Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Կինը` Մեր Կեանքին Իրաւունքը Խթանողը

Մարտ 8, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Կիներու միջազգային օրուան առիթով` համաշխարհային տարողութեամբ մեծ նախաձեռնութիւններ, հանդիսութիւններ եւ տօնախմբութիւններ կը կատարուին ու կնոջ արժէքին եւ դերակատարութեան մասին ընդհանրապէս ներբողական ելոյթներ տեղի կ՛ունենան:

Բնականաբար նաեւ անպակաս չեն մնար կիներու իրաւունքներու հարցի արծարծումը, կենտերային խնդիրներու բարձրաձայնումը եւ առ հասարակ որոշումի կեդրոններուն մէջ կնոջ որոշիչ դերակատարութեան պահանջը:

Այլ խօսքով` կնոջ իբրեւ մարդկութեան համրանքին կէսն ու աւելին, հաւասարութեան եւ արդարութեան մեկնակէտով այր մարդուն նման իրաւունքներ ունենալու եւ իր պարտաւորութիւններուն եւ իրաւունքներուն համաձայն արժեւորուելու հրամայական պահանջը ուժգնօրէն կ՛արծարծուի այսօր, Կիներու միջազգային օրուան առիթով:

Հայկական իրականութիւնը եւս հեռու չի կրնար մնալ այս ու նմանօրինակ առիթներով կիներու իրաւունքներու, անոնց նկատմամբ վերաբերումի թէ իբրեւ հաւաքականութիւն յաւելեալ ուժեղացման կապակցութեամբ: Բայց մանաւանդ` մեր ազգային-հասարակական կեանքին մէջ հայ կնոջ դերակատարութեան եւ մասնակցութեան հարցը պէտք է մնայ յաւելեալ արժեւորման պատեհութեան իմաստով:

Դրականօրէն եւ անվարան կրնանք արձանագրել, թէ լիբանանեան իրականութեան մէջ համայնքային բաժանումները նկատելով, հայ կինը իբրեւ լիբանանցի կին շատ հեռու է այն ժխտական մթնոլորտէն, որ կը տիրէ այլ միջավայրերու մէջ: Մեր ազգային սահմանադրութիւնն ու անձնական իրաւունքի օրինագիրքը շատ յառաջադէմ են բաղդատած այլ համայնքներու կանոններէն, ինչ կը վերաբերի պսակի ազատութեան եւ տարիքի, ժառանգութեան հաւասար իրաւունքի, ապահարզանի եւ կիներու իրաւունքի, բռնութեան եւ բռնաբարումի խնդիրներուն մէջ:

Նոյնքան եւ դրական է անցնող տասնամեակին եւ նոյնիսկ աւելի առաջ մեր ազգային-կրթական-հասարակական թէ կուսակցական կեանքին մէջ հայ կնոջ դերակատարութեան աճումն ու մասնակցութեան համեմատութեան բարձրացումը: Հայ կինը ներկայ է մեր կեանքին հետ առնչուող բոլոր ոլորտներուն մէջ, թէ՛ ազգային-հայկական միջավայրի եւ թէ՛ պետական պաշտօնական մակարդակի վրայ (քաղաքապետութիւններ, պետական նշանակումներ եւ այլն):

Եւ այս բոլորը` կիներու ընձեռած կարողութիւններուն շնորհիւ եւ ոչ թէ այր մարդոց կողմէ այլոց նման «շնորհուած նուէրներով»:

Կրնայ չափազանցութիւն թուիլ եթէ ըսենք, որ փորձառութիւնը մեզի ցոյց տուած է, որ գէթ հայկական իմաստով հայ կնոջ դերակատարութեան անհրաժեշտութեան շուրջ բարդոյթաւորուած հոգեվիճակ գոյութիւն չունի: Այլ ընդհակառակն` ան փնտռուած ներկայութիւն է եւ անհրաժեշտ տարր մեր հաւաքական գործին մէջ եւ առանց բարդոյթի:

Հայ կինը` իբրեւ մայր, քոյր, ուսուցիչ, տնօրէն, խմբագիր, տնտեսագէտ, պետական պաշտօնատար թէ խորհուրդներու անդամ, միութեան անդամ թէ պատասխանատու, իր ընտանիքին հոգածութեան նուիրուած կին ու միաժամանակ հաւաքականութեան յառաջդիմութեան նպաստող գործօն տարր անկասկած մեր հպարտութեան աղբիւրն է:

Մեզի համար հայ կնոջ իրաւունքի խնդիր գոյութիւն չունի: Հայ կինը ի՛նքը աղբիւրն է այդ իրաւունքին, ի՛նքն է իրաւունք խթանողը մեր կեանքին:

Իբրեւ կին, ու յաւելեալ պատասխանատուութեամբ հայ կին, կրկնակի շնորհակալութեամբ կրնանք ըսել`

Հպարտ ենք ձեզմով:

Միասնաբար իբրեւ հայ կը գործենք ի խնդիր հաւաքական շահին:

 

 

Նախորդը

Նարեկ Դուրեան Կը Ներկայացնէ Փաստավաւերագրական «Օրագիր» Եւ «Շէնքում Իրավիճակ Ա Փոխուել» Թատերախաղերը

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Հոլլանտի Հետ Քննարկեց «Սետր»-ի Խորհրդաժողովի Որոշումներուն Գործադրութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?