Արեւելահայ Բառարանագրական Բարքեր
ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ Մեր երկու բարբառներն ու կէսերր իրարմէ զանազանող իրողութիւններէն մէկն ալ, մտածա՞ծ էիք այս մասին, բառարանագրութիւնն է: Արեւելահայ բառարանը կը բնորոշուի ամէն բանէ առաջ իր արտակարգ ծաւալով. վերջին կէս դարուն լոյս տեսած բառարանները կը հաշուեն մօտաւորապէս 150.000 բառայօդուած, մինչ արեւմտահայ բառարանը, լաւագոյն պարագային, ունի 30.000 բառ, որուն երեք քառորդը, մի՛ զարմանաք, կը մնայ անգործածելի: Այնպէս ու այն սահմաններուն մէջ, ...

















