Ակնարկ. Եւրոպայի Բազմերանգ Ուղերձները Երեւանին
Քաղաքականօրէն ակնկալելի էր, որ դատական համակարգի արմատական բարեփոխումներու գործողութիւններու մեկնարկի պաշտօնական յայտարարութիւնը տեղի տար միջազգային իրաւաքաղաքական կեդրոններու արձագանգին: Այս պարագային դիտարժան հանգամանք կը ներկայացնէ եւրոպական միջավայրը` նկատի ունենալով Երեւան - Պրիւքսել համաձայնագիրի վաւերացման ընթացակարգն ու ընդհանրապէս համագործակցութեան խորացման եւ աշխուժացման ուղղութեամբ երկկողմանի յայտարարութիւնները: Դէպի Եւրոպա ուղղութիւնը իրերայաջորդ վարչակարգերու համար կը շարունակէ մնալ արտաքին քաղաքականութեան գերակայ օրակարգ. հետեւաբար ներքին բարեփոխման թէ...



















