Փետրուար 18-ի ապստամբութեան վեհութիւնը
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան հարիւրամեակի շեմին, 1921 Փետրուար 18-ի համաժողովրդային ապստամբութիւնը յաւելեալ պայծառութեամբ եւ խորանարդուած իմաստով կը լուսագծէ մեր ժողովուրդի ազատատենչութեան ոգին ու կամքը։ Մայիսի 28-ն անկախութեան ձգտումի նուաճումն էր։ Փետրուար 18-ն նուաճուած անկախութեան վերադարձի մաքառումն էր։ Մեր ժողովուրդի պայքարի ոգին եւ ազգային հպարտութիւնը խորհրդանշող այս երկու թուականները էախառնուած են իրարու, շաղկապուած են միասին, անքակտելի են իրարմէ։ Երկուքն ալ ուղղուած...



















