Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Հաւաքական Թիավարումը

March 5, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեր թերթը այսօր դարձաւ 92 տարեկան: Տպագիր մամուլի ապրած աննախընթաց ճգնաժամի պայմաններուն մէջ յարատեւելու, առընթեր նոր ծրագիրներ մշակելու «Ազդակ»-ի աշխատակազմի հաւաքական կամքը պարտաւորեցնող է բոլորիս համար` խմբովին թիավարելու գործընթացը շարունակելու եւ փոխօգնութեամբ թին, թիերը չհանգչեցնելու:

Մինչեւ 93-րդ  տարին թեկակոխելը ինը ամիս ունինք մեր առջեւ եւ յագեցած ծրագիր մը մեզ կը սպասէ շուրջօրեայ աշխատանքներուն եւ աւանդականացած նախագիծերուն առընթեր գաղափարաբանական յաւելուած լոյսին բերելու, խորհրդաժողով կազմակերպելու, քննարկման աշխատանոցներ նախաձեռնելու, ելեկտրոնային գրադարանը մամուլի այլ հաւաքածոներով համալրելու, երիտասարդ մարդուժի պատրաստութեան հետեւողականութիւնը պահելու, արաբատառ «Ազդակ»-ին զարկ տալու եւ յատկապէս ընկերային ցանցերու բոլոր տիրոյթներուն վրայ տարբեր բովանդակութեամբ ներկայ դառնալու:

Հայ մամուլի տարին բարոյական պարտաւորութիւններ կը դնէ մամուլի իւրաքանչիւր գործիչին վրայ` գործնապէս արժեւորելու մամուլի նորօրեայ առաքելութիւնն ու վերաձեւաւորուող գործառոյթները:

«Ազդակ»-ի նաւը առագաստները լայն բացած որոշած է հովին չյանձնուիլ: Ուղղութիւնը, կշռոյթն ու այսօրուան տեղատուութիւն-մակընթացութիւն գործողութիւնները յաղթահարելու նաւարկումային կատարողականութեան լծուած է մամուլի նաւաստիներու խումբը: Բոլորին անխոնջ թիավարումն է, առանց նաւապետ-նաւաստի  ուղղահայեաց յարաբերութիւններու, որ «Ազդակ»-ի նաւուն դրօշը ծածանուած կը շարունակէ պահել դեռ երկար:

Բարի տարեդարձ «Ազդակ»:

«Ա.»

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Իրենց Հիւպատոսարանը Կը Միաձուլեն Երուսաղէմի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան Հետ

Յաջորդը

«Բ. Պունտըսլիկա». Սարգիս Ադամեան Կերտեց Եան Ռեկենսպուրկի Յաղթանակը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.