ ամրացնել ինքնութեան հաստատման յենասիւները:

Հպարտ ենք, որ շրջանիս ՀՕՄ-ուհիները հետեւողականօրէն կը շարունակեն տէր կանգնիլ Ջաւախքին օժանդակելու իրենց յանձնառութեան: Հպարտ ենք, որ սփիւռքի եւ Հայաստանի իրականութեան մէջ ՀՕՄ-ը կ՛առանձնանայ Ջաւախքին հանդէպ իր ցուցաբերած գուրգուրանքով եւ շօշափելի զօրակցութեամբ:

Գիտակից ենք նաեւ, որ ՀՕՄ-ը կարիքն ունի յաւելեա՛լ աջակցութեան, որպէսզի աւելի՛ արդիւնաւէտօրէն իրականացնէ իր առաջադրանքները: Այո՛, տարեկան շուրջ քառասուն հազար տոլարի հանգանակութեամբ կարելի չէ՛ իրականացնել այն ծրագիրները, որոնց կարիքը օրէ օր աւելի ու աւելի զգալի կը դառնայ. տակաւին չենք խօսիր նոր ծրագիրներու կամ նախկիններու ընդլայնման անհրաժեշտութեան մասին:

Պատրա՞ստ ենք ՀՕՄ-ին տալու այդ բաւարարութիւնը: Եթէ այո՛, ապա ՀՕՄ-ին կողմէ մարտը «Ջաւախքի ամիս» հռչակուած ըլլալով` կարելի է ձեր մեծ կամ փոքր նուէրը յանձնել ՀՕՄ-ի «Ջաւախք Ֆոնտ»-ին, կամ ներկայ ըլլալ ապրիլ 2-ին «Քուին Մերի» նաւուն վրայ կազմակերպուած հանգանակային ձեռնարկին` ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի նահատակներն ալ հաւաքաբար յիշելու առիթի մը վերածելով զայն:

 

 

Նախորդը

Գրողի Անկիւն. Հալէպն Ու Իր «Վիթամին Նօնօշ»-ը

Յաջորդը

«Ջաւախքի Գոյութիւնը Երաշխաւորում Է Հայաստանի Անվտանգութիւնը. Եւ Այդ Առումով, Ջաւախահայութեան Խնդիրները Համահայկական Են» Կ՛ըսէ Լենա Պօզոյեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.