Երբ Թրքերէնն Ու Հայերէնը… Կը Միաձուլուին
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Այս գրութիւնս կը նուիրեմ իր ամբողջ կեանքը թրքերէն եւ թրքաբարոյ երգերու դէմ պայքարող, նորոգ հանգուցեալ ընկերոջս` Յակոբ Եափուճեանի յիշատակին: Սոյն յօդուածս գրուած էր աւելի քան երկու ամիս առաջ, սակայն նախընտրած էի աւելի առաջնահերթ գրութիւններ ուղարկել «Ազդակ», երբ սիրելի ընկերս անակնկալօրէն մեկնեցաւ այս աշխարհէն` առանց կարենալ կարդալու գրութիւնս: Յիշատակդ անթառամ, սիրելի՛ գաղափարակից ընկեր եւ գրչեղբայր: Պայծառ, արեւոտ կիրակի մըն...




















