ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Տեսուչ՝ «Կիլիկիա» Թանգարանի
Դպրեվանքեան առաջին իսկ տարիներուս, յստակօրէն կը յիշեմ, բոլոր ծանօթներուս արտայայտութիւնները, որոնք կ՚ունենային իմ մասիս, ըսելով «շատ փոխուած ես»։ Բնաւ չէի անդրադառնար, սակայն կեանքիս մէջ փոփոխութիւնները այնքան զգալիօրէն աճած էին, որ մարդիկ կ՚ուզէին արտայայտուիլ։
Երբ հօրս մահուան սուգը մեր ընտանեկան երդիկը կը ծանրացնէր, եւ դժուար պայմաներու տակ, Ազգ. Աբգարեան Վարժարանի նախակրթարանը աւարտեցի, որոշեցի դիմել Դպրեվանք, ուսումս շարունակելու համար։ Թէեւ Կիրակնօրեան սիրող եւ յաճախող մնայուն աշակերտ էի, սակայն երբէք չէի փափաքած Ս. Խորանին վրայ ծառայել եւ կամ եկեղեցական շապիկ հագուիլ։ Նոյնիսկ, կրակին հանդէպ ցնցում ունենալուս պատճառով, կը սարսափէի մոմ բռնելէն։ Շատ լսած էի, Դպրեվանքի մասին, սակայն ո՛չ Դպրեվանք այցելած էի, եւ ո՛չ իսկ նկարով տեսած էի վայրը։ Չէի գիտեր, թէ ուր կ՚երթամ. անկեղծօրէն, եկեղեցական ըլլալու պատկերացումն անգամ չունէի։ Քանի մը առիթներով, նախակրթարանիս տարբեր ուսուցիչներ ակնարկած էին, որ եկեղեցականի ձայն ունիմ, եւ կամ եկեղեցական պէտք է ըլլամ, սակայն երբէք կարեւորութիւն չէի տուած։
Անաղօտ պատկերով կը յիշեմ, այն պահը, երբ եղբայրս ինքնաշարժը պատրաստեց, մօրս հետ զիս ճամբելու Դպրեվանք։ Շալկած հոգուստներու պայուսակներուս հետ, ունէի նաեւ տարբեր անձերէ եկած պայուսակ մը մտքեր, խօսքեր եւ արտայայտութիւններ, որոնք շալկած Դպրեվանք կը հանէի։ Այդ բոլոր պայուսակներուն հետ, հասայ այն գեղեցիկ վայրը, ուր տունս պիտի կոչէի եւ սրտիս մէջ ջերմօրէն ընկալէի։
Կանաչազարդ նոճիներուն տակ, քարին վրայ նստած, լուռ կը դիտէի փակը գնդակով խաղցող տղոց շարժումները, թէեւ, մտքիս մէջ, չէի պատկերացուցած, թէ տարիքի տարբերութիւն ունեցող տղաք կրնան իրար հետ խաղալ։ Գնդակը եկաւ իմ կողմս։ «Ամանո՜ս, նետէ գնդակը»։ Անակնկալի եկայ։ Նորէն. «Ամանո՜ս, նետէ գնդակը»։ Առաջին զարմանքս էր, թէ անունս յանկարծակի փոխուած էր «Ամանոս»ի (Ծնած ու ապրած հայահոծ մեր թաղամասին անունն է), իսկ երկրորդ զարմանքս, որ ինձմէ տարիքով մեծ երիտասարդ մը, ինծի հետ կը կատակէ, որ չէի ունեցած նման փորձառութիւն մը ։ Բաւական ժամանակ, անունս տարածուեցաւ եւ մնաց «Ամանոս», մինչեւ որ սորվեցան, թէ անունս Յարութ էր։
Երկու եղբայրներուս եւ իմ միջեւ տարիքի եօթ-ութ տարուան տարբերութիւն մը կայ։ Այդ պատճառով, տան մէջ ստիպուած էի ես ինծի հետ խաղալ եւ իմ աշխարհս կառուցել։ Տունէն, Դպրեվանքի տուն փոխադրուիլս, եւ շրջապատուիլ բազմաթիւ մեծ ու փոքր եղբայրներով, կեանքիս մէջ բնականաբար մեծ փոփոխութիւն մը եղաւ։ Ի վերայ այդր, կեանքս առաւել կարգապահութեան մտաւ, անկողինս շտկելով, ամէն տեսակ ճաշ ուտելով եւ մանաւանդ գիրք կարդալու սէրը մէջս աճեցնելով։ Դպրեվանքը, իր շունչով, կեանքիս կազմաւորումը ձեւաւորեց ու կարգաւորեց, որ մինչեւ օրս կը վայելեմ այդ բարիքներուն պտուղները։ Եկեղեցւոյ հանդէպ սէրս, ընթերցելու, սորվելու, ապագայիս տեսլականը ունենանլու շնորհքներով լեցուց, որ այդ փոքր տարիքէն ես ինքզինքս ծառայութեան կ՚ուզէի նետել։ Իսկ աւելի՛ն, այն հաւատքն ու ոգին, որ ուժն ու ինքնավստահութիւնը կու տայ անկարելին կարելի ընելու, նա մանաւանդ ի խնդիր մեր եկեղեցւոյ եւ մեր ազգի ժողովուրդին, անխափան հիմեր դրին էութեանս մէջ։ Յաճախ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կը շեշտէ այս իրականութեան վրայ, սակայն մէկը կրնայ միայն ալ աւելի հասկնալ, երբ իրականութեան գետնի վրայ գտնուի եւ ապրի։ Երբ Վեհափառ Հայրապետը, անարժանիս առիթ տուաւ ծառայելու Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս ծառայելու եւ ուսումս շարունակելու Միացեալ Նահանգներուն մէջ, ինքզինքս տեսայ այն բառերուն մէջ, որ Նորին Սրբութիւնը մեր սրտերուն մէջ այդ հաւատքը արթնցուցած էր եւ Դպրեվանքը մեզ կերտած էր։ Այն ինչ, որ կրցայ յաջողցնել իբրեւ փոքր երիտասարդ հոգեւոր հովիւ եւ ուսանող, կը պարտիմ Աստուծոյ շնորհքին, Դպրեվանքի մարդակերտումին եւ Վեհափառ Հայրապետի ներշնչող վստահութեան եւ սկզբունքներուն շնորհիւ։ Ուր որ գացի, ինչ որ ըրի, ինչ որ եղայ, չէի կրնար սրտիս մէջ զսպել Դպրեվանքեան շունչը, եւ չբաժնեկցիլ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ։ Ամէն անգամ, երբ Դպրեվանքեան յուշերս, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հաւատացած սկզբունքները սեղան կը դնէի ծխականներուս հետ, անոնք յոյսով եւ աշխատելու նուիրումով կը ներնչուէին։ Անուրանալի իրականութիւն է ինծի համար, որ Դպրեվանքը զիս իմ ոչինչէս վեր բարձրացուց, Աստուծոյ շնորհքով սնուցանեց, պատրաստեց ու կերտեց, որպէսզի Աստուծոյ փառքն ու շնորհքը տարածեմ՝ ծառայելով։
Մինչեւ այսօր, կարօտով կը յիշենք, այն անմոռանալի օրերը, որ երբեմն զուարճանալով, եւ երբեմն ալ դժգոհութեամբ անցուցած ենք Դպրեվանքի անդաստանէն ներս։ Ամէն առիթի, երբ օծակիցներով եւ կամ միաբանակից եղբայրներով վերապրինք Դպրեվանքեան օրերը, նոր կեանքի շունչ մը կու գայ մեր վրան, որովհետեւ եղբայրութեամբ ապրած եւ յուշեր հիւսած ենք մէկ տան մէջ։ Յաճախ, տարբեր սերունդներու միաբանակից հոգեւորականներ, քով-քովի կու գանք, կը զրուցենք, եղբայրական ու ջերմ կապ մը կը զգանք, այնպէս թուելով, թէ իրար հետ երկար տարիներուն կեանք բաժնած ենք։ Դպրեվանքի շունչը այնքան ամուր տեղ գտած է մեր հոգիներուն մէջ, որ մեզ կը կամրջէ աներեւելի եղբայրական սիրով, հակառակ տարիներու մեծ տարբերութեան։
Կեանք ու մարդ կերտող, կերպարանափոխող եւ մեզ եկեղեցւոյ ու ազգի սպասաւորներ դարձնող այս գեղեցիկ դարբնոցին կը նայինք, որ արդէն 90 ոսկեայ տարիներ շորհած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայ ազգին, հպարտանքով եւ երախտագիտութեամբ կը լեցուինք։ Կը խոնարհինք այն հիմնդիր առաքեալներուն՝ Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսին, Բաբգէն Ա. Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոսին եւ Շահէ Արք. Գասպարեանին, որոնք ետ չմնացին Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքին տանջալից ցաւէն, հողէն Դպերվանքը վերակենդանացուցին եւ ունեցան Հայ Եկեղեցւոյ ապագայի տեսլականը։ Շնորհիւ այս խոնարհ մեծերուն, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան հարուածին դիմաց, իրենց վրէժը Անթիլիասի հողին վրայ Դպրեվանքի եւ Կաթողիկոսութեան փարոսները բարձրացնելով առին, որ մինչեւ օրս կը գործէ եւ կը պահպանէ Հայ ազգի զաւակները ի Սփիւռս աշխարհի։ Թող աստուածային լոյսը առաւել շողացնէ անոնց հոգիները, եւ իրենց իսկ ձեռքերով վերակենդանացած այս հոգեւորականաց դարբնոցի սերունդները տեսնելով, հրճուին երկինքի Արքայութեան մէջ։ Խունկ եւ մոմ անոնց անմար յիշատակին։
Ի վերջոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մեր սիրելի հոգեւոր ծննդավայրին եւ տան՝ Դպրեվանքին 90 ամեակին առիթով, անհուն երախտագիտութեան զգացումներուս կողքին, սրտանց կ՚աղօթեմ առ մեր Երկնաւոր Հօր, որ այս սլարձակ հոգեւոր փարոսը անխախտ եւ անսասան մնայ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիին տակ, որպէսզի շարունակէ հոգեւոր եւ ազգային սպասաւորներու սերունդներ պարգեւել մեր Հայ ազգին եւ եկեղեցիին։ Թող Դպրեվանքեան սերունդերը խտանան ու բազմանան, որպէսզի Ս. Գրիւոր Լուսաւորիչի Կանթեղը շարունկէ ջերմացնել հայու ոգին եւ սիրտը։
Շնորհաւոր 90 տարիներդ եւ պտղալի ըլլան գալիք բոլոր տարիներդ, մեր սիրելի հոգեւոր եւ հայակերտ դարբնոց, Դպրեվանք։