Հայ Կինը` Մեր Կեանքին Իրաւունքը Խթանողը
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Կիներու միջազգային օրուան առիթով` համաշխարհային տարողութեամբ մեծ նախաձեռնութիւններ, հանդիսութիւններ եւ տօնախմբութիւններ կը կատարուին ու կնոջ արժէքին եւ դերակատարութեան մասին ընդհանրապէս ներբողական ելոյթներ տեղի կ՛ունենան: Բնականաբար նաեւ անպակաս չեն մնար կիներու իրաւունքներու հարցի արծարծումը, կենտերային խնդիրներու բարձրաձայնումը եւ առ հասարակ որոշումի կեդրոններուն մէջ կնոջ որոշիչ դերակատարութեան պահանջը: Այլ խօսքով` կնոջ իբրեւ մարդկութեան համրանքին կէսն ու աւելին, հաւասարութեան եւ...



















