Անդրադարձ

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Երկխօսութեան, Համագործակցութեան Եւ Սփիւռքի Հետ Յարաբերութեան Մասին

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Երբ 1992-ին օրուան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեան անարդարօրէն եւ վատաբար Հայաստանէն վտարուեցաւ Հայաստանի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ, իր հրապարակային առաջին ելոյթին ընթացքին Դաշնակցութեան ղեկավարը, հակառակ ամէն ինչի, յայտարարեց, որ կուսակցութիւնը իր ձեռքը երկարած կը պահէ հայրենի իշխանութիւններուն եւ պատրաստ կը մնայ համագործակցութեան: Եթէ կասեաններէն յետոյ հայրենի իրականութեան մէջ ամենահակադաշնակցական քաղաքական անձնաւորութեան հանդէպ Դաշնակցութիւնը ամուր մնաց...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Վարչապետ Փաշինեանի Կապանեան Ելոյթը Եւ Դաշնակցութիւնը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Երեւի արձագանգելով ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի վերջերս հրապարակուած կոչին` վարչապետ Փաշինեան վերջապէս տրամադրութիւն կը յայտնէ երկխօսութեան դիմելու «Դաշնակցութեան համահայկական կառոյց»-ին հետ` միաժամանակ բացայայտ բացառման մէջ պահել ջանալով Հայաստանի մեր կազմակերպութիւնը: Պարզ խօսքով, պր. վարչապետը պատրաստ է խօսելու ՀՅԴ Բիւրոյին հետ, բայց կը մերժէ խօսիլ Դաշնակցութեան երկրի կազմակերպութեան հետ. կազմակերպութի՛ւն, որ պր. վարչապետի արտախորհրդարանական հզօր ընդդիմութիւնը...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Հարցում. «Կարելի՞ Է Կուսակցական Ըլլալ Եւ Ըլլալ Հրապարակագիր»

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Իսկ սեփական անձի արտացոլմ անհամար Ձեզ հայելի պէ՞տք է Ինձ հայելի պէտք չէ Ռետինի պէս ձգուող վայրկեան ներկան, Երբ ինձ տեսնում եմ ես առանց հայելուէլ` Ծառաբնի՛ վրայ, Քոափի՛ մէջ, Նաեւ ինքնահաւան ինքնահոսիս ծայրի՛ն... ՊԱՐՈՅՐ ՍԵՒԱԿ Մխիթարուինք. դեռ հայերէն կարդացողներ եւ հարցում ընողներ կան: Հեռաւոր քաղաք բնակող վաղեմի ծանօթ մը հեռաձայնեց եւ ըսաւ. Կարելի՞ է կուսակցական ըլլալ եւ ըլլալ...

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական.  «Արմենոֆոպիա» Մոլուցքը

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. «Արմենոֆոպիա» Մոլուցքը

«Կեղծ խօսքերը ոչ միայն չարիք են, այլեւ հոգին կը վարակեն չարիքով» ՊՂԱՏՈՆ Քաղաքակիրթ աշխարհը, սկսեալ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար պայքարող ոչ կառավարական հիմնարկներէն, մինչեւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հովանիին տակ գտնուող ենթայանձնախումբերը տեղեակ չեն, թէ որքա՛ն մտահոգիչ է Ազրպէյճանի մէջ եւ առհասարակ ազրպէյճանցիի մօտ գոյութիւն ունեցող հակահայ ատելութիւնն ու մոլուցքը: Զարմանալիօրէն Ազրպէյճանն է, որ իր գանձարկղը լայն բանալով` գործի լծած է...

Ջիւան Աւետիսեանը Ներգրաւուած Է «Berlinale Talents» Ծրագրին Մէջ

Ջիւան Աւետիսեանը Ներգրաւուած Է «Berlinale Talents» Ծրագրին Մէջ

134 երկրէ 3400 դիմորդներու ընտրութեան որպէս արդիւնք` Ջիւան Աւետիսեանը ներգրաւուած է Պերլինի միջազգային շարժապատկերի փառատօնի ծիրին մէջ տեղի ունեցած շարժապատկեր արտադրողներու համար կարեւորագոյն հարթակի` «Berlinale Talents»-ի 2020-ի ծրագիրին (փետրուար 22-27) իր նոր` «Վերածնուածը» ժապաւէնի նախագիծով, որուն արտադրութիւնը ծրագրուած է 2021-ի գարնան: Ընտրող յանձնաժողովը նշած է. «Մենք բարձր կը գնահատենք ձեր յաւակնոտ մօտեցումը` շարժապատկերի արտադրութեան ու ձեր ներկայացուցած պատմութիւններուն»:

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Մեր Ազգի Մարտական Բազուկին Անփոխարինելի Ժառանգը (Հայոց Բանակի Օր)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Ամէն անգամ որ օրացոյցը կը յուշէ վերոնշեալ թուականը, ներքին խայտանքի, կարօտի եւ հպարտութեան զգացումները կը պատեն մեր յուզաշխարհը: Այո՛, բուռն խայտանք կ՛ապրինք, որովհետեւ հայոց դարերու երազի իրական արտայայտութիւնն է, որ մեր դիմաց կը պատկերանայ շօշափելիօրէն, իր իսկական կերպարով, տեսքով ու հմայքով: Աւելի՛ն. իբրեւ սփիւռքահայեր, հայրենիքի ջուրին, օդին ու հողի բուրմունքին առընթեր, մեր ամէնօրեայ կեանքին հետ կ՛ուղեկցի ալեկոծուող կարօտ...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Ծնունդդ Շնորհաւոր, Հայկակա՛ն Բանակ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Երկրի մը բանակը յատուկ առաքելութիւն մը ունի զինք ստեղծող երկրի ժողովուրդին ու անոր ապրած հողատարածքի պահպանման նկատմամբ: Ան է, որ ի գին ամէն զոհողութիւններու կը պաշտպանէ նոյն այդ երկրին սահմանները եւ անշուշտ միաժամանակ ապահովելով անոր խաղաղութիւնը: Երկրի բանակը իր պատիւն ալ է: Եթէ շատերու համար բանակին ծառայելը պարզապէս գործ մըն է, ընդհակառակը, անդին  նկատուած է, որ բանակ մը...

Լուսինէ Սահակեանի Համշէնի Մասին Բացառիկ Տեղեկութիւնները` Պատասխան Թուրքական Շահարկումներին

Լուսինէ Սահակեանի Համշէնի Մասին Բացառիկ Տեղեկութիւնները` Պատասխան Թուրքական Շահարկումներին

Վարեց` ՆԱՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆ «Համշէնը հայկական ձեռագրերում եւ օսմանեան աշխարհագիր մատեաններում» խորագրով բանախօսութեամբ թուրքագէտ Լուսինէ Սահակեանը հանդէս կը գայ յունուարի 23-ին եւ 24-ին, Լոս Անճելըսում: Նա կը ներկայացնի բացառիկ փաստեր` տարբեր աղբիւրներից, այդ թւում` Թուրքիայի արխիւներից եւ եւրոպական թանգարաններից ու գրադարաններից, որոնք հնարաւորութիւն են տալիս որոշակի պատկերացում կազմելու Համշէն գաւառի 13-17-րդ դարերի քաղաքական, հոգեւոր եւ մշակութային կեանքի, հայ իշխանների գործունէութեան, ինչպէս...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Նշմար. …Իսկ Հայոց Ցեղասպանութեան Օրակա՞րգը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Եւրոպական ու ամերիկեան լրատու աղբիւրներ հինգշաբթի, 23 յունուարին, իբրեւ առաջին կարգի լուր, արձագանգ եղան այն յուշահանդէս-համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Իսրայէլի մէջ, Աուշուիցի արգելարան-սպանդանոցին փակման 75-րդ տարեդարձին առիթով: Իսրայէլ հինգերորդ անգամ ըլլալով նման յուշահանդէս կը կազմակերպէ իր զոհերուն նուիրուած կեդրոնին` Եատ Վաշեմի մէջ, յիշելու եւ յիշեցնելու համար, որ Բ. Աշխարհամարտին հիթլերական Գերմանիան բազմամիլիոն հրեաներ ողջակիզած է: Պատմութեան մանրամասնութիւնները ծանօթ...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Քաղաքական Կուսակցութիւնների Պատասխանատուութիւնն Ու Հաշուետուութիւնը

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Քաղաքական Կուսակցութիւնների Պատասխանատուութիւնն Ու Հաշուետուութիւնը

Երբ 2019 թուականի յունիսին Արցախի Հանրապետութեան խորհրդարանում քննարկւում էր «Կուսակցութիւնների մասին» օրէնքը, հանրապետութիւնում գրանցուած էին շուրջ 20 կուսակցութիւններ: Այժմ գրանցուած կուսակցութիւնների թիւը հասնում է 27-ի: Ինչ-որ առումով կարելի է բնական համարել այս երեւոյթը: 2020-ի մարտի վերջին օրը Արցախում տեղի են ունենալու խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք առաջին անգամ անց են կացուելու միայն համամասնական ընտրակարգով: Այդ առումով, իւրաքանչիւր ոք, ով ցանկանում է դառնալ...

Ազգային Առաջնորդարանի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Սանթա Մարիա» Բուժարան

Ազգային Առաջնորդարանի Պատուիրակութիւնը Այցելեց «Սանթա Մարիա» Բուժարան

Հինգշաբթի, 23 յունուար 2020-ին Լիբանանի հայոց թեմի քարոզիչ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան, ընկերակցութեամբ Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Րաֆֆի Տեմիրճեանին եւ ընկերային ծառայող Մարիա Եագուպեանին, այցելեց «Սանթա Մարիա» բուժարանի Հալաթի եւ Աննայայի կեդրոնները: Պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ կեդրոնի տէր եւ տնօրէն Ժոզեֆ Հարըպի հետ, որ մօտէն ներկայացուց բուժարանին գործունէութիւնը: Ապա հայր սուրբը շրջագայեցաւ կեդրոններուն մէջ` մօտէն ծանօթանալու կառոյցին եւ աշխատանքներուն: Այս առիթով...

Այս Քոյրերը.   ՀՕՄ-ին

Ժագ Ս. Յակոբեանի Աւանդը

ՄԻՔԱՅԷԼ ԵՈՒՍՈՒՖԵԱՆ Նոյեմբեր 2-ին իր մահկանացուն կնքեց հայ գրական աշխարհի հսկաներէն մէկը` Ժագ Ս. Յակոբեան: Իր 102 տարիներու կեանքը անցաւ յաւիտենականութեան` հարուստ գրական վաստակ մը ձգելով իր ետին: Ծնած էր Գահիրէ, Ազատուհիին հետ ամուսնանալէ երկու տարի ետք կը գաղթէ Մելպուռն, Աւստրալիա, ապա կը վերադառնայ Գահիրէ, 1956-ին երեք զաւակներով ընտանեօք կը փոխադրուին Պէյրութ, Լիբանան, ուր կը ծնի անոնց չորրորդ զաւակը, յետոյ`...

Առօրեայ Խօսքի Արտայայտչաձեւերն Ու Յատկութիւնները

Առօրեայ Խօսքի Արտայայտչաձեւերն Ու Յատկութիւնները

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ Առօրեայ լեզուն կը տարբերի պաշտօնական լեզուէն այն առումով, որ խօսողին յարաբերութիւնը լեզուին հետ աւելի անմիջական կ՛ըլլայ:  Խօսքը կ՛արտաբերուի յանպատրաստից, անկաշկանդ: Բառեր գեղեցկացնելու ճիգեր չեն ըլլար հոն սովորաբար, ոչ ալ` բառերու որոնում: Ո՛չ հռետորաբանութիւն է, ո՛չ ճարտասանութիւն, այլ` պարզ կառուցուածքով, ժողովրդական բառ ու բանով համեմուած խօսք: Առօրեայ լեզուին մէջ գործածուող բառերը, անշուշտ, ունին իրենց գրական համարժէքները, սակայն խօսքին աւելի...

«Ականեալ Ձայներ»-ի Զօրութիւնը

Կեանքի Կարեւոր Նշոյլներ

ԹԱՄԱՐ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ Արուեստագիտութեան դոկտոր Վերջերս Վիեննայում հրատարակուել է բացառիկ հետաքրքրական ժողովածու: Հեղինակը` սփիւռքում եւ մայր հայրենիքում ճանաչուած մտաւորական, գիտնական Լեւոն Թորոսեանն է: Նախքան բուն գրքի բովանդակութեան անցնելը, արժէ հակիրճօրէն անդրադառնալ հեղինակի կենսագրական որոշ փաստերին: Լեւոն Թորոսեանը (ծնուել է Պէյրութում)` արմատներով մուսալեռցի, սփիւռքում ճանաչուած կրթական, հասարակական գործիչ, թատերագիր Յակոբ Թորոսեանի որդին է: Տակաւին պատանեկան տարիներից ցայսօր Լեւոն Թորոսեանի կեանքում մեծ դեր...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն .  Անկախութեան Պահպանումը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն . Մարդը Եւ Օրէնքը

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը ունեցաւ աշխարհային եւ բնազդային զուգահեռ օրէնքներ, որոնց հիման վրայ դարերով կեանքը շարունակուեցաւ: Այս բոլորին եկաւ ու միացաւ հոգեւոր դաստիարակութիւնը, որ զանազան տեսակի կրօններու միջոցով դէպի յաւիտենականութեան  եւ ճշմարտութեան առաջնորդող ճանապարհը հանդիսացաւ մարդուն: Պատմութիւնը միշտ գրած է անօրէններու մասին, որոնք հալածուած են օրէնքը պահողներուն կողմէ, իսկ երբեմն ալ օրէնք պահողները` անօրէններու կողմէ: Մարդոց իրաւունքը պահողը միշտ...

ՀՅԴ Նետրլանտներու Կառոյցի Շարքերը Համալրուեցան Նոր Երիտասարդներով

ՀՅԴ Նետրլանտներու Կառոյցի Շարքերը Համալրուեցան Նոր Երիտասարդներով

Նետրլանտներու մէջ ՀՅԴ հիմնադրութեան 129-ամեակի տօնակատարութեան շրջագիծին մէջ տեղի ունեցաւ նորագիրներու երդման արարողութիւն: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի կնքահայրութեամբ, երդում տուին եւ ՀՅԴ Նետրլանտներու կառոյցի շարքերուն միացան հինգ նորագիրներ: Նշենք, որ Նետրլանտներու Ալմելօ քաղաքին մէջ 18 յունուարին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 129-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը, որուն իբրեւ օրուան գլխաւոր բանախօս` հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան:

ՀՕՄ-ն Է Դարձեալ. Վա՛րձքդ Կատար

ՀՕՄ-ն Է Դարձեալ. Վա՛րձքդ Կատար

Ա. Ա. Լիբանանահայ գաղութը դարձեալ դէմ յանդիման կը գտնուի տնտեսական եւ քաղաքական ծանր տագնապներու, որոնք կը սպառնան լիբանանահայութեան կենսունակութեան եւ համայնքային ընդհանուր իրավիճակին, նկատի ունենալով, որ ի տարբերութիւն նախկին տագնապներուն եւ տասնհինգամեայ քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, տնտեսական-ելեւմտական անմխիթար կացութիւնը գորշ ամպեր կուտակած է լիբանանեան երկնակամարին վերեւ` դրամատնային համակարգը գրեթէ անդամալուծելով, ինչ որ իր չափազանց ժխտական ազդեցութիւնը ունի թէ՛ ֆոնտերու կառավարման, թէ՛...

Աղէտէն Անդին

Աղէտէն Անդին

Վ. Է. Կիրակի, 26 յունուար 2020-ին Լիբանանի Մարաշի հայրենակցական միութիւնը պիտի ոգեկոչէ Մարաշի աղէտին հարիւրամեակը: Եկեղեցական սրբազան արարողութիւններէն եւ միութեան տան մէջ կայանալիք հաւաքէն անդին` այս նշումը պիտի վերարծարծէ մարաշցիներուն պատահած քստմնելի դէպքերը անոնց յիշողութեան մէջ եւ զանոնք պիտի մղէ հաստատ մնալու իրենց տոհմային պատկանելիութեան հոլովոյթին: Արդարեւ, 1920 յունուար 20-ի ցուրտ գիշերը, քանի մը շաբթուան անհաւասար մարտերու աւարտին, պատմական Մարաշի...

Փինկ Փոնկի Երբեմնի Ախոյեան Սեպուհ Գարաքելեանի Յիշատակին.  Ազգասէր Ու Ընկերասէր Մարզիկը

Փինկ Փոնկի Երբեմնի Ախոյեան Սեպուհ Գարաքելեանի Յիշատակին. Ազգասէր Ու Ընկերասէր Մարզիկը

Մարսէյի հայ գաղութը վերջերս կորսնցուց իր աշխուժ զաւակներէն Սեպուհ Գարաքելեանը: Անոր վաղաժամ հեռացումը այս աշխարհէն սուգի մատնեց իր հարազատները Մարսէյէն մինչեւ Լիբանան ու Միացեալ Նահանգներ: 1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած էրզրումցի ծնողքի զաւակ` Սեպուհ ծնած էր Լիբանան, ուր ստացած էր իր նախնական կրթութիւնը Հայաշէնի երբեմնի Ազգային Թորգոմեան վարժարանին մէջ: Պատանի տարիքէն ան արդէն սկսած էր յաճախել  յարակից ակումբը եւ աւելի ուշ...

Կոմիտասը` Երաժշտութեան Ճամբով

Կիլիկիոյ Սիս Մայրաքաղաքի Աւանդութիւններն Ու Կրօնական Բարքերը

Համադրեց` ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Անցեալին առիթը ունեցած եմ գրելու Սիսի, սիսեցիներու, Սիսի պատմական կաթողիկոսութեան, կաթողիկոսութեան Սիսէն Անթիլիաս փոխադրութեան եւ այլնի մասին: Այսօր պիտի անդրադառնանք սիսեցիներու ամուսնական զանազան աւանդութիւններուն, կրօնական սովորութիւններուն` օգտուելով «Յուշամատեան»-ի կայքէն, որոշ կրճատումներով: Խօսքկապ Վարդավառ եւ Շողակաթ (Շահզատէ) Տեմիրճեաններ, 1925թ. Խօսքկապ եւ հետագային` ամուսնութիւն, նաեւ տեղի կ՛ունենայ օրօրոցէն կամ մանկապատանեկան շրջանին, եւ այդ մէկը կը կոչուի թրքերէնով` «պէշշիկ քերթմէ»,...

Page 415 of 807 1 … 414 415 416 … 807

Արխիւներ