Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանական «Տը Կարտիըն» Պարբերականը Անդրադարձած Է Ազրպէյճանի Մէջ Հայկական Խաչքարերու Ոչնչացման

March 7, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանական հեղինակաւոր «Տը Կարտիըն» պարբերականը անդրադարձած է Ազրպէյճանի մէջ 21-րդ դարուն տեղի ունեցող «մշակութային եղեռնին»: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, պարբերականը գրած է, որ այսօր մշակութային ամենամեծ աղէտը, հաւանաբար, ոչ թէ տեղի կ՛ունենայ Սուրիոյ մէջ, այլ Կովկասի մէջ` նկատի ունենալով Ազրպէյճանի մէջ հայկական խաչքարերու ոչնչացման փաստը:

«Համաձայն «Հայփըրալերժիք» գեղարուեստական ամսագիրի փետրուարի թիւին մէջ զետեղուած հաշուետուութեան, Ազրպէյճանի կառավարութիւնը վերջին 30 տարիներու ընթացքին պարբերաբար կը ջնջէ երկրէն հայկական պատմական ժառանգութիւնը: Զեկոյցի հեղինակներ Սիմոն Մաղաքեանի եւ Սառա Փիքմանի կարծիքով, այս պաշտօնական, սակայն եւ` քողարկուած, մշակութային եւ կրօնական արժէքներու ոչնչացումը կը գերազանցէ անգամ Փալմիրի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի «ինքնագովազդին», կը գրէ «Տը Կարտիըն»-ը:

Պարբերականը կը յիշեցնէ, որ 2005 դեկտեմբեր 15-ին հիւսիսային Իրանի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ թեմի առաջնորդ Նշան եպս. Թոփուզեանը նկարահանած էր, թէ ինչպէ՛ս ազերի զինուորականները կ՛ոչնչացնեն այն ամէնը, ինչ մնացած էր Ջուղայի մէջ առկայ շուրջ 10.000 խաչքարերէն:

«Զինուորականներն աւերուած կտորները բեռնած էին բեռնատարի մէջ, ապա նետած` Արաքս գետը: Այդ նկարները կարելի է գտնել 2006 «Արաքսի նոր արցունքները» ժապաւէնի մէջ, որ հրապարակուած է «ԵՈՒ ԹԻՈՒՊ»-ով: Ազրպէյճանի կառավարութիւնը մէկ անգամ չէ, որ մերժած է միջազգային փորձագէտներուն մուտք գործել այդ տարածք, նաեւ չէ տուած որեւէ մեկնաբանութիւն: Անոնք մերժած են նաեւ հայերուն, որոնք երբեւէ ապրած են Նախիջեւանի մէջ», կ՛աւելցնէ պարբերականը` ընդգծելով, որ նման հակազդեցութիւնը կը բարդացնէ անկախ հետազօտութիւնը, սակայն Մաղաքեանն ու Փիքմանը, իրենց ներկայացուցած մեծ քանակութեամբ փաստերով, արդէն ահռելի աշխատանք կը կատարեն:

 

Նախորդը

Գեղեցկագիտական. Հինգ Բան, Զորս Պէտք Է Գիտնանք Կնճիռներու Մասին

Յաջորդը

Հայազգի Սուրբ Վլասը (San Biagio Degli Armeni)

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.