Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրիորդ Ղազարեանը

August 3, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍՕՍԻ ՓՕԼԱՏԵԱՆ

Ուսանողական տարիներուս, Պապ Իտրիսի Պէյրութ քաղաքի խճողումին մէջ, երբ կ՛ուղղուէի Ամերիկեան համալսարան, յանկարծ լսեցի անուշ ձայն մը, որ զիս կը կանչէր. «Սօսէ՛, Սօսէ՛»: Ակնթարթի մը մէջ յիշեցի մանկական օրերս, որովհետեւ այդ անձը զիս հինուց պէտք էր գիտնար, գործածելու այդ անունը: Դարձայ եւ տեսայ նախակրթարանի Հալէպի Հայկազեան վարժարանի սիրելի ուսուցչուհիս` օրդ. Ղազարեանը կամ ետքը` տիկին Մարօ Գանտահարեանը: Նախակրթարանը աւարտելէս ետք այդքան ալ շատ չէի տեսներ զինք, որովհետեւ` յաճախելով Ամերիկեան վարժարան, կապ հաստատելու առիթները նուազած էին: Սակայն այդ վայրկեանին, կարծես տարիներու հեռաւորութիւնը չքացաւ, եւ ողջագուրուելէ ետք, արցունքոտ աչքերով իրարու նայեցանք, եւ ուսուցչուհիս սկսաւ շատ անկեղծ զգացումներէ բխած հարցումներուն. «Լա՞ւ ես», «Ի՞նչ կ՛ուսանիս», «Տակաւին նոյն կորովով դասերդ կը պատրաստե՞ս» եւ այլն:

Եթէ ուզեմ նկարագրել օրդ. Մարոն այդ օրերուն` գեղեցիկ, բարձրահասակ, վայելուչ, գրաւիչ օրիորդ էր: Կրնաք երեւակայել այդ երիտասարդուհին ի՞նչ հասունութիւն պէտք էր ունենար վարելու 49 աշակերտներով երկսեռ դասարան մը: Բոլոր աշակերտները կը սիրէին զինք, թէեւ խիստ, պահանջկոտ, բայց բարեսիրտ էր: Աշակերտներուն սորվեցուցած դասերը եւ տուած ցուցմունքները, վստա՛հ եմ, մինչեւ օրս իւրաքանչիւրին նկարագիրին վրայ ազդած են: Բծախնդիր էր եւ հետապնդող, այդ պատճառով ալ իւրաքանչիւր աշակերտ անգլերէնի շատ հարուստ բառամթերք կ՛ունենար:

Ան ընկերային էր եւ միշտ հետաքրքրուած աշակերտներուն հոգեկանով` միշտ փորձելով օգնել անոնց:

Մինչեւ նախակրթարան աւարտելս օրիորդ Մարոն թէ՛ դաստիարակս էր, եւ թէ ուսուցչուհիս: Իրեն կը դիմէի, երբ իմ մանուկ խառնուածքովս եւ ըմբռնումովս դժուարութիւններ ունենայի դասի կամ ընկերային կեանքի առումով, իսկ ինք միշտ պատրաստ էր օգնելու:

Տարիները անցան, քաղաքացիական պատերազմի պատճառով ճամբորդեցինք, ինչպէս շատեր, եւ իրեն հետ կապը մեծապէս նուազեցաւ: Բայց եւ այնպէս, վերադառնալով Լիբանան` այդ մտերմութիւնը նոյնքան վերանորոգուեցաւ, մանաւանդ վերջին տասնամեակին: Հոս պէտք է յիշել, որ օրիորդ Մարոն ուղեղային բացառիկ կարողութիւններով օժտուած էր եւ զօրաւոր յիշողութիւն ունէր, բնաւ չէր մոռնար իր աշակերտները, կը յիշէր բոլորին վարքն ու բարքն անգամ, մանրամասն տեղեկութիւններ կը փոխանցէր անոնց մասին: Աշակերտներէն շատեր, երբ հեռաւոր երկիրներէն Լիբանան այցելէին, անպայման կը փորձէին զինք տեսնել, որովհետեւ իր իրապաշտ  եւ առողջ կենցաղը, նաեւ հետաքրքրութիւնը` իմանալու իր աշակերտներուն յաջողութիւններուն մասին, Լիբանան թէ արտասահման, իրեն մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէին:

Օրիորդ Մարոն նաեւ իր ընտանեկան եւ ընկերային կեանքին մէջ ուրախ, յաջող անձ մըն էր, սակայն երբեմն ալ ունեցած է դառն, յուզիչ եւ մտահոգիչ ժամեր, զորս կը յաղթահարէր միշտ աղօթելով եւ կարդալով: Սակայն չէր վարաներ այդ միջոցին դարձեալ հետեւելու ազգային եւ հայկական լուրերուն, կը փոխանցէր իր գաղափարները ամենայն արդարութեամբ: Միայն վերջերս, իր առողջութեան վատթարացման պատճառով, իր կարդալու սէրը եւ կորովը նուազած էին: Ցաւերը եւ անմխիթար տառապանքը` լուռ կերպով, իր առօրեան էր, ու այդպէս ալ մահացաւ` լուռ, զօրաւոր, խիզախ, առանց ոեւէ մէկուն նեղութիւն կամ դժուարութիւն պատճառելու:

Սիրելի՛ օրիորդ, յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ բոլոր այն սերունդներուն մէջ, որոնց դաստիարակութեան մէջ մեծ դեր ունեցար` պատրաստելով լաւ նկարագիրով հայազգի զաւակներ:

Հողը թեթե՛ւ, սիրելի՛ «օրիորդ»:

 

 

 

Նախորդը

Սրբուհի Քելէշեանի Անահիտ Բագրատունիի Եւ Մարօ Գանտահարեանի Յիշատակին Նուիրեալ ԼՕԽ-ականներ

Յաջորդը

Քաջ Եղէ՛ք Ու Հպարտ (Տիկին Գանտահարեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.