Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Կողմէ Հայկական Յուշարձաններու Ոչնչացումը Կը Գերազանցէ ՏԱՀԵՇ-ի Ոճիրները

Մարտ 5, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

«Նորարարական փորձագիտական զեկոյցը կ՛ընթանայ Ազրպէյճանի կողմէ միջնադարեան 89 եկեղեցիներու, 5480 նրբազարդ խաչքարերու եւ 22 հազար 700 գերեզմանաքարերու ոչնչացման հետքերով». ասիկա ենթախորագիրն է Սիմոն Մաղաքեանի եւ Սառա Փիքմընի յոյժ գնահատելի յօդուածին, որ անցեալ շաբաթ հրապարակուեցաւ Hyperallergic ամսագիրին մէջ: Իսկ յօդուածին վերնագիրն է` «Վարչակարգը կը թաքցնէ բնիկ հայոց մշակոյթին աւերումը»:

Ապրիլ 2011-ին, երբ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը փափաքեցաւ այցելել Նախիջեւան` հայկական տարածք մը, որ խորհրդային իշխանութեան կողմէ կը դասակարգուէր իբրեւ Ազրպէյճանի «ինքնավար հանրապետութիւն», հազարաւոր պատմական միջնադարեան հայկական խաչքարերու ոչնչացման փաստը ստուգելու համար, ազրպէյճանցի պաշտօնեաները արգիլեցին անոր այս այցելութիւնը` ըսելով, որ այդ կոթողներուն ոչնչացման մասին զեկոյցները սուտ լուրեր են:

Ազրպէյճանական ճնշումներու տակ Նախիջեւանի հնագոյն հայ համայնքը ոչնչացաւ…

Չբաւարարուելով ցեղային զտումներով, ազրպէյճանցիները նաեւ ջնջեցին հայկական յուշարձաններու բոլոր հետքերը` պնդելով, որ Նախիջեւանի մէջ բնաւ հայ չէ ապրած:

Դեկտեմբեր 2005-ին Իրանի սահմանապահ ծառայութենէն հիւսիսային Իրանի հայկական եկեղեցւոյ առաջնորդին զգուշացուցին, որ Ազրպէյճանի մէջ Ջուղայի հսկայական գերեզմանատունը, որ տեսանելի է Ազրպէյճանի հետ սահմանէն, ռազմական յարձակման տակ է: Նշան եպս. Թոփուզեան եւ անոր վարորդը շտապեցին` տեսագրելու հարիւրէ աւելի ազրպէյճանցի զինուորները, որոնք մեծ մուրճերով սպառազինուած, բեռնատարներով եւ ամբարձիչ կռունկներով կ՛ոչնչացնէին գերեզմանատան մնացած 2000 խաչքարերը, իսկ առաւել քան հազար խաչքարեր արդէն ոչնչացուած էին 1998 եւ 2002 թուականներուն», կը տեղեկացնեն Մաղաքեան եւ Փիքմըն:

Հարթեցուած տարածքը, ուր դարեր շարունակ կանգուն էին հայկական խաչքարերը, այժմ վերածուած է ռազմական հրաձգարանի: «Աւերումը «մեծ աւարտ»-ն էր Նախիջեւանի հայկական անցեալին», կը գրեն երկու հեղինակները:

Մաղաքեան եւ Փիքմըն կը հաղորդեն, որ «Գիտութեան զարգացման ամերիկեան ընկերութիւն»-ը (AAAS) օգտագործած է հեռակայ պատճենահանման արհեստագիտութիւն` մշակութային ոչնչացման ուսումնասիրութեան մէջ: 2010-ին աշխարհատարածքին մասին անոնց ուսումնասիրութիւնը եզրակացուցած է, որ «արբանեակային տուեալները կը համապատասխանեն տեղւոյն դիտորդներուն կողմէ ներկայացուած զեկոյցներուն, որոնք յայտնած են Ջուղայի գերեզմանատան արուեստի նմուշներու ոչնչացման մասին»:

«Բացարձակ սուտ եւ զրպարտող տեղեկութիւններ… (կեղծուած) հայկական լոպիին կողմէ», յայտարարած էր Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որ յաճախ կը սպառնայ Հայաստանին եւ կը խեղաթիւրէ անոր պատմութիւնը:

Հեղինակները նաեւ կը մէջբերեն Նախիջեւանի «տեղական ինքնակալ», նախագահ Ալիեւի ազգական Վասիֆ Թալիպովի 6 դեկտեմբեր 2005-ի թիւ 5-03/S հրամանագիրը, որով ան «հրամայած է իրականացնել Նախիջեւանի յուշարձաններու մանրամասն գոյքագրումը: Երեք տարի անց, Թալիպովի համախմբագրութեամբ, հետազօտութիւնը ամփոփուած է «Նախիջեւանի յուշարձաններու հանրագիտարանին մէջ` անգլերէնով եւ ազրպէյճաներէնով»: 522 էջնոց «հանրագիտարան»-էն կը բացակային միջնադարեան 89 եկեղեցիները, 5440 նրբազարդ խաչքարերը եւ 22 հազար 700 գերեզմանաքարերը, զորս (հետազօտող Արգամ) Այվազեան մանրակրկիտ կերպով փաստագրած էր: Շատ քիչ ծանօթագրութիւններ կան ներկայիս այդ շրջանին մէջ գոյութիւն չունեցող հայկական քրիստոնէական համայնքներուն մասին, առաքելական թէ կաթողիկէ: Այսուամենայնիւ, ազրպէյճանական պաշտօնական հրատարակութեան նախաբանին մէջ «հայերը» յստակօրէն կը բացայայտուին իբրեւ թիւ 5-03/S հրամանագիրին պատճառ. «Անկէ ետք, 6 դեկտեմբեր 2005-ին որոշում տրուեցաւ… իւրաքանչիւր յուշարձանի համար անձնագիր տրուեցաւ… Հայերը մեզի հանդէպ թշնամանք կը ցուցաբերեն` ոչ միայն անարդարացիօրէն հողային պահանջներ ունենալով Նախիջեւանէն, այլ նաեւ մեր պատմական յուշարձաններէն` միջազգային հանրութեան տալով կողմնակալ տեղեկատուութիւն: Կատարուած հետազօտութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ Նախիջեւանը կը պատկանի Ազրպէյճանի թուրքերուն…»:

Ոեւէ ազրպէյճանցի, որ կը  համարձակի հանդէս գալ ի պաշտպանութիւն հայերու, նոյնպէս կ՛ենթարկուի յարձակման` իբրեւ Ազրպէյճանի թշնամի: Խիզախ ազրպէյճանցի գրող Աքրամ Այլիսլին շատ սուղ գին վճարեց` պատմելով ճշմարտութիւնը իր հայրենի Ագուլիս քաղաքին մէջ (այժմ` Այլիս) հայկական յուշարձաններու ոչնչացման մասին: Յայտնի վիպասանը զայրացած էր, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛ոչնչացնէ հայկական եկեղեցիները: Իր «Քարէ երազներ» վէպին մէջ  գլխաւոր հերոսը Ագուլիսի մտաւորականն է, որ կը յիշատակէ մինչեւ 1990-ականներ գոյատեւած միջնադարեան 12 եկեղեցիներէն ութը եւ կը պաշտպանէ Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հակահայկական կոտորածներու զոհը: Նախագահ Ալիեւ ջնջեց անոր թոշակը եւ զրկեց զայն «Ժողովրդական գրող» կոչումէն: Անոր գրութիւնները հանուեցան դպրոցական ուսումնական ծրագիրներէն, գիրքերը հրկիզուեցան հրապարակաւ, իսկ անոր ընտանիքի անդամները դուրս դրուեցան աշխատանքէ: Ան փաստացիօրէն տնային կալանքի տակ կը գտնուէր իր վէպի հրապարակումէն ետք: Այլիսլին բողոքած էր Ագուլիսի մէջ հայկական եկեղեցիներու ոչնչացման դէմ եւ հրաժարած` ազրպէյճանական խորհրդարանի երեսփոխանի իր լիազօրութենէն:

1997-ին ան անվախօրէն հեռագիր յղեց նախագահ Ալիեւին` հայկական եկեղեցիներու ոչնչացումը անուանելով «բարբարոսական գործողութիւն` գործադրուած զինուած ուժերու ներգրաւումով եւ հակահրասայլային ռումբերու կիրարկումով»:

Երկու հեղինակները զրուցած են ռուս լրագրող Շուրա Պուրթինի հետ, որ Այլիսլիին հետ հարցազրոյց ունենալէ ետք մեկնած էր Նախիջեւան եւ` նշած, որ չէ տեսած «տարածքի փառահեղ անցեալի հետքերը»: Պուրթին եզրափակած էր այսպէս. «Նոյնիսկ ՏԱՀԵՇ չէր կրնար նման ծանր ոճիր գործել մարդկութեան դէմ»:

Հեղինակները կը յայտնեն, որ 2018-ին իր վաւերագրական «Հրաժեշտ» գրութեան մէջ Այլիսլին կը պնդէ, որ` «Քանդուած եկեղեցիներէն մէկուն տեղ հինգ տարի առաջ կառուցուած մզկիթը տեղացիներուն կողմէ պոյքոթի ենթարկուած է, որովհետեւ «Այլիսի մէջ բոլորը գիտեն, որ եկեղեցւոյ տեղ կառուցուած մզկիթին մէջ հնչած աղօթքները չեն հասնիր Ալլահի ականջին»:

Նախիջեւանի բնակիչ Արգամ Այվազեանը տասնամեակներ շարունակ լուսանկարած է տեղւոյն հայկական յուշարձանները` մինչեւ անոնց ոչնչացումը: Մաղաքեան եւ Փիքմըն իրենց գրութեան մէջ Այվազեանը կը մէջբերեն` իբրեւ աշխարհի լռութիւնը դատապարտող մը` ըսելով. «Նախիջեւանի հայկական անցեալի ոչնչացումը քարիւղով հարուստ Ազրպէյճանի կողմէ, վերջինս կը մատնէ աւելի վատ դրութեան, քան` ՏԱՀԵՇ, սակայն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն եւ արեւմտեան երկիրներու մեծ մասը չտեսնել կը ձեւացնեն այս իրողութիւնը»:

ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ քանդուած կառոյցները, ինչպէս` Փալմիրը, կարելի է վերականգնել, կը յայտնէ Այվազեան, սակայն` «Այն, ինչը մնացած է Նախիջեւանի հայկական եկեղեցիներէն եւ խաչքարերէն, որոնք գոյատեւած էին երկրաշարժերէ, խալիֆաներէ, Լէնկ Թիմուրէն եւ Ստալինէն ետք` իմ լուսանկարներն են»:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Թուղթ Առ Երեւան, Ամազոն Եւ…

Յաջորդը

Հայ Մամուլի Տարի. Մտորումներ Հայ Մամուլի Պարտաբանութեան Մասին (Déontologie)

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?