Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայազգի Սուրբ Վլասը (San Biagio Degli Armeni)

March 7, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զմմառեան ուխտէն կիսասարկաւագ`
ԿԱՐՕ ԳԼԸՆՃԵԱՆ

Հռոմ մեր ուխտագնացութիւնը իր կատարելութեանը չէր հասներ, եթէ չայցելէինք հայազգի Սուրբ Վլասի եկեղեցին, որմէ մասունք մը պահպանուած է Զմմառեան միաբանութեան թանգարանին մէջ:

Սակայն, դժբախտաբար, եկեղեցին վերանորոգման ընթացքի մէջ ըլլալով` անոր դռները փակ էին հաւատացեալներուն եւ զբօսաշրջիկներուն առջեւ:

Բայց եւ այնպէս մեզ` Զմմառեան ուխտի կիսասարկաւագներուս համար բերկրալի էր տեսնել օտարազգիներու այն մեծ հաւատքը, զոր կը տածէին հայ սուրբին կատարած եւ կատարելիք հրաշքներուն ի տես:

Սուրբի վարքին մասին Եւսէբիոս Կեսարացին առաջինն է, որ անդրադարձած է:

Իսկ ո՞վ է ան:

Ս. Վլաս Սեբաստացին ծնած է շուրջ 240-ին, բարեպաշտ հայ ընտանիքի մը յարկին տակ: Ուսանած է փիլիսոփայութիւն եւ բժշկութիւն` նախքան հոգեւորական դառնալը, եղած է բժիշկ: Ան իր բարեպաշտութեամբ եւ բարեգործութիւններով օրինակելի անձի հռչակ ձեռք բերած է:

Հոգեւորական ձեռնադրուելէ ետք, որպէս բժիշկ, իր փորձը ի սպաս դրած է հօտին ապաքինման ի խնդիր:

Ան իր օրինակելի վարքով եւ քաջութեամբ զօրավիգ կանգնած է հօտին` դիմակայելու քրիստոնեաներու դէմ շղթայազերծուած հալածանքները:

285-ին նշանակուած է Սեբաստիոյ եպիսկոպոս, հաւատքին հանդէպ կառչածութեանը համար հալածուած է, չարչարուած եւ 316-ին` գլխատուած:

Իր կալանաւորման եւ բանտարկման ընթացքին, կին մը այցելելով իրեն` խնդրած է սուրբէն, որ իր զաւակը բուժէ, քանզի երեխային կոկորդին մէջ ձկան փուշ մը խրուած էր, եւ ան կը խեղդուէր:

Ս. Վլասի աղօթքով մանուկը կը բուժուի: Այս հրաշքին ի տես` ժողովուրդը զինք կը սրբացնէ, եւ ի հարկին անոր միջամտութեան կը դիմէ բուժելու համար, յատկապէս` կոկորդի ցաւէն տառապողները:

Իր համբաւը եւրոպական երկիրներու մէջ կը տարածուի Պենետիկեան միաբաններու միջոցով: Սուրբին մասունքները սփռուած են աշխարհով մէկ, սկսած` Խրուաթիոյ Տուպրովնիկ քաղաքէն, որուն դրօշին վրայ անգամ զետեղուած է սուրբին պատկերը, այնտեղ Ս. Վլասի գլխու, կոկորդի, ձեռքերու եւ ոտքերու աճիւնները ամփոփուած են, որուն վրայ կառուցուած է իր անունով եկեղեցի մը: Խրուաթ ժողովուրդը զայն կը մեծարէ եւ անոր բարեխօսութիւնը կը հայցէ նոյնիսկ պատերազմի պահուն, ինչպէս` 971-ի մղած պատերազմին:

Հռչակաւոր է նաեւ Հռոմի Վիա Ճուլիա թաղամասին մէջ գտնուող Ս. Վլաս հայ կաթողիկէ եկեղեցին, որ ուխտատեղի է քաղաքը այցելող հայ եւ օտար հաւատացեալներուն համար:

2011-ին, երբ Հռոմ մեկնած էի փիլիսոփայութիւն ուսանելու, զիս շշմեցուց եւ զարմացուց այն, որ Ս. Վլասի տօնին` փետրուար 3-ի լուսաբացէն մինչեւ ուշ գիշեր, խուռներամ բազմութիւն մը, բաղկացած` տարբեր ազգերէ, լեցուած էր եկեղեցին, իւրաքանչիւր խմբաւորում մասնակցեցաւ իր ծէսով մատուցուած պատարագին, որմէ ետք բոլորին կոկորդը օծուեցաւ օրհնուած ձէթով: Անոնք եկած էին իրենց շնորհակալութիւնն ու երախտապարտութիւնը յայտնելու հայազգի սուրբին որ միշտ եւ ամէնուր պատրաստ է իրենց կոկորդները բուժելու:

Հռոմի մէջ 10-րդ դարուն կառուցուած սոյն եկեղեցին, Գրիգոր 16-րդ սրբազան քահանայապետը 1836-ին հայերուն նուիրած է:

Հոգեկան անսահման գոհունակութիւն էր այն, որ ոչ հայ հաւատացեալներու բազմութիւն մը եկած էր մեր` հայերուս եկեղեցին մեր սուրբէն բուժում խնդրելու:

 

 

Նախորդը

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» Պարբերականը Անդրադարձած Է Ազրպէյճանի Մէջ Հայկական Խաչքարերու Ոչնչացման

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Առողջապահական Յանձնախումբ. Սարին Շէկեան Ներկայացուց «Առօրեայ Սննդականոնի Գործնական Թելադրանքներ Եւ Խորհուրդներ» Նիւթը

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.