Պէյրութը` Աւերակ, Արիւնլուայ Ու Սգաւոր
ՔՐԻՍՏ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Ահ, սարսափ, զարհուրանք ու սոսկում. մահաբեր ցնցում մը շարժեց ամբողջ Լիբանանն ու լիբանանցիները: Պէյրութը հիմնայատակ է, քարուքանդ, մոխրածածկ, Ո՛Չ ԵՒՍ: Կարելի պիտի չըլլայ յիշողութենէ ջնջել Պէյրութը թնդացուցած մահաբոյր պայթիւնը եւ անկէ ծնունդ առած սարսափազդու ալիքը, որ քալեց աւելի քան 250 քիլոմեթր` հասնելով մինչեւ Կիպրոս: Անբացատրելի երկվայրկեաններ. խառնափնթոր միտքեր ու զգացումներ, զօրաւոր երկրաշարժ, ապա ականջալուր` հզօր որոտումի: Շէնքը կը...


















