Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մենք Ազգովին` 10 Միլիոնով, Պարտաւոր Ենք Մշակելու Ժամանակակից Համազգային Անվտանգութեան Համակարգ Մը. Համաժողովրդային Ոգեկոչման Հաւաքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամ Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Ապրիլ 27, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

place-des-Martyrs_42416

Այսօր աշխարհի տարբեր ցամաքամասերու վրայ սփռուած տասը միլիոն եւ աւելի հաշուող հայութիւնը կ՛ոգեկոչէ իրեն դէմ գործադրուած անմարդկային ու քստմնելի ոճիրին եւ սպանդին զոհ գացած իր մէկուկէս միլիոն հարազատներուն եւ արիւնակիցներուն յիշատակը:

Հայաշխարհը այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, թուրքին կատարած Ցեղասպանութիւնը նշելով կը յաջողի  միջազգային հանրային կարծիքը եւ ընտանիքը դնել ծանր պատասխանատուութեան դիմաց, որովհետեւ ներկայ ժամանակներուն ահաւասիկ դարձեալ կը կրկնուին անմարդկային վերաբերմունքները, եւ եթէ երբեք անցեալին արիւնարբու ջարդարարը հաշուետուութեան կանչուած ըլլար կարելի պիտի ըլլար կանխարգիլել այսօրուան կատարուածները:

Իրապէս կ՛ապրինք նոր պայմաններու  եւ ժամանակներու մէջ: Ցեղասպան պետութեան խորհրդարանին մէջ հայազգի երեսփոխանը բարձրաձայն կը յիշատակէ 1915-ին Օսմանեան պետութեան խորհրդարանին մաս կազմած եւ տմարդի կերպով սպաննուած հայ խորհրդարանականներու անունները,կը պահանջէ անոնց արդար դատին հետապնդումը: Աշխարհը բնականաբար զարմացած կը հետեւի այս երեւոյթին: Դիւանագիտական շրջանակներու մէջ Հայ դատի հետապնդման գործօնը ինքզինք պարտադրելու նոր կարելիութիւններու դիմաց կը գտնուի: Թուրքիոյ դիմագրաւած ներքին ու շրջանային մարտահրաւէրները հայկական գործընթացներուն մէջ փոփոխութիւն մտցնելու յոյսը կը ներշնչէին: Անշո՛ւշտ Հայկական հարցի հետապնդումը դէպի իրաւական դաշտ մղելու եւ հատուցման թղթածրարը միջազգայնացնելու աշխատանքը անցնող տարուան ընթացքին ստացած է յստակ դիմագիծ ու դարձած բովանդակային լուրջ օրակարգ:

Հայ քաղաքական մտքին համար հաստատ իրողութիւն է, որ Թուրքիա Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրած ըլլալու պատասխանատուութենէն ոչ մէկ ատեն կրնայ խուսափիլ, ինչքան ալ մեծապետական եւ միջպետական հաշուարկներու վրայ դնէ իր գրաւը եւ շարունակէ կազմակերպել պատմական իրողութեանց խեղաթիւրման արշաւներ ու գործադրէ ժխտողականութեան քաղաքականութիւն: Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած տարածքները հայոց հայրենիքի անմասն բաժինն են ու կը մնան այդպիսին, որքան ալ ան փորձէ թրքացման իր վաղեմի քաղաքականութեան գործընթացը պարտադրել մարդկային ու մշակութային ոլորտներու մէջ: Թուրքիան այսօր խնդիր ունի ի՛ր իսկ հասարակութեան հետ, ինչքան ալ կրթական ծրագիրներէ հեռու պահէ իր գործադրած պատմական ամօթանքը, որովհետեւ թուրք հասարակութեան մօտ այլեւս բացայայտ իրողութիւն է Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը: Եւ ահաւասիկ դրժողականութեան ցեխը իր ճակտին կպցուած Թուրքիա այսօր կը պարտաւորուի իբրեւ հետեւանք եւ հակազդեցութիւն ներկայացնել իր կատարածը եւ ոչ` կանխամտածուած ցեղասպանութիւն: Այս վարքագիծին համար ան պետական մակարդակի վրայ կը մսխէ միլիոնաւոր գումարներ, կը փորձէ գտնել վարձկան ակադեմականներ, դժբախտաբար երբեմն նաեւ անոնց մէջ կը տեսնենք հայանուն չակերտեալ ակադեմական մոլորեալներ: Սարքուած այս նոր դաւադրութեան լուռ հանդիսատեսը չենք կրնար դառնալ երբեք եւ պարտաւոր ենք դիմելու համապատասխան աչալուրջ քայլերու սանձելու համար ցեղասպանին ժառանգորդներուն կողմէ կիրարկուած  այս նորագոյն խաղը:

Այս բոլորը նկատի ունենալով, Թուրքիա կարծէք հայութեան նկատմամբ դարձած է աւելի այլամերժ ու ոխակալ, նաեւ չի վարանիր թաքցնել իր վաղեմի ախորժակները  եւ ռազմատենչ յայտարարութիւններով կը սպառնայ քարուքանդ ընել մեր հայրենիքը, ջարդել ու չէզոքացնել հայութիւնը: Փաստօրէն, այս տարուան ապրիլի սկիզբը Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան վրայ կատարուած ծանր յարձակումները, ուրիշ բան չեն կրնար ենթադրել տալ: Այո՛, Թուրքիոյ իշխանաւորները իրենց ականջները լայն բացած եւ մտածկոտ կը լսեն շատ մը վերլուծաբաններու կարծիքը, երբ անոնք կը հաստատեն, որ Թուրքիա իր վերջին զէնքերն է, որ կը գործածէ եւ իր այդ խուճապահար վիճակին մէջ բնական է, որ ան դիմէ ծայրայեղութեան, անմարդկայնութեան եւ աւելի ամրօրէն կառչի ցեղասպանական իր ակունքներուն ու հովանաւորէ ահաբեկչական շարժումներ ու խմբաւորումներ, թոյլատրէ մարդկային ոճիրներ եւ Թալիշի մէջ իր հովանաւորութեամբ գործադրուին մարդկային խիղճը խարազանող տմարդի սպանդներ եւ անպատմելի ու քստմնելի ոճիրներ:

Ահաւասիկ իրերու այս կացութեան մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 100 եւ 1-ամեակի ոգեկոչման առիթով մենք ազգովին` 10 միլիոնով, պարտաւոր ենք մշակել ժամանակակից համազգային անվտանգութեան համակարգ մը: Այո՛, հայութեան նոր հանգրուանի պատերազմը սկսած է եւ այդ պատերազմը բազմաճակատ է, բազմաբնոյթ եւ երկար: Այս իսկ պատճառով պարտաւոր ենք ամրացնել եւ ուժեղացնել առաջին հերթին բովանդակ հայութիւնը: Համազգային անվտանգութեան յառաջացման համար մենք պարտաւոր ենք զօրացնել այն բոլոր գործօնները, որոնք կը նպաստեն նոյնիքն այդ անվտանգութեան երաշխաւորման ու անխախտ պահպանման եւ մեզ կը դարձնեն պատրաստ ամէն տեսակ պայքարի` զինուորական, քաղաքական, դիւանագիտական, մշակութային եւ ակադեմական հարթակներու վրայ:

Կասկածէ վեր է, որ հիմնական գործօնը մեր հայրենիքն է, 10 միլիոն հաշուող հայութեան պատկանող այսօրուան փոքր հայրենիքը` վաղուան ամբողջական Հայաստանի ամուր հիմնաքարը: Հայրենիքի ու անոր պետականութեան հզօրացման համար պէտք չէ խնայել նոյնիսկ մեր թանկագինը: Պէտք է հայ մարդը,  ուր որ ալ գտնուի ան, Հայաստանի մէջ թէ՛ Չինաստանի, Շուէտի մէջ կամ Զուիցերիոյ, Սուրիոյ մէջ կամ Իրանի թէ այլուր, իր մէջ խորացնէ հայրենիքի հզօրացման գործին սատարելու պատրաստակամութիւնը:

25 տարեկան դարձած մեր հանրապետութիւնը կը դիմագրաւէ մեծ մարտահրաւէրներ: Կը թուի, թէ քաղաքական առողջ եւ յառաջադէմ մշակոյթի յառաջացման գործընթացը կրնայ երկար ժամանակ խլել տակաւին: Բաւական աշխատանք կայ կատարելիք այս իմաստով, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ամբողջութեամբ թօթափել հինէն` խորհրդային վարչակարգէն մնացած եւ հայու նկարագիրին մէջ ընդելուծուած սովորամոլական ամէն տեսակի ախտերն ու երեւոյթները:

Հայրենիքի ու պետականութեան կայացման սպառնացող հարցերն ու խնդիրները ոչ թաքցնելով, ոչ ալ չափազանցելով կրնանք կերտել նորը, էապէս հայկականը եւ մաքրել կեղտը: Հայրենիքէն արտագաղթի ալիքը կասեցնելու ճամբուն վրայ ո՛չ իշխանութիւններուն դրսեւորած ամէն ինչը վարդագոյն ներկայացնելու փորձը, ո՛չ ալ ընդդիմութեան թիւերը չափազանցելու եւ բարոյահոգեբանական ճնշուածութիւն ստեղծելու վարքագիծը կը նպաստեն, որ հայ մարդը կառչի իր հողին, հայրենիքին: Այդ բոլորը կը նպաստեն միայն թշնամիին եւ դատապարտելի են ու անընդունելի: Արժանապատիւ կեանքի, կայուն ընկերատնտեսական համակարգի եւ այլ քաղաքացիական իրաւունքներու լիիրաւ յարգումը, ժողովրդական հիմերու ամրապնդումը եւ վերջապէս ազգային հիմքերու վրայ քաղաքական առողջ եւ մրցունակ կեանքի մը ստեղծումը պիտի նպաստէ, որ երկիրը անցնի զարգացման բնականոն հուն, ապահովէ յառաջընթաց, օժտուի քաշողականութեամբ, առթէ հպարտութիւն եւ հայրենաբնակ ժողովուրդը ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ շարունակէ իր ապագան կերտել հազարաւոր տարուան մշակոյթով ու պատմութեամբ հարուստ դրախտավայր այդ հողին վրայ:

Ազգին ու հայրենիքի ապագային սպառնացող այս վտանգին դիմաց մենք պարտաւոր ենք դառնալու միակամ, ճզմելու մեր հայրենիքի հաւաքական կեանքէն ներս իշխանատենչ եւ հատուածական ամէն տեսակի ինքնանպատակ դրսեւորումներ: Ազրպէյճանական վերջին յարձակումներուն պատճառով համայն հայութիւնը ապրեցաւ հայոց աննման բանակին շուրջ համախմբուելու եւ համազգային զօրակցութիւն դրսեւորելու, զոհուածներուն ու վիրաւորներու ցաւին հետ հաւաքական բաժնեկցութիւն ստեղծելու հայավայել պահեր: Եւ միթէ կարելի չէ՞ նոյն այդ համախմբուածութիւնն ու զօրակցութիւնը յառաջացնել մեր ազգին սպառնացող արտագաղթի այս մեծ վտանգին դիմաց: Վստահաբար այո՛:

Երկրորդ` բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ Արցախեան գործօնը իր զինուորական, քաղաքական եւ դիւանագիտական գործընթացներով այս հանգրուանին յղի է նոր զարգացումներով եւ անշուշտ` մտահոգութիւններով: Համահայկական ընդհանուր ներուժի կուտակումը անյետաձգելի հրամայական է այս պարագային, անտարակո՛յս: Վերաբնակեցման ծրագիրները, տնտեսական եւ ներդրումային միջավայրի ձեւաւորումը, հայ դիւանագիտութեան բանակցային բոլոր գործընթացներուն մէջ սկզբունքային ու համազգային տեսլականով առաջնորդուելու վճռակամութիւնը եւ վերջապէս Արցախի սահմանները անառիկ պահելու անհրաժեշտութենէն բխած բոլոր պահանջներու գործադրութիւնը իրենք զիրենք կը պարտադրեն մեր համազգային անվտանգութեան օրակարգին մէջ: Բազում անձնուրացներու արեամբ կերտուած եւ դէպի Ամբողջական Հայաստանի մեր երազի իրականացման ճամբուն վրայ, համազգային իբրեւ պատմական նուաճումի առաջին վճռական քայլ արձանագրուած արցախեան հայրենիքի ազատագրումի ու անկախութեան պէտք է գուրգուրալ ու խնայել ոչ մէկ բան:

Երրորդ` Ջաւախքը մեր հայրենիքին համար ռազմատնտեսական խոր տեսլականով կը ներկայանայ այսօր: Հայրենիքը արտաքին աշխարհին կապող այս կենսատու օղակը պէտք է դարձնել ուշադրութեան կարեւոր առանցք: Ջաւախքահայութեան բնականոն զարգացումը ու այնտեղ ապրող հայ համայնքի ներուժի ուժեղացումը եւ ամբողջական դրսեւորումը յատուկ տեղ ունին մեր հաւաքական երթին ու բնականաբար հայկական համազգային անվտանգութեան համակարգի ձեւաւորման մէջ:

Չորրորդ` Արեւմտահայաստանի եւ Թուրքիոյ համայնքային կեանքը իբրեւ այժմէական նոր գերխնդիր կը դրուի համայն հայութեան դիմաց: Առանց ցուցամոլական եւ զեղումնային իրավիճակներու ստեղծումին, այս հանգրուանին իրազեկման, փոխճանաչողական եւ ուսումնասիրուած գործընթացներու մշակումով այս օրակարգը պէտք է տեղադրել Հայ դատի հետապնդման ընդհանուր պարունակին մէջ: Թուրքիոյ մէջ խմորուող իրադարձութիւնները նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծեն, հետեւաբար կացութիւնները ճիշդ գնահատելու, գործադաշտը յստակացնելու, առաջնահերթութիւնները բծախնդիր կերպով դնելու եւ վերջապէս մեր դերակատարութեան չափը ճշգրտօրէն արժեւորելու համար պարտաւոր ենք ըլլալու զգաստ եւ հետեւողական:

Հայ- թրքական արձանագրութիւնները իրողապէս մահացած են արդէն, եւ անոնց առկայութիւնը պարզապէս բեռ մըն է հայրենի պետականութեան համար: Հետեւաբար, իրաւականօրէն այս արձանագրութիւններէն հայկական կողմին ստորագրութիւնը միանգամընդմիշտ ջնջելու եւ զանոնք յետս կոչելու ժամը շատոնց հնչած է արդէն: Այս ալ մաս մը կազմէ համազգային անվտանգութեան համակարգի ձեւաւորման հոլովոյթին:

Եւ վերջապէս համազգային անվտանգութեան ձեւաւորման հինգերորդ գործօնը սփիւռքն է: Այո՛, արժէ երկար խօսիլ հայրենիքի մասին, արժէ սուր քննադատութեան ենթարկել հոն նկատուող ամէն անախորժ երեւոյթ, արժէ ըլլալ պահանջատէր, այս բոլորը մեզ` սփիւռքահայութիւնս կը դարձնեն աւելի յանձնառու եւ կ՛օժտեն ազգին ու հայրենիքին պատկանելիութեան դրսեւորման անհրաժեշտ ստորոգելիներով: Սակայն ժամանակն է մտածելու նաեւ սփիւռքի մասին:

Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած ու սփիւռքացած հայութեան աւելի քան 2/3 համրանքին դիմաց այսօր կը դրուին հրատապ ու այժմէական սուր խնդիրներ: Եկէք ըլլանք անկեղծ ու ընդունինք, որ ժամանակը հասած է քարացած կարծրատիպերը քանդելու աշխատանքին նետուելու: Փոխուած են պայմանները, ժամանակները, փոխուած են սփիւռքահայու չափանիշները: Ահաւասիկ 101 տարի ետք այլեւս քանի երրորդ սերունդն է որ հասակ կ՛առնէ սփիւռքի մէջ: Ասոր վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ հայրենիքէն արտագաղթի պատճառով ստեղծուած նոր համայնքները, որոնք նոր դիմագիծ եւ նոր առաջնահերթութիւններ կը ստեղծեն սփիւռքահայ կեանքի գործընթացներուն մէջ:

Արձանագրուած հսկայական այս տեղաշարժը` կարգ մը գաղութներու չէզոքացումը, այլոց նօսրացումը, այլ տեղ նորաստեղծ ըլլալու հանգամանքը, իսկ շատ մը տեղեր նոր մարդուժով համալրուած ըլլալու իրողութիւնը կը պարտաւորեցնեն մեզ, որ վերանայինք սփիւռքի ղեկավարման ընդհանուր դրոյթներուն եւ նոր հայեցակարգի մը ու արդիւնաւէտ եւ օգտաշատ ռազմավարութեան մշակման ենթահողը պատրաստենք: Այո՛, բոլոր հանգամանքները կը պարտաւորեցնեն մեզ հիմնովին վերատեսութեան ենթարկելու մեր գործելաոճը: Հանդէսային եւ ծիսակատարական դրսեւորումներով եւ պարզապէս ինքնանպատակ ներկայութիւն հաստատելու հանգրուանը շատոնց անցած է, սակայն շատ յաճախ կը դեգերին նոյն ոլորոպտոյտին մէջ, եւ անբացատրելի կերպով կը կառչինք հինէն եկող ու հնամաշ դարձած հասկացողութիւններուն, պահպանողականութիւնը եւ սովորամոլութիւնը երբեմն կը ճահճահեցնէ մեր հաւաքական կեանքը, կը խուսափինք իսկական փոփոխութիւններ յառաջացնելու եւ մեր կեանքը խանդավառ շարժման մէջ դնելու նոր ու ժամանակակից ընթացքով երաշխաւորուած գործօններու որդեգրումէն: Եկեղեցական, քաղաքական, կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական մեր կառոյցներու գործելաոճը շատ յաճախ չենք ուզեր այժմէականացնել` պատրուակելով, որ այդպիսով կրնանք տեղ մը վնասել մեր ազգային դիմագիծին կամ հայկականութեան:

Չենք ուզեր տեսնել ու ըմբռնել, որ երբեմն մեր կառոյցներու եւ միութիւններու գործունէութիւնը կը դառնայ ինքնանպատակ, անիմաստ եւ գրաւչութենէ զուրկ: Մեր նախորդները մեծ զոհողութիւններով յաջողեցան սփիւռքի կազմաւորման գործընթացին մէջ բերել հիմնարար մասնակցութիւն եւ ներդրել իրենց ողջ կարողականութիւնը, անոնց կատարած գործին հանդէպ կը մնանք ցկեանս երախտապարտ, սակայն այդ նուաճումը պահելու համար իսկ անհրաժեշտ է, որ նորարար միտքով, ոճով ու ոգիով սկսինք բարեփոխման ենթարկել մեր սահմանումներն ու հասկացողութիւնները: Այո՛, ժամանակն է, որ մեր կառոյցներու գործադաշտին մէջ շեշտադրենք քաղաքական գործօնի խորացումը եւ ազգային հիմնախնդիրներէ յառաջացած նպատակներու համար աշխատանքային նոր ոճ:

Սփիւռքին մէջ հայապահպանման սահմանումն այսօր կը կարօտի վերանայման: Հայկականութիւնը իբրեւ ժամանակակից նոր գաղափարախօսութիւն պէտք է օժտել ներկայ դարու համահունչ անհրաժեշտ ստորոգելիներով, որպէսզի ան յաջողի նուաճել նոր տարածք, սերունդները համակել եւ նոյնինքն հայկականութեան արտայայտութիւնը վերածել ազգային հպարտանքի դրսեւորման ձգտումի:

Եկէ՛ք շատ հեռուները չնաւարկենք եւ իբրեւ մանրատիպ նկատի ունենանք մերը` լիբանանահայ գաղութը, խօսինք մեր գաղութի հայկականութեան դրսեւորման մասին, խօսինք միասնաբար, թէ ինչպէ՛ս առաջքը պիտի կարենանք առնել հայկականութեան, հայեցի դիմագիծի, հայկական պատկանելիութեան գիտակցութեան մէջ արձանագրած նահանջի երեւոյթներուն: Վստահաբար բոլորս ալ կ՛ընդունինք, որ հայկականութիւնն է հիմքը մեր պայքարին, գործին եւ երթին, այլապէս ուշ կամ կանուխ ամէն ինչ դատապարտուած պիտի ըլլայ տեղատուութեան ու արագ նահանջի: Եկեղեցական, կրթական եւ միութենական հարուստ ու պատկառելի թիւ ներկայացնող միաւորներով օժտուած այս գաղութին մէջ ինչպէ՛ս բացատրել երիտասարդութեան ստուար թիւի մը բացակայութիւնը մեր կեանքին մէջ եւ անոր ընդգրկուածութիւնը օտար միջավայրերու մէջ, կամ ընդհանրապէս հայկականութենէն անտարբեր կեանքով մը առաջնորդուելու իրողութիւնը: Հայ ծնողքը պարտաւոր է այս հանգրուանին տալու բացատրութիւն, թէ ինչո՞ւ իր զաւակը հայկական շունչէ, մթնոլորտէ ու դպրոցէ պիտի զրկէ, ո՞վ տուած է իրեն հայկականութեան սպառնացող այս անբացատրելի իրաւունքը, երբ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան պետական եւ համալսարանական մուտքի քննութեանց մէջ արձանագրած պատուաւոր արդիւնքները` իբրեւ կրթական յաջողութիւն եւ նուաճում, կը մրցին օտար առաջնակարգ վարժարաններու հետ: Միւս կողմէ, սակայն, մեր գաղութի կրթական համակարգին մէջ նկատուող թերութիւնները սրբագրելու միջավայրը աւելի քաշողական ու մրցունակ դարձնելու աշխատանքն ալ համայնքային ու կրթական մարզի պատասխանատուներուն պարտաւորութիւնն է անկասկած: Այս բնագաւառին մէջ պատասխանատուութիւնը հաւաքական է, որովհետեւ հայ դպրոցի դերը անսակարկելիօրէն հիմնական նշանակութիւն ունի մեր ազգային պահանջատիրութեան ծաւալման ու յարատեւման հոլովոյթին մէջ: Այո՛, ան ուղղակիօրէն կ՛առնչուի մեր նշած համազգային անվտանգութեան օրակարգի ձեւաւորման:

Հայ ընտանիք, եկեղեցի, դպրոց եւ ակմբային միջավայր կը կազմեն այն առանցքային օղակները, որոնցմէ որեւէ մէկուն թուլացումը ուղղակիօրէն կը սպառնայ մեր հայկականութեան: Հետեւաբար թող ոչ ոք փորձէ ինքզինք արդարացնել եւ իր թերացումին պատճառ ու պատրուակ գտնելով զբաղի: Եւ որքան այս օրերու այժմէական պատգամով կը ներկայանայ գաղափարի ու Հայ դատի մեծ նուիրեալ առաջնորդ ու մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի խօսքը, երբ կ՛ըսէ. «Հայ ընտանքին մէ՛ջ է, որ կը խմորուի ու կը թրծուի հայութիւնը, հայ ոգին, կը ձեւաւորուի ազգային մեր ինքնութիւնը յատկանշող մարդկային ու ընկերային մեր առանձնայատկութիւնները, ոգեկան ու մարմնական առնչութիւնները, հաւատարմութի՛ւնը մեր անցեալին, ընկերային էութեան եւ հաւաքական լինելութեան»: Շարունակելով` կ՛աւելցնէ. «Հայ ընտանիքը կը տկարանայ ոչ թէ անոր համար, որ օտարը կը մտնէ անոր սեմէն ներս, այլեւ, այլ մանաւանդ` օտարութիւնը, կը տկարանայ ո՛չ միայն որակական իմաստով, իբրեւ ընկերային ու ազգային առողջ ու առողջատա՛ր օղակ, այլեւ քանակական իմաստով, կը փոքրանայ աստիճանաբար եւ կը վերածուի մանրանկար հայ ընտանիքի: Աղէտը մեզ կը հարուածէ կրկնակի ճակատի վրայ, եւ հարուածը աւելի քան ճակատագրական է, եթէ ազգովին չզգաստանանք եւ չստանձնենք մեր հաւաքական պատասխանատուութիւնը…»:

Նորահաս սերունդը, երիտասարդութիւնը մեր հայկական կեանքին մէջ պէտք է առանց վարանումի եւ տատամսումի գտնէ իր հարազատ ու բնականոն հունը: Առ այդ, մեր կառոյցներուն գործունէութիւնը, մեր ըմբռնումները, մեր առաջադրանքները պէտք է համահունչ ընթանան այս անհրաժեշտութեան հետ: Երիտասարդութեան ներգրաւումը մեր հաւաքական կեանքին մէջ, մարդուժի կուտակման եւ ժամանակակից հաւաքական կեանքի ու միջավայրի ձեւաւորման անսպառ աղբիւր է: Բոլոր ժամանակներէն աւելի գաղութը օժտուած է անհատական մեծ կարողականութիւններով ու մասնագիտութիւններով, կը մնայ այդ կարողականութիւններու հաւաքագրումը եւ ուղղորդումը դէպի մեր հաւաքական կեանք ու հաւաքական տեսլականներ առաջնորդելը:

Սիրելի՛ ներկաներ, կ՛ոգեկոչենք Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակը պայքարի վերանորոգ վճռակամութեամբ: Մենք հարուստ ենք մեր պայքարով, հարուստ մեր նահատակներով, որոնք կը շարունակեն լուսաւորել մեր երթը եւ կ՛իմաստաւորեն մեր ազգին գոյութիւնը: Անոնք կը պարտաւորեցնեն մեզ կանգնելու եւ մնալու բարձր Հայաստանն ու հայութիւնը ջլատող, ստրկացնող ամէն տեսակի փորձութիւններէն, դաւադրութիւններէն ու վարքագիծերէ: Ազգովին շատոնց ըմբռնած ու իւրացուցած ենք արդէն պատմական այն խոր ճշմարտութիւնը, որ մեր յաջողութեանց գրաւականը մե՛ր հաւաքական ուժին ու միասնականութեան դրսեւորման մէջ է: Այո՛, 10 միլիոն ու աւելի համրանք հաշուող հայութիւնը այսօր ի վիճակի է պաշտպանելու իր հայրենիքը ու իր հայկական ողջ ունեցուածքն ու հարստութիւնը: Կը հաւատանք, որ ուշ կամ կանուխ ցեղասպանը պիտի ստիպուի աւելի իրատեսութեամբ հաշուի նստիլ հայկական գործօնին հետ:

Սիրելինե՛ր, Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ ամեակին առիթով եկէք այս պահուն միասնաբար պահ մը կանգ առնենք հայութեան ազատագրական կռիւ մղած հերոս ֆետայիներուն, Վանի, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի եւ Մուսա Լերան ժողովրդային հերոսական ինքնապաշտպանութիւնները կերտած նուիրեալներուն, Սասնոյ ու Զէյթունի ապստամբութիւնները մղած քաջարի ժողովուրդին, իրենց կեանքին մինչեւ վերջին վայրկեանը ճակատնին բարձր պահած ու քսան կախաղաններու վրայ պահանջատիրութիւն դարբնած հայ ժողովուրդի նուիրեալներուն, Ցեղասպանութենէն 3 տարի ետք միայն Մայիս 28-ի պայծառ առաւօտ մը անկախութիւն եւ հանրապետութիւն նուաճած Հայկեան ցեղի ազգընտիր տիքթաթորներուն, թուրք ջարդարարներուն հայավայել պատիժ սահմանած Նեմեսիս գործողութեան տիտաններուն, հայութեան արդար դատին համար, Հայաստանը չտեսած, բայց Հայաստանի համար մարտիկ դարձած ու իրենց կեանքը նուիրաբերած աննման հայորդիներուն, յեղափոխական ու գաղափարական խոր կազմաւորումով Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ տիրող միջազգային լռութեան պատը քանդելու եւ գերագոյն զոհաբերութեան պատուանդան նուաճած փոքր բանակի մաս կազմած, սակայն  հայ ժողովուրդի պատմութիւնը յեղաշրջող աննման անձնուրացներուն, Լիզպոնի ողջակէզներուն, Արցախի ազատագրական կռուին մէջ իրենց թանկագին արիւնը նուիրաբերած առիւծասիրտ ու քաջարի ընտրեալներուն եւ վերջապէս մեր բոլորին պատիւ ու պարծանք հայոց բանակի նորօրեայ հերոսներուն: Եկէ՛ք միասնաբար այս պահուն երդնունք շարունակելու անոնց գործը, ընդարձակելու պայքարը, որպէսզի ամէն օր քիչ մը աւելի հայանանք ու քիչ մը աւելի մօտենանք վախճանական յաղթանակին:

Բի՛ւր յարգանք մեր նահատակներուն, պատի՛ւ հայ ժողովուրդի հերոսածին մայրերուն, ամուր հաւատք` դէպի նոր յաղթանակներ ընթացող նորօրեայ մեր երթին:

Ապրի՛ մեր պայքարը, թող  անսասան մնայ հայո՛ց բանակը, որպէսզի հզօրանայ Հայաստանն ու հայութիւնը եւ մեր աչքերը սեւեռած մեր Արարատին ըսենք բարձրաճակատ ու բարձրաձայն` ՍՐԲԱԶԱ՛Ն ԼԵՌ, ՄԵՆՔ ՍՏՈՐՈՏԴ ՀԱՍԱԾ ԵՆՔ ԱՐԴԷՆ ՈՒ Կ՛ԵՐԴՆՈՒՆՔ ԲՈԼՈՐՍ ՄԻԱՍԻՆ, ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԻՆՔ ԿԱՏԱՐԻԴ:

Նախորդը

Քառօրեայ Պատերազմ` Պատճառների Եւ Մեղաւորների Փնտռտուք

Յաջորդը

Մոկերինի. «Թուրքիան Տակաւին Հեռու Է Եւրոպական Միութեան Անդամակեցելէ»

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?