Լիբանանեան Կեանք

Լիբանանի Փառքը Ստացած Պատրիարքը` Նասրալլա Սֆէյր

Լիբանանի Փառքը Ստացած Պատրիարքը` Նասրալլա Սֆէյր

Պատրաստեց ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Լիբանանի մարոնի եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ Նասրալլա Սֆէյր պատրիարքը անցուց 50 տարուան եպիսկոպոսական շրջան մը, որուն կէսը` 25 տարին, ան իր կեանքը ապրեցաւ իբրեւ մարոնի համայնքի պատրիարք: 25 տարի ետք ան ներկայացուց իր հրաժարականը Վատիկանին, որ ընդունեց այդ հրաժարականը: Նասրալլա Սֆէյր ծնած է 25 մայիս 1920-ին, Ռէյֆունի մէջ: Քեսրուանի շրջանի այս գիւղաքաղաքին մէջ անոր ընտանիքը ծանօթ եղած է...

Ազգային Ինքնորոշման Իրաւունքը Տուն Պէտք Է Բերել  (Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով)

Ազգային Ինքնորոշման Իրաւունքը Տուն Պէտք Է Բերել (Լիբանանի Անկախութեան 75-ամեակին Առիթով)

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Անկախութիւն. անկախ պետութիւն: Զոյգ եզրեր, որոնք հպարտութիւն կը ներշնչեն, քաղաքացիին ճակատը կը բարձրացնեն անզգալաբար, աչքերուն յաւելեալ փայլք կը բերեն եւ ուրախութեան զգացումներով կը համակեն անոր էութիւնը: Հաւանաբար, սակայն, այս բոլորը կը վերաբերին բնականոն պայմաններու մէջ ապրող երկիրներու, ուր եթէ ամէն ինչ կատարեալ ալ չէ, նուազագոյնը քաղաքացիին տարրական իրաւունքները յարգուած են: Նիւթին շուրջ դառնալու պէտք չկայ. ընթերցողը վերոնշեալ երկու...

Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Լիբանանի Մասնակցութեան Կարեւորութիւնը

Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Լիբանանի Մասնակցութեան Կարեւորութիւնը

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 17-րդ վեհաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերած 84 երկիրներու շարքին Լիբանանի մասնակցութիւնը, գլխաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, դարձաւ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը Լիբանանի համար: Այս վեհաժողովի ընթացքին է, որ որոշուեցաւ Լիբանանը դարձնել Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի կեդրոնը, նուաճում մը, որուն իրագործումին համար նախագահ Աուն ամիսներ շարունակ աշխատանք տարած է ու` հսկայական ջանքեր թափած: Վեհաժողովը կարեւոր...

Հարաւային Լիբանանի Ազատագրման 17-ամեակ.   Ռազմավարական Հաւասարակշռութեան Հաստատում Եւ Դիմադրութեան Առանցքի Յաղթանակ

Հարաւային Լիբանանի Ազատագրման 17-ամեակ. Ռազմավարական Հաւասարակշռութեան Հաստատում Եւ Դիմադրութեան Առանցքի Յաղթանակ

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ 25 մայիս 2000-ը կը խորհրդանշէ հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան եւ Իսրայէլի դէմ արձանագրուած յաղթանակի օրը, որ վերածուած է ազգային տօնի, եւ որուն անբաժանելի մէկ մասնիկը կը մնայ Դիմադրութեան անունը: Հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան եւ Դիմադրութեան տօնը Լիբանանի մէջ վերածուած է աւանդութեան եւ կ՛ընդգրկէ տօնակատարութիւններ, որոնց շրջագիծին մէջ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անպայման կ՛արտասանէ իր խօսքը` կենդանի ելոյթով կամ...

Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Խորհրդանշական Անդրադարձ Լիբանանեան Պատկերասփիւռի Կայաններուն Կողմէ

Հայկական Ս. Ծննդեան Տօնին Առիթով Խորհրդանշական Անդրադարձ Լիբանանեան Պատկերասփիւռի Կայաններուն Կողմէ

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ «Դուք ինչո՞ւ Ս. Ծննդեան տօնը 6 յունուարին կը նշէք», հարցումին անխուսափելիութեան կողքին, հայկական Ս. Ծնունդը այս տարի տեղական մակարդակով ունեցաւ խորհրդանշական անդրադարձ, նկատի ունենալով, որ լիբանանեան պատկերասփիւռի զանազան կայաններ յատուկ յայտագիրներով եւ գեղարուեստական յայտագիրներու սփռումով նշեցին այդ տօնը: Սկսելու համար, լիբանանեան պատկերասփիւռի բոլոր կայանները իրենց յայտագիրներուն միջեւ եւ ծանուցումի դադարներուն ընթացքին օգտագործուող իբրեւ տեսարան որդեգրած էին «Շնորհաւոր Նոր...

Լիբանանի Մասին Վատիկանեան Ընթացագիծը Եւ Ռայի Պատրիարքին Կողմէ Պապին Յանձնուած Տեղեկագիրը

Լիբանանի Մասին Վատիկանեան Ընթացագիծը Եւ Ռայի Պատրիարքին Կողմէ Պապին Յանձնուած Տեղեկագիրը

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Վատիկանի գնահատումով, զօր. Միշել Աունի հանրապետութեան նախագահ ընտրութեամբ Լիբանան մուտք գործած է նոր փուլ մը, որ կը յատկանշուի Միջին Արեւելքի մէջ լիբանանեան պետութեան ունենալիք դերակատարութեամբ: Ըստ Վատիկանի, Լիբանան իր քրիստոնեայ Ա. իշխանութեամբ պէտք է իր դերակատարութիւնը ունենայ Միջին Արեւելքի յարանուանական տագնապներն ու շրջանին նկատմամբ միջազգային քաղաքական տարակարծութիւնները զսպելու առումով: Իր կարեւորութեան համար Լիբանան անցեալ շաբթուան ընթացքին դարձաւ...

Ներշնչուելով Լիբանանի Ապրած Արտակարգ Ու Անկրկնելի Զարգացումներու Շաբաթէն

Ներշնչուելով Լիբանանի Ապրած Արտակարգ Ու Անկրկնելի Զարգացումներու Շաբաթէն

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Արդեօք իրականութի՞ւն է, թէ՞ ցնորք: Հաւանաբար լիբանանցի քաղաքացին, որ իր տեսակին մէջ լուրերու եւ հեռատեսիլէն սփռուող քաղաքական զրոյցներու հետեւող է, վերջին երկու շաբթուան ընթացքին օրական քանի մը անգամ այս հարցը կու տայ ինքզինքին` մերթ միտքէն, մերթ ներքուստ, մերթ բարձրաձայն մտածելով: Հաւանաբար առաջին օրերուն, այսինքն երբ նախագահական ընտրութեան կարելիութեան մասին շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, ան աւելի կասկածամիտ էր, այդ...

Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Միշել Աուն … Բոլորին Հայրը

Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Միշել Աուն … Բոլորին Հայրը

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Զօր. Միշել Աուն Նախագահական պալատ վերադառնալու յոյսով 1990-ին Պաապտան լքած զինուորականը` զօր. Միշել Աուն երէկ իրականացուց իր երազը եւ հանրապետութեան նախագահ ընտրուելէ ետք վերադարձաւ «Ժողովրդի տուն»` հաւատարիմ մնալով Լիբանանը կազմող բոլոր շերտերուն հանդէպ բաց քաղաքականութիւն վարելու եւ համայնքայնութիւնը մերժելու իր սկզբունքներուն եւ անոնց ի խնդիր որդեգրած իր ռազմավարութեան: Շուրջ երեք տասնամեակ այս երազով ապրած աունականներուն եւ զօր....

Ապահովական Կառոյցներուն Եւ Բանակին Արթնութիւնը Լիբանանը Կը Փրկէ Ահաբեկչական Գործողութիւններու Դիպաշարէ Մը

Ապահովական Կառոյցներուն Եւ Բանակին Արթնութիւնը Լիբանանը Կը Փրկէ Ահաբեկչական Գործողութիւններու Դիպաշարէ Մը

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Ապահովական կառոյցներուն կողմէ Աշուրայի երեկոներու հաւաքներու առիթով իրականացուած ապահովական նուաճումները կը շարունակեն իրենց կշիռը պարտադրել ներքին լիբանանեան կացութեան վրայ: Լիբանան դարձեալ փրկուած է պայթումներու դիպաշարէ մը` նկատի ունենալով Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին կողմէ վերջերս կատարուած շարք մը ձերբակալութիւնները, որոնց լոյսին տակ  յանցագործները հաստատած էին, թէ իրենք կը պատրաստուէին գործադրել արդէն իսկ ծրագրուած ահաբեկչական գործողութիւնները: Հակառակ շրջանային...

«Չենք Կրնար Արագ Լուծումներ Ակնկալել, Սակայն Աշխատանքը Կը Շարունակուի, Առանց Յուսալքումի»  «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Սօսի Փօլատեան

«Չենք Կրնար Արագ Լուծումներ Ակնկալել, Սակայն Աշխատանքը Կը Շարունակուի, Առանց Յուսալքումի» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Սօսի Փօլատեան

Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Լիբանանի մէջ կիներու դէմ գործուած բռնութիւնները եւ յատկապէս կիներու սպանութեանց պարագաներուն արձանագրած աճը դարձած են լիբանանեան իրականութեան քստմնելի իրականութիւններէն մէկը: Այդ ոճիրները կանխարգիլելու եւ կնոջ իրաւունքները պաշտպանելու, յատկապէս խորհրդարանին մէջ անոր ներկայացուցչութեան, զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու, ինչպէս նաեւ այլ իրաւունքներ ձեռք ձգելու նպատակով Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը մնայուն կերպով կ՛աշխատի: Այդ աշխատանքներուն մասին «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Լիբանանցի...

Յուլիսեան Պատերազմի Տասնամեակ.   Դիմադրութիւնը Յաղթեց` Շրջանին Մէջ Պարտադրելով Ուժի Նոր Տարազ Մը

Յուլիսեան Պատերազմի Տասնամեակ. Դիմադրութիւնը Յաղթեց` Շրջանին Մէջ Պարտադրելով Ուժի Նոր Տարազ Մը

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Տասը տարիներ առաջ այսօր փակուեցաւ յուլիսեան պատերազմի վարագոյրը: Ինչպէս ամբողջ պատերազմին ընթացքին, նոյնպէս ալ պատերազմին վերջին վայրկեաններուն Իսրայէլ բուռն կերպով ռմբակոծեց Լիբանանը` անկէ հեռանալէն առաջ թափելով իր վերջին մաղձը: 33 օրուան պատերազմը իրեն հետ բերաւ   թիւ 1701 անունով նոր բանաձեւ մը, որուն լոյսին տակ տասնամեակէ մը ի վեր Լիբանան-Իսրայէլ սահմաններուն վրայ խաղաղութիւն կը տիրէ: Սակայն յուլիսեան պատերազմին հիմնական...

Բանակը` Կազմ Ու Պատրաստ

Բանակը` Կազմ Ու Պատրաստ

Պատրաստեց ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ 1 օգոստոս է. բանակը պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 71-ամեակը, սակայն երրորդ տարին ըլլալով` ան իր տօնը պիտի յիշէ առանց աւանդական զինուորական տողանցքին ու սպայից վարժարանի աւարտական հանդիսաւոր արարողութեան: Ճիշդ է, որ տհաճ ու անախորժ է կացութիւնը, սակայն հակառակ երկու տարիէ ի վեր ինքզինք պարտադրած նախագահական թափուր աթոռի կացութեան` բանակը տիրական դարձուց իր «Պատիւ, զոհողութիւն եւ հաւատարմութիւն» նշանաբանը,...

Լիբանանը Ապահովական Ցնցումներու Թիրախ Դարձնող Գործողութիւններու Հաւանականութիւնը Առկայ Ըլլալով Հանդերձ, Երկրին Կայունութիւնը Հակակշիռի Տակ Է

Լիբանանը Ապահովական Ցնցումներու Թիրախ Դարձնող Գործողութիւններու Հաւանականութիւնը Առկայ Ըլլալով Հանդերձ, Երկրին Կայունութիւնը Հակակշիռի Տակ Է

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Մինչ ապահովական աղբիւրներ կը հաստատեն, որ երկրին կայունութիւնը հակակշիռի տակ է, անոնք միաժամանակ կը գիտակցին, որ լիբանանեան ներքին քաղաքական անհամաձայնութիւնն ու Սուրիոյ մէջ տիրող կացութիւնը կրնան հարուածել ապահովութիւնը: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ իրենք մտահոգ չեն լիբանանեան սահմաններուն դէմ գործուելիք յարձակումներէն, որովհետեւ բանակը իր ստացած գերարդիական սպառազինութեամբ ի վիճակի է հակակշիռի տակ առնելու որեւէ յարձակում: Ապահովական աղբիւրներուն հայթայթած...

Իսրայէլ Դարձեալ Պատերազմի Փողեր Կը Հնչեցնէ, Իսկ Հըզպալլա Պատրաստ Է ԴիմադրութեանԱ

Իսրայէլ Դարձեալ Պատերազմի Փողեր Կը Հնչեցնէ, Իսկ Հըզպալլա Պատրաստ Է ԴիմադրութեանԱ

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Լիբանանի ապահովական կայունութեան սպառնացող ՏԱՀԵՇ-ի, Ժապհաթ Նուսրայի, այլ խօսքով` հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վտանգներէն բացի, շուրջ տասը օրէ ի վեր Իսրայէլ կը սպառնայ Լիբանանի դէմ նոր պատերազմ մը սանձազերծել: Իսրայէլեան աղբիւրներուն կողմէ հնչող պատերազմի փողերուն կը պատասխանեն Հըզպալլայի աղբիւրները` հաստատելով իրենց կազմ ու պատրաստ ըլլալու իրականութիւնը` դիմադրելու համար թշնամի Իսրայէլին: Նախորդ երկու օրերուն ընթացքին Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ շրջանին...

Դիմադրութիւնը Ազատագրեց Լիբանանը  (Հարաւային Լիբանանի Ազատագրման 16-Ամեակին Առիթով)

Դիմադրութիւնը Ազատագրեց Լիբանանը (Հարաւային Լիբանանի Ազատագրման 16-Ամեակին Առիթով)

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ 18 տարուան զինուորական եւ քաղաքական դիմադրութիւնը, որուն կողքին նաեւ ժողովրդային եւ ազգային գոյութենական պայքարը պսակուեցան յաջողութեամբ, երբ 25 մայիս 2000-ին իսրայէլեան ուժերը հեռացան հարաւային Լիբանանէն: 25 մայիս 2000-ը դարձաւ Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան ազգային տօն մը, ինչպէս նաեւ լուսաւոր էջ մը Լիբանանի եւ արաբական ու իսլամական աշխարհի պատմութեան մէջ: Դիմադրութեան մղած պայքարին եւ անոր հաւատացող ժողովուրդին գոյամարտը օրինակ...

Լիբանանի Դիմագրաւած Տագնապներու Լուծման Բանալին Էլիզապէթ Ռիչըրտի՞ Մօտ Կը Գտնուի

Լիբանանի Դիմագրաւած Տագնապներու Լուծման Բանալին Էլիզապէթ Ռիչըրտի՞ Մօտ Կը Գտնուի

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպան Էլիզապէթ Ռիչըրտ Վերջերս Լիբանան վերածուած է ուխտավայրի մը, ուր կ՛այցելեն օտար դիւանագէտներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունը, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինին: Կը նախատեսուի, որ անոնց վրայ աւելնայ նաեւ ֆրանսական բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը, որ պիտի ընդգծէ նախագահական ընտրութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը: Անկախ...

Հակառակ Սէուտական Որոշումին.  Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Բանակին Եւ Դիմադրութեան

Հակառակ Սէուտական Որոշումին. Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Բանակին Եւ Դիմադրութեան

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Անցնող օրերուն բանակին կողմէ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ գործադրուած զինուորական յատուկ գործողութիւնը` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ, խօսուն օրինակ մըն է, որ Լիբանան կառչած կը մնայ իր բանակին եւ ահաբեկչութեան դէմ մղած պայքարին: Լիբանանեան բանակը ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իր կարողութիւնները միշտ ալ ապացուցած է լիբանանցիներուն եւ աշխարհին: Բանակը կը վայելէ լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ` Դիմադրութեան օժանդակութիւնը: Հետեւաբար այս երկուքը պառակտելու...

Զօր. Քահուաժի. «Բանակին Կատարուելիք Ամերիկեան Օժանդակութեան Արժէքը Կրկնապատկուած Է Եւ Հասած` 150 Միլիոն Տոլարի»

Զօր. Քահուաժի. «Բանակին Կատարուելիք Ամերիկեան Օժանդակութեան Արժէքը Կրկնապատկուած Է Եւ Հասած` 150 Միլիոն Տոլարի»

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Զօր. Քահուաժի - Ճոն Մըքքէյն Բանակը զինելու նպատակով, երեք տարի շարունակ Սէուտական Արաբիոյ երեք միլիառ տոլարի օժանդակութիւնը սպասելէ ետք, յատկացուած այդ նպաստը ջնջուեցաւ, հակառակ անոր որ Լիբանանի արեւելեան սահմաններէն երկրին սպառնացող ահաբեկչութեան վտանգը աւելի լրջացաւ: Այս շրջագիծին մէջ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի վերջերս այցելեց Միացեալ Նահանգներ, ուր ան հանդիպումներ ունեցաւ ամերիկացի ապահովական պատասխանատուներու եւ բարձրաստիճան...

Բանակը Ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի Պատասխանատու Մը  Եւ Ռմբակոծեց Ահաբեկիչներուն Դիրքերը

Պարիս Պիտի Բացայայտէ՞ ՏԱՀԵՇ-ի Մօտ Գտնուող Բանակայիններուն Արգելարանը

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Ահմետ Ամմուն Լիբանանեան բանակին գործած ապահովական նուաճումներէն կը նկատուի գրեթէ օրական դրութեամբ կատարած իր ձերբակալութիւնները` ահաբեկչական բջիջներու հետապնդումին շնորհիւ: Այս շրջագիծին մէջ բանակը անցեալ շաբթուան ընթացքին ձերբակալեց Արսալի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատու Ահմետ Ամմունը, որ ծանօթ է Պարիս ծածկանունով: Ապահովական կառոյցներուն համաձայն, «Ապու Ապտել Սալամ» ահաբեկչական խմբաւորումը գլխաւորող երեսուննոց Պարիսը թանկագին որս մը կը նկատուի: Պարիս Արսալի մէջ...

Հիւսէյնի. «Երեսփոխանին Իրաւունքն Է Նախագահական Ընտրութեան Նիստէն Բացակայիլ Եւ Ժամանակն Է Ընտրելու Փոխանցման Շրջանի Նախագահ Մը»

Հիւսէյնի. «Երեսփոխանին Իրաւունքն Է Նախագահական Ընտրութեան Նիստէն Բացակայիլ Եւ Ժամանակն Է Ընտրելու Փոխանցման Շրջանի Նախագահ Մը»

Պատրաստեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ սկզբունքով երեսփոխանին իրաւունքն է նախագահական ընտրութեան նիստէն կամ խորհրդարանի որեւէ այլ նիստէ բացակայիլ` ըստ սահմանադրութեան 39-րդ յօդուածին: Հիւսէյնի յայտնեց, որ ներկայ խորհրդարանը ապօրինի է` նկատի ունենալով, որ անիկա ընտրուած է սահմանադրութեան հակասող ընտրական օրէնքով, ինչպէս նաեւ նկատի ունենալով անոր պաշտօնավարութեան երկարաձգումը` երկու անգամուան համար: Ան նշեց, որ...

Page 1 of 2 1 2

Արխիւներ