Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դո՛ւք

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դո՛ւք

ՆԱՐԷ Դո՛ւք Մեր անկորնչելի իրաւունքներուն սուրբ վահաններ Դո՜ւք Հերոսասիրտ, երկնակամար սիրտը հայ ազգին Անդուլ.... քաղցրանուն ծարաւ յաղթանակի հզօր մատուռներ ..... Դո՛ւք Փառապանծ նիզակներ Արցախի սրտին .... Նուիրած ձեր թանկագին խոյակը հայ մանուկին Մեր յաղթանակի փարոսն էք .... Դո՛ւք Մեր սողոսկուն աղօթքի ու շփոթահար սրտերուն լոյսն էք անմար ..... Դո՛ւք Հրակէզ բանակ .... Սրակէզ հայրենիքի սրբազան պաշտպանը ջուրն ու ցամաքին .......

Յաւերժ Փա՛ռք Ու Պատի՛ւ Մեր Անմահ Հերոս Քրիստափոր Արթինին

Յաւերժ Փա՛ռք Ու Պատի՛ւ Մեր Անմահ Հերոս Քրիստափոր Արթինին

ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ 1972-ին Լիբանանի մայրաքաղաք` Պէյրութի մէջ ծնած Քրիստափոր Անդրանիկ Արթին, 1980-ական թուականներուն, հանդերձ ընտանեօք Քանատա տեղափոխուած եւ հոն հաստատուած, փոքր տարիքէն մեծ եւ յատուկ սէր մը ունեցած է իր հայրենիքին նկատմամբ: Ապա ան Քանատայէն տեղափոխուեցաւ Կապան եւ հոն կազմեց իր ընտանեկան բոյնը` պսակուելով Գայիանէ Շահվերդեանի հետ եւ ունեցաւ աղջիկ զաւակ մը` Արազ անունով: Ան հոն եղաւ ՀՅԴ Կապանի «Արամ...

Մեծարենցեան երեկոներ-Այնճար   Պօղոս Սնապեան Գրագէտը Եւ Ուսուցիչը

Մեծարենցեան երեկոներ-Այնճար Պօղոս Սնապեան Գրագէտը Եւ Ուսուցիչը

Զ. Գ. Ղ. Լուսանկարը՝ Ցոլակ Յովսէփեանի, Լոս Անճելըս, 1992 Այնճար գիւղաւանի «Հիւղը» բնակարանի այս տարուան Մեծարենցեան գրական երեկոներու վերջին ձեռնարկը նուիրուած էր գրագէտ, խմբագիր, գրաքննադատ եւ ուսուցիչ Պօղոս Սնապեանին: Հակառակ լիբանանի մէջ տիրող աննպաստ պայմաններուն, քաղաքական, տնտեսական, առողջապահական, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի օրհասական կռիւներուն՝ ազերիներուն դէմ, «Հիւղը» բնակարանի տէրերը անտեսած էին ամէն դժուարութիւն եւ Պէյրո ւթէն որպէս դասախօս հրաւիրած...

Լիբանանահայութիւնը Ընդառաջեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի` Արցախի Զօրակցութեան Համար Հաւաքուելու Կոչին

«Պէտք Է Ձգտիլ Ամրակայելու Այն Բոլոր Գործօնները, Որոնք Պիտի Երաշխաւորեն Արցախի Անվտանգութիւնն Ու Պետականութիւնը»

«Բոլորս Հաւաքուինք Արցախի Համար» Հանրահաւաքին Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը. Ազրպէյճանի կողմէ շղթայազերծուած եւ հայոց դարաւոր թշնամի Թուրքիոյ ամբողջական զօրակցութիւնը վայելող Արցախի պատերազմը այսօր մագնիսացուցած է ամբողջ հայաշխարհը, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութիւնը։ Պատերազմը կանխող փուլին ազրպէյճանական իշխանութիւններու ծաւալապաշտական եւ ռազմատենչ յայտարարութիւնները,  շանթաժները, սահմանային գիծը խախտելու առումով ռազմական աքթերը, ապատեղեկատուութիւնը, բանակցային բոլոր գործընթացները ձախողեցնելու ճիգերը եւ պատերազմի ընտրանքը պարտադրելու սպառնական արտայայտութիւնները վաւերական...

Ակնարկ.  Անգարան Հանդիպումի Հրաւիրուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Մոսկուային` Սաստկացնելով Պատերազմը

Ակնարկ. Անգարան Հանդիպումի Հրաւիրուելու Կոչ Կ՛ուղղէ Մոսկուային` Սաստկացնելով Պատերազմը

Հայ-ազրպէյճանական ուղղակի թէ անուղղակի բանակցութիւնները ցոյց կու տան, որ Պաքուն եթէ մինչեւ սեպտեմբերեան պատերազմը անվստահելի ոչ կառուցողական կողմ էր եւ ամէն առիթի կը խախտէր համաձայնութիւնները, այս պարագային այլեւս պարզ է, որ Պաքուն ի վիճակի չէ իր երկրին կողմէ որոշում կայացնելու կամ  այս պարագային Ռուսիոյ միջնորդութեամբ կայացած պայմանաւորուածութիւն գործադրելու: Պատերազմը հրահրուած է Թուրքիոյ կողմէ. Թուրքիոյ ո՛չ միայն զինուժը, այլ նաեւ զինուորական...

Բոլորիս Կարէնը

Բոլորիս Կարէնը

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ուրբաթ օր, երբ մահուանդ բօթը լսեցի, մտածեցի, որ կեանքի ու մահուան քու խիզախ պայքարիդ մէջ կամքդ ամէնէն զօրաւորն էր: Ապրելու, ժպտալու, յուսալու, պայքարելու եւ մանաւանդ կեանքը իր ամբողջական իմաստով շնչելու ճիգդ քեզ դարձուցած էր բոլորիս Կարէնը: Բոլորս ալ լուռ, հեռուէն կամ մօտէն, գրաւոր կամ բերանացի, աղօթքներով կամ բարի մաղթանքներով հետդ էինք: Քու ժպիտդ մեր հոգիները կը թեթեւցնէր: Քու...

Սպասում

Ժահրի Գրոհ եւ Դիմադրութեան Խուճապ

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ու՞ր է թաղուած շան գլուխը.- «Քորոնա»-ն վտանգաւոր է երկու «շնորհ»-ներու համար: Առաջինը, ծանօթ է, ժահրը արագ կը փոխանցուի: Այստեղ պիտի կեդրոնանամ երկրորդ, նուազ ծանօթ յատկութեան վրայ, որն է անոր  կարողութիւնը մեր մարմնի դիմադրականութիւնը շփոթի մատնելու: «Քորոնա»-ն շատ աւելի երկար ժամանակ «թուխսի փուլ»-ին մէջ կը մնայ՝ այլ ժահրերու հետ բաղդատելով: Թերեւս այդ ժամանակը կ'օգտագործէ որոշելու, թէ ինչպէ՞ս պիտի...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Դիւանագիտութեան Նոր Եզրերը Եւ Մենք

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Պատերազմը վերջ չէ գտած տակաւին հակառակ յայտարարուած մարդասիրական զինադուլին։ Նոյնիսկ զինադուլը զուրկ է բովանդակութենէ, երբ թշնամին շնաբար կ՚օգտագործէ վերջին րոպէները աւելի ևս սփռելու իր աւերածութիւնը գործածելով միջազգայնօրէն արգիլուած քլասթըր ռումբեր։ Գործ ունինք ոչ թէ պատերազմիկ կողմի հետ, այլ ոճրագործի։ Այս պարագային՝ երկո՛ւ ոճրագործներու յանձինս Էրտողանի եւԱլիևի եւիրենց վարչակարգերո՛ւն՝ որոնց հետ կարելի չէ այլևս խօսիլ քաղաքակիրթ աշխարհի լեզուով եւչափանիշներով։...

Թիֆլիսեան Յուշեր

Առաքինի Եւ Անգին Մայրեր

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ Արցախի դէմ կրկին շղթայազերծուած պատերազմը ցնցեց Հայաստանն ու սփիւռքը:  Ամէն վայրկեան Արցախեան կռիւներուն մասին լուրերու փնտռտուքը, նոր բարձունքներ նուաճելու աւետիսի որոնումը, թշնամիին արժանի դաս մը տալու կամքը, ռազմաճակատին` հայ զինուորին կողքին ըլլալու բուռն տենչը, մեզի համար դարձան ամէնօրեայ առաջնահերթութիւններ, իսկ «Յաղթելու ենք» կարգախօսը վերածուեցաւ հանապազօրեայ աղօթքի: Հայրենիքի փրկութեան գաղափարը, պատերազմէն յաղթական դուրս գալը իւրաքանչիւրիս համար եղան հրամայականներ: Հրամայականներ,...

Համազգայինը` Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց

Մշակոյթով Ու Արուեստներով Ալ Պիտի Յաղթենք

ՀԱՄԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ Լիբանանահայ  գաղութը արդէն կլանուած էր իր բազմապիսի հոգերով` ամիսներէ ի վեր յամեցող ընկերային-տնտեսական սուր տագնապը, սղաճը, ապրուստի ծանր ճգնաժամը, «Քորոնա» ժահրի համավարակը, իսկ 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի հուժկու պայթումէն ետք հայահոծ շրջանները պատուհասած քանդումը, որմէ անմասն չմնացին նաեւ, դժբախտաբար, Լիբանանի մէջ Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հովանիին տակ գործող հաստատութիւնները եւ կեդրոնները: 27 սեպտեմբերէն ետք ալ Թուրքիոյ անմիջական...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Նշմար. Այո՛ Ճանաչումին, Բայց Նաեւ Կ(Ո)տրել Ոճրագործին Ձեռքը…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 27 Սեպտեմբերին, թուրք-ազերիական զինակցութեան շղթայազերծած յարձակումէն ի վեր, Արցախի հանրապետութեան միջազգային ճանաչման պահանջը նոր շեշտաւորում ստացած է եւ իր շուրջ համախմբած՝ Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւնները, քաղաքական շրջանակները, արձագանգներ կը գտնէ մեր սահմաններէն անդնին: Պէտք չունինք երկար խօսելու եւ մեկնաբանութիւններ կատարելու, թէ ինչպիսի՛ կարեւոր իրագործում պիտի ըլլայ այլ պետութիւններու կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը: Անիկա անփոխարինելի յենարան պիտի ապահովէ Արցախի...

Erdogan Défie Le Monde Et… Poutine Էրտողան Ասպարէզ Կը Կարդայ Աշխարհին Եւ… Փութինի

Erdogan Défie Le Monde Et… Poutine Էրտողան Ասպարէզ Կը Կարդայ Աշխարհին Եւ… Փութինի

  ՄԱՐՔ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ 8 հոկտեմբեր: Ֆրանսական հեռատեսիլի 5-րդ կայանի քաղաքական վերլուծութեան հաղորդման խորագիրն էր ERDOGAN DEFIE LE MONDE ET… POUTINE: Խօսեցան մասնագէտներ, դասախօսներ, լրագրողներ: Այլեւս ոչ ոք կրնայ ըսել, որ տեղեակ չէր: Հակազդեցութեան բացակայութիւնը մեղսակցութիւն է դար մը առաջ սկսած եւ շարունակուող ցեղասպանութեան: ET… POUTINE կը նշանակէ, որ օսմանի կայսրութեան վերականգնման եւ նուաճողականութեան դրօշակակիր Էրտողանի դէմ յուսալի միակ ուժը Փութինն...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Տոմս. «Դատապարտելը Բաւարար Չէ…»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ցեղային նկատառումներով ծայրայեղականներու ոճրային ու ահաբեկչական արարքները կը հարուածեն մարդկային արժէքներ ու հանդուրժողութիւնը: Նման արարքներ դատապարտելը բաւարար չէ, այլ պէտք է պատժել բոլոր ծայրայեղականները, անոնց հարուածները գան աջէն թէ ձախէն... Սա մօտաւոր, ո՛չ բառացի մէկ արտայայտութիւնն է Գերմանիոյ հանրապետութեան նախագահ Ֆրանք Վալթէր Շթայմայըրի, արձանագրուած՝ Ուրբաթ, 9 Հոկտեմբերին: Չէ՛, չկարծէք, որ անոր դատապարտանքի խօսքերը ուղղուած էին Ստեփանակերտը, Շուշին եւ...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Արցախեան Պատերազմի Գլխաւոր Դերակատարներու Վերլուծում

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Այս վերլուծումը գրելու պահուն՝ 5 Հոկտեմբեր 2020ին, պատերազմը, մէկ կողմէ՝ Հայաստանի ու Արցախի, միւս կողմէ՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ ծայրայեղ իսլամ վարձկաններու միջեւ, կը շարունակուի զինուորներու եւ խաղաղ բնակիչներու անթիւ կորուստներով եւ քաղաքներու ու գիւղերու լայնածաւալ աւերածութիւններով: Այս շաբաթ պիտի վերլուծեմ գլխաւոր դերակատարներէն իւրաքանչիւրին դերը՝ մերօրեայ պատերազմին մէջ: Ատրպէյճան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, չկամենալով ընդունիլ...

Արամ Սեփեթճեանի Լուսաւոր Յիշատակին

Արամ Սեփեթճեանի Լուսաւոր Յիշատակին

ՍՈՒՐԷՆ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ Հեռաձայնը գուժեց Պէյրութից Սփիւռքի աւագագոյն արձակագիր, հրապարակախօս, քննադատ, խմբագիր Արամ Սեփեթճեանի մահը։ Կեանքից հեռացաւ Վահէ-Վահեանի սերնդի ու գրական զարմի վերջին մոհիկան գրագէտներից մէկը՝ իր հետ տանելով պատմութիւն, յիշողութիւն, ազգային ճանաչողութեան ու ըմբռնումի աւանդական եւ ոչ աւանդական սերմերը։ Իր գրական առաջին յայտը արձակում խոստումնալից էր եւ գրական մայրուղի մտնելու բարձր յաւակնութիւն. նախ, 1951-ի Յունուարին Բոստոնի «Պայքար» օրաթերթի 5-րդ, 6-րդ,...

Նշմար. Նորագոյն Ահազանգը՝ Շուշիէն…

Նշմար. Նորագոյն Ահազանգը՝ Շուշիէն…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Արցախի վրայ 27 Սեպտեմբերի առաւօտուն սկիզբ առած լայնածիր յարձակումը ամէն օր աշխարհին նոր ահազանգ մը կու տայ, թէ ՊԵՏԱԿԱՆ ՈՃԻՐԻ եւ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԵԱՆ ինչպիսի բազմաբղէտ կիրարկում տեղի կ'ունենայ: Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբերի ամէնէն աղաղակող – բայց ո՛չ միակ – ահազանգն էր Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ (Ղազանճեցոց) եկեղեցւոյ հրթիռակոծումը: Այս եկեղեցին Շուշիի աչքառու խորհրդանիշներէն մէկն է: Առաջին անգամը չէ, որ անիկա նման...

Մահազդ

Ընկեր Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին

ՀՐԱՅՐ ՏԷՐ ԹՈՐՈՍԵԱՆ Սիրելի՛ Հրայր, այս բառերով մենք իրար կը դիմաւորէինք` ողջագուրուելով անարատ, ջերմ զգացումներով, յիշեցնելով հայաշէնցիներու յատուկ փոխադարձ վերաբերմունքը իրարու նկատմամբ: Սիրելի՛ Հրայր, կեանքդ սկսաւ քեսապցի աւետարանական հայ բարեպաշտ ընտանիքի մը մէջ, ուր ստացար քու առաջին կրօնական եւ ազգային իրաւ դաստիարակութիւնդ: Ապա Ազգային Թորգոմեան վարժարանին մէջ ուռճացուցիր զանոնք եւ ամբողջ կեանքիդ ընթացքին ապրեցար անոնցմով եւ ապրեցուցիր այդ արժէքները: Սիրելի՛...

Արցախի Ցաւը եւ Յոյսը

Արցախի Ցաւը եւ Յոյսը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Միքայէլ Հաճեանը ծանօթ լրագրող-գրող է հայկական եւ միջազգային տեղեկատուութեան բնագաւառին մէջ։ Ան կ՚ապրի Ստեփանակերտ, Արցախ։ Սեպտեմբեր 2019-ին միասին էինք Ստեփանակերտի մէջ, երբ «Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» գիրքին ներկայացումը կատարեցինք Արցախի պետական համալսարանին մէջ։ Ունեցանք շատ հաճելի ժամանակ եւ խօսակցութիւն։ Ծանօթացայ նաեւ իր ընտանիքին։ Միքայէլի երէց որդին՝ Նորայրը, նահատակուած է Արցախի 2016-ի քառօրեայ պատերազմին։ Նորայրին նկարը զետեղուած...

Նշմար. Ցաւ, Պարտամուրհակ, Յաղթանակ Եւ… «Սպիտակ Բիծ»

Նշմար. Ցաւ, Պարտամուրհակ, Յաղթանակ Եւ… «Սպիտակ Բիծ»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քիչ առաջ, Հայաստանի պատկերասփիւռէն հետեւեցայ պաշտօնական բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեանի եւ պաշտօնական այլ աղբիւրներու հաղորդած տեղեկութիւններուն: Կասկած չունիմ, որ նոյնը ըրին ու կ'ընեն բազմահազար, միլիոնաւոր հայեր: Ամփոփուեցան պատերազմի 11-րդ օրուան՝ 7 Հոկտեմբերի իրադարձութիւնները: Ստեփանակերտը, Շուշին եւ այլ քաղաքային վայրեր կրկին ու կրկին ռմբակոծուած են՝ պետական ահաբեկչութեան իրենց վաստակը ժամ առ ժամ հարստացնող Ազրպէյճանի ու անոր օգնական Թուրքիոյ զինուժին կողմէ:...

Ակնարկ.  Փարիզը Դուրս Կը Մղէ Անգարան

Ակնարկ. Փարիզը Դուրս Կը Մղէ Անգարան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւնները` հակամարտութեան կարգաւորումը Մոսկուա-Անգարա համատեղ դերակատարութեամբ պայմանաւորելու, անպայման պիտի արձագանգուէր Ազրպէյճանի կողմէ: Եւ այսպէս. Ալիեւը պարզ դարձուց, որ բանակցութիւններուն դերակատար պէտք է դառնայ Թուրքիան: Յայտարարութիւնը ընդհանուրէն դէպի մասնակի առաջադրանքի բանաձեւում է: Խօսելով յաւերժական խաղաղութեան տեսութեան մասին` Ալիեւը շեշտած է, որ արցախեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորումը պէտք է ամրապնդուի աշխարհի յառաջատար երկիրներու երաշխիքներով, ընդ որում,...

Page 370 of 807 1 … 369 370 371 … 807

Արխիւներ