Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղափարաբանական Հարցեր. Գերմանիայէն` Երրորդ Ուղիի Մահուան Յայտարարութիւն

May 22, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

12 մարտ 1999: Թուական մը, որ ո՛չ միայն Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ընկերային, տնտեսական եւ գաղափարաքաղաքական ուղեգիծը փոխեց, այլ նաեւ միջազգային ընկերվար-ժողովրդավարական գաղափարախօսութեան մէջ աւելի ամրապնդեց կեդրոնամէտ երրորդ ուղին: Սոյն թուականին Կերհարտ Շրէօյտըր ընտրուեցաւ Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար` «Նոր կեդրոն» կարգախօսով:

«Նոր կեդրոն»-ը ո՛չ միայն տարիներ շարունակ դարձաւ Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան կարգախօսը, այլ նաեւ` գաղափարաքաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ուղեգիծը:

Այդ ուղղութեան (ակնարկութիւնը «Նոր կեդրոն»-ի մասին է) ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան գլխաւոր հիմքը կը գտնուի Շրէօյտըրի կառավարութեան աշխատանքային շուկայի բարեկարգումներուն մէջ, ուր անգործութեան ապահովագրութեան ծախսը նուազեցաւ: Քայլ մը, որ բացասականօրէն ազդեց ընկերվար-ժողովրդավարներուն համակրող բուն խաւին վրայ` արդիւնաբերական քաղաքներուն մէջ գտնուող ցած դասակարգի համակրանքը կորսնցնելով:

Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ երրորդ ուղիի ընկերային-տնտեսական գիծի որդեգրման զուգահեռ, 2005-ին հիմնուեցաւ «Աշխատանք եւ ընկերային արդարութիւն. ընտրական այլընտրանքը» (2007-ին Ժողովրդավար ընկերվարութեան կուսակցութեան հետ կը միանայ` կազմելով այսօրուան «Տիը լինքը» (Գերմաներէն կը նշանակէ ձախ) կուսակցութիւնը: Այս կուսակցութիւնը բաղկացած էր այն ընկերվար-ժողովրդավարներէն, որոնք մերժեցին երրորդ ուղիի որդեգրումը:

Երրորդ ուղիի որդեգրումը նաեւ նուազեցուց տնտեսական գետնի վրայ գաղափարաբանական տարբերութիւնները ընկերվար-ժողովրդավարներուն եւ քրիստոնեայ ժողովրդավարներուն միջեւ, հետեւաբար պատճառ դարձաւ, որ ընկերվար-ժողովրդավարները միանան Անկելա Մերքելի(քրիստոնեայ ժողովրդավար) կազմած 4 կառավարութիւններէն 3-ին (2005-2009, 2013-2018 եւ 2018-էն մինչեւ իսկ օրս): Տնտեսական գետնի վրայ ընկերվար-ժողովրդավարները այնքան մօտեցան քրիստոնեայ ժողովրդավարներուն, որ նոյնիսկ համախոհութեամբ սատար կանգնեցան ազատ առեւտրական համաձայնութիւններուն եւ եւրոպական խստամբերական քաղաքականութիւններուն:

Ինչպէս որ վերը տեսանք, երրորդ ուղիի որդեգրումը պատճառ դարձաւ, որ ընկերվար-ժողովրդավարները կորսնցնեն զրկուած դասակարգի համակրանքը, նաեւ համախոհական կառավարութեան մէջ մտնեն քրիստոնեայ ժողովրդավարներուն հետ: Ընկերվար-ժողովրդավարներուն վայելած համակրանքին նուազումէն օգտուեցան երկու տարբեր` իրար հակասող կուսակցութիւններ: Առաջինը`արմատական ձախ հոսանքին հետեւող «Ձախ» կուսակցութիւնը, իսկ երկրորդը` աջակողմեան ամբոխավար «Գերմանիոյ այլընտրանքը» կուսակցութիւնը:

Աշխատաւոր ժողովուրդը Գերմանիոյ ընկերվար-ժողովրդավարներէն աւելի հիասթափեցաւ, երբ 2017-ին* ընկերվար-ժողովրդավարները չյարգեցին իրենց խոստումները եւ միացան Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութեան կազմած համախոհական կառավարութեան:

2018-ին Քրիստոնեայ ժողովրդավարական կուսակցութեան կազմած համախոհական կառավարութեան միանալէ ետք, ըստ տուեալներուն, ընկերվար-ժողովրդավարներուն նկատմամբ համակրանքը այս օրերուն հասած է միայն 18 առ հարիւրի: Անիկա1890-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով այսպիսի ցած տոկոսի կը հասնի: Կացութիւնը աւելի բարելաւելու համար 11 փետրուար 2019-ին Գերմանիոյ ընկերվար-ժողովրդավարները պաշտօնապէս հրաժարեցան աշխատանքային շուկայի բարեկարգումներէն (որ կը հանդիսանայ երրորդ ուղիի բուն աղբիւրը) եւ անոր փոխարէն` առաջադրեցին ընկերային բարեկեցութեան համակարգի նոր տեսլական մը (ուրիշ յօդուածով մը կ՛անդրադառնանք անոր)` հիմնուած ըլլալով անգործութեան ապահովագրութեան, միջին աշխատավարձի ու թոշակի բարձրացման վրայ:

Շատեր հարց պիտի տան, թէ ի՞նչ կը նշանակէ երրորդ ուղիէն հրաժարումը միջազգային ընկերվար-ժողովրդավար շարժման մէջ մեծ չափ ու կշիռ ունեցող Գերմանիոյ ընկերվար-ժողովրդավարներուն համար:

Պատասխանը յստակօրէն պիտի ըլլայ այն, որ երրորդ ուղին հեռացուց ամուր կապը ընկերվար-ժողովրդավարութեան եւ աշխատաւոր դասակարգին միջեւ ու պատճառ դարձաւ, որ աջակողմեան ամբոխավարութիւնը սիրաշահի ընկերվար-ժողովրդավարութենէն հիասթափած աշխատաւորները: Այսօր, ինչպէս որ կը տեսնենք Սպանիոյ, Ֆինլանտայի եւ Բրիտանիոյ մէջ, այն ընկերվարական կուսակցութիւնները, որոնք կը հրաժարին երրորդ ուղիէն, կը վերանորոգեն այդ ամուր կապը` աշխատաւոր դասակարգին եւ ընկերվար-ժողովրդավարութեան միջեւ:

 

 

 

 

Նախորդը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Ռազմավարական Դաշինք` Միասնական Օրակարգի Հարթակ

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Արաբական Ծոցին Մէջ Պատերազմի Շեփորները Կը Հնչեն

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.