Անդրադարձ

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Հետեւելով Ըսուածներուն Եւ Գրուածներուն. Քորսիքական «Վանտեթա»-ի, 1937-ի Կրկնութեան Եւ Նոր Քարտէսի Մը Սպասման Մթնոլորտին Մէջ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Թէ բարի են խօսքերը քո, Հայոց լեռներն ակնածանքով Կը խոնարհուեն քո դէմ լռին Բաշը քսած քո ձեռքերին: Իսկ թէ չար են` լեռները մեր, Հրաբխի բներն անմեռ, Որ լռե՛լ են, բայց չե՜ն հանգել,                                                         Քեզ լաւայո՜վ կ’արձագանգեն, Որ լեռնե՜ր է քշում տանում... Զգո՜ւշ խօսիր Հայաստանում: ԳԷՈՐԳ ԷՄԻՆ (1919-1998) Քանի մը անգամ ըսած եմ, որ պատմութեան մէջ յեղափոխութիւններ եղած են, որոնք...

25-Ամեակէն Անդին.  Ի՞նչ Կրնանք Ընել

Լեզուն` Ազդակ Բաժանմա՞ն, Թէ՞ Միացման

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Մէկ ազգ, մէկ պատմութիւն, մէկ մշակոյթ... Բայց` երկո՞ւ լեզու: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` երկու լեզուաճիւղ, երկու հնչելաձեւ, երկու գրելաձեւ, երկու գրականութիւն: Տակաւին` երկու ապրելակերպ եւ այլ երկուութիւններ: Ինչպէ՞ս ուրեմն` մէկ մշակոյթ, մէկ պատմութիւն, մէկ ազգ: Սա՛ է սակայն մեր իրականութիւնը, որ իրաւամբ մեզ կը մղէ հարցականի տակ դնելու մեր այդ «մէկութիւն»-ը: Ի վերջոյ, այսօր նոյն հողին վրայ ալ...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Յիշելով Պաքուի Հայ Զոհերը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Յիշելով Պաքուի Հայ Զոհերը

Պետական մակարդակով ծրագրուած եւ անպատիժ մնացած ցեղասպանական մէկ արարք էր 13 յունուար 1990-ին, 30 տարի առաջ, Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հայ բնակչութեան զանգուածային ջարդը: Մարդասպանութեան եւ հայատեացութեան այս ոճը ծնունդ էր ոճրային տրամաբանութեան: Տրամաբանութիւն մը, որ կեանքի կը կոչուէր, որովհետեւ տուեալ երկրին ղեկավարութիւնը գիտակցական իր մակարդակով ի վիճակի չէր ընդունելու այլոց մարդկային ու ազգային նուազագոյն իրաւունքները, ի վիճակի...

Ազգին Ու Հայրենիքին Ծառայութիւնն Է Դաշնակցութեան Ու Դաշնակցականին Երդումը

Ազգին Ու Հայրենիքին Ծառայութիւնն Է Դաշնակցութեան Ու Դաշնակցականին Երդումը

(ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Մուրատ Փափազեանի Խօսքը` Նետրլանտներու Մէջ Հյդ 129-Ամեակի Նշումին) Ինչո՞ւ մենք հպարտ դաշնակցականներ ենք: Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութենէն 129 տարի ետք արդարացի հարցում մը կրնայ տրուիլ ոմանց կողմէ. ի՞նչի կը ծառայէ այսօր Դաշնակցութիւնը, Հայաստանի, Ղարաբաղի թէ սփիւռքի մէջ: Դաշնակցութեան հիմնադիրները` Քրիստափոր Միքայէլեան, Ստեփան Զօրեան եւ Սիմոն Զաւարեան, իրենց շուրջ ունենալով բազմաթիւ մտաւորականներ, անմիջական պէտքը զգացին 1890-ին հիմը դնելու...

Նետրլանտներու Մէջ Նշուած Է ՀՅԴ 129-Ամեակը

Նետրլանտներու Մէջ Նշուած Է ՀՅԴ 129-Ամեակը

Յունուար 18-ին Նետրլանտներու Ալմելօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Նետրլանտներու «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի կողմէ կազմակերպուած ՀՅԴ հիմնադրութեան 129-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ էին` Նետրլանտներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Տիգրան Բալայեանը, Ալմելոյի շրջանի հոգեւոր հովիւ Մաշտոց Բաղդասարեանը, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանը, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Հրաչ Վարժապետեանը, Նետրլանտներու մէջ գործող տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր: Տօնակատարութեան բացումը կատարուեցաւ...

Անկրկնելի Հալէպը.  Անշիրիմ Հայկազեանը

Անկրկնելի Հալէպը. Անշիրիմ Հայկազեանը

ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Արտերկրի հնագոյն կրթօճախներէն` Հալէպի Ազգային Հայկազեան վարժարանը, հիմնուած` 1852 թուականին,  160 տարիներ լուսաւորելէ ետք, 2012-2013 կրթական տարեշրջանի աւարտին փակեց իր դռները, աւելի քան հինգ դարու պատմութիւն ունեցող Ս. Քառասնից Մանկանց մայր եկեղեցւոյ ծխական դպրոցը: Սուրիական թէժ պատերազմի եւ սուրիահայութեան ու յատկապէս հալէպահայութեան աննախընթաց արտագաղթի պատճառով, քաղաքին մէջ գործող չորս ազգային վարժարաններ` Հայկազեան, Սահակեան, Զաւարեան եւ Կիւլպէնկեան, Բերիոյ հայոց...

Պէտք Է Յաջորդ Գարնան Սպասել

Պէտք Է Յաջորդ Գարնան Սպասել

ՍԵՒԱՆ ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մանուկն ու Մանուշը պատուհանին մօտ նստած, ինչպէս ամէն օր, առաւօտեան սուրճը կը խմէին: Որոտումի ձայնը անոնց գլուխները վեր բարձրացուց: Առաջինին ձայնը տկար էր: Երկրորդը յաջորդաբար որոտաց, իսկ երրորդը այնքան զօրաւոր էր, որ կարծես լեռը պիտի պատռուէր: Արձագանգը ա՛լ աւելի զօրաւոր էր, երկա՜ր ատեն կը հնչէր: - Բարին թող ըլլայ: Աս որոտումին ձայնը սիրտս ու միտքս կը պղտորէ,- ըսաւ...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Արցախեան Բեղուն Տարեշրջանը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արցախեան Բեղուն Տարեշրջանը

Բեղուն պիտի ըլլայ այս տարին Արցախին համար: Արդարեւ, յառաջիկայ մարտի աւարտին իսկ պիտի կատարուին նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնք վստահաբար առիթ պիտի ընծայեն ստեղծելու նոր հորիզոններ, նոր գործունէութեան դաշտ եւ աւիշ: Այս գծով թէ՛ ներկայ նախագահ Բակօ Սահակեան եւ թէ՛ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան իրենց ամանորեան պատգամներուն մէջ նշեցին յատուկ անդրադարձ կատարելով: Յաւուր պատշաճի խօսքին...

Էրտողանեան Ընթերցուած Մը` Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան

Էրտողանեան Ընթերցուած Մը` Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան

Ա. Ա. Կոստանդնուպոլսոյ հայոց Սահակ Բ. Մաշալեան պատրիարքին գահակալութեան արարողութենէն չորս օր ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողան Անգարայի նախագահական պալատին մէջ ընդունեց պատրիարքն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որոնց հետ մէկ ժամ տեւած դռնփակ տեսակցութեան մասին բաւական ժլատ տեղեկութիւններ հաղորդեց պոլսահայ «Ժամանակ» պարբերականը: Էրտողան, ըստ «Ժամանակ»-ի, Մաշալեան պատրիարքին յայտնած է, որ հայ համայնքը Թուրքիոյ համար անուրանալի արժէք ունի, աւելցնելով, որ ուշադրութեամբ...

ԱՄՆ Օրէնսդիր Իշխանութեան Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը Ունի Տասնամեակներու Վրայ Երկարող Գուպարումի Ճանապարհ

Սուրիոյ Իսկենտերունի Մասին 1947-ին Գրուած Սի. Այ. Էյ.-ի (CIA) Գաղտնի Տեղեկագիրը

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ Նախաբան 80 տարի առաջ, թուրք-ֆրանսական քաղաքական դաւադիր պայմանաւորուածութեամբ, Սուրիոյ պատկանող Իսկենտերունի մարզային վարչատարածքը կցուեցաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան: 11-14-րդ դար Իսկենտերունի տարածքը մաս կազմած է Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան, այդ պատճառով ալ մինչեւ 20-րդ դար այնտեղ գոյատեւած են հայկական բնակավայրեր, որոնցմէ ամէնէն մեծն էր Մուսա Լեռը: Ա. Աշխարհամարտէն ետք ֆրանսական իշխանութեանց հոգատարութեան տակ գտնուող Իսկենտերունի մարզային վարչատարածքի բնակչութեան մէջ տոկոսային փոքրամասնութիւն...

Բագրատունի. «Համահայկական Օրակարգը Իսկապէ՛ս Համահայկական Տարողութիւն Պէտք Է Ունենայ»

Ժողովուրդին Վստահութիւնը` Խորհրդարանի Վստահութենէն Առաջ

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Իւրաքանչիւր օր, որ կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուշանար, Լիբանանն ու լիբանանցի քաղաքացին իրենց հացէն ու արիւնէն կը վճարէին բարձր եւ անհատուցանելի գին: Մէկ ամիս տեւեց կառավարութեան կազմութեան քաշքշուքը: Ժողովրդային շարժումի արդար պահանջներն ու անկեղծ ցաւի եւ ցասումի արտայայտութիւնները անտեսող քաղաքական վերնախաւը ժամանակի կը կարօտէր թերեւս ըմբռնելու, որ Լիբանանի ժողովուրդը այլեւս ետդարձի ճամբայ չունի եւ կը մերժէ անցեալի փորձառութենէն բխող խոստումներ, մօրուք...

Մինչեւ Ե՞րբ

Սլաք. Ամբոխները Խելագարած

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Անցնող շաբաթավերջին Պէյրութի կեդրոնը խաղաղ ցոյցերով սկսած եւ խուլիկանութեամբ վերջ գտած պատկերները բաւական մտահոգիչ իրավիճակ մը պարզեցին: Կ՛ըսուի, որ Թրիփոլիէն թրքական գաղտնի սպասարկութեան եւ անոնց հսկողութեամբ գործող շարժումներն են գլխաւորաբար այդ իրավիճակը ստեղծողը: Ո՞վ է շահաւորը այս իրավիճակէն: Ինչո՞ւ այսքան խուլիկանութիւն: Ինչո՞ւ այդ աստիճանի կիրք եւ հակազդեցութիւն: Ի՞նչը կ՛արգիլէ խաղաղ ցոյցերով եւ քաղաքակիրթ կերպով շարունակել պահանջներ ներկայացնել: Ինչո՞ւ...

Գարնանային

Թարգմանական Աշխատանքը Մեր Գրականութեան Մէջ

Երբ մեր գրականութեան էջերը թերթենք, յատկապէս երբ դասական գրողներու կենսագրութիւնները կարդանք, հոն անպայման կը հանդիպինք հետեւեալ տողերուն. իր գործերը թարգմանուած են... լեզուներու. կամ թարգմանութիւններ կատարած է... լեզուներէ: Սովորաբար այս տողերուն վրայէն արագ կ՛անցնինք մեր մտքերուն մէջ տեղաւորելէ ետք այն համոզումը, որ խնդրոյ առարկայ գրողը պէտք է մէկէ աւելի լեզուներու տիրապետած ըլլայ, կամ այնքան լայն ճանաչում գտած ըլլան իր գործերը, որ...

Արամ Մանուկեան. Սպասուած Վերադարձ Հայրենի Եզերք

Հայաստանը Եւ Արցախը Համատեղ Դատապարտել Են Հայոց Ջարդերն Ազրպէյճանում

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Արձանագրենք, որ Հայաստանն ու Արցախը  այս ձեւաչափով առաջին անգամն են քննութեան առնում 20-րդ դարում եւ, առանձնապէս, նոյն դարավերջին հայ ժողովրդի մի ստուար հատուածին` Պաքուի հայութեանը եւ, ընդհանուր առմամբ, Ազրպէյճանի հայ բնակչութեանը պատուհասած ողբերգական իրադարձութիւնները` այդ հանրապետութեան ողջ տարածքում իրականացուած հայկական կոտորածները եւ աւելի քան 400 հազար խաղաղ հայերի բռնի տեղահանութիւնը բազմադարեայ բնակութեան վայրերից: Մինչ այդ թէ՛...

Ազրպէյճանական հակահայ արշաւը թրքական ժխտողականութեան ենթահողին վրայ. Լատինական Ամերիկայի պարագան

Սփիւռք-Հայաստան Յարաբերութիւններու (Թաւշեայ) Մթնշաղին

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ինչպէս կարելի է հետեւցնել, սփիւռքի նախարարութեան լուծարման խորհրդանշական կարեւորութիւնը ընդհանրապէս կը գնահատուի անկախ պետութեան մէջ նման կառոյցի մը ենթադրած հիմնական դերակատարութեան` Հայաստան-սփիւռք մերձեցման ընդմէջէն: Կը մնայ, որ սփիւռքի նախարարութիւնը ամբողջ խորհրդանիշ մըն էր նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններու կողմէ սփիւռքը որպէս գոյավիճակ ընդունելու իմաստով: Առ այդ, գիտակցելով հանդերձ սփիւռքի ռազմավարական կարողականութեան մեծ նշանակութեան, ընդունելով հանդերձ հայրենադարձութեան կամ հայահաւաքի շեշտադրումը...

Խորհրդարանի Օրէնսդրական  Լիագումար Նիստ.   Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Կ՛ընտրուի  Նախագահներու Եւ Նախարարներու Դատավարութեան  Դատական Գերագոյն Խորհուրդի Անդամ

Վե՛րջ Տուէք Այս Զաւեշտին, Կազմեցէ՛ք Կառավարութիւնը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Անցնող օրերու դէպքերուն թաւալգլոր ընթացքը կը մղէ լիբանանցի քաղաքացին դուրս գալու տրամաբանութեան, իրատեսութեան եւ ողջմտութեան ամէն «կապանք»-է եւ բարձրաղաղակ գոռալու` «Ա՛լ կը բաւէ, վե՛րջ տուէք այս խեղկատակութեան»: Իրաւամբ, երկրին մէջ փտածութիւնը, օրինազանցութիւնը, պետական գանձի իւրացումը, դրամատիրական դասակարգի բարբարոս շահագործումը, քաղաքացիի հացին ոտնակոխումը ստեղծած էին այնպիսի շնչահեղձ մթնոլորտ, որ երբ եկաւ հոկտեմբեր 17-ի ժողովրդային ցասումը եւ աւելի ուշ կառավարութեան...

Շատ Կանուխ Էր, Պարո՛ն Յովիկ

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը նոր հաստատուած էր, եւ 2010 թուականի սկիզբը պարոն Յովիկ Քիւրքճեան իր ազնուական կնոջ` Մարալին հետ այցելեց Համազգայինի ցուցասրահ: Մեր առաջին հանդիպումը ծանօթացման բնոյթ ունենալով, բնականաբար առաջին առիթով հարց պիտի տայի իր զաւակներուն մասին եւ յանկարծ ստանայի անսպասելի, բայց նաեւ խորիմաստ պատասխան մը. «Պարո՛ն Յակոբ, մեր զաւակները` մեր հայ մշակոյթի գանձերն են եւ մեր ընտանիքը`...

Անդրադարձ.  «Յաղթանակ»-ի Մասին Զաւեշտակա՞ն,  Թէ՞ Անկեղծ Յայտարարութիւն

Անդրադարձ. «Յաղթանակ»-ի Մասին Զաւեշտակա՞ն, Թէ՞ Անկեղծ Յայտարարութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Կիրակի, 19 յունուարին Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Լիպիոյ տագնապի քննարկման նուիրուած «Պերլինի խորհրդաժողով»-ը, որուն կը մասնակցէին 11 պետութիւններու, 3 միջազգային ու շրջանային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ տագնապին առնչակից անմիջական կողմերու ղեկավարները: Մասնակից պետութիւններու շարքին էր Թուրքիան: Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն երէկ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Լիպիոյ տագնապին նկատմամբ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կիրարկած արդիւնաւէտ եւ բազմակողմանի գործունէութիւնը Թուրքիան...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Ակնարկ. Թրամփի Դատավարութիւնը Կանխող «Միջանկեալ Փուլ»-ը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը 15 յունուարին ի վերջոյ ծերակոյտի տրամադրութեան յանձնեց նախագահ Թրամփը մեղադրող զոյգ բանաձեւերը, որոնք ճամբայ կը հարթեն անոր դատավարութեան բացման, նախատեսուած` երեքշաբթի, 21 յունուարին: Ներկայացուցիչներու տունը Թրամփը ամբաստանող բանաձեւերը քուէարկութեան դրած ու որդեգրած էր ամիս մը առաջ` բանալով... ներքին քաշքշուքի փուլ մը, որ արտաքին բեմին վրայ յատկանշուեցաւ «աշխարհասասան» ու «պատմական» մէկէ աւելի իրադարձութիւններով, որոնք ամերիկեան...

Թուրքիա` «Տագնապներու Եռանկիւն»-ին Մէջ Քաղաքական Դերակատարութեան Մը Հետապնդման Հետքերով

Թուրքիա` «Տագնապներու Եռանկիւն»-ին Մէջ Քաղաքական Դերակատարութեան Մը Հետապնդման Հետքերով

Ա. Ա. Միջինարեւելեան ընդհանուր կացութիւնը բաւական բարդ ժամանակահատուած մը կ՛ապրի: Եթէ նախապէս հարցերուն հարցը Սուրիոյ տագնապն էր, ապա այսօր Իրան-Միացեալ Նահանգներ լարուածութիւնը եւ Լիպիոյ տագնապը կը համարուին այն երկու ծիրերը, որոնք առաւել կը բարդացնեն արդէն իսկ պայթումի մը ամբողջական վտանգ դիմագրաւող տարածաշրջանին իրավիճակը եւ կ՛արգելակեն համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայունութեան երաշխաւորման միտող ճիգերն ու նախաձեռնութիւնները: Իրան-Միացեալ Նահանգներ աննախընթացօրէն վտանգաւոր լարուածութեան բախումներու...

Page 416 of 807 1 … 415 416 417 … 807

Արխիւներ