Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Փակե՞լ, Թէ՞ Չփակել

Ապրիլ 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՃԷՆԱՆԵԱՆ

Bourdj Hammoud_42216

Վերջերս` Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակի սեմին, կարգ մը անհատներ նոյնիսկ ծանօթ թերթերու էջերէն կարծիք կու տային այն մասին, որ մեր հաստատութիւնները չփակենք ապրիլ 24-ին, այլ իբրեւ սովորական աշխատանքի օր գործեն, իսկ այդ օր գոյացած գումարը տրամադրուի հայոց բանակին եւ անոր սպառազինութեան եւ կամ ապրիլեան չորսօրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած զինուորներուն ու քաղաքացիներուն ընտանիքներուն դրամական օգնութիւն հասցնելու կամ տարբեր տեսակի վնաս կրածներուն օժանդակելու նպատակին:

Այդպիսի առաջարկ ներկայացնողները անշուշտ նաեւ կը պաշտպանեն այն տեսակէտը, որ մէկ օր խանութ փակելը ոչ մէկ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ցեղասպանին վրայ, այլ շատեր պարզապէս ճաշարան կամ պտոյտի պիտի երթան: Սակայն զգուշ` ոչ բոլորը:

Շնորհակալ ենք նման ազգային շունչով տոգորուած անհատներուն, որոնք դարձած են նաեւ (ներողութիւն բառին) լաւ պիզնիսմեններ, որոնք այդ օր աշխատելով` դրամական զոհողութիւն յանձն պիտի առնեն եղեր, սակայն անոնք չափազանցութեան կ’երթան իրենց զգացումներուն մէջ եւ կը մոռնան շատ նուրբ եւ կարեւոր կէտեր, որոնք կ’անցնին դրամականէն անդին, ընդունելով հանդերձ օգուտը նիւթականին:

Նախ սկսինք այն երեւոյթէն, որ հայկական բոլոր հաստատութիւններուն միանուագ փակ մնալը քարոզչական զօրաւոր ազդեցութիւն պիտի ունենայ եւ օտարներուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւէ: Երկրորդ կէտը այն է, որ նոր սերունդը, այսինքն` հայ մանուկը, դպրոցականը տեսնելով, որ իր հայրը, եղբայրը իրենց գործը ձգելով` այդ օրը  զինք կ’առաջնորդեն եկեղեցի կամ ձեռնարկի մը, ան կը ջանայ թափանցել անոր նպատակին` իր մտքին ու հոգիին մէջ սերմանելով ազգային զգացումներ եւ ոգեւորուելու անոնցմով, իսկ մեծերն ալ կը վերապրին օրուան իմաստն ու խորհուրդը:

Ամէն պարագայի, յարգելի՛ ազգակիցներ, բարեհաճեցէք գէթ հրապարակաւ չարտայայտուիլ ապրիլ 24-ի օրը հայկական հաստատութիւնները չփակելու մասին` մեկնելով մեր վերոնշեալ մատնանշումներէն ու նկատողութիւններէն, որովհետեւ համայն հայութիւնը` սփիւռքէն մինչեւ Հայաստան, համոզումով եւ սիրայօժար կամքով յանձն առած է այդ օրը այդ զոհողութիւնը կատարել եւ չաշխատիլ, իսկ Արցախին օժանդակելու գումարը անկախաբար անպայման պիտի տայ, ինչպէս կատարեց:

Այս փակե՞լ, թէ՞ չփակել հարցադրումը մէջտեղ նետողներ եղան նաեւ Վարդանանց օրուան պարագային: Յատկանշական ազգային տօներու եւ առիթներու հաստատութիւնը փակ պահող հայը երբեք պիտի չաղքատանայ, սակայն այս ընթացքով հետզհետէ պիտի պակսին նշանաբան դարձած մեր ազգային տօներուն խորհուրդներն ու անոնց մէջ եղող պատգամներուն նկատմամբ գիտակցութիւնը, նաեւ` այս բոլորը խլելով նոր սերունդին հոգիէն ու միտքէն, զրկելով զանոնք այս բոլորին ունենալիք օգտաշատ ազդեցութենէն:

Ազգ մը արդեօք ինչո՞վ կը յատկանշուի, եթէ ոչ` իր տօներով եւ անոնց մէջ եղող արժէքով, որոնք պէտք է արտացոլան արտաքին եւ ներքին ճակատներուն վրայ:

 

 

 

Նախորդը

Արհեստագիտական Նորանոր Նուաճումներ

Յաջորդը

Թմրամոլութեան Դէմ Պայքարի Դպրոցական Սեմինար

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?