Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մամուլի Տարի. Մտորումներ Հայ Մամուլի Պարտաբանութեան Մասին (Déontologie)

Մարտ 5, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հասկնալ, թէ ի՛նչ կ’ուզենք, տեսնել, թէ ի՛նչ պէտք է իմանալ տեղեկատուութեան ազատութեամբ: Առաջին սխալը, զոր կ’ընենք  տեղեկատուութեան ազատութեան, մամուլի ազատութեան իրաւունքի մասին, այդ ալ լրագրողին ազատութիւնն է: Բնա՛ւ երբեք, այդ թերթի ընթերցողին իրաւունքն է:

… Բնական է, կը հետեւի, որ լրագրողը կարելիութիւնը ունենայ իր միտքերը արտայայտելու, բայց այդ կը նշանակէ միայն, որ ինք պէտք է ընէ այնպէս, որ տեղեակ պահէ ժողովուրդը: Ի՞նչ է ժողովուրդը տեղեակ պահելու միջոցը. զայն տեղեակ պահել ժողովուրդով:

… Ինչպէս ձեզի ըսուած է, լրագրողը պատմութիւնը չի շիներ, պէտք չէ մեկնաբանէ: Ան պէտք է քաղէ իրադարձութիւնը եւ զայն տայ թերթով` մարդոց,  որոնք չէին հետաքրքրուած խնդրոյ առարկայ իրադարձութեամբ կամ տեղեակ չէին պահուած: Ուրեմն էապէս հարկ է, որ ժողովուրդը խօսի ժողովուրդին հետ:

ԺԱՆ-ՓՈԼ ՍԱՐԹՐ

Ուսուցիչը, բժիշկը, փաստաբանը, հաշուապահը եւ ուրիշներ ունին իրենց բարոյական կարգը, պարտքը` օրէնքներով սահմանուած. կը գործածենք օտար բառը եւ կ’ըսենք déontologie: Մամուլն ալ ունի իր պարտաբանութիւնը (déontologie): Ցարդ չէի հանդիպած այս բառին: Երբ ուզեցի խորհիլ մամուլի déontologie-ի մասին, դիմեցի Լուսինեան բառարանին եւ հոն գտայ պարտաբանութիւնը, զոր չենք գործածած: Սովորաբար կը խօսինք լրագրողի ազատութեան եւ բարոյականի մասին: Եթէ աւելի յարմար բառ գտնուի, այդ կը գործածենք:

Քիչ մը պրպտելով` գտայ, որ մամուլի պարտաբանութեան միջազգային ընդունուած սահմանումներ եւ համաձայնութիւններ կան ուրիշ երկիրներու մէջ: Հարկ է զանոնք ընդունիլ` ինչպէս որ ե՞ն, թէ՞ հայ մամուլի պարտաբանութիւն (déontologie) մը մշակել: Բայց նախ ծանօթանանք: Իսկ հայ մամուլը իր կառոյցով եւ թիրախներով բաղդատական եզրեր եւ նմանութիւններ ունի՞ միջազգային կամ մեծ երկիրներու մամուլին հետ: Իմաստութիւնը կը պահանջէ, որ բաղդատելին բաղդատուի: Բայց նաեւ պէտք է հասկնանք, որ հայ մամուլը բացառութիւն չի կրնար ըլլալ, ան չի բանիր Ռոպենսոնի կղզիին վրայ, նոյնիսկ` սփիւռք(ներ)-ի պարագային:

Ընդունուած երկու համաձայնագիրներ կան այս մասին: Առաջինը ընդունուած է Եւրոպական Միութեան անդամ վեց երկիրներու լրագրողներու կողմէ, 1971-ին, ապա նաեւ` Զուիցերիոյ եւ Աւստրիոյ լրագրողներուն կողմէ: Համաձայնագիրը կը կոչուի Յայտարարութիւն լրագրողներու իրաւունքներուն եւ պարտականութիւններուն մասին, ան կը կոչուի նաեւ Միւնիխի ուխտ, որ խմբագրուած է 1918-ին,  Լրագրողներու ազգային համագործակցականին կողմէ, փոփոխուած` 1938-ին եւ 2011-ին, կը կոչուի Լրագրողներու աշխատանքային բարոյականի ուխտ: Մամուլի կարգ մը ընկերութիւններ ունին իրենց ներքին ուխտը:

Յամենայն դէպս մամուլի պարտաբանութեան կանոնները ենթակայ չեն որեւէ օրինական պարտադրանքի: Անոնք կրնան նոյնանալ տուեալ երկրի մամլոյ օրէնքին հետ կամ ըլլալ տարբեր: Օրինակ, անձի յարգանքը կրնայ արգելք ըլլալ լուսանկարելու կամ յօդուած մը գրելու, նոյնիսկ երբ օրէնքը այդ թոյլ կու տայ: Մէկ բան հասարակաց է. ներկայացուած լուրը պէտք է հաստատուի ճիշդ տուեալներով:

Հիմնական հարց. տեղեկատուութեան եւ արտայայտութեան ազատութիւնը կը պահանջէ ընդդիմանալ ամէն ձեւի գրաքննութեան, նոյնիսկ երբ ան արդարանայ գոյութիւն ունեցող օրէնքներով:

Նաեւ` հիմնական սկզբունք է տեղեկութեան աղբիւրի ոչ դրսեւորման սկզբունքի պաշտպանութիւնը, որուն դէմ են կարգ մը երկիրներու օրէնքները, բայց եւրոպական օրէնքը այս մասին ինքզինք պարտադրած է:

Յառաջադէմ երկիրներու մէջ լրագրութիւնը ընդունուած է որպէս հաւաքական աշխատանք, ուր կը խօսուի ընտրուած նիւթերու եւ անոնց ներկայացման մասին` հետեւելով վերեւ նշուած կանոններուն: Մեծ օրաթերթի մը, որուն անունը պիտի չյիշեմ, աշխատակիցները կը հաւաքուին ամէն օր, խմբագրապետին գրասենեակին մէջ, յաջորդ համարի նիւթերը եւ անոնց ընդհանուր ուղղութիւնը քննելու եւ ընդունելու համար: Լրագրողին պարտականութիւնն է տեղեկացնել, յարգել ընթերցողը, հանրային շահը եւ գիտնալու իրաւունքը: Ան պարտի իր անկախութիւնը պահել ընդդէմ քաղաքական եւ տնտեսական իշխանութիւններուն, յարգել անձերու անհատական կեանքը եւ պաշտպանել իր տեղեկութիւններու ստացման աղբիւրները: Լրագրողը պարտի գործել ճշմարտութեան, խստապահանջութեան, ճշգրտութեան, ամբողջականութեան, բարոյականութեան եւ անճիշդ վերագրումներէ հրաժարման կանոններով: Այս ըմբռնումները լրագրողը զերծ կը պահեն քաղաքական եւ տնտեսական քարոզչութեան հպատակութենէ, մանաւանդ` ապատեղեկատուութեան զոհ ըլլալէ:

Վերոնշեալ ընդունուած ըմբռնումներով, լրագրողը իր ասպարէզին անյարիր եւ ծանր սխալ պէտք է համարէ` զրպարտութիւնը, առանց փաստերու ամբաստանութիւնը, իրողութիւններու ըստ կամս կամ ըստ շահերու ձեւազեղծումը, սուտը: Լրագրողը պէտք է մերժէ վճարուիլ հանրային սպասարկութեան մը կամ մասնաւոր ընկերութեան մը կողմէ, որոնք կրնան օգտուիլ իր լրագրողի հանգամանքէն, ազդեցութենէն, կապերէն: Նաեւ լրագրողը ինքզինք պէտք չէ շփոթէ ոստիկանի հետ, պէտք չէ ստորագրէ ծանուցումներ եւ ոչ ալ շահադիտական միտումով թաքնուի մամլոյ ազատութեան սկզբունքի ետին: Վերջապէս, լրագրողի խօսքը ինքնուրոյնութիւն պէտք է ունենայ եւ յիշէ իր պաշտօնակիցներուն անունները, եթէ կ’օգտուի անոնցմէ:

Սկզբունք է նաեւ հետեւեալը… տեղեկանալու իրաւունքը, արտայայտուելու ազատութիւնը եւ քննադատութիւնը իւրաքանչիւր անհատի  հիմնական ազատութիւններն են, եւ լրագրողին պատասխանատուութիւնը հանրութեան դիմաց գերիվեր է այլ պատասխանատուութիւններէ, մասնաւորաբար` գործատէրերու եւ իշխանութիւններու պարտադրանքներէն:

Կը ճշդուի նաեւ ճշմարտութեան եւ անհատական կեանքի յարգանքը, հրատարակել միայն այն լուրերը, որոնց աղբիւրը յստակ է, չհրապարակել գաղտնաբար ստացուած լուրերու աղբիւրը, մերժել ուղղակի կամ անուղղակի ճնշումները` այդ աղբիւրները հրապարակելու գծով:

Լրագրողը իրաւունք ունի չյայտնելու կարծիք մը, որ դէմ է իր համոզումներուն եւ խիղճին: Ան պէտք է մերժէ նաեւ լուրեր, տեսակցութիւններ եւ նկարահանումներ կեղծելու սայթաքումները, ինչպէս` ֆոթոմոնթաժները:

Լրագրողի պարտաբանութիւնը կրնայ վտանգուիլ զանազան պատճառներով. հրատարակութեան քաղաքականութիւնը, խնայողութիւնը, շահաբերութիւնը կրնան պատճառ ըլլալ անտեսումներու:

Լրագրողի պարտաբանութիւնը վտանգուած է նաեւ ընկերային ցանցերու պատճառով: Ոեւէ մէկը, եթէ ունի համակարգիչ մը եւ կապուած է համացանցի, կրնայ լուր տարածել` առանց ինքզինք հակակշռի ենթակայ համարելու, յանուն ճշմարտութեան, որ կրնայ սխալ կամ կեղծուած ճշմարտութիւն ըլլալ:

Լրագրողը, ինչպէս դատարանը, պարտաւոր է յարգելու անմեղութեան կանխավարկածը, ինչ որ ուշագրաւ ըլլալու մղումին պատճառով յաճախ կ’անտեսուի: Ան պէտք է խուսափի ամէն կարգի մեղսակցութենէ իշխանութեան հետ, այլապէս կը կորսնցնէ իր անաչառութիւնը, հետեւաբար` հեղինակութիւնը:

Ի հարկէ լրագրողը պատրաստութիւն պէտք է ունենայ, որպէսզի իր գործը որակ ունենայ, եւ ինք ըլլայ անկախ: Այդ ընելու համար ան պէտք է ունենայ պարկեշտ աշխատանքի պայմաններ եւ միջոցներ, նոյնպէս` պարկեշտ վարձատրութիւն:

Խիստ կարեւոր. 21 նոյեմբեր 1983-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ արհեստավարժ լրագրողներու մասնակցութեամբ, կը վաւերացնէ Մամուլի բարոյականութեան միջազգային նոր կանոնագրութիւնը, տասը տարիներու հետազօտական աշխատանքէ ետք, 48 երկիրներու մասնակցութեամբ: Ինչ որ կ’ըսուի եւ կ’եզրակացուի, այս յօդուածին մէջ յիշուած կանոններէն չի հեռանար:

Յատուկ օրէնքներ մշակուած են մանուկներու եւ երիտասարդութեան ուղղուած հրատարակութիւններուն համար (գիրք, թերթ, պատկեր), որոնք կրնան քաջալերել աւազակութիւնը, սուտը, ծուլութիւնը, վատութիւնը կամ ոճրային արարքները: Կը թելադրուի մարդկայնացնել եւ բարոյականացնել հրատարակութիւնները:

Ի հարկէ այս բոլոր ըսուածները օրէնքի ուժ չունին, բարոյախօսական բնոյթ ունին, եւ կազմակերպուած պատժամիջոցներ չկան: Այդ պատճառով ալ կը յայտնուին մեղսակցութիւններ` իշխանութիւններու եւ իշխողներու հետ:

Հաւանօրէն պէտք է եզրակացնել, որ մամուլի պարտաբանութիւնը աւելի բարոյական բնոյթ ունի, եւ ոչ ոք, անհատ թէ խմբաւորում, իրապէս յանձնառութեան ենթակայ է: Մեծ երկիրներու մէջ կան հակազդելու միջոցներ` աշխատանքէ արձակում, աշխատանքի փոփոխութիւն, յանդիմանութիւն: Այս պատճառով ալ մամուլի միաւորները ներքին հաւաքական համաձայնութիւններ ունին (conventions collectives):

Նաեւ, անհասկացողութեան եւ վէճի պարագային, հասարակաց իրաւարարական մարմին մը կրնայ վճռել եւ արդարութիւն ընել, եթէ ստեղծուած ըլլայ:

Հայ մամուլը, մասնաւորաբար` սփիւռք(ներ)ի մէջ, չունի այն բազմազանութիւնը, կեդրոնացումը եւ ուժը, որպէսզի այս հարցերը կարելի ըլլայ քննել եւ յանգիլ ընդհանուրին պարտադրելի եզրակացութիւններու:

Բայց անպայման պէտք է խօսիլ եւ արձանագրութիւն պահել հայ մամուլի ծիրէն ներս բոլորի իրաւունքի եւ պարտականութեան բարոյական հասարակաց սկզբունքներու մասին:

Նախ պէտք է խօսիլ` առանց յուսալու, որ անմիջական եզրակացութիւններու կարելի կ’ըլլայ յանգիլ:

ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԱՐԻն ապագայակերտ ըմբռնումներու եւ որոշումներու մեկնակէտ կրնայ ըլլալ` ասպարէզին հեղինակութիւն տալու եւ զայն հետաքրքրական դարձնելու համար: Պէտք է խօսին հայ մամուլի բեմէն ժողովուրդին հետ յարաբերողները, մնայուն խմբագիրները եւ աշխատակիցները, նաեւ` անոնք, որոնք ուղղակիօրէն կառոյցներուն մէջ չեն գտնուիր:

Այս սկզբունքային յստակացումներէն ետք, աւելի դիւրութեամբ կարելի կ’ըլլայ խօսիլ ՀԱՅ ՄԱՄՈՒԼի մեր շատ սիրած բառով ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ մասին, որ ունենայ յաւելեալ որակ, փառասիրութիւն եւ անոնց հունով` օգտակար ծառայութիւն:

Իսկ հայ մամուլին եւ անոր  առաքելութեան կարենալ ծառայելու համար մասնակիցները պէտք է որ ունենան ընդհանրապէս մշակոյթ, գիտնան հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ գրականութիւն, որպէսզի մամուլը չըլլայ անձի ցուցադրութեան բեմ կամ միջոց, այլ` նպատակներու հասնելու: Այսքանը ընել` մեր հասողութեան մէջ է:

Հայաստան գումարուած մամուլի խորհրդաժողովները երբեք այս կարգի հարցեր չքննեցին: Անոնք կը քննուի՞ն այս տարի: Գէթ կը սկսի՞ն քննուիլ այս տարի:

Մասնակի, նեղմիտ, անցելապաշտ, տեղայնական եւ ջոջական-էսթեպլիշմընթային եւ այլ բացասականութիւններէ պէտք է զերծ մնայ մամուլը ընդհանրապէս, եւ` հայ մամուլը: Ան պէտք չէ ըլլայ այս կամ այն «տիրոջ ձայնը»: Այդ պարագային ան կ’ունենայ ապագայատես ազգային որակ:

Հայ եւ ընդհանրապէս մամուլի ճիշդ ճամբան գծելու եւ անոր հետեւելու համար պարտաբանութեան (déontologie) մասին մտորումներս պիտի եզրակացնեմ մեծ գրող Ալպեր Քամիւի խօսքով.

«Լաւ տեղեկացնել` արագ տեղեկացնելու փոխարէն, հաստատել քննադատական լրագրութիւն մը, եւ ոչ մէկ պարագայի ընդունիլ, որ քաղաքականութիւնը յաղթէ բարոյականութեան, ոչ ալ այս  վերջինը իյնայ բարոյախօսութեան մէջ»:

21 յունուար 2019), Նուազի-լը-Կրան

Նախորդը

Ազրպէյճանի Կողմէ Հայկական Յուշարձաններու Ոչնչացումը Կը Գերազանցէ ՏԱՀԵՇ-ի Ոճիրները

Յաջորդը

Տպաւորութիւն. Զարեհ Արք. Ազնաւորեան` Մշտական Մեծ Ներկան…

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?