ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Ապրիլեան քառօրեայէն քառամեակ մը ետք հայոց քաջարի բանակը Տաւուշի ճակատին վրայ արձանագրեց պատմական փայլուն էջ մը, որ ճառագայթեց աշխարհասփիւռ հայութեան հոգիներուն մէջ:
Անգամ մը եւս հայրենի սուրբ հողը օծուեցաւ վեց հերոսներու արեամբ: Անոնց նահատակութեամբ հայկական բանակը պատմական իրագործում մը արձանագրեց ոչ միայն հողային տիրապետութեամբ, այլ ռազմագիտական բարձր մակարդակ դրսեւորելով, հայու ճարտարութեամբ վար առնելով գերարդիական անօդաչու սարքեր, որոնք ցուցադրուեցան հայրենի ռազմական համալսարանին մէջ: Թշնամի բանակայիններու կորուստը տասնապատիկ թիւով գերազանց էր մեր նահատակներէն:
Բնականաբար համաթուրանական ազերի թշնամին՝ կատղած, դիմեց իր գռեհիկ եւ աժան զէնքերուն, Մոսկուայի շուկաներուն մէջ կոխկռտելով եւ մերժելով սպառել հայութեան խորհրդանիշ ծիրանը՝ Հայաստանն ու հայ գիւղացին տնտեսապէս հարուածելու միտումով:
Աշխարհասփիւռ հայու բեկորները այս անգամ իրենց դրօշը պարզեցին Մոսկուայի մերձակայքը, մէկ մարդու նման երգով ու պարով սպառելով յիսուն բեռնատարներով Ռուսիա հասած ու ազերի վաճառականներու կողմէ մերժուած հայկական ընտիր ծիրանը:
Հոս վերջ կը գտնէ ճերմակի պատմութիւնը:
Նոյն օրերուն կը պատահի հետեւեալ սեւ պատմութիւնը:
Երեւանեան հանրախանութի մը ցուցափեղկին մէջ յայտնուած, Աթաթուրքի նկարով եւ ստորագրութեամբ դպրոցական պայուսակ մը տեղադրուած էր Դիմատետրի մէջ՝ ընդվզումի եւ դատապարտումի մեկնաբանութիւններով: Թեր եւ դէմ կարծիքներու ընթացքին պարզուեցաւ, որ հայրենիքի շուկան ողողուած է թրքական արտադրութիւններով:
Աթաթուրքի նկարով հայ դպրոցականի պայուսակ … Հայաստանի մէջ…: Հոս պահ մը կանգ կ՛առնես, չես ուզեր հաւատալ, իմ պարագայիս՝ կասկած չունիմ, սեւ եւ նուաստացուցիչ իրականութեան մասին, տեղադրողը Հալէպի տանս դրացուհին է, որ այժմ հաստատուած է հայրենիք:
Ասիկա սովորական թրքական արտադրութիւն մը չէ, որ բազմաթիւ ապրանքներու նման, հայաստանեան օրէնքներով, դժբախտաբար, մուտքի արտօնութիւն ունի:
Հարցը ազգային անվտանգութեան ու արժանապատուութեան խնդիր է, թրքական անբարոյ յարձակում մը:
Շահամոլութիւնը այս աստիճան ստորնացումի կրնա՞յ տանիլ: Վասն մեր մատղաշ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան եւ հայրենասիրութեան զգացումներու պահպանման: Այստեղ պետական պատասխանատու մարմիններուն կը դիմեմ եւ ահազանգ կը բարձրացնեմ՝ նման նուաստացուցիչ երեւոյթի մը մասին քննութիւն կատարելու:
Յաւակնութիւնը չունիմ տնտեսագիտական վերլուծումներու, սակայն շուրջ քառասուն տարիներու առեւտրական եւ ճարտարարուեստի փորձառութեամբ, կրնամ Հայաստանի մասին մտածել սուրիական օրինակով, ուր անկախութենէն շուրջ քառասուն տարիներ ետք՝ 1985-ին, թղթոսկիի անկումին իբրեւ հետեւանք տնտեսական տագնապ մը յառաջացաւ:
Երկիրը կարողացաւ շրջանցել այդ վիճակը՝ յատուկ օրէնքներու սահմանումով, թէեւ ժողովուրդը ժամանակի մը համար որոշ իրերէ զրկուեցաւ, ներածումի արգելքներու պատճառով, սակայն այդ միջոցառումները արդիւնաւորուեցան, եւ Սուրիան քսանմէկերորդ դար մտաւ տնտեսական ճգնաժամը ետին թողելով, զօրաւոր ճարտարարուեստով, ներածումի ազատութիւնը վերականգնուած: Երկրագործական բերքը երկրի համայն բնակչութեան բաւարարելէ բացի, հսկայական արտածում արձանագրեց:
Դժբախտաբար այս նուաճումը գրգռեց բազմաթիւ պետութիւններու շահերը, Սուրիան նախքան ինքնաբաւ եւ հզօր պետութեան մը պատմուճանը կրելը, աճապարեցին, ծրագրեցին եւ գործադրեցին տասնամեակէ մը ի վեր սկսած պատերազմը, ապա օտար ուժերու մուտքը, թրքաբարոյ գողութիւնները, քանդումն ու զանազան բնագաւառներու քայքայումը:
Երկու տարի առաջ հայրենիքի մէջ իրագործուած թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնահերթ կարգախօսը «տնտեսական յեղափոխութիւն»-ը եղաւ: Մեր հասկացողութեամբ Հայաստանի նման երկրի մը տնտեսութիւնը, զբօսաշրջիկութեան կողքին, հիմնուած պիտի ըլլայ երկու յենարաններու վրայ՝ ճարտարարուեստ եւ գիւղատնտեսութիւն:
Առաջին իսկ ակնարկով գործադիր իշխանութեան անձնակազմին մէջ բացակայ են՝ Ճարտարարուեստի եւ գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնները: Այս նախարարութիւններուն պարտականութիւնը կարեւոր է ծրագիրներ մշակելու, օրէնքներ սահմանելու եւ միջոցներ ստեղծելու համար:
Հայաստանը ներկայիս սպառող երկիր մըն է, կը ներածէ գրեթէ իր բոլոր կարիքները՝ թրքականը առաջնահերթութիւն ըլլալով:
Ճարտարարուեստը զարգացնելու առաջին պայմանը տեղական արտադրութիւններու պահպանումն է, այսինքն՝ արգիլել ներածումը բոլոր այն ապրանքատեսակներուն, որոնք կ՛արտադրուին, եւ զորս կարելի է ցանել կամ ստեղծագործել տեղական պայմաններով: Այսպիսով աշխատանքի առիթներ կը ստեղծուին հայրենի ժողովուրդին համար:
Հարկ է ճարտարարուեստի հիմնական նախանիւթերու ներածման դիւրութիւններ ընծայել, չնչին տուրքեր սահմանել եւ նորահաստատ գործարաններուն առաջին հինգ տարիները զերծ պահել հարկեր վճարելէ:
Թեթեւ եւ միջին ճարտարարուեստի մաս կը կազմեն կահոյքը, հիւսուածեղէնն ու հագուստեղէնը, կաշին ու անոր արտադրութիւնները, դեղորայքը, մանկական խաղալիքները, ուտեստեղէնը, պահածոն ու կաթնեղէնը, փոքր արդիւնաբերութեան սարքերը: Նկատած եմ պատկերասփիւռի, տնային ելեկտրական գործիքներու, հիւսուածեղէնի եւ այլ գործարաններու հիմնումը Հայաստանի մէջ: Նման արտադրութիւնները զարգացնելու լաւագոյն միջոցը արտասահմանեանի ներածման արգելք դնելը կամ ներածման տուրքերը բարձրացնելն է, այսպիսով կը բազմանան նոյն տեսակի գործարանները, կը սկսի մրցակցութիւնն ու վերելքը, ապա կը տիրապետէ լաւագոյն որակն ու սակը:
Գիւղատնտեսութիւնը ամբողջովին զերծ կացուցել հարկերէ՝ երկրագործական իրերու, դեղերու եւ սերմնացուներու ներածման տուրքը վերցնելով:
Ճարտարարուեստի վերականգնումի որպէս օրինակ կարելի է ունենալ այս յօդուածին շարժառիթը հանդիսացող՝ Աթաթուրքի նկարով դպրոցական պայուսակը: Ինչո՞ւ զրկել մեր մատղաշ սերունդը իր պայուսակին վրան Արամի, Նժդեհի, Անդրանիկի եւ Թաթուլի նկարները կրելէ՝ յաւերժացնելով անոնց անունն ու դէմքը նոր սերունդի մտապատկերին մէջ:
ԱԱԾ-ն (Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն) շնորհակալ գործ կը կատարէ՝ ապօրինի հարստացման եւ գողապետութեան հետապնդումի հարցերով: Նոյնքան կարեւոր է Աթաթուրքի պատկերի եւ նման երեւոյթներու հետապնդումը հայրենի հողին վրայ:
«Վա՜յ այն ազգին, որ կը հագնի այլոց հիւսածը եւ կը ճաշակէ ուրիշին ցանածը»: Լիբանանցի գրագէտ Ճըպրան Խալիլ Ճըպրանի խօսքն է, որ տնտեսական ուղեցոյց պէտք է ըլլալ Հայաստանի մերօրեայ ղեկավարութեան:
Ժընեւ