Անդրադարձ

Խմբագրական.  Համաթրքական Ազգայնականութիւնը` Խորքային  Պետութեան Հիմնական Բաղադրիչը

Խմբագրական. Համաթրքական Ազգայնականութիւնը` Խորքային Պետութեան Հիմնական Բաղադրիչը

Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները վերլուծական մեկնաբանութիւններու հարուստ գրականութիւն ստեղծելու ուղղութեամբ կը զարգանան: Համաշխարհային լրատուադաշտը լուսարձակներ կը կեդրոնացնէ յատկապէս էրտողանական Թուրքիոյ տարածաշրջանայինէն դէպի համաշխարհային խաղցողի անցում կատարելու յայտարարութիւններու գործնական կարելիութիւնները տեսնելու ուղղութեամբ: Քանի մը դիտարժան կէտեր յամենայն դէպս արդիւնքներու անմիջականութեամբ եւ հեռանկարային  ուրուագծումի փորձերով կարելի է արձանագրել: Համեմատական տրամաբանութիւնը կարեւոր է այն առումով, որ վերջին նախագահական...

Րաֆֆին Եւ Քուրտերը

Րաֆֆին Եւ Քուրտերը

Հայրենի գրող Ալիս Յովհաննիսեանի ուսումնասիրութիւններու հատորը լոյս տեսած է Միացեալ Նահանգներու մէջ: Հատորը չունիմ տրամադրութեանս տակ: Այս էջերը ուշագրաւ են, եւ իր համաձայնութեամբ կը յանձնեմ ընթերցողներու ուշադրութեան: Յ. Պ. Մեծ է Րաֆֆու իմացաբանական տեսադաշտը: Նա երբեք չի խօսում մի բանի մասին, եթէ նիւթը ուսումնասիրելուց զատ` չի մարսել ամբողջութեամբ: Խօսում է այն ազգութիւնների մասին, որոնց տնտղել է, գիտի արմատներից: Դրանք թուրքերն...

Ուխտի  Ճանապարհներ. Ուիլիըմ Սարոյեանի Երկու Գերեզմանները

Ուխտի Ճանապարհներ. Ուիլիըմ Սարոյեանի Երկու Գերեզմանները

ՏՈՔԹ. ՎԵՀՈՒՆԻ ՄԻՆԱՍԵԱՆ Սարոյանի յուշաքարը - Քալիֆորնիա Պետական երկրորդական վարժարան յաճախելուս առաջին օրերուն անգլերէն լեզուի  օտար դասատուն, երբ իմացաւ իմ հայ ըլլալս հարցուց. «Սարոյեանէն ի՞նչ կարդացած ես»: Շուարած` երեսին նայեցայ, իսկ ուսուցիչս` առանց պատասխանիս սպասելու, շարունակեց խօսքը. «Ես հիացած եմ անոր` «My Heart’s in the Highlands» պատմուածքով»: Հետաքրքրական այս դիպուածը մղեց զիս Սարոյեանը պրպտելու: Լսած էի անունը, սակայն երբեք չէի...

Պետական Մրցանակակիր, Բանաստեղծ Եւ Նկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի Ծննդեան 85 Եւ Գործունէութեան 60-ամեակը

Պետական Մրցանակակիր, Բանաստեղծ Եւ Նկարիչ Յարութիւն Թորոսեանի Ծննդեան 85 Եւ Գործունէութեան 60-ամեակը

Համադրեց` Ս. Ա Վաստակաշատ արուեստագէտ, արուեստի ու գեղանկարչութեան երկարամեայ դասախօս, հայկական ու օտար միջավայրի մէջ համբաւ կերտած եւ հայութեան անունը բարձր պահող, դրական տրամադրութիւն սփռող լաւատես խառնուածքով յատկանշուած, ընկերային, շուրջը գեղեցկութիւն սփռող ու ամէն ինչի մէջ գեղեցիկը տեսնելու տենչով օժտուած Յարութիւն Թորոսեանը այս տարի կը թեւակոխէ իր ծննդեան 85, իսկ բեղուն գործունէութեան 60-ամեակը: Ծնած է Պէյրութ, 1933-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած...

Անխուսափելի «Անկարելի Սէր»

Անխուսափելի «Անկարելի Սէր»

ՅԱԿՈԲ ՀԱՆՏԵԱՆ Յարութիւն Թորոսեանի «Անկարելի սէր» հատորը ամենայն հարազատութեամբ կը ներկայացնէ նորահաս երիտասարդ համալսարանականի մը կեանքը, որ կու գայ միջին արեւելեան պահպանողական մթնոլորտով յագեցած ընկերութենէ մը` Լիբանանէն, ուր երիտասարդական սիրահարական առաջին փորձառութիւնները կը ներկայացուին զսպուածութեամբ: Ինչպէս կը կարդանք Յարութիւնի եւ Անիի ծանօթութեան եւ հանդիպումներուն մասին, որ նոր չէր, սակայն Ֆրանսա չմեկնած` վերջին ամառը կ՛ըլլան միասին գիւղը. «Երկու օր ետք դրոշմուեցաւ...

«Ամէն Պահի Կրնան Ռազմական Գործողութիւններ Սկսիլ» Ռազմական Փորձագէտ Ա. Եղիազարեան Զաքիր Հասանովի Յայտարարութեան Վերաբերեալ

«Ամէն Պահի Կրնան Ռազմական Գործողութիւններ Սկսիլ» Ռազմական Փորձագէտ Ա. Եղիազարեան Զաքիր Հասանովի Յայտարարութեան Վերաբերեալ

Ռազմական փորձագէտ Արթուր Եղիազարեանի համաձայն, Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը միշտ ալ յայտնի է իր ամպագոռգոռ յայտարարութիւններով, սակայն ատիկա, ըստ անոր, մեզի իրաւունք չի վերապահեր, որ որեւէ յայտարարութեան վերաբերինք` ուղղակի որպէս խօսք: Ան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց. «Պատերազմ սկսելու մասին յայտարարութիւններով գուցէ Ազրպէյճան իր ներքին սպառման խնդիրը կը լուծէ, բայց ամէն պարագայի, պէտք է հաշուի առնենք` կայ հրապարակային ըսուած խօսք, որ...

Ակնարկ.  Ռազմաթատերական Ներկայացումներ  Եւ Նկարահանումներ

Ակնարկ. Ռազմաթատերական Ներկայացումներ Եւ Նկարահանումներ

Պաքուի  պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական բաժանմունքը աշխուժացուցած է ապատեղեկատուական արտադրութիւններու թափը եւ անվերջ կը խօսի նոր տարածքներ վերահսկելու նպատակով իրականացուած գործողութիւններու յաջողութիւններուն մասին: «Վերջին տարիներուն զինուորական կարողականութիւնը էականօրէն ընդլայնուած է  եւ հիմնովին փոխուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ու Ազրպէյճանի միջեւ զինուորական հաւասարակշռութիւնը ի նպաստ մեզի», յայտարարած էր պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը: Հասանովը նաեւ ըսած էր, որ ազրպէյճանական բանակը արդէն կը վերահսկէ Լաչին...

2018 Երիտասարդութեան Հայկականացման Տարի

Բոլոր Շրջանաւարտներուն` Հրաւէր Դերակատարութեան Եւ Գործօն Մասնակցութեան

Մայիս եւ յունիս ամիսները առհասարակ ուրախութիւն կ՛առթեն Լիբանանի ծնողներուն համար, որոնք ականատես կ՛ըլլան իրենց զաւակներուն շրջանաւարտութեան: Ուրախ է նաեւ հայ ծնողքը, որ տարիներու իր զոհողութիւնները արգասաւորուած կը տեսնէ, երբ զաւակը կը բարձրանայ բեմ` ստանալու համար իր վկայականը: Լիբանանի մէջ գործող հայկական վարժարաններէ տասնեակներով աշակերտներ կը ստանան երկրորդականի իրենց վկայականները եւ կը ծրագրեն մուտք գործել համալսարանական կրթութեան հիմնարկներ` շարունակելու համար իրենց...

Դիմաւորել 100-Ամեակը – 20.  100-ամեակին Կ՛ունենա՞նք Հայրենադարձութեան  Ծրագիր Եւ Գործադիր Մարմին

Դիմաւորել 100-ամեակը – 21. Վաղը Գիրքի Վերածուելիք Պատմութիւնը Այսօ՛ր Կը Գրուի

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ուստի եկէ՛ք, յառաջ ընթանանք միասին մեր հաւաքական ուժով*: 13 մայիս 1940,Սըր Ուինսթըն Չըրչըլ Ազգերու եւ ժողովուրդներու անցած ճանապարհին վրայ կը գտնուինք մենք, մարդիկ, ազգեր, երկիրներ: Պատմութեան բեմին վրայ մնացած են այն ժողովուրդները եւ ազգերը, որոնք հաւատացած են մարդկային եւ բարոյական արժէքներու, որոնց համար գիտցած են պայքարիլ, այսինքն` գիտցած են յանձնառութիւն ստանձնել եւ միանալ: Այդպէս պիտի ըլլայ վաղը, ներկայի...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Բացայայտուեցաւ Անհիմն Յայտարարութիւններ Կատարող Հակահայ Գրող Մը Եւս

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Այնպէս կը թուի, թէ շաբաթ մը չ՛անցնիր առանց հանդիպելու խորհրդաւոր այլ գրողի մը, որ պատուիրուած յօդուած չգրէ Ազրպէյճանի մասին եւ չվարկաբեկէ Հայաստանի ու շարք մը հայերու հեղինակութիւնը: Այսօրինակ վերջին գրողը Փիթըր Թէյզն է, որ 11 յունիս 2018-ին, «Եորէյժա Ռիվիու» (Eurasia Review) կայքին վրայ տեղադրած է «Ռուսիոյ օտար գործակալները Ամերիկայի մէջ. Թրամփի կապերը...

Խենթանոց

Բարձրացի՛ր… Բարձրացո՛ւր

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Ամէն կիրակի առաւօտ, մեր թաղեցի տղոց հետ` գայլիկութեան կանաչ շապիկները հագած, քալելով կ՛ուղղուէինք Ազատամարտ ակումբ, որ մեր թաղէն բաւական հեռու կը գտնուէր: Տարազներով մեր խմբովին քալելը, օտարանցորդներու ուշադրութիւնը կը գրաւէր: Տողանցքի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր, մանաւանդ որ երբեմն խմբովին կ՛երգէինք գայլիկութեան մեր սորված երգերէն: «Մոկլին օր մը կ՛արշաւէր, տեսաւ շատ շուներ»: Հաճելի արշաւներու կը տանէին մեզ, իսկ տարին...

Մամուլի Ասուլիս.  Հայաստանի Եւ Եւրոմիութեան Միջեւ Գործընկերութեան Խորհրդի Անդրանիկ Նիստի Արդիւնքներով Համատեղ Մամուլի Յայտարարութիւն

Մամուլի Ասուլիս. Հայաստանի Եւ Եւրոմիութեան Միջեւ Գործընկերութեան Խորհրդի Անդրանիկ Նիստի Արդիւնքներով Համատեղ Մամուլի Յայտարարութիւն

2018թ. յունիսի 21-ին Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը գումարեցին գործընկերութեան խորհրդի անդրանիկ նիստը` 2017թ. նոյեմբերի 24-ին ստորագրուած եւ միջանկեալ կիրառման մէջ մտած 2018թ. յունիսի 1-ին ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի (ՀԸԳՀ) շրջանակներում: Խորհուրդը ՀԸԳՀ շրջանակներում ստեղծուած բարձրագոյն մարմին է, որը կոչուած է վերահսկելու Համաձայնագրի իրականացումը եւ քննարկելու փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: Հայաստանը եւ Եւրոմիութիւնը իրենց պատրաստակամութիւնն են յայտնել ընդլայնելու եւ...

Հանդիպում` Հայրենիքի Մէջ

Հանդիպում` Հայրենիքի Մէջ

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ Անուշ, մեղմ ու քաղցրահունչ հին մեղեդին որքա՜ն հաճելի կը թուի լսողութեան, որքա՜ն հարազատ ու անկրկնելի կախարդանք մը կը կրէ ան իր հնչիւններուն մէջ, հինն ու նորը շաղախող կարողութիւն մըն է նաեւ իր մէջ կուտակ-կուտակ պահուած, երբեք չհինցող, միշտ նորոգուող բարեկամութեան մը պէս: Վերացած մտիկ կ'ընես, բան մը անպայման կը վերապրիս անոր հետ: Նոյն ապրումները կ՛ունենաս, երբ հին ու...

«Ի՜նչ Անեմ… Հայութիւնն Առկայ Է Իր Ծիներում». Թուրքիայի Համշէնահայ Պլոկըրի Անդրադարձը` ՏՆԹ Քննութիւններին Եւ Իր Հայկական Արմատներին

«Ի՜նչ Անեմ… Հայութիւնն Առկայ Է Իր Ծիներում». Թուրքիայի Համշէնահայ Պլոկըրի Անդրադարձը` ՏՆԹ Քննութիւններին Եւ Իր Հայկական Արմատներին

Akunq.net-ը թուրքերէնից թարգմանաբար եւ առանց կրճատումների ներկայացնում է ծագումով Թուրքիայի Ռիզէ նահանգից համշէնահայ պլոկըր Տենիզ Պուրճայի հրապարակումը` համշէնահայերի հայկական արմատների վերաբերեալ: ՏԵՆԻԶ ՊՈՒՐՃԱՅ «Իրականում վերնագիրն այդ կերպ գրեցի, որպէսզի մի փոքր էլ խայթող լինի, եւ որպէսզի ամէն մի գործողութեանս դէպքում, համշէնցի լինելուս պատճառով, իմ արածների դէմ «կ՛անի, բա հայ չի՞» ասողներին հետեւեալ պատասխանը տամ. «այո՛, ի՜նչ անեմ... ծիներիս մէջ կայ»:...

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի.  Սթափուե՛նք

Խմբագրական «Ապառաժ»-ի. Սթափուե՛նք

Վերջին 15 օրերին Արցախի ներքաղաքական դաշտն ապրեց վայրիվերումներով լի օրեր: Թերեւս, ապրիլից սկսած` Հայաստանի Հանրապետութիւնում տեղի ունեցած իրադարձութիւններից յետոյ ակնյայտ էր, որ հասարակական պահանջի ալիքը կը հասնի նաեւ Արցախ: Սակայն, ըստ ամենայնի, ակնկալիքը իրականութիւն դառնալու ճանապարհին բախուեց անսպասելի արձագանգի: Արցախում քաղաքական պահանջների դրսեւորումները սկսեցին պարզ կենցաղային վէճի եւ ծեծկռտուքի հետեւանքով: Սակայն մեր քաղաքական համակարգը չկարողացաւ դիմակայել դրան, եւ արագ լուծումներ...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Տեսակէտ. Թրքական Ընտրութիւննե՞ր, Թէ՞ Խօսքի Ազատութեան Հանրաքուէ

  ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 24 յունիս 2018-ին տեղի պիտի ունենան թրքական նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Այս ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան առաջին անգամ ըլլալով` նոր սահմանադրութեան որդեգրումէն ետք, երբ երկրին կառավարման համակարգը խորհրդարանականէն փոխուեցաւ նախագահականի: Ընտրութիւնները պիտի կատարուին երկու փուլով: Առաջին փուլը 24 յունիսին է, իսկ երկրորդը` 8 յուլիսին: Թուրքիոյ Ազգային ժողովը նոր սահմանադրութեան շնորհիւ պիտի բաղկանայ 600 անդամէ (այժմ 550 անդամ կը...

Հեքիաթագիր Մերի Սահակեան

Հեքիաթագիր Մերի Սահակեան

Մերի Սահակեանի ներկայութիւնը գրական դաշտին մէջ այսօր կարեւոր կը նկատուի: Անոր ստեղծագործելու առիթ հանդիսացած է յորդորը իր դստեր, որուն համար մայրը միշտ հեքիաթներ յօրինած է: Աղջիկը ըսած է. «Մայրի՛կ, ինծի նախորդ օրուան հեքիաթը պատմէ»: Այս մէկը առիթ հանդիսացած է, որ Մերի Սահակեան թուղթին յանձնէ իր յօրինածը, եւ բազմաթիւ ուրիշ մանուկներ վայելեն Մերիի լուսաւոր հեքիաթները: Մերին ծնած է Երեւան, մանկութեան օրերուն...

Թանգարանի Վերածուած Գիւղին Մէջ Ամէն Ինչ Մնացած Է Այնպէս, Ինչպէս` Կոտորածէն Ժամեր Անց

Թանգարանի Վերածուած Գիւղին Մէջ Ամէն Ինչ Մնացած Է Այնպէս, Ինչպէս` Կոտորածէն Ժամեր Անց

Այս վայրի պատմութիւնը կ՛ամփոփէ Բ. Համաշխարհային պատերազմի ողբերգական դրուագներէն մէկը: 1944 թուականի յունիս 10-ին ֆրանսական խաղաղ Օրատուր-սիւր-Կլան գիւղին վրայ յարձակեցաւ հիթլերեան «Վաֆֆեն-ԷսԷս» խմբաւորումը, որուն 150 անդամները քանի մը ժամուան ընթացքին կոտորեցին գիւղի 642 բնակիչ` չխնայելով ոեւէ մէկը: Մինչ օրս ալ չկայ անոնց այս քայլին ստոյգ բացատրութիւնը, սակայն կայ վարկած, որ գերմանացիները պարզապէս շփոթած էին գիւղին անունը Օրատուր-սիւր-Վայրես գիւղին անուան հետ:...

Այցելութեան Մը Առիթով Ծփացող Միտքեր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Ծփացող միտքեր` մարդը փնտռելու համար կեանքի ծուռ-շիտակ եւ զիրար խաչաձեւող լայն թէ նեղցող ուղիներու վրայ: Ճամբորդութեան մը ընթացքին յիշեցի կէս դար առաջուան ծանօթութիւն մը եւ փափաք ունեցայ կրկին զինք տեսնելու:Հակառակ իր մատուցած բազմատեսակ ծառայութիւններուն` իր պատկերները չէին զարդարած մամուլի էջերը: Իսկ հիմա, գրեթէ մոռցուած, ինքզինք դատապարտած է տնարգելութեան: Ունեցայ այն զգացումը, զոր կ՛ունենամ ամէն անգամ, որ երախտաւորի մը...

Ընկերային Արդարութեան Հրամայականը

Սկսելու համար…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Մենաշնորհային համակարգի կազմաքանդման գործընթացը եւ այդ ոլորտի տնտեսական ուժականութիւններու կերպարանափոխութիւնն ու անցումը դէպի ժողովրդավարական մրցակցային տնտեսութիւն նուրբ եւ ոսկերչային աշխատանք պահանջող գործ է, զոր կարելի է իրագործել բազմամակարդակ ռազմավարութեան մը հետևողական կիրառումով միայն եւ համապարփակ տեսլականով: Հանրութիւնը պէտք է ճիշդ գնահատէ գործին թեքնիք ու բազմահանգրուան բնոյթը եւ համապատասխան յարատեւութեամբ պահպանէ իր զօրակցութիւնը վարչապետ Փաշինեանի եւ նախարար Արծուիկ Մինասեանի...

Page 526 of 806 1 … 525 526 527 … 806

Արխիւներ