Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Տարանջատել Օտարատեաց Մտածելակերպը՝ Տնտեսական Ճգնաժամէն

Օգոստոս 3, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Ընդհանրապէս, պատմութեան ընթացքին նիւթական եւ ելեւմտական ճգնաժամերուն մեծագոյն դրդապատճառները եղած են զուտ տնտեսական, ինչպէս՝ շուկայի ապահսկողութեան պատճառով ընկերային դասակարգերու միջեւ լայն անջրպետի ստեղծում, արտաքին պարտքին մեծնալուն պատճառով՝ խստամբերական միջոցներու դիմում, հանրային ծառայութիւններու սեփականաշնորհումը՝ սղաճի դէմ պայքարի իբրեւ միջոց որդեգրում եւ այլն…

Սակայն, վերջին տարիներուն լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններէն իրենք զիրենք մասնագէտ կամ տնտեսութենէ հասկցող նկատող բազմաթիւ անձնաւորութիւններ սկսան Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամի բուն աղբիւրը նկատել պատերազմներէն փախուստ տուող գաղթականները:

Եկէք հարցը դիտենք իրական փաստերով ու թիւերով:

Իրենք զիրենք մասնագէտ կամ տնտեսութենէ հասկցող նկատողները մոռցած են կամ մոռացութեան տուած են, որ լիբանանցիներուն մեծամասնութիւնը Լիբանանէն դուրս կ՛ապրի. անոնք կա՛մ գաղթական դարձած են Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին՝ փախուստ տալով դէպի արեւմտեան պետութիւններ՝ աւելի խաղաղ կեանք ապրելու համար, կա՛մ ալ վերջին տասնամեակներուն գաղթած են Արաբական ծոցի պետութիւններ՝ աւելի բարձր աշխատավարձերով գործի առիթներ գտնելու համար:

Անոնք (իրենք զիրենք մասնագէտ կամ տնտեսութենէ հասկցող նկատողները) անտեղեակ են լիբանանեան պետութեան կատարած ծախսէն՝ բնակչութեան համար մատուցուող ընկերային ու հանրային ծառայութիւններուն վրայ: Երբ Լիբանանի համախառն ներքին արդիւնքը 2019-ին (այն թուականը, երբ Լիբանանի տնտեսական կարգավիճակին վատնումը հասաւ իր գագաթնակէտին) 56,90 միլիառ ամերիկեան տոլար էր (վերջին 10 տարիներուն ամէնէն բարձրը), երկրին պետական պիւտճէէն միայն 735,9 միլիառ լիբանանեան ոսկի ներդրուեցաւ առողջապահութեան մարզին վրայ, իսկ կրթութեան՝ 2058,4 միլիառ լիբանանեան ոսկի:

Անոնք (իրենք զիրենք մասնագէտ կամ տնտեսութենէ հասկցող նկատողները) նոյնպէս անտեղեակ են Լիբանանի հարկային համակարգի անարդար հիմքերէն, ուր մեծ ընկերութիւններու եկամտային հարկումը միայն 17 առ հարիւր է, իսկ անհատական հարստութեան հարկումը՝ 24 առ հարիւր եւ Յաւելեալ արժէքի տուրքը՝ 17 առ հարիւր (առանց խօսելու հարկային լայնածաւալ փախուստներուն մասին):

Անոնք (իրենք զիրենք մասնագէտ կամ տնտեսութենէ հասկցող նկատողները) նաեւ կը փորձեն իրենք զիրենք անտեղեակ ձեւացնել, թէ իրենց գործադրած ազատ շուկայական տնտեսական քաղաքականութիւններուն պատճառով 2018-ին Լիբանանի պարտքը դարձած էր համախառն ներքին արդիւնքին 151 առ հարիւրը, որուն պատճառով ալ արդէն 2019-ի պետական պիւտճէին մէջ որդեգրուեցան խստամբերական միջոցառումներ, ինչպէս՝ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան յատկացումներուն վրայ -0,3 տոկոսի նուազում, երկրագործութեան նախարարութեան՝ -15,6, ճարտարարուեստի նախարարութեան՝ -5,2, աշխատանքի նախարարութեան՝

-6,3 եւ կենսոլորտի նախարարութեան՝ -12,9 տոկոսի նուազում: Միջոցառումներ, որոնք պատճառ դարձան պետական պաշտօններու դիմումներու սառեցման, աշխատաւորներու տարեկան արձակուրդի նուազեցման՝ 20 օրէն 15 օրի, լիբանանեան արդիւնաբերական եւ գիւղատնտեսական արտադրութեան ցած մակարդակի վրայ մնալուն (չկարենալով մրցակցիլ համաշխարհային վաճառանիշներուն հետ) եւ անտառներու հրդեհները մարելու դժուարութեան:

Վերջապէս, անոնք (իրենք զիրենք մասնագէտ կամ տնտեսութենէ հասկցող նկատողները), որոնք տնտեսական տագնապին աղբիւրը կը նկատեն գաղթականները եւ որոնք պէտք է լաւատեղեակ ըլլան իբրեւ ինքնահռչակ տնտեսագէտներ կամ մասնագէտներ (մանաւանդ եթէ կը պատկանին այնպիսի քաղաքական կողմի մը, որ տարիներ շարունակ եղած է իշխանութեան մէջ), որ Լիբանանի կառավարութիւնը չէ ծախսողը գաղթականներուն վրայ, այլ միջազգային յանձնախումբեր կամ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ կը հոգան գաղթականներուն նիւթական ծախսերը, ինչպէս՝ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը (UNHCR), Տեղափոխութեան միջազգային կազմակերպութիւնը (IOM) եւ այլն:

Ինչպէս Միացեալ Նահանգներու մէջ քաղաքացիական իրաւունքներու զանգուածային շարժումը տարիներ ղեկավարած Մարթին Լութըր Քինկ կ’ըսէ՝ «Աշխարհի մէջ չկայ աւելի վտանգաւոր բան, քան անկեղծ տգիտութիւնն ու խղճամիտ տխմարութիւնը»: Այն մասնագէտները, որոնք Լիբանանի տնտեսական ճգնաժամին բուն աղբիւրը կը նկատեն գաղթականները, մանաւանդ եթէ գործ ունեցած են հարկային փախուստի պարագաներու հետ, իրենց օտարատեաց ու ցեղապաշտական յետամնաց ոգիով տգիտօրէն եւ տխմարօրէն կը փորձեն հանրութեան առջեւ ձերբազատուիլ յանցանքէն ու բոլոր յանցանքները վերագրել անմեղ ու տկար գաղթականներուն:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Առցանց Ուսուցումին Տնտեսական Անտեսուած Երեսը

Յաջորդը

Մոսկուայի Ծիրանը Եւ Աթաթուրքին Նկարը (Սեւի Ու Ճերմակի Երկու Պատմութիւն)

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?