Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայութիւնը Վերահայացաւ Արցախի Պաշտպանական Խրամներուն Մէջ (Մերօրեայ Հերոսամարտեր) Ա.

Ապրիլ 28, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ     

Այո՛, մենք ունենք զոհեր, բայց պէտք է հասկանանք, որ սա պատերազմ է եւ պատերազմն առանց զոհերի չի լինում: Եւ այդ պատերազմն ինչպէս այն ժամանակ,  այնպէս էլ հիմա մենք չէ, որ սկսում ենք: Նախայարձակը իրենք են, եւ ստացւում է, որ մենք կռւում ենք պարտադրուած պատերազմում: 

ԱՐԿԱԴԻ ՏԷՐ ԹԱԴԵՒՈՍԵԱՆ
(Արցախեան պատերազմի հրամանատար)

Երբեմն թուականներ ու վիճակներ կը պարտադրուին, հակառակ անոնց դառնութեան եւ ահաւորութեան: Իսկ պարտադրողը շատ անգամ կ՛ըլլայ նոյնինքն թշնամին, որ` իր մարդակերի բնազդին յագուրդ տալու եւ բնաջինջ ընելու մոլուցքէն տարուած, կը ձեռնարկէ անխիղճ ու լայնածիր յարձակումի, կ՛ուզէ քանդել ու աւերել, գերել ու սպաննել խաղաղ ժողովուրդ մը ամբողջ, եւ սա քաղաքակիրթ կոչուած մարդկութեան կոյր աչքին ու խուլ ականջին դիմաց:

Սակայն նոյն տրամաբանութեան իսկ հետեւումով, կը պատահի հակառակի փաստը, երբ յարձակման ենթարկուած ազգը, այս պարագային հայութիւնը, ցոյց կու տայ այնպիսի անկրկնելի հերոսականութիւն, մաքառումի ոգի եւ անսահման հայրենապաշտութիւն, որ իրեն պարտադրուած դժխեմ թուականն ու վիճակը կ՛այլափոխէ եւ կը վերածէ յաղթանակով լիացած փառապսակի:

Ապրիլի 1 – 4, 2016:

Վանի, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի, Այնթապի, Հաճընի, Մուսա Լերան, Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի փառապանծ ու հրաշագործ ինքնապաշտպանական սուրբ կռիւներու համազօր եւ համարժէք թուական մըն է  անտարակոյս, որ պիտի յիշուի այնպիսի ուժական արտայայտութեամբ մը, որուն արձագանգները պիտի ղօղանջեն ժամանակակից սերունդներու սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ, անդադա՛ր:

Թուական մըն է անիկա, որ արցախեան պատերազմի յաղթակերտ տարիներէն ետք, իրօք, մեծագոյն իրադարձութիւնն է, անկախութեան հռչակման 25-ամեակի նուիրուած մեծագոյն նուէրը: Մէկ տարբերութեամբ սակայն, որ այդ նուէրը շաղախուեցաւ հայոց աստուածացած տղաներուն արեամբ եւ շունչի մաքրութեամբ:

Եւ օրհնեալ այս թուականով ազգը իր բոլոր շերտերով առանց խտրութեան, կրկին անգամ հայացաւ, Արարատի չափ վեհացաւ:

Արդ,

Հրաշք Արցախի պաշտպանական սահմաններու, զինուորական խրամներու եւ  զանազան դիրքերու վրայ հայ մարտունակ ոգիի ու բազուկի վեհափառ սխրանքներուն մէկ նորովի որոտումին ու կանչին ականատես եղանք ազգովին:

Այո՛, ականատես եղաւ համայն մարդկութիւնը ինք, որ հակառակ իր սադայէլի դիմագիծին, քաղաքական անբարոյ վարքագիծին եւ ստապատիր յորդորներուն, պահ մը շշմեցաւ, տարակուսեցաւ, այլայլեցաւ եւ վեհերոտ նայուածքներուն եւ շիկնոտ վարմունքին ընդմէջէն պարտաւորուեցաւ խոնարհիլ եւ ընդունիլ հայոց բանակին յաղթանակը:

Հայոց բանակին ծառայող երիտասարդ թէ չափահաս տարիքի փաղանգներ, առանց վարանումի, վայրկեան մը երկմտելու կամ յապաղելու հերոսաբար նետուեցան պայքարի դաշտ եւ երկնեցին մեր օրերու ամէնէն պայծառ յաղթանակը:

Անոնք` իբրեւ արժանապատիւ ժառանգորդներ Հայկին ու Սասունցի Դաւիթին, Արամին ու Նժդեհին իրենց հուժկու կուրծքերն ու ամրապինդ սրտերը ցցեցին դարանակալ, վայրագ, բարբարոս եւ վախկոտ ազերի-թուրքին անակնկալ յարձակումներուն դէմ, զարկին ու զարնուեցան, զգետնեցին ու բնաջինջ ըրին յարձակող հորդաներու եւ վոհմակներու տարատեսակ գումարտակներ եւ կրկին անգամ իրենց արեամբ ու բազուկի զօրութեամբ տէր կանգնեցան հայոց աշխարհին:

Աւելի՛ն. հայոց բազուկի հասցուցած ուժգին հարուածներուն եւ կամքին ի տես,  ամբողջ հայութիւնը որոտընդոստ եւ սքանչելի պահուածքով մը միախառնուեցաւ իր սրբազան տղաներու հոգիներուն հետ, եղա՛ւ թեւ ու թիկունք, եղա՛ւ սուր ու վահան եւ նետուեցաւ սրբազան կռիւի դաշտ, ո՛չ միայն իր կուրծքը ցցելու թշնամիին դէմ, այլ նաեւ`  կերտելու այսօրուան մեծագոյն յաղթանակը:

Փաստօրէն, հայութիւնը իր կամաւորական գունդերով, վեթերաններով, մեծով ու փոքրով համախումբ ուղղուեցաւ Մռաւ լեռ, Մարտակերտ ու Մարտունի, զէնն ի ձեռին, ամբողջ աշխարհին ցոյց տալու, թէ հայոց քաջարի աստուածները տակաւին կա՛ն, գոյութիւն ունի՛ն, կը շնչեն, գահընկէց չե՛ն եղած ու կ՛ապրին իւրաքանչիւր հայու հոգեկերտուածքին մէջ:

Ահա՛ մերօրեայ հերոսամարտին առաջին պատգամը:

 

 

Նախորդը

Եղեռնի Ոգեկոչման 101-Ամեակի Ծիրին Մէջ. «Անմահութեան Ղօղանջներ» Խորագիրով Գեղարուեստական Երեկոյ

Յաջորդը

Սթոքհոլմ. Շուէտահայութիւնը Իր Բողոքի Ձայնը Կը Բարձրացնէ

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?