Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկիր Եւ Լինելութիւն

Օգոստոս 6, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Այսօր, նոր միայն կ՚ըզգանք ահագնութիւնը աղէտին։ Նոր միայն կ՚արթննանք եւ մենք մեզ — անգամ մը եւս — կը գտնենք սահմռկեցուցիչ իրականութեան առջեւ։ Հաստատուած իրողութիւն է, որ միշտ ալ կան եւ պիտի ըլլան դաւադիր ձեռքեր, որոնք այս սուրբ հողը պիտի վերածեն գեհենի։ Եւ այս մէկը՝ առաջին հերթին՝ երկրի ամենէն օրինապահ, ամենէն ստեղծագործ, ամենէն անօգնական քաղաքացիներու գոյութիւնը ճակատագրելով։ Անոնց գլխուն վրայէն` խաղալով այս անասնական խա՛ղը։ Միջին Արեւելեան տարածաշրջանը քաոսի մէջ նետող մեծապետական շահերու դաժան սարդոստա՛յն մը ՝ որ իր ցանցերուն մէջ բռնած է կեանքը ամէնօրեայ մարդուն։ Կեանքը անո՛ր՝ որ տաժանագին աշխատանքով կը ջանայ ծայրը ծայրին բերել յաւերժօրէն անհամատեղելի այս գոյութենական գրաւը։ Կը ջանայ հոգա՛լ — ինչպիսի՜ հերոսութեամբ — իր ընտանիքի համեստ առօրեան, հոգալ իր զաւակներուն ներկան եւ ապագան, ապրիլ արժանավայել կեանքով։

Մասնագիտական երկար քննարկումներու բովէն պիտի անցնի հրէշային այս պայթիւնը հասնելու համար քաղաքական ճշգրիտ գնահատականի մը, եթէ անշուշտ իրավիճակը մինչ այդ աւելի չպղտորի եւ աւելի խուճապային չդառնայ։

Լիբանանը մեր հոգեւոր խարիսխն է։ Մեր կեանքը պատուհասող ցեղասպանական նախճիրը մենք առաջին անգամ հոս է, որ պարտութեան մատնեցինք։ Հոս է, որ մեր սերունդները հասակ առին յստակ ինքնագիտակցութեամբ։ Հոս է, որ մեր ոտքերը դրինք հողին ու հաւատացինք, որ հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն մենք պիտի կրնանք կերտել ապագան։ Ամէն այլ տեղ, Սփիւռքը կը ճնշէր մեր ուսերուն։ Ամէն այլ տեղ, մենք կ՚ապրէինք բարգաւաճութեամբ եւ վախով։ Հոգեպարար Ժողովրդավարութեամբ եւ վախով։ Անհուն երջանկաւէտութեամբ եւ վախով։ Լիբանանի ասպնջական հողին վրայ էր, որ մենք յաղթահարեցինք Սփիւռքի էութիւնը տնօրինող այդ վախի զգացումը։ Ապրի՛լ առանց վախի…Ասիկա հայրենախարիսխ մարդուն հարստութիւնն է եւ Լիբանանի հարազատ հողը մեր սերունդները օժտեց այդ հրաշալի հարստութեամբ, որուն համար մենք մինչեւ երկինք պարտական ենք այս փոքր, այս վիրաւոր, այս հպարտ հայրենիքին։

Բայց եկած են համաշխարհային արհաւիրքի այն օրերը, երբ գրեթէ ամէն երկիր կորսնցուցած է իր ինքնավստահութիւնը։ Աշխարհ կ՚ապրի պառակտուած իրականութեամբ։ Կ՚ապրի կասկածով, յուսախաբութեամբ, հիասթափութեամբ։ Եւ դժբախտաբար Լիբանանն ալ այսօր — եւ արդէն քանի՜տարիէ ի վեր — անմասն չէ քաոսային այս հոգեվիճակէն։ Մեծ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու ժամանակն է նաեւ Լիբանանի ժողովուրդին համար, որուն անքակտելի մասն է լիբանահայ մեր համայնքը։ Տասնամեակները ցոյց տուին, որ մեր ժողովուրդը տէրն է իր պարտաւորութիւններուն։ Վստահ եղէք, որ լիբանահայ կեանքի մեր ղեկավարութիւնը այս անգամ եւս պիտի գործէ պատմական պահու յստակ գիտակցութեամբ։ Ժամանակն է յիշելու բոլոր ժամանակներու մեր անզուգական ուսուցիչ Զօր. Դրոյի պարզ ու խիզախ բանաձեւը…Երբ ծանր էին օրերը եւ կը հասնէր եզրափակման վճռական րոպէն, կը հնչէր իր խարազանող ձայնը՝ ,Ոչ ամերիկացին, ոչ անգլիացին, ոչ ռուսը եւ ոչ թուրքըե…Մեր օրակարգը պիտի ճշտենք ՄԵՆՔ եւ ոչ՝ ուրիշը մեզի համար։

Ասիկա եղած է մեր արծուեբոյնը յատկանշող ուժականութիւնը։ Այս է իսկական քաղաքական իմաստութիւնը։ Եւ տարբեր պիտի չըլլայ պարագան նաեւ այսօր։

Այսօր աւերածութիւնները մաքրելու շտապ օգնութեան վայրկեանն է։ Մեր ազգային բոլոր կառոյցները — եւ առաջին հերթին՝ Դաշնակցութի՛ւնը – պիտի գլխաւորեն անհրաժեշտ զօրաշարժը եւ արագօրէն վերականգնեն մեր հաւաքական շէնքը։ Բայց նաեւ բոլորով պիտի պատրաստուինք վաղուան համար։ Լիբանանն ու Հայաստանը ճակատագրուած են ըլլալու փոխ-սնուցիչ պետականութիւններ։ Լիբանանը մեր ազգային լինելիութեան – ներառեալ՝ մեր անկախ պետականութեա՛ն — ռազմավարական բանալի կռուանն է։ Հայ անկախ պետականութիւնն ու անկախ Լիբանանը կոչուած են ցկեանս դաշնակիցներ ըլլալու։ Մենք կը գտնուինք այս բանալի առաքելութեան սկզբնական փուլին մէջ։ Մեծ գործ մը կ՚ըսպասէ մեզի եւ այդ գործին ճիշտ իմացաւորումն է, որ պիտի պայմանաւորէ այդ միասնական առաքելութեան պատմական ճանապարհը…

5 օգոստոս, 2020

 

 

 

 

 

Նախորդը

Մխիթարեան. «Սրտով Պէյրութ Բնակող Մեր հայրենակիցներուն Հետ Ենք»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (6 Օգոստոս 2020)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?